Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

 

Դատապարտեալները կը գուրգուրային քսանամենի այս երիտասարդին վրայ նոր էր բոլորած չափահասութեան սահմանը, երբ մտեր էր ոճիրին մէջ, որ իր տարիքին համար, բացառիկ անգթութենէ մը ետք, շատ բացառիկ ալ դատավարութեան մը լուսապսակը վրան, ինկած իր հարիւրմէկնոցներուն նկուղը ու հագած իր վճիռը, հարիւր մէկ տարին, բացառիկ վայելչութեամբ։

Պատիժին հանդէպ ու հետ սա լրջութիւնը չհաշտուելու չափ անոր երեսին զմայլելի կաղապարին ու մարմինին թարմութեան եւ զոր տարիքէն դուրս, վեր բան մը կը պաշտպանէր, պարզ ու հաստատ ճառագայթումով մը, ընելով անոր անձը գրեթէ զարտուղութիւն մը ցեղին ընդհանուր միջինէն, քաղաքի մը մէջ, որ ամէնէն հարազատ կերպով պահած է տափաստանեան նկարագիրը տաճիկներու անդրագոյն հորդաներուն անոր կը գայթայթէր հասուն, վճռական դառնութիւն մը, հերքելով տարիքին իսկ ցուցմունքը, խաժ աչքերուն դեռ անաղարտ ու վճիտ պատանութիւնն ալ սքողելով անսովոր ստուերով։ Ո՛վ կը նայէր անոնց, անգիտակցաբար կը փոխադրուէր այն անուշիկ արձակութիւններուն՝ բլուրին, ծմակին, ծովախորշին ու տարօրէն մեղմ երկինքին, որոնց ծոցին պուտ–պուտ ճարուած ըլլալու էր անոնց հրապոյրը եւ որոնք կը պահէին, անվթար, դաշտի ծաղկըներուն կամ աղբիւրներու կայլակներուն վրայ իրենց գորովագին հանգիստը, հարիւրամեայ սա աղջամուղջին ընդերքին մէջ իսկ։

Անիկա կը նայէր ու, անոր աչքին մէջ, վճիռին հակառակ, ազատ աշխարհը գուշակելի ծիածանի մը պէս կը գոգանար դէպի կամարները անոր հոգիին։ Հրապոյրը ձրի բառ մը չէ։

Կը սիրէին աս ալ պարզ բառ մը չէ հոս իր ընկերները, զինքը, իրենց եղբօրը, պզտիկներուն չափ ու աւելի, հիմա՝ որ սրտին այդ ծաղիկը, սէ՜րը, վանդակի մէջ թռչունի մը նման, դատապարտուած էր ինք իր մէջ չորնալու։

Քաղցր ու շատ մատաղ մնացած մէկն էր ան, գրեթէ տղայ մը, պատահաբար ինկած ոճիրին ժանիքին, հեռու՝ այն կարծրութենէն, չորութենէն, դէպի ներս մտածում են, որոնցմով կը տարբերին ասպարէզէն ժմնած, անընդմէջ մարզանքներով կատարելագործուած մարդ–գազանները, բոլորն ալ բանով մը իրենք զիրենք ըրած փչուտ, սպառազէն, այլամերժ։

Մարմնական անոր գրաւչութիւնը կիսալոյս, անարեւ ապրումի սա պայմաններուն մէջ, կը զարտուղէր ինքն իր մէջ։ Կան այս դէմքերը, առնանալու համար յամեցուն, եւ որոնք կը յամառին երկար դիմանալ երկրորդ պատանութեան խաժ հրապոյրին մէջ, որ գործի ու գողտը հեղումի տարօրէն տպաւորիչ խաղ մըն է մեր միսերուն ընդմէջէն, շփոթուելու չափ սեռային իր կնիքէն։ Մարմնական այդ գրաւչութիւնը կերկրորդուէր հոգեկանով ալ, նոյնքան նուրբ, փաղաղիչ, որքան մորթինը։

Բայց խորագոյն տրտմութիւն մը, սրբազան ամպհովանիի մը նման՝ զայն կը պաշտպանէր շրջանակին միւս գարշագին տրտմութենէն, մեր գիրքերուն մէջ անասնական յորջորջուած հաստ, որքան բութ անկումէն, որ ՄԵՂՔՆ է, երբ կը թանձրանայ, իբր պատմուած ու դասաւորուած իրականութիւն ու կ՚ըլլայ թուղթի վրայ թառած վճիռ մը, դիզուելու համար մեր մարմինին շուրջը, հասարակաց կարծիքէն անկախաբար։

Էտհէմ պէյ Զատէ Սիւլէյման էֆէնտին անիկա մերժած էր՝ բանտ իյնալէ յետոյ, հօրը տիտղոսը փակցնել իր անունին, անկէ զգացած անհուն գարշանքին իբր հակադարձ, ուրանալով իր ծնունդն ու ստորագրելով մօրը մականունով - բանտին մէջ լրացուցած կեանքին ամէնէն դառնահամ իմաստութիւնը, գերեզմանուած էր ողջ–ողջ գաթել–տամը [1] անուանուած սա նկուղին։ Ու ասիկա՝ առանց ատենը գտած ալ ըլլալու, երկրորդական ուսումին խուլ ձանձրոյթը քիչիկ մը տարտղնելու Աստուծոյ արձակ աշխարհին մէջ։ Անիկա ետին էր ձգեր հօրը անսահման կալուածները, որոնք անգլիական լորտի մը կը նմանցնէին անոնց տէրը։ Ետին ձգեր՝ ահաւոր, քանի՞– քանի՜ անգամ բզկտուած պատանութիւնը այս վէպը պիտի բանայ ծալքերը մեծ տրամին, զոր թուրքերը կը լինեն իրենց մատաղ սերունդին ի վայելումն ու կարօ՜տը գողտր երազին, զոր բախտին ոսկի պարիկը ոսկի կարժի մը նման կը ձգէ մեր հոգիին բաժակին, մոռնալով անկէ թել մը սկսիլ։ :

Չունէր թուրքին պատմական, դասական գիծերէն ոչ իսկ փրթուճ մը բան, այն անհերքելի գիծերը մազի, մորթի, ոսկորի ու բառի, որոնք մոնկոլը կ՚ընեն ճանաչելի այնքան դիւրութեամբ։ Չունէր մա՛նաւանդ նախնականութեան, վայրագութեան, անխելքութեան այն սթիկմաթները, որոնց շաղապատումը կը շինէ մեր օրերուն հոգեկան արիութիւնը, թուրքին յատուկ այն անմեկնելի մտայնութիւնը, զոր անոնց տիրապետած հողերն իսկ չեն կրնար հերքել։

Մարդ նայելով այդ միամիտ, խաղաղ, իմաստուն դէմքին ու բարի, ծաւի ու թուխ աչքերուն, դժուար կը հաւատար պահին, որուն մէջ այդ շնորհալի, գրեթէ կանացի, թուլիկ գիծերը՝ ձեռքի, յօնքի, մարմինի ով գիտէ ի՛նչ անլուր յուզումի մը մուրճին տակ շիկացած, խենթեցած, ելեր էին իրենց գողտր կաղապարէն ու շիներ, րոպէի մէջ, ոճրագործը, յօնքէն, ձեռքէն, մարմինէն պարպըւած ու պարզ դաշոյնի բերան մը միայն եղած այն փայլակնային, անըմբռնելի ձեւը, որ կը զարնէ ու կը կործանէ։

Ուսանողի, երազկոտ ու մաքուր ուսանողի անոր հովը, մարմնական իր հրապոյրին նման կը յամառէր չբաժնուիլ անկէ։ Փոքր, աննշան խնամքը մազերուն, մաքրութիւնը իր զգեստներուն, միշտ կոճկուած իր ժաքէթը, անգիտակից վերադարձներ ըլլալէ աւելի՝ կը թուէին պահանջներ ըլլալ անոր առաջին հոգիէն։ Ու դժուար էր հաւատալ, թէ այս մեղրի պէս տղայէն, այս խաղաղ պարկեշտութենէն օր մը կրնար արձակուիլ, արձակուած ըլլալ անագորոյն ոճիրը։

Քերծուած կիսագլուխը բանտին օրէնքն էր մարդասպաններուն կիսագանկը ածիլել, միւսը ձգելով իբր որոշիչ նշանակ մը, հաւանական փախուստի մը դէմ կանխահոգ միջոց ու համազգեստը փոխ տրուած, դուրսէն բռնի անցուած բանի մը կը նման էին անոր վրայ։

Ու սեւ ներկուած շղթան մարդ չէր գիտեր, թէ ինչո՛ւ անիկա միայն այդ գոյնը ունէր, որ կը հնչէր մեղմ, տիրոջը նման, ու կը թուէր սուր, դիտողին՝ ինչպէս կրողին։

Լոյսի, շարժումի պակասը դալկացուցած էր անոր մորթը ու քիչիկ մը ճերմակի տարած աչուըներուն գրաւիչ կապոյտը։ Հակառակ համազգեստին ճնշումին, որ կը խաթարէ անձնական բխումները ու միջին պղտորութեան մը մէջ կը ջնջէ անհատին շնորհը, անիկա կը պահէր ազնուական իր վայելչութիւնը։ Ըսի, թէ սեռէն իսկ շփոթելի թարմութիւն մը կը պտըտէր անոր հետ։ Ու հակառակ իր սա տիրական փափկութեան, ոչ մէկ իգասփիւռ հոսում, որ այդ կարգի անկաղապար արարածները դիմացէն իսկ զգայուն կ՚ընծայէ արուներու ռունգերուն, բանտին սա պարտադիր խաթարումին իբր արդիւնք։ Ամէն ինչ առնական էր անոր վրայ, ձայնին խոր ու զօրեղ շեշտէն մինչեւ ժպիտի կոտրած թեւերը, անոր երեսին, կիրքէն բացառիկ այլուրութիւն մը, որ քիչ-քիչ անցնելու էր իր շրջապատին։

 

 



[1]       Save  Գաթել–տամը - մարդասպաններու նկուղը։