ԵՐԿՈՒ
ԱՒԵՐԱԿՆԵՐ
I
Հին
օրերուն,
Երբ
դեռ
սիրտըս
վարդի
մը
վես
փթթումն
ունէր,
Ու
երազը
դեռ
աչքերուս
հոյլ-հոյլ
քերթուած
կը
ծորէր,
Հին
օրերուն,
Լիբանանի
շոճիներուն
կախարդանքը
արիւնիս
մէջ՝
Ես
կ՚երթայի
Պաալպեքի
աւերակները
դիտելու։
Ի՜նչ
մռայլ
փառք
էր,
ի՜նչ
հեթանոս
շքեղանք,
Արեւելեան
մայրամուտի
կանանչ-բոսոր
շողերուն
տակ,
Փռուած
անոնց
կիսակործան
սիւներն
ի
վար.
Ի՛նչ
լուսեղէն,
մեծվայելուչ
քերթուած
էր
այդ՝
Կանանչ-բոսոր
շողերուն
տակ…
-
Չկա՛յ,
չկա՛յ
-
կը
խորհէի,
հիացումի
արցունքներով,
-
Այս
կործանած
պալատներուն
փառքն
ունեցող
Չկա՛յ,
չկա՛յ…
Ու,
Գեղեցկին
ես
սիրահար
ու
միամիտ
պատանի՝
Մութ
նախանձի
մ՚անմեկնելի
գալարումը
կ՚ունենայի
Այդ
քարերուն
հանդեպ
տրտում,
ջարդուած…
II
Հին-հին
օրերը
անցան.
Սիրտըս
ոչ
եւս
վարդի
մը
վես
փթթումն
ունի.
Ալ
երազը
աչքերուս
մեջ
հոյլ-հոյլ
քերթուած
չի
ծորեր.
Եւ
ալ
չ՚երգեր,
արիւնիս
մեջ,
Կախարդ
երգը
Լիբանանի
քնարերգակ
շոճիներուն.
Հին-հին
օրերը
անցան…
Հիմա,
սակայն,
շատ
իրիկուն,
Երբ
կը
քալեմ
այս
գունաթափ
երկնքին
տակ,
Ու
կը
խորհիմ,
այնպէս
յանկարծ,
Պաալպեքի
հին,
կործանած
պալատներուն՝
Ալ
չեմ
ըսեր.
-Չկա՛յ,
չկա՛յ
անոնց
մռայլ
փառքն
ունեցող.
Ալ
չեմ
ըսեր,
ինչու
որ
կա՛յ…
III
Ահ,
հոյակա՜պ
քերթուածը
իմ
հոգիիս,
Իմ
աւերակ,
իմ
քարուքանդ
հոգիիս…։