ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ
ԺՊԻՏՍ
Մռայլ
իղձեր
կան
դեռ,
գիտեմ,
հոգիիս
մէջ.
Խորը,
խորը,
շատ
խորը.
Ու
երբեմն,
հիւծախտաւոր
մայրամուտի
պահերուն,
Հին,
գունաթափ
յիշատակ
մը
կամ
երազ
մը
անարիւն՝
Բռունցքըս
դեռ
կզակիս
տակ
կը
պահեն.
Այդ
բոլորը
սակայն
ոչինչ.
Ահ,
ես
հիմա
ժպի՛տ
մ՚ունիմ,
Ժպիտ
մ՚այնպէ՜ս
մանրիկ,
նրբին,
աննշմար…
Զայն
գտեր
եմ,
իրիկուն
մը,
Երբ
կ՚իջնէի,
հոգիիս
հետ,
խորունկ
խորունկ
տեղէ
մը
վար…
Ժպիտ
մը
որ
իմ
այս
տժգոյն
մատներուս
տակ
կը
դնէ
Տիեզերքը՝
իր
աստղերով,
իր
անհունով,
Կեանքը՝
իր
մեծ
ցաւերով,
պզտիկ-պզտիկ
հրճուանքներով,
Եւ
ինձ
կ՚ըսէ.
-Սին
է,
սին
է,
երազ
իսկ
չէ,
ոչի՛նչ
է,
Միակ
խորունկ
դէպք
մը
հոգւոյդ
կը
սպասէ.
Եւ
այդ՝
մռայլ,
կախարդ
ՈՉին
համբոյրն
է…»
Ժպիտս
է
որ
այսպէս
կ՚ըսէ…։