Սիրելի
Զարիֆեան,
Քու
«Տրտմութեան
եւ
Խաղաղութեան
Երգեր»ը,
որ
ուրախ
եմ
տեսնելու
թէ
լոյս
կ՚ընծայես,
ինձ
խորհիլ
տուին
դարձեալ
այն
տարօրինակ
խորհուրդին
որ
բանաստեղծութեան
իսկութիւնը
կը
ծածկէ։
Որքան
անգամներ
ներկայ
կ՚ըլլանք
բանաստեղծութեան
հատորներու
հրատարակութեան,
որոնց
մէջ
կարծես
թէ
սեռին
պահանջած
յատկութիւններէն
ոչ
մին
կը
պակսի.
-
չափ,
յանգ,
գաղափար,
համակրելի
զգացումներ,
ինքնատպութեան
համար
ստեղծուած
պատկերներ
եւ
հաւաքուած
հազուագիւտ
բառեր
եւ
բացատրութիւններ,
եւ
երբեմն
նոյն
ճարտար
դարձուածք
մը
խօսքի
եւ
մտածման,
ու
տակաւին,
եթէ
կ՚ուզես,
լեզուի
մաքրութիւն,
ազնուութիւն,
-
բայց
անոնց
մէջ՝
այս
ամէն
յատկութիւններուն
եւ
ներկայութիւններուն
ետին,
միակ
բացակայ
մը,
բայց
Մեծ
Բացակայ
մը
կայ…
Նոյն
ինքը՝
Բանաստեղծութիւնը։
Ու
երբեմն,
ընդհակառակը,
կը
դիտենք
թէ
ինչպէս
այսինչ
բանաստեղծին
մէջ
չափի
հաշիւ
չի
կայ,
եւ
ուրիշի
մը
մէջ՝
յանգ,
երրորդի
մը
կարծես
գաղափարը
կը
պակսի
կամ
զգացումներու
ամեհի
թափը,
թէ
ինչպէս,
մէկուն
քով,
երբեմն
բառերը
այնքան
պարզ
եւ
սովորական
են
որ
կարծես
լեզու
չունի
ան,
ու
պատկերները
այնքան
կեանքին
մօտ՝
որ
պիտի
ըսես
թէ
երեւակայութիւն
չունի,
տաղաչափութիւնն
ալ
այնքան
ամէնօրեայ՝
որ
կարծես
ինքնատպութենէ
զուրկ
է,
-
բայց
այդ
ամէնուն
դէմ
կը
զգանք
թէ
միակ
բան
մը,
բայց
էական
բանը
ներկայ
է…
Նոյն
ինքը՝
Բանաստեղծութիւնը։
Բանաստեղծութիւն,
այսինքն
անծանօթ
ու
նոր
Օրօրում
մը
որ
տողերուն
մէջ
կ՚երգէ…
Մտերիմ
բան
մը՝
որ
ամէնէն
պարզ
բառերուն
իսկ
կը
թափանցէ
ու
անոնցմով
քեզի
կը
հծծէ...
Նորէն
այս
աշխարհէն,
բայց
կարծես
ուրիշէ
մը
եկած
Տեսիլ
մը
որ
աչքերուդ
առջեւ
կը
յայտնուի…
Ու
այս
ամէնուն
ետին
թաքուն
եւ
սակայն
զգալի
ու
հեշտագին
եւ
յաւիտենական
Կեանքի
Բանը
-
միաձուլող
զօրութիւնը
-
հին
Լողոսը…
Սիրելի
Զարիֆեան,
ի՞նչ
հարկ
խօսիլ
քու
երգերուդ
յատկութիւններուն
եւ
թերութիւններուն
վրայ.
չի՞
բաւեր
երբ
որ
ըսեմ
քեզ
ներկայացնելով
-
Բանաստեղծ
մը…
Մէկը՝
որ
Խօսքի
Ափունքին
կը
հանէ
Անծանօթ
Նաւող
մը,
Իրականութեան
մտերիմ
խորքին
մէջ
հոսող
Կեանքի
Գետին։
Շնորհաւորութեամբ
եւ
սիրով
Շ.
Ռ.
ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
16
Մարտ
1921
Սկիւտար
Պ.
Վ.