ՅԱՄՐ-ՅԱՄՐ
Աշունն
այնպե՛ս
կը
սուլէ…
Տժգոյն
ծիծաղն
ամպերուն
-Օ
արիւնո՜տ
ծաղրն
անհուն-
Երկնքին
վրայ
կը
քալէ…
Դեռ
շրթներուս
կը
պահեմ
Ժպիտն
անցնող
օրերուն.
Ու
հին-հին
երգ
մ՚օրօրուն
Կ՚ըսէ
թէ
դեռ
տղա՜յ
եմ…
Հոգիիս
մեջ
դեռ
ՈՉին
-Թէեւ
կը
զգամ
ամէն
օր-
Չլայնցա՛ւ
ցայգը
հզօր,
Դեռ
միտքերըս
կը
թռչին…
Մայրամուտի
պահերու,
Երբ
մինակ
եմ
ու
լռին,
Յանկարծ,
սակայն,
կը
սառին
Երգ
ու
ժպիտ
-
ան,
ինչո՞ւ…
Աշունն
այնպե՛ս
կը
սուլէ…
Տժգոյն
ծիծաղն
ամպերուն
-Օ
անաստուած
ծաղրն
անհուն-
Յամր-յամր
կը
քալէ…