ՄԱՀԸ
ԿՈՒ
ԳԱՅ…
Հեւքը
կուրծքիս
տակաւ
տակաւ
կը
շատնայ.
Մա՜հը
կու
գայ
իր
արծաթէ
մանգաղով.
Եկու՜ր,
քընար,
դեմ
գանք
անոր
նո՜ր
տաղով,
Նա
արքա՛ն
է
արքաներուն,
մե՛ծ
է
նա…
Տե՛ս,
իմ
քընար,
ոսկին
շուտով
կը
հալի
Սա
իրիկուան
երանգներուն,
ահ,
արդեն,
Տե՛ս,
գիշերը
կ՚առաջանայ
յամրօրէն՝
Հանդերձանքը
հագած
իր
է՛ն
թախծալի…
Եկու՛ր,
նստինք
սա
ծառին
տակ
քեզի
հետ.
Աս
այն
ճամբան
եւ
ուրկէ
Սէ՛րը
կ՚անցնի՝
Երբ
արշալոյսը
նո՛ր
է
որ
կը
ծընի,
Ու
Մա՛հը՝
երբ
կ՚ըլլայ
Երազը
անհետ…
Ու
երգէ՛
երգ
մը
բառերով
սառոյցէ.
Ցուրտ
ու
խորու՛նկ,
ինչպէս
երկինք
մը
ձմրան՝
Ուր
լոկ
քանի
մը
սեւ
թռչուն
կը
սուրան.
Կ՚ըսեն
թէ
Մահը
չ՚ախորժիր
շատ
ցոյցէ…
Ահ,
լոկ
երգէ
Արհամարհա՛նքը
շըքեղ.
Զոր
ունեցանք
ցաւին
համար
այս
կեանքին,
Եւ
թե
ինչպէ՜ս
չհաւտացինք
երկընքին՝
Ուր
կարդացինք
Սու՛տը
ոսկի
եւ
ահեղ…։