ԱՇՆԱՆ
ԱՌԱՒՕՏ
Տակաւ
մռայլ
ոյժ
մը
կու
տայ
հովն
իր
թափին.
Երկինքն
արդեն
մոռցաւ
ժպտիլ,
քանի
օր
է,
Ատելութեան
շունչ
մը
հիմա
զայն
կը
վարէ,
Հեք
տերեւներն
արտասուքի
պէս
կը
թափին…
Հաստ
բունի
մը
գլուխըս
յեց,
ականջ
կու
տամ,
Նոր
ծայր
տուող
եղերական
այս
նուագին՝
Ուր
հոգիներ
կարծես,
հոյլ-հոյլ,
լուռ
կը
կքին
Ցաւի
մը
տակ
յանկարծահաս
ու
դեռ
տարտամ…
Վաղը,
սակայն,
երբ
փոթորիկն
անցնի
ծովէն,
Ու
գայ
թօթուել
երազն
հպարտ
մայրիներուն՝
Այս
հառաչը
պիտի
ըլլայ
բողո՛ք
մ՚անհուն,
Խուլ
ընդվզու՛մը
իրերուն
անապաւէն…
Եւ
այն
ատե՛ն
մանաւանդ
պէտք
է
որ
ես
գամ
Այս
բունին
տակ,
իբրեւ
եղբայր
մ՚այս
ծառերուն,
Ու
պահանջեմ
ու
պաղատի՛մ
քիչ
մ՚ալ
գարուն՝
Տակաւ
շիջող
սրտիս
համար
արիւնաքամ…