Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

 

Նուաղած, զայն տարին իր սենեակը։

Անոր աչքերը ամբողջ շաբաթ մը պիտի չբացուէին։

Ու այդ շաբթուան ընթացքին անոր մայրը զաւկին սնարին, ահաւոր երկընտրանքի մը հետ, որուն հասկացողութիւնը ունեցաւ առաջին իսկ րոպէին։ Ինչպէ՞ս պիտի հանդիպէին իրենց նայուածքները իրարու։ Յետո՞։ Այսինքն՝ անգամ իրարու հոգիին մէջ իյնալէն յետոյ։ Ո՞վ կ՚երաշխաւորէր, որ անոր աղջիկը կրկին պիտի չփակէր իր աչքերը, այս անգամ ա՛լ չբանալու համար։ Վասնզի, ի հեճուկս բժիշկներուն տուած յիմար անուններուն, անիկա կասկածը չունէր զաւկին գանկին տակ փլած դղեակին։

Էտհէմ պէ՞յը։

Պրուսա կանչել տուաւ ինքզինքը, իրեն յատուկ հեռագրական խաղերով։ Իրականին մէջ, Պոլսէն հասեր էր դերասանական խումբ մը։ Ու դերասանուհիները աճուրդի էին։

Հիւա՞նդը։

Լուսդէմ, տաքութիւն։

Անոր այտերը կարմրեցան անսովոր հոսքով մը, որ կը շեշտուէր ցերեկէն ետքը։ Մինչեւ գիշերուան այն պահը, ուր տեղի էր ունեցեր սկզբնական նուաղումը, բերանը՝ կուղպ, ինչպէս աչքերը։ Մանրիկ ռունգերէն գրեթէ տեսանելի թելերը անոր շունչին, այնքան բարակ։ Ռնգային կրճիկները կը բաբախէին տագնապոտ ու սրտառուչ, փոխադրելով արեան զարկը հոն։ Առտուն դալուկ, բայց ոչ՝ դիակնային աղտոտը, այլ՝ անուշիկ այն դեղնութիւնը, որ քիչիկ մը լեցուն, միսերուն վրայ թեթեւումը կը մետաքսանայ, պատրելով նայուածքը։ Ու այդ պահերուն անոր դէմքը, հեռու, տարագիր բան մը կ՚ըլլար մեր աշխարհէն, մինչ խճճուած մազերուն վրայ ձիւնին քաուչուէ տոպրակը եղկ ու քմահաճ թուլութիւններ կը ձեւեր։

Բժիշկները, որոնք քաղաքէն կանչուած էին յատուկ հեռագրով, անուններ գտան, խորհրդակցաբար։ Վիճաբանեցան։ Կռուեցան։ Այս ու ան ախտանիշին վրայ իրար նախատեցին ու դէզերով դեղագիր սեւցուցին, մանրամասն յօդուածներով անոնց գործածութիւնը, առման պահերը, դգալին տեսակները ճշդելով։ Ու չէին անդրադառնար հիւանդին չբացուող բերանին։

Պառաւները չուշացան իրենց բժշկութիւնը հարկադրելու անոր թշուառական մօրը, որ խելայեղ՝ չէր կրնար նստիլ, կենալ, մեկնիլ ու զաւկին սնարին, անդադար ափը անոր ճակտին, մտիկ կ՚ընէր խօսքերը այցելուներուն, որոնք կը մեղքնային զավալլը Էտհէմ պէյին բախտին, զայն սիրտին ցաւէն ենթադրելով փախած պալատէն։ Սուտ։ Մտիկ կ՚ընենք ատիկա, խորագոյն հաճոյքով, երբ իրաւը վատ է անկէ։ Անոնց թելադրանքովը անիկա դիմեց նախնական դեղերուն ամէնէն ժողովրդականին, տզրուկին: Գիշեր մը, երբ բժիշկները իրենց պատուէրներուն անհեթեթ խստութեամբը չէին իշխեր պալատին, անիկա ականջին ետեւօք փակցուց բուռ մը տըզրուկ։ Յետո՞յ։ Աղօթեց։ Ու գտաւ, որ հոգիին խորէն չէր հաւատար մահուան, ի՛նք՝ որ իր էրիկը՝ անոր մանգաղին չյանձնած անցեր էր բախտորոշ պահերէ, երբ կեանքն ու մահը կը պղտորուին զգայութեանց գիծի մը մէջ ու մենք չենք կրնար տեղաւորել զմեզ աջ կամ ձախ։ Ա՛ն՝ որ սիրելիի մը գլխուն, զայն մահուան տալու անձուկին մէջ ինքզինքը կը քննէ, ա՛ն միայն գիտէ, թէ որքան քիչ է տարբերութիւնը այդ երկուքին։

