Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

 

Ու Մայիսի մուտքերուն, երբ հանըմ էֆէնտիին ամուսին փաշա հազրէթլէրին կանչուած էր կուսակալին մօտ, բարեյոյս գործի մը համար բացատրութիւն տալու (շատ հաւանաբար փաթթուած փաշային գլխուն, Էտհէմ պէյին թելադրութեամբն ու հաշիւներով), անոր կինը, հետեւելով շատերու օրինակին փափաքեցաւ պտոյտի մը, ծովախորշին մէջ։ Համրուած օրն էր ատիկա ժողովրդային տօնի մը, զոր յոյներն ու թուրքերը հաւասարապէս կը տօնախմբէին, գառնուկ ուտելով խոտերուն վրայ։ Արդարն ու մեղաւորը գարնան յաղթանակը կը փառաբանէին, հաւանաբար հին բագոսեան պաշտամունքի մը աւանդապահը դառնալով անգիտակցաբար։

Համով էր եղանակը։ Գաղջ ու կաթով քսուած կը թուէին բլուրներուն երեսները։ Հարսնիքը կակաչներուն ու բաց կանաչը ծառերուն։ Ու հոտերը յաղթական գարունին։ Զուր տեղը չէ, որ կու գան այդ օրերը։ Կիներու սրտին մէջ ալ անիմանալի հոսանքներ կը բուսնին ու կը մեռնին։ Մահն անգամ կը խառնուի այդ մութ ուժերուն, զարնելով գետին ձմեռէն հիւծած մարմինները։

Ծովային պտոյտ մը։ Ինչո՜ւ չէ, երբ մեր տարիքը տակաւին շատ վար է քառսունէն։ Մեր անցեալը՝ ծիրանի երազ, արքենի յուզումներով ծիածանուած։ Մեր ներկան՝ խեղճուկ տուն մը ու յիմար գիւղ մը։ Մեր ամուսինը՝ վաթսունի դուռներուն։ Մեր աղջիկը՝ մեր առջին, աղքատ ու դժբախտ…։ Պտո՞ յտ մը։ Ինչո՞ւ չէ։ Առնուազն ծովնալու համար, հոգ չէ թէ ցաւին ալիքներն ի վար։

Այդ պտոյտը յարդարողները, իր տարիքէն ու քիչ շատ ծանօթ կիներ, առնուած՝ դաւադրութեան մէջ, առանց գիտնալու, նշանաւոր ջատուկի մը տաղանդովը, ծովեզերքէն ելան իրենց յատկացուած նաւակները։ Ջատուկին կարգադրութիւնը, աղջիկը մօրմէն զատելու, քիչ մնաց վիժեցներ ձեռնարկը։ Բայց տարիքները իրար աւելի կը քաշեն։

Անոր աղջիկը տեղաւորուեցաւ տարեկիցներու գեղեցիկ, թռվռուն, մատաղ խումբի մը մէջ, ու բացուեցաւ՝ խօսք տալով մօրը չըլլալ անխոհեմ, չխաղալ ալիքներուն հետ։ Չէ՞ որ ինքն ալ չէր ուշանար։

Չորս, հինգ հատ էին մակոյկները, պչրուն, մաքուր, զարդարուած բաներ։ Դաւադիր հրաւէրներու կը նմանէին անոնք, մա՛նաւանդ իրենց պարունակութեամբը։ Ծովուն վրայ, մօտ-հեռու, այնքան ուրիշներ, երգով կամ նուագով։ Ու մէկուն փոքր կայմէն շապիկի մը պէս առագա՜ստ մը։ Կաթ էր ջուրը, անոնց ոսկի թեւերուն ներքեւ։ Ու կողմնակի բլուրներէն գարունը ծով կը թափէր կարմիր գետովը կակաչներուն, տեղ-տեղ ճշմարիտ արիւն։

Ելաւ նաւակ։

Ու չէր խորհեր, թէ ինչո՞ւ երկուք էին, պառաւին հետ, երբ ուրիշ մակոյկներ բեռնաւոր էին չորսով–հինգով։ Անիկա գոհացաւ, աղջկան մակոյկը որոշ նշանով մը զատելով ուրիշներէն։ Կարմիր թաշկինակ մըն էր ատիկա կայմիկի գագաթին։

Ու աղին ու գարունին հոտերը, կծու եւ անուշ, կ՚անցնէին անոր ռունգերէն՝ ինչպէս հոգիէն։ Ու անոր աչքերուն ջուրը մաքուր խաղաղութիւնն էր, տունին սեւ վանդակումէն ետքը։ Ոչ մէկ նշոյլ վախի ու կասկածի։ Պառաւը՝ ամբողջ օծութիւն եւ գուրգուրանք։ Ամբողջ գովեստ ու հիացում։

Քիչիկ մը բացերը, անոր աչքերը թեթեւ մը կճուեցան մուխէ մը։ Պառաւին սիկարէթն էր, հոտաւէտ ու ոսկեզօծ։ Անիկա մերժեր էր մատուցումը, բայց արտօներ անոր գործածումը պառաւէն։ Հեշտ, պղտոր, բայց ծանր հոտ մըն էր այդ մուխը, որ կը դպչէր անոր մազերուն եւ կարծես թեւի մը պէս կը նստէր այտերուն, ա՛յնքան՝ որ ձեռքերը տարեր էր երեսին, հոն փնտռելու համար այդ անտես շղարշը։ Յետոյ զգաց, որ անուշ գիծեր կը փորուէին իր միսերուն մէջէն։ Անիկա չհամարձակեցաւ հերքել այդ զգայութիւնը ու շրթները դժուարաւ քակուեցան։ Արծաթ ու սատափ դրուագուած մանրիկ տուփը պառաւին ծունկերուն վրայ, բայց՝ ինչպէս կախարդական հրաւէր մը։ Ա՛յնքան՝ որ մոռցաւ իր սկզբնական մերժումը ու առաւ, առանց գիտնալու, գրեթէ խելակորոյս մատուցուածը։ Պառաւը աւելի քան սիրաւէտ։ Անիկա քաջալերեց վախկոտ հանըմը, որ նոր կը փորձէր սիկառը։

Ծխեց ու փակուեցան հանըմին թարթիչները։

Սեւամորթ նաւաստին, մազերէն բոլորովին ճերմակ, տխուր, ինչպէս Հացի համար աշխատող ամէն վրիպած մարդ, քանի մը թիակի դարձուածքով շեղեց նաւակը դէպի դղեակին սահմանները։ Հոն սպասող ուրիշ մակոյկներ, տեսակ մը ճարտար ռազմափորձով, բացուեցան դէպի լայնքը ծովուն։ Խաղին նպատակը՝ նաւակին մուտքը դիւրացնել երկաթ ցանցէն ներս, ստեղծելով հեռուէն դիտողներուն համար անգտանելի պատրանք մը։ Դաւին մէջ առնուած միւս կիները կը շարունակէին յառաջխաղացքը դէպի կակաչներուն արօտը, ապահով՝ թէ հանըմին նաւակը կը հասնէր իրենց ետեւէն։

Հանըմ էֆէնտին բացաւ աչքերը։

Մինակ էր կիսամութ սրահի մը մէջ, որմէ ոչինչ կը զանազանէին իր աչքերը։ Դժուար եղաւ իրեն ինքզինքը զետեղել իր մարմինին մէջ։ Ու փնտռեց ծովը։ Աղօտ լոյս մը, որուն աղբիւրը չէր գտներ, վախցուց զինքը։ Անոր կուրծքէն շունչը թռեր էր ձայնի մը պէս, ու նուաղ ու կոտրած էր այդ ձայնը։ Յանկարծ, ուժգին սարսուռ մը կայծեր ու սառոյց փախցուց իր ակնակոպիճներէն: Անոր կզակները աքցանուած էին ասեղներու տրցակէ մը, կարծես թէ կարկամած՝ իրենց ծխնիներէն։ Կը նստէ՞ր։

Փորձեց քալել։ Ու զգաց, որ ամէն ինչ կակուղ էր, անասելի խուսափումով մը, ընկրկումով մը, դէպի վար, իր գարշապարին ներքեւ։ Անիկա սթափեցաւ կակուղ այդ զգայութեան հաշուոյն, մա՛նաւանդ ոսկորներուն համար, որոնք մոմէ շինուած կը թուէին իրեն։ Ու անկարելի եկաւ իրեն վստահել այդ լխկած բաներուն՝ բեռը իր մարմինին։ Թուլնալու, քակուելու, լուծուելու սա զգացումները հզօր էին անոր ուղեղին մէջ, որ մեծկակ խմոր մըն էր, ծանր ճնշումով մը գանկին պատերուն։

Ամէնէն աւելի վախցաւ, որ այդ ճնշումին տակ ճեղք մը կրնար բացուիլ հոն։ Շփեց աչքերը։ Ուժո՛վ։ Բիւրաւոր լոյսի կէտեր, ինչպէս կրակի մը կայծերը, կը սաւառնէին, տարօրէն պայծառ, բիւրախաղ ու բազմագոյն։ Ու այդ կայծերուն կեդրոնին՝ նաւակը, պառաւին սիկառը, ծովը, աղջիկը, որոնք կը շինուէին ու կը մարէին, նորէն բուսնելու համար։ Ոչ մէկ շարժում, ձայն, զգայութիւն՝ իր շրջապատէն։

Երկրորդ ուժգին չունչ մը։ Մարմինը կ՚ամրանա՞ր։

Բայց անիկա կրցաւ տեսնել։ Երկաթ վանդակով պատուհաններ, որոնք խիտ ճաղերով ծածկուած էին, լոյսը մութին հետ չփոթելի բանի մը վերածելու չափ։ Ինք, խորը սրահի մը, որ կը ճլուէր, նայուածքին ուժովնալուն համեմատութեամբը։ Քովն ի վար, վեր, յովազի, վագրի թանկ մորթեր, պահող՝ գլուխներու կաղապարը, դունչ ու աչքերու ուլունքները։ Այլապէս տաք, գրգռիչ հոտաւէտ ծխում մը ձեռքին տակէն, ամէն անգամ, որ մատները մխրճէին այդ հեշտ ստեւին խորը։ Անապատին ա՞ռքը։ Հմայուած վայրերու վա՞խը։ Անոր կռնակին ոսկեհիւս բարձեր, դարձեալ մատովի զգացուած, երբ սահեցան իր մատները բացուածքին վրայէն։ Ու աչքերուն վրայ ծանր շալ մը, տարօրէն խիստ, մուշկի կճումը յիշեցնող բանով մը։

Անոր միտքը կ՚արթննար իր թմբիրէն։

Լսա՞ծ՝ հեքիաթը դղեակին։ Թէ՝ տեղին յարդարանքը զինքը կ՚արգիլէր իրականութեան դառնալու։ Խառնիխուռն յուշեր, զգայութիւններ, պատկերի բեկորներ, վախ, ու հոտերուն ազդեցութեան տակ ներքին սօսաւիւն մը, որ անուն չունի, բայց կը քալէ մեր ջիղերուն վրայէն, մեզ ընելով խրտչուն, տրոփուն, բայց անուշ։ Մագնիսականութիւնը մինակ երկաթներուն վրայ չէ, որ կը տպաւորէ։

Ելած էր ոտքի, դեդեւուն, հեշտութեան ու վախի զոյգ զգայութիւններէ տրորուած։ Ու տարօրինակ էր, որ ինքզինքը զգար բաղնիքէն նոր ելած մարմնին խմորովը։ Պատրաստ սակայն ձայնն ելածին չափ ճչալու, երբ պէտքը ունենար ատոր։ Ձայնը կիներուն ամէնէն ամուր զէնքերէն մէկն է։

Դո՞ւռը բացուեցաւ։ ՝ Իրականին մէջ գոց չէր անիկա։

Ու բուսաւ ռեժիի տնօրէն Էտհէմ պէյը։

Պարզ, իրաւ, էրիկ մարդ։ Այս վերջին երանգը տարօրէն ուժով զգաց անիկա ու չէր գիտեր՝ ինչո՛ւ։ Քիչիկ մը դեղին, քանի որ անորոշ բացուածքէ մը կապտորակ լոյս մը կը կոտրտուէր անոր փայլոտ, բայց արու երեսին վրայ։ Ու շեշտուած էին սեւ ոլորքները պեխերուն. ուժգին ու հպարտ, այդ օրերուն գերմանական նորաձեւութեամբ սրածայրուած։

Հանըմ էֆէնտիին առաջին շարժումը պիտի ըլլար ծածկուիլ։ Բայց անոր ֆերաճէն կը պակսէր։ Ու զարմացաւ, թէ ինչու նոր կ՚անդրադառնար ատոր։ Միւս կողմէ՝ անոր թեւերը դժուար բարձրացեր էին։ Անկարող տեղ մը փախչելու, ծածկեց երեսը, շրջելով դէմքը։

Մօտիկ անցեալին մէջ քողով ծածկուիլը թուրք կնոջ մեծագոյն մտահոգութիւնն էր։ Տուն, դուռ, սենեակ, բակ, ամէն ինչ շահագործելի էր, որպէսզի կիները անակնկալի չգային պատահական արու աչքերու դիմաց, առանց լաչակի։ Ու ամէն շարժում, մարմնի վրայ, կնիքը կը կրէր այդ զբաղանքին։ Երեսը շրջելը բնազդական փախուստ մըն էր, ճարուած՝ անգիտակից աղբիւրներէ։

Առանց զգածուելու, յուզուելու, Էտհէմ պէյը յառաջացաւ դանդաղ՝ էֆէներուն դասական քայլքովը, ձեռքերը կռնակին հիւսած, քիչիկ մը աջ հակելով ու կոր։ Անոր ետեւէն կը քալէր լոյսին կապոյտ քառանկիւնը։ Բացուածքը գրաւող իր մարմինին հեռացումը պատճառն էր այդ պատրանքին։ Սրահը՝ աւելի յստակ։ Առարկաները՝ աւելի պայծառ։ Ու անոր քայլերուն տակ ճմլուած մորթերէն խուլ ու քաղցի բուրում, որուն ծաւալումը խոտոր կը համեմատէր քալուածքին ծանրութեան։

Անիկա մօտեցաւ, երկու քայլ մինչեւ։ Յետոյ, հանդարտ, տխուր ու լուրջ։

Բարի եկաք, հանըմ՝ էֆէնտի։

Ու անոր ձայնը անդիմադրելի էր։

Կինը դարձաւ անոր։ Ու նայեցան իրարու։

Ճանչցա՞ք զիս։

Հարցումը պարզ էր, ու առանց ձայնի բացառիկ կնիքին, որով անոր համբաւը կը քալէր կիներու բերանէն։ Ոչինչ՝ այդ ձայնին մէջ հեքիաթին յօրինած սրիկայէն։

Տիկինը յիշեց ամուսինէն դատումներ։ Ու այդ մերձեցումը ուժ մըն էր անոր կակուղցած հոգիին համար։

Յետոյ, առանց հարցումին պատասխանելու բաներ կան, որ կ՚ընենք մեր գլուխէն վեր մղումներով անիկա, վախկոտ ու նեղուած, որովհետեւ կը պակսէր լաչակը, հարցուց իր կարգին.

Ո՞ւր է ֆերաճէս։

Պէտք չունիք անոր։

Այս պատասխանը տեսակ մը ամօթախառն վախ արթնցուց։ Թեթեւ, բայց գուշակելի սարսուռ մը քիչիկ մը դեղնեցուց անոր հեշտաւէտ մորթը, այտերուն սահքն ի վար դէպի վիզին վէժը։ Կան այս երեսները, որոնք իրենց փախուստին մէջ կը շինեն անհաս ձգողութիւն մը։

Ինչպէ՞ս։

Այո։ Հիւր էք ինծի։

Ըսեր էր առանց ծիծաղի՝ ինչպէս չարութեան։

Ինչպէ՜ս հիւր։

Ծովու ճամբով։

Ինչո՞ւ մինակ։

Կարգ մը տեղեր մինակ կերթան, հանըմ էֆէնտի։

Ինչո՞ւ։

Բայց անոր կոկորդը կակուղ էր տակաւին։ Ու հարցում՝ ինչպէս պատասխան, հաստ, ընդդիմահար, առարկաներու կը նմանէին անկէ ու անոր ճամբու դրուած։

Այդպէ՛ս։

Անիկա կը խաղար մազին մէկ փունջովը, որ ճակատէն կախ, ոլորուն, անոր ընկերը կ՚ըլլար այս կարգի տրամաթիք կացութիւններու մէջ։

Ու պատրանքը մօտ էր կոտրելու։

Հեռուէն, շատ հեռուէն կը թուէր ատիկա, շոգենաւի մը հսկայ սուլիչը պատռեց երկինքը, պատառ-պատառ, ճռալով ու լալով։ Տիկինը յիշեց յունական նաւը, որ պիտի մեկնէր Պոլիս։ Բայց չկրցաւ մտաբերել նաւակը, որ զինքը հոս էր բերեր։

Ծովով եկաք, հանում էֆէնտի, որովհետեւ ցամաքէն չուզեցիք գալ։

Ինչպէ՞ս։

Այո, չուզեցիք։

Շուարուն, վախկոտ՝ հանըմը փորձեց մազերը տեղաւորել։ Ու մատները եղկ բանէ մը խոնաւցան։ Քունքերուն անիկա պիտի գտնէր նոյն զգայնութիւնը։

Յանկարծ, մտքէն մեծ պատ մը փրթաւ։ Անիկա յիշեր էր ծովը, նաւակը, պառաւը, սիկառը, տաք ու անձրեւոտ.

Ո՞ւր է Նաճիէ հանըմը։

Իր տունը։

Ե՞ս ինչու հոս եմ։

Որովհետեւ չուզեցիք ցամաքէն գալ։

Ինչպէ՞ս։

Այնպէս՝ ինչպէս կու գան կիները ...

Ա՜յ։

Անոր արիւնը սառեցաւ ամբողջովին։ Ու թաւշային անոր դէմքը, պարպուած իր երանգէն՝ խռովիչ էր, որքան խորունկ։ Երակները մօտ էին պայթելու։

Նետուեցաւ ոտքի։ Խուժեցին ձայներ ու հեծքեր, ներքին բեկումներ։ Բայց սրունքները կ՚ամրանային։

Ա՜, արձագանգեր էր մեղկ, աւազակը։

Մօտեցաւ անիկա, քայլ մը աւելի։

Այսքան մօտէն անիկա վիրաւոր էր իր անձին շատ մը մեղքերովը։ Ի վերջոյ ոճիրն ու սպանդը իրենց կնիքը կը դնեն մեր արտայայտութեան։ Հագուստին դռեհկութիւնը, մատներուն կոշտ տժգունութիւնը, կուրծքին հաստ քիչութիւնը կը խառնուէին իրմէ ծորող վանողական այն բանին, որ ոճրագործին հետ պտըտող ոլորտ մըն է։

Հասկցա՜յ։

Հասկցողն էր հանըմ էֆէնտին, որ ձեռքը զարկած էր ճակտին, սարսափի՝ որքան յուսահատութեան փայլակէ մը վարուած։

Ինկած էր հեքիաթին դարանը, որուն չէր հաւատար, երբ, դպրոցական աղջիկ՝ կոմսուհիներու արկածները կը կարդար ֆրանսերէնէ թարգմանուած թերթօններու մէջ ու կը ծաղրէր անոնց սուտը, խոր հաճոյքով մը պատմելով հանդերձ ընկերուհիներուն։

Շատ ուրախ եմ, հանրմ էֆէնտի, անդրադարձաւ ռէժիին տնօրէնը, բարեկիրթ, բայց յուզուած։

Դարան։

Երբեմն պէտք է, հանում էֆէնտի։

Այսի՞նքն։

Դուք կը հաստատէք։

Ի՞նչը։

Դարանը։

Յետո՞յ։

Տնօրէնը լռեց։ Ու մռայլ, կէս մը գունատ դէմքին վրայ ածիլուածքին կիսականաչ փայլը կը թուէր վետվետիլ։ Թո՞ւք, թէ կրակ կուլ կու տար, որպէսզի երեսին դնդերները դողդողային այսպէս։ Ցանկութիւնը միշտ աչքով չի խօսիր։ Անիկա կ՚ընտրէ կզակի մկաններն ալ։

Յետո՜յ։

Զղջա՞ց սա արկածախնդրութեան համար, «ամէն բան աչքն առած» աւազակը, որպէսզի մնար չուար, չկրնալով բառեր անգամ կառավարել, ի՜նք՝ որ մասնագէտն էր խօսքին։

Չէ՞ք մտածեր հետեւանքին։

Տրտում նայուածք մը դիմաւորեց տիկինին հարցականը։ Անշուշտ տղայ էր սա հանըմը։ Թուրքերը ազգային առած մը ունին, որուն համեմատ մինարէն գողնալու յանդգնողը, անոր պատինքն ալ պարտաւոր էր միասին տանիլ։

Ձեր ըրածը ամէնէն ստորին ոճիրն է ...

Նոյն տրտում նայուածքը ընդունեց այս նախատինքն ալ։

Մարդասպա՛ն։

Ու չէր գիտեր յարձակողականի անցած հանըմը, թէ կը կատարէր դերը հերոսուհիի մը, որ իր կարդացած մէկ վէպին մէջ, հեռու Սկովտիայի աւերակ բերդի մը աշտարակին կատարին, չափուած էր դէմի մարդուն տարազով աւազակի մը հետ։ Անիկա չգնաց առաջ կոմսուհիին թուքն ալ նետելու ռեժիի տնօրէնին քիթին ու բերնին։

Էտհէմ պէյը կը պահէր իր հանդարտ ու տրտում նայուածքը։ Կարծես ըլլար պատրաստուած՝ սա տեսարանին ու սա բառերուն։ Անզգած, անիկա երկարեց ձեռքը, որ մեղմով ծալեց շղարշեայ վարագոյր մը, քանի որ անոր բացուելովը երեւան եկածը պատուհան մըն էր։ Տեսնուա՞ծը։ Գրեթե ոչինչ, բացի դէմի շատ հեռու ափունքին կռնակէն, որուն կատարագիծը մուխի մէջ սքողուած շղթայ մըն էր քաջածանօթ, իր անունը կրող հրուանդանով։ Ու վրան՝ քիչիկ մը երկինք, լեղակի պէս խիստ, նոր լուացուած։

Այս պայծառութիւնը լուսաւորեց անոր սաթի գոյն մորթը։ Ու այդ փախստեայ լոյսին մէջ անոր վիզին երկու քովերէն կապուտիկ բաներ կը բաբախէին, տարօրէն ճերմակ այդ հովիտին մէջ բուսնող ծաղիկներու բերանով։ Այդքան մօտէն այդ կնոջ դէմքը կը գտնէր իր համբաւին իրականութիւնը։ Ու թափանցիկ էին անոր միսերը, եգիպտական մեղրամոմէ մարմարով ամաններուն նման։ Յուզումը ալիք–ալիք կը դողացնէր զանոնք, ինչպէս կը պատահի պարագան, երբ այդ անֆոռ ներուն մէջ մոմ մը վառենք։ Այդ երանգին ու թախծութեան մէջ հանըմը անդիմադրելի էր։

Ռէժիին տնօրէնը վերցուց երկրորդ վարագոյր մը, յետոյ երրորդ մը ու չորրորդ մը։

Լոյսը կը խուժէր:

Ու թրթռագին, քիչիկ մը ժանեկաւոր անոր հոսանուտին ընդմէջէն կը յօրինուէր սրահը, գաղտնախորշ ու խօսուած սրահը հռչակաւոր պալատին, անոր բարձրագոյն աշտարակիկը, գարգմանակի մը պէս դրուած՝ անոր ծովամէջ մէկ թեւին, հաւասարապէս հեռու, ճամբէն ու ձկնարանէն, ու կը բացուէր անիկա իր մռայլ տրտմութենէն, յորդելով ջերմ գեղեցկութիւն մը, բարբարոս ու գրգռիչ, արու եւ արիւնռուշտ, վառօդի եւ արիւնէն չորցած երախներով սուրերուն հոտովը ծանրաբեռն։

Պատուհանէ պատուհան կտոր մը տարածութիւնն անգամ գրաւուած էր բազմաբղէտ բժժանքներով, գիր, կրիայի ոսկոր, փետուր, թռչունի կմախք, ծովային ժժմակներու մեծկակ թիւով մը ընդելոյզ հանգոյցներով ամրացուած։ Գազաններու մորթերը ու լուրջ գույներով գորգերը, տախտակամածը կը շարունակէին պատերուն ալ վրայ, ճաշակով, բայց վայրագ ալ այն խորութեամբ, որ զէնքի մարդոց քմահաճույքները կը յօրինէ։ Արաբական ոսկեգիր այաթներ փարթամ յատակի մը վրայ պառկած սուրերու, խանչեր ներու կորագիծով։ Նիհար լուսանկար մը, շատ շքեղ շրջանակի մը, տիրող ու գազան, ինչպէս էր առջի երիտասարդութիւնը անոր տիրոջ։ Արեւելեան սա տեքորին վերարտադրումը կարօտ է էջերու։ Կ՚անցնիմ, ուշադրութիւն կանչելով տաք ու կրքոտ այն մթնոլորտին վրայ, որ դուրսէն կամ արեւէն բան չունէր իր մէջ։ Այլ կը բխէր այդ ամէնէն։ Ու տեսակ մը գոց հոտ, միuի, սերմի, բորբոսի, գաղջ բաներու, որոնք բաղնիքներէն կը յամենան մարդոց ռունգերուն։ Արեւմտեան դղեակներու մէջ հաւանաբար կիներու զարդախուցերը տոգորուած ըլլալու էին սա դպող բոյրով։

Յետո՞յ։

Այսինքն՝ սա տեքորին վե՞րջը։

Անշուշտ այն ամէնը, զոր միջին դարը կը պատմէ այսպէս աշտարակարգել կիներու ողբերգութենէն, սա տարբերութեամբ, որ այս դղեակը կառուցուած էր տասնիններորդ դարու վերջին տարիներուն, երբ թուրքերը քրիստոնեայ ժողովուրդներու ջարդը պաշտօնական զեկոյցներով «կատարեալ անդորրութեան» կը վերածէին ու դպրոցներուն մէջ իրենց նախնիքներուն պաշտամունքը տարած այլամերժ կրօնքի։ Ու խորհիլ, որ երկու քիլոմեթր հեռու նաւահանգիստ մը կար գազայի մը պետական ամբողջ կազմածովը, հարիւրապետներով, զոյգ դատարաններով, ոստիկանութեամբը, զինուորական կայանովը։ Հարիւրէ աւելի մակոյկներ կը ճեղքէին ծովը այդ դղեակին բացօքը։ Կառավարական պահականաւը անցեր էր անոր առջեւէն ու կը պաշտպանէր պտոյտի ելած հանըմները։

ՌԵԺիին տնօրէնը պիտի խօսէր քիչ ու պարզ։

Փաշային կինն ալ պիտի հասկնար։

Մինչեւ որ կացութիւնը ճշդուեցաւ։

Հանըմ էֆէնտին, լուրջ, առանց հեգնութեան, պահանջեց հեքիաթին միւս արարուածը, ժողովուրդին մէջ խուլ կերպով շրջող պատմութեանց արդարացումը, դղեակին յատակը հանող աներեւոյթ սանդուխները, որոնք կը բացուէին անդունդներու վրայ։ Կը խօսէր յստակ։ Տէրը՝ շեշտին ու բառին։ Քիչ-քիչ կիրքի կարմիր մը կը հեւար անոր այտերուն, որոնք կը թուէին արձագանգել վիզին երկու քովերուն բաբախող ճերմակութեան։

Ընելի՞քը։

Որո՜շ։

Պիտի տար իր մարմինը ծովուն, բայց ոչ մէկ գնով՝ աղտոտ արարածին, որ դէմն էր հիմա։ Ու գեղեցիկ էր իր զայրոյթէ՞ն, թէ մարմինէն։ Պիտի հարցնեն մարդերը ասիկա։

Այսքա՞ն։

Ինքնիրեն, գրեթե չնայելով հանըմ էֆէնտիին։ Կը յիշէր, անգիտակցաբար, կիները, որոնք, սա տեքորին մէջ, գրեթէ աս պայմաններով, տեղաւորուած իր ուժով բազուկներուն մէջ (անոր գոգին երկու կին կրնային բազմիլ ժամով, առանց յոգնեցնելու ծովու ջուրին մէջ կազմուած այդ ոսկորները), կախուած իր բերանէն, հաճոյքէ, գինովութենէ, գերագոյն հեշտանքէ մեռնիլ կ՚ուզէին գերագոյն այդ պահուն։ Սո՞ւտ, այդ լեզուները, իրենց շաղի պէս զովուկ բառերով ու կրակի պէս խարանող շունչով։ Ձեռքը տարաւ ճակատին։ Պատկերները հալածուեցան։ Աչքի մեղմ շրջումով մը կը դիտէր զայրոյթէն դողդողացող տիկինը։

Ու գտաւ, որ պիրկ ու գրեթէ դեղձան բան մը եղած էին անոր երեսները, հիմնովին տարբեր բոցագոյն այն երանգէն, որ մեր կիրքը այսպէս կը վարդերփնէ մեր այտերուն։ Ուրիշ հուրք մը դեղին ու վանող, կը լուսաւորէր այդ կինը մազերէն մինչեւ ոտքը։

Տրտմեցաւ չարաչար։ Առաջին անգամն էր, որ կը զգար ատելութիւնը իրմէն դուրս, ուրիշի մը վրայ այդքան պայծառ: Շողոմի, կեղծիքի վարժ հոգիները, այսինքն՝ բոլոր բռնապետները կը զարմանան այդ զգացումէն։ Անոնց այնպէս կու գայ, թէ բոլորն ալ պարտաւոր էին պարտակել զայն։

Դեղձան։ Աղուոր։ Դաժան։ Արհամարհոտ։ Մինչ անոր մտքին մէջ կը շինուէր թագուհի մը, սպանական քաղաքէ մը, դարձեալ մատղաշ օրերու ընթերցումի մը կտակը։ Ու գորգուած փոքր տարածութիւնը վերածուեցաւ վիրապի մը քար յատակին։ Բուռն պահերուն ճակատագիրն է մեր միտքը տարտղնել ինքնիր մէջ։ Այս եղանակը ձգտումը կը թեթեւէ։ Թերթօնին թագուհին մեռած էր, վիպային հերոսութեամբ մը ինքզինքը խածնելով ոչ թէ մարմինէն անոր ամէն մասերը առնուած էին երկաթ կապերու մէջ , այլ՝ հոգիէն, ակռաները սեղմելով, ա՛յնքան՝ որ հիւսուած էին կզակները իրարու, անդարձ կնիքով։ Ատելութիւնն ալ կը մեռցնէ մեզ։ Անոր ամուսին թագաւորը յիմար մը չէր անշուշտ։ Մե՞ղքը։ Սիրել չկրնալը։ Մեր կիրքին ամէնէն բուռն պահերուն մեր հեռացումը մեզմէ, մեզ կ՚ընէ բացառօրէն զգլխիչ։ Այդ հրաշքով կիները սանձեցին աշխարհասասան կեսարներ եւ մարդասպաններ։ Ու մինչ տրամը կը բեմադրուէր անոր ուղեղին, անոր ատամները կը ձայնէին խուլ աղմուկով։ Հանըմ էֆէնտի երա՞զը կաղար։

Անոր սա պատկերին դիմաց, քարացած, հիացիկ, ինքիրմէ դուրս, բառ չէր գտած լեզուանի աւազակը: Փոքրացաւ, գրեթէ չքացաւ աղեղը անոր բազուկին։ Դաշոյնը կը տեղաւորէր պատենքին, բայց չէր գիտեր, թէ ինչո՛ւ թեզանիքէն ափն էր իջեցուցած չարաշուք գործիքը։

Մեծկակ սեղան մը, ա՛յն՝ զոր թուրքերը տիւան կ՚անուանեն, գետնէն երկու թիզ միայն բարձր, զանոնք կը բաժնէ հիմա։ Ուշագրաւ էին զոյգ մը առիւծի մորթեր, արու եւ էգ, որոնք կը շարունակէին նայիլ իրենց ուլունք աչուըներով։

Վատ, վա՛տ, վա՜տ…։

Բառերուն հետ անոր թափանցիկ մատները աւազակին երեսին նետեցին թեւաւոր արհամարհանքը։

Ինչէ՞ն է, որ ամէնէն ահաւոր նախատինքը երբեմն գողտր հրապոյրի մը պէս կարձագանգէ մարդոց ջիղերուն։ Որքան ծարաւն ունէր անոր ձայնին, պոլսական շէյվէին։ Մորթն ու ձայնը մութ ձգողութեամբ մը կապուած կ՚ըլլան երբեմն։

Խօսէ, հանըմ էֆէնտի...

Անա՛րգ, ստորի՛ն...

Հայհոյէ, բայց խօսէ։

Հաճոյք էր իրեն համար այդ զայրոյթէն կարմրած մորթն ու ձայնը ունենալ իր աչքերուն ու ականջին։ Կ՚ըսեն, թէ տարփանքը միայն մեր մարմինը չի փոխեր։ Անիկա կը դպի մեր բառերուն ալ երանգին։ Խօսք մուրացող մարդասպանը քաղցր էր, ինչպէս սիրոյ նոր բացուած պատանին։ Ու չէր խնդար, ինչպէս կ՚ընեն լիրբերը, սրիկաները, թուրքերը, անոր անզօր, յուսահատ լեզուագարութեան դէմ։

Լա՛լ։ Բայց արցունք կ՚ուզէր։ Ու գիտէր, որ պիտի չկրնար։ Արցունքին չեկած փայլակէն խոնաւ բան մը ցոլցլաց սակայն անոր աչքերուն խորը, ընելով զանոնք պղտոր ու կպչուն։ Թարթիչներուն տակովը ծարիրը, խտացած, կը նպաստէր այդ զգայութեան զարթումին։ Խնամքով, բայց ոչ-պոռացող արդուզարդը ատեն չէր գտած աւրուելու, հակառակ անոր, որ նաւակէն մարդու շալակով վեր էր տարուեր։

Կը կրկնէր նախատական բացականչութիւնները, շունչ առնելու համար կեցած պահուն միայն զգալով բառերուն աղտը, որ ծուխին սեւին պէս քիչ-քիչ կը նստի։

Թողուց միւսը սակայն, որ լեզուին տայ անիկա։ Ձայնը, այդ ապակեղէն աշտարակին բարձրէն, կը դառնար վար, թափելու անոր ծոցին։ Մտիկ կ՚ընէր, առանց թարթելու, զատելով անոր երանգը, որ մօտ էր հեծեծանքի փոխուելու։ Եւ որպէս թէ հնօրեայ գինի մը ըլլար այդ կնոջ բերնէն ելածը, բառերը հեղուկ գինովութեան մը պէս կը խորանային, կ՚անձնաւորուէին ձայնը կնոջ մը միսն է թեւի ելած ու, վիրաւորելու տեղ, կը դպէին փափկօրէն անոր անսպասելի կեդրոններուն։ Անոր գեղացի վախը ու գրաւման սաստկութիւնը հազիւ զսպեցին զինքը, նետուելէ վրան ու խմելէ այդ շրթունքները, որ այնքան անուշ գիտէին ըլլալ։

Նոր, իրեն անծանօթ զգայութիւններ։ Կնոջ մը դէմ հեշտանքը որքան շուտ իջնէ կրկէս, հրապոյրը այնքան արագ կը մոխրանայ։ Որքան ուշ միջամտէ, զգացումը այնքան կը շիկանայ ինք իր մէջէն։ Հարիւրով կիներու մարմինէն տառապէս յափրացած աւազակը ո՞ր ճամբով այցուէր պիտի քաղցր յուզումներէն, որոնք մարդու հոգին տղայ կ՚ընեն ու մաքուր։ Ու, ո՞վ իրեն ըսաւ, թէ իր ճանչցածէն տարբեր բան է կինը։

Կի՞ն։

Ուրեմն ա՛ս էր առասպելական այն կենդանին, որուն մասին ան լսեր էր աշուղները եւ Արեւելքէն հոս ինկած հին–հին մարդերը, տարիքի այնքան տարբեր աստիճաններով, ծագումէ եւ տառապանքէ այնքան աննման իրարու, բայց պատմումին մէջ այնքան պարզ ու մէկ, երբ սրճարաններու անկիւնը, թափառական անոնց բերաններէն երգի, ողբի, բառի ու պատկերի ձեւերով կը թափէր գետին ինչ որ դիրքերը կը տարազեն իբր մահէն ալ զօրաւոր։ Սեռային կրակին ճակատագիրն է մահուան նմանիլ։ Ուրիշի վրայ անհաւատալի է անիկա։ Ռէժիի տնօրէնին խորագոյն ցաւերէն մէկն էր՝ իր անհաղորդ մնալը սա տարօրինակ պատգամներուն, որոնք գեղջուկ երգերով կը պատկերեն յաւիտենական զգացումին երանգները, նմանութեանց հեղեղի մը ընդմէջէն, մեծն ու փոքրը դնող նոյն գիծի։ Կիներով հայթայթուած վայելքներուն համար անիկա ունէր որոշ զզուանք, արդիւնք՝ իր զեղծանումներուն։ Ու իր ցաւն էր դարձեալ, գտած չըլլալը այդ փռուող մարմիններուն եղկ ճերմակութեան ու կէս մը աղի հոտին մէջ, ինչ որ հեքիաթը կ՚որակէր մագնիսը աշխարհին։ Ի զո՜ւր այսպէս մշակուած տրտմութիւններէ վերջ անիկա պիտի վազէր ծոցը աս ու ան իր տարփուհիներուն, իր կողմէ պատսպարուած, որոնք իրենց ամուսինները խաբել չկրնալու տառապանքը սուղի կը ծախէին անոր, իրենց համերէն ինքնաբերաբար պարպուելով։ Առաջին կրակէն ետքը, ամէն ինչ կը դառնար իր աղի անհամութեան, գարշ հոտի մը հետ նստած անոր ջիղերուն։ Մարմնական ստացումին յաջորդ թուլութիւնը կ՚ապականէր անոր գեղջուկ առողջութիւնը (հոգեկան), սեռին մէջ զբաղումը արժեզրկելով, ամէն բան սեւ ու անհրապոյր ընծայելու չափ անոր զգայարանքներուն։ Ուրկէ՞ պիտի մղուէր անիկա փնտռելու, միսերէն անդին, այն ուրիշ բանը, որ համն է սա մեր աշխարհին, իր նամէտ ու կծու չոգիներէն զերծ, մաքրութիւն, պարզութիւն, սիրտ, գեղջուկներուն ընտանի սէրը։

Ռէժիին տնօրէնը անշուշտ սա մտածումները այսքան յստակ չունեցաւ իր ներսը։ Բայց անոր զարմանքը մեծ էր սա հրապոյրին առջեւ։ Ինչո՞ւ ուրիշներու վրայ գործադրուածը չէր ներկայանար անոր, ի՜նք՝ որ կիները գետին փռելու մէջ այնքան կիրք ու աճապարոտ հեշտութիւն ունէր։ Ու աղօտօրէն կը զգար, թէ ինչ որ հիմներանգն էր կազմեր իր գոյութեան, սեռին համար հասնելէն ասդին, ու, արիւնին ու շուայտութեան մխումովը, խառնունքը՝ իր հոգիին, հիմա կը թալանար։ Հով մը, անոր մէջ, որուն հանդէպ զգայուն կը դառնայ մեր ճակատը, երբ սառնամանիքին խստութեանը մէջ, յանկարծ գաղջ ստուեր մը կ՚իյնայ մեր դէմքին:

Գորո՞վ, մեր զիտցած սե՞րը՝ գազանի մը մէջ, որ ապրեր էր փուչով զրահուած, մշտամոյկ՝ ոճիրին ճախինէն ու սեռին քարայրներէն։

Ե՞րբ իջաւ ծունկի։

Քովն էր սակայն, պարզ, առանց դաշոյնի։ Ծունկերուն վրայ քալելով՝ գտեր էր անոր մարմինը ու խոնարհ, դրած շրթները անոր ոտքերուն։ Մեղմ էր անիկա, պատանիի մը նման, ու վախկոտ, ա՛յնքան՝ որ այդ համբոյրը բեռ մը կ՚ըլլար իրեն, որքան հանըմ էֆէնտին, որ զուսպ, քաշեր էր ոտքը, յօնքերը ընելով սեւեռ ու պռստուն։

Ձեռքերը կոնքին, գրեթէ մարտահրաւէր, հարցուց անիկա.

Ո՞ւր է։

Ո՞վ։

Պատուհանը։

Կը տեսնէր սակայն վանդակները, որոնք ապակիները կ՚ընէին երկաթէ հանգոյց։ Ու կը փնտռէր փոքր բացուածքը, ուրկէ, միշտ զրոյցներու համեմատ, երբեմն կնոջ դիակներ կը նետուէին վար, ծովուն։ Փնտռտուքի սա տպաւորութիւնը յստակ էր անոր երեսին, ա՛յնքան՝ որ անոր հոգիին թափանցումը ընող գազանը ստիպուեցաւ հարցնել։

Ինչո՞ւ կը փնտռես պատուհան։

Հանըմ էֆէնտին, լուռ, չափեց դէմինը։ Մենք մեզմէ ուժ կ՚առնենք, որոշումին ջրհանը աշխատցնելով մեր կամքին ճահիճին մէջ։

Վա՞ր պիտի նետուիս։

Կինը կրկին չպատասխանեց։

Ատոր ալ ատենը կու գայ, հանըմ էֆէնտի։

Կինը կը լռէր։

Փաշաներն ալ մեզի պէս մօրմէ են ծնած, հանըմ էֆէնտի։

Կինը կը լսէր ու չէր թարթեր։

Ամէնքս ալ երկու կանգուն պատանք ունինք աս աշխարհին վրայ։ Ասկէ դուրս, ո՛չ մէկ բան մեզի չի պատկանիր։

Տրտում էր խորապէս ու շալվար ին մէջ՝ անկարելի փիլիսոփայ։

Նոյնիսկ աս կաթէ շինուած մարմինը, հանըմ էֆէնտի։

Ոչ ալ քեզի։

Անշուշտ։ Կասկածը չունիմ ատոր։ Մի մոռնաք, որ հիւր էք ինծի։

Ու բառերը ըրին իրենց բարիքը։ Վասնզի առաջին անգամն էր, որ նման առանձնութեան մը մէջ, անիկա սա քաղցրութեամբ կը խօսէր կնոջ մը հետ ու կը խօսէր, առանց պրկուելու սեռին կիկլոնէն։ Անոր այնպէս կու գար, որ բան մը կը հեռանար իրմէ, չերեւցող, բայց զգալի, ինչպէս ձայնը օձին, որ սուզուած է թաւուտէն ներս, բայց կը շարունակուի իբր լսողական զգայութիւն։ Իր ամեհի, խստապարանոց կի՞րքն էր, որ կը քաշուէր կրկէսէն։

Անիկա, իբր թէ անգիտակցաբար, մէկ արմուկը հանգչեցուց բարձր սեղանի մը, որուն վերի կէսէն երկփեղկանի դարան մը ընդունած էր անոր նայուածքը բազմաթիւ անգամներ։ Ինքնիրեն, թէ յատուկ մեքենականութեամբ մը, արմուկին կռթնելովը անոր փեղկը բացուեցաւ։ Բազմայարկ պահոց մըն էր։ Զանազան հասակով շիշեր լոյս առնելով դողացին իրենց փորիկներէն։ Դեղարան յիշեցնող հոտ մը իջաւ մինչեւ տիկինը։ Քանի մը դաշոյն, իրարու տուած իրենց կտուցները, հաւանաբար թունաւոր, ինչպէս կ՚ըլլային անոնք միջնադարեան սա պահոցներէն ներս։

Անիկա զատեց սրուակ մը։ Հասարակ քոլոնիայի ջո՞ւր, թէ ուրիշ բան մը կը պարունակէր ան, թէեւ շիշը կը պատկանէր հոտաւէտ այդ ջուրին։ Միշտ նոյն անգիտակցութեամբ, անիկա բացեր էր երկրորդ փեղկը, որուն ներսի երեսին մարդկային գանկ մը փորուած ու գոյնով լեցուած, լոյսին դողալ կը թուէր։ Յայտնի էր, թէ պահոցը դեղարանի մը ապրանքն էր եղած ու անոր ստացողը, կիներու խնդրանքին վրայ, շրջած էր գանկին երեսը դէպի ներս։

Սրուակը՝ փոքր երկու մատերուն մէջ կորսուելու չափ։ Զայն դարձուց քանի մը հեղ ափէն միւսը։ Չէ՞ր նայեր տիկինին, թէ ընկղմած էր աւելի խորունկ ծրագիրներու դիմաց։ Յետոյ, իբր թէ ըլլար բոլորովին առանձին, տեղաւորեց սրուակը իր ընկերներուն քով։ Անոր մատները թոյլ փեղկերը փակեցին։ Սեղանը կը գտնէր իր նախկին անիմաստ ու անկիւնոտ կեցուածքը։

Տխուր։ Բայց անսպասելի կերպով բարի, բայց մա՛նաւանդ վարանոտ։ Հեքիաթը խոշոր բաներ իջեցուցած էր փողոց աս սրուակներէն, որոնք կարողութիւնը ունէին կիներուն ջիղերը մետաքսի թելի պէս թոյլ ու շրշիւն պահելու, կտրելով անոնց մէջ շարժումին բոլոր զսպանակները, բայց չխանգարելով ուղեղը։ Անոնց հոտը առնողները տէրն էին իրենց մէկ-երկու կարողութիւններուն, աչքին ու մորթին, բայց կը կորսնցնէին իրենց ձայնի, շարժումի զգայութիւնները։

Տիկինը, գունատ, գրեթէ մեռել, հետեւեր էր անոր մատներուն մէջ խաղցող սրուակին։ Անոր տեսքը արդէն բաւ էր եղած զինքը, տառացի, տարրալուծելու։ Զրոյցը սուտ չէր կրնար ըլլալ։

Տեսա՞ք, հանըմ էֆէնտի։

Հարցուցած՝ առանց իսկ երեսը նայելու։

Ու անոր ձայնն ալ կը հպատակէր զինքը պարուրող տրտմութեան։ Ամբողջ մարմինին մէջ նուաղումի զօրաւոր ալիք մը, ուղեղէն դէպի ոտքերը կը թուէր քալել։ Ու գոհ էր անիկա, վասնզի սա թուլացումը, մեղմացումի փոքր նպաստ մը չէր անոր զրահապատ դաժանութեան ալ անկումին։ Ո՞վ բերաւ անոր մտքի էքրան ին կիներ, սա դէմի տիւանին վրայ ընկողմանած։ Երբ, նման սկիզբներէ վերջ, սրուակին երեւումով կ՚ըլլային խելօք, պաղատող, անխուսափելին ընդունելու մէջ քիչիկ մը դժգոհ, բայց հետզհետէ ջերմանալով ու հիւսելով իրեն, ամուր, հերքելու համար սկզբնական չկամութիւնը, ու գտնելով իրենց իմաստին ամբողջ հոծութիւնը, շրթներնին տուած անոր մարմինին ու հաճոյքէ խենթ ու գինով։

–- Տեսա՞ք։

Ինչո՞ւ կը հարցնէ եւ երկրորդ անգամ ըլլալով։

Բայց չէր կրցած չնայիլ։

Հանըմին երեսին գոյնը, մահու չափ դեղին, ինչպէս կ՚ըսեն գիրքերը։

Գոյնի սա պարպուիլը խորապէս ցնցեց իր մտապատկերներէն տառապող անասունը։ Անոր վա՜խը՝ իրական նուաղումին համար, որ կիները կը ձգէր անզգայ ու փուտ միս։ Աւշային դէմքեր, մոմի պէս կը պաղէին, երբ սարսափը քամէր անոնց արիւնը։ Ու կ՚ըլլային տարօրէն տգեղ։ Կը յիշէր քանի մը հատ ալ, որոնք դարձուցած էր ետ, այսպէս կէս մեռել, շալակը տալով սեւամորթ նաւաստիին։ Անիկա նետեց պահոցին բանալին տիկինին ոտքերուն։

Ի՞նչ է աս։

Բանալի, հանըմ էֆէնտի։

Ինչո՞ւ կը նետես։

Պէտք չունիմ, հանըմ էֆէնտի։

Տիկինը կամաց մօտեցաւ սեղանին, որուն վրայ խառնիխուռն կը նստէին ատրճանակ, դանակ, սանտր ու փոքր ձուաձեւ հայելիներ։ Ջուրի մեծկակ սկահակներ։ Կոնք։

Յետո՞յ։

Տեղի պիտի ունենար անսպասելին։

Առանց դպելու անոր մարմինին, անիկա ատենը գտաւ դանակ մը առնելու սեղանին վրայէն։ Շարժումին աս մասը՝ նենգ, գրեթե անկնիք։ Ռեժիի տնօրէնին փորձառութեանց մէջն էր կիներուն խուլ հետաքրքրութիւնը դէպի մահուան գործիքները։ Անոնք՝ ժպիտը շուրթներուն, զինքը կը ստիպէին նկարագրել հրազէններուն ներքնամասը, փողերուն հասակն ի վար քալող գնդակին ուժը։ Ու կը զուարճանային՝ պարապ փողերը դնելով իրենց ստինքներուն պտուկին, ճուալով, սարսափ կեղծելու ատեն իրապէս դեղնելով։

Էտհէմ պէյ վախը չունէր կնոջ մը բազուկներուն։ Անիկա կը հաւատար, թէ անոնց ձեռքէն դանակ մը չէր կրնար մարդու միս մտնել։ Բայց հազիւ ատեն գտաւ սանձելու հանըմին բազուկը, որ դանակը ուղղեր էր սեպհական կուրծքին։ Անոր վա՜խը։ Երկաթ մատներուն ներքեւ փափկիկ անոր ափը բացուեցաւ ինքնին։ Եւ ինկաւ գետին, խուլ աղմուկով մը, մահուան գործիքը։

Դառն, շատ դառն ժպիտով մը ծռեցաւ ու առաւ դանակը։ Փոքր, սիրուն առարկան, որուն վրայ քիչիկ մը պաղած մնաց իր աչքը, արցունքի բարակ խաւով մը պղտոր։ Այդ քա՜ն։

Այսքա՞ն, ուրեմն, հանըմ էֆէնտի։

Այսքա՛ն։

Մեռնի՞լ։

Աւելին ալ, եթէ կայ այդ աւելին։

Անիկա դրաւ մերկ դանակը խորը իր մէջքին, գլուխը լաւ մը թաղելով գօտիին ծալքն ի վար։

Յետոյ՝ թեթեւ լռութիւն մը իրենց դարձուց պատահարին ամբողջ ողբերգութիւնը։ Իրողութիւն էր, որ անոնց միսերը դպած էին իրարու շատ մը կէտերէ։ Հանըմին բազուկը դեռ կը կոտտար կարծր ճնշումին յիշատակովը։ Ու նոյն այդ բազուկը միւսին ափին մէջը տաքուկ ձիւն էր, որ լեզու ունենար ու պատմէր աշխարհ մը խռովք։ Ու անոնց շունչերը խառնուած իրարու։

Մէկէն՝ հարեմներուն պահծու, կիսագաղջ հրապոյր։ Միւսէն՝ արու ու զօրաւոր հով, որուն զգայութիւնը բոլորովին նոր էր տիկինին ռունգերուն, վարժուած վաթսունամեայ փտութեան մը, զառամութեան մը կծու, վանող ծորումին։

Ու եղաւ բացութիւն։ Իրարմէ վախցա՞ծ, թե իրար ճանչնալու համար ճակատ ճակատի։

Ու եղաւ տրտմութիւն։ Մէկը՝ իր հաշուոյն։ Մահէն ալ սուղ՝ սարսափը իր անձին։ Միւսը՝ խռոված, անծանօթին ասեղէն, որ արուն է կնոջ մը ջիղերուն։ Բացաւ պատուհանը։ Վանդակ փեղկերը։

Լոյս, ազատ աչխարհ։

Հանեց մէջքէն սրուակ մը, աւելի պզտիկ, քան առաջինը։ Յետոյ, թեւովը կիսբոլոր շարժում մը ընելով՝ նետեց զայն պատուհանէն։ Բաւական վերջը, ջուրին ճողփիւնէն պուտ մը բան պիտի գար ներս։

Ի՞նչ էր անիկա։

Սրուակ։

Ինչո՞ւ նետեցիր։

Այդպէս։ Աւելորդ է։

Ու տրտում էին անոր բառերը, մինչ կռնակը կը փակէր կէսը պատուհանով բացուածքին։

Ինչո՞ւ չես ըսեր։

Աւելորդ է, հանըմ էֆէնտի։

Շրջեց գլուխը դուրս։ Արցո՞ւնքը, թէ ուրիշ բան մը կը ջանար ծակծել։ Մէկ սրունքը քիչ մը ծռած՝ անիկա կը նայէր հեռուն։ Ու միջոցին վրայ հիւսուած երազ էին քովի կինը, վարի ու բացի ծովը, հեռուի շղթան, աշխարհին սա իմանալի շէնքը։ Ու անոր սիրտը կ՚ողողուէր անծանօթ բանէ մը, որ մեր ամէնէն անգութ կամ փափուկ յուզումները կը հանէ մեր փուտ, խեղճ ու պատառ միսերէն։ Հոգեկան շէնքը մեր ներսի աշխարհին, երբ կը նուաճուի արուեստով կամ հոս դրուածին նման սիրով…։ Արու, խիստ, դաժան անոր դիմապատկերին ինկած էր անասելի կերպով քաղցր լրջութիւն, մանկութիւն։ Ո՞վ պիտի կրնար ընդունիլ, թէ նոյն այդ դէմքին վրայ փորուած էր ահասարսուռ ոճրապատում մը, այնքան ընդարձակ ծիրով։ Ու քաղուած՝ սա թարթիչներէն, վճիռը այնքան անարգ անկումներուն։

Երբ դարձաւ ետ, դէպի կինը, անիկա պարտաւորուեցաւ ճմռել աչքերը։ Վայրկեան մը-երկու հսկայ բաներ խաղացին անոր դէմքի մկաններուն վրայ։ Ծանր բաներ, քանի որ ոսկորներն անգամ շարժումի ելեր էին հոն։

Բայց մեղմ, դողահար ակռաները կճրտելով անիկա քալեց դէմի ուղղութեամբ։

Կոխեց կոճակի մը։

Րոպէաբար կը բացուէր դրան ձեւով պարապութիւն մը։ Դո՞ւռ։ Հանըմը նոր անդրադարձաւ, որ կլոր մարմինով սա աշտարակին մէջ գորգերը կը գրաւէին, դրան տարածութեամբ, գլանին երեսները, հաւասարապէս իրարմէ հեռու. թուրք պալատներուն մէջ գորգերը գետինէն աւելի պատերը կը նախընտրեն։

Բացուածքը լուսաւորուեցաւ։ Կարելի էր տեսնել սանդուխի մը առաջին երկու աչքերը։

Հանըմ էֆէնտի, կրնաս երթալ։

Նկատե՞ց ձայնին մէջ յուզումը։ Բայց նկատեց նախադասութեան եզակին։

Ո՞ւր։

Տունդ։

Հակառակ պալատական խիստ հրահանգներուն, Նայիլէ