Տզրուկը փրկութիւնն էր։

Առտուն, հիւանդը բացաւ աչքերը։

Դէմը՝ մայրը, որ գոցեց իր աչքերը։

Յետոյ քուն։ Խոր ու անձայն։ Անոր ռունգերը իջեր էին թրթռագին իրենց անձուկէն։ Դէմքը՝ բարակ քրտինքով մը ոլոռնաւոր։ Բժիշկները իրենց վերջին դեղերը փառաբանեցին, հակառակ անոր, որ շիշերուն բերանն անգամ կը պահէր դեղարանին հանգոյցը։

Իրիկուան վրայ, հիւանդը արթնցաւ։ Իր փափաքովը, մանչուն սպասուհին ու աղջկանը ստնտուն միայն ուզեց։ Մա՞յրը։ Չէր կրցած անոր երեսը նայիլ։

Տենդը ինկած-չինկած՝ անոր ամուսինը ներկայացաւ, կառք մը մուշտակ ու փոքր սնտուկ մը գոհարեղէն մտցնելով իրմէն առաջ հիւանդին սենեակը։ Անկողինին վրայ հազիւ ինքզինքը բռնելու կարող, Նայիլէ հանըմին մանկամարդ աղջիկը պարտադրեց իր կամքը։ Անոր ամուսինը չէր կրնար ներս մտնել։

Իր պնդումին վրայ, զինքը ղրկեցին Պոլիս, հօրեղբօրը մօտ, ամուրի պաշտօնեայ ու հարուստ։

Անկէ՝ Եւրոպա։ Մայրաքաղաքէ մայրաքաղաք։ Ու բժիշկէ բժիշկ։

Ու ոչ ոք գիտէր որդը, որ կը կրծէր անոր սիրտը։ Ո՞վ միտքէն պիտի անցընէր երկննալ դէպի սիրտը մանկամարդ կնոջ մը, որուն մէկ բլթակին կարիճ մը, մեղքին, խայթին, սարսափին կարիճը, պոչիկը խածած, օղակ էր անցեր։

Չմեռաւ։ Բայց մահէն ետ գալը չի նմանիր մեր միւս ճամբորդութիւններուն։ Անպայման իր կնիքը կը զարնէ մեր վրայ։

Ետ եկաւ մահէն, ոչ թէ ամէնուն պէս ապրելու, այլ այդ մահուան շուքին մէջ ինքզինքը օրօրելու։

Մարդկային կեա՜նք։ Ինչե՜ր ըսեր են՝ քեզ տարազելու համար, մեծ իմաստուններէն մինչեւ խոնարհագոյն ուղեղները տառապող ադամորդիներուն։ Ի՜նչ կախարդ շղարշ ես, փռուած մեր աչքերուն, երբ կը մտնենք տասնըհինգէն ներս, այդպէս անուշ, անհուն ու միամիտ։ Ու ի՜նչ պատանք ես, մենէ շատերուն համար, դեռ քսանը չողջունած։ Պատանին՝ որ զարնուած սրտէն՝ իր վերջին տարին կը պառկի, ծուիկ–ծուիկ՝ միսերէն ու թոքերէն, ու գերեզմանին «գոգը» կը պաղատի այնքան սրտառուչ բախտաւորութեամբ։ Հարսնուկը՝ որուն ծոցին երկու տղեկ են բուսեր, եւ սրտին՝ մեղքին օձը տուն է զարկեր։ Եւ որ կը պապակի մահուան, ինչպէս այրեցաւեր ծաղիկը՝ շողին ու լոյսին։ Գիրքերը շատ բան կը գրեն այդ ողբերգութեան վրայ, բայց չեն մօտենար այդ երկրաշարժին, որ մեր հոգիին խաւերը հիմն ի վեր կ՚ընէ եւ մեզ կը թաղէ շղարշին տակը մեր երազներուն։

Ու չէր հարցներ, թե ինչու չէր մեռներ։

Ապրեցաւ սակայն։ Դարձաւ իր էրկանը տունը։ Տեսաւ կրկին իր մայրը։ Տեսաւ էրիկը։ Խօսեցաւ ալ անոր հետ։ Իր պայմանն էր եղած չտեսնել մաման։

Ու չէր գիտեր, թէ ինչու կը վախնար անկէ։

Անոր զաւակները երկրորդը աղջիկ էր ու հետեւաբար ղրկուած Պոլիս, հօրեղբօրը, մօրմէն այդպէս հեռացուած՝ ասոր դեդեւուն առողջութեանը համար մնացին երկու իրաւ ապաստանները իր հսկայ ցաւին դէմ։

Մինչեւ որ մայրը մեռաւ։

Այսինքն՝ զայն գտան մեռած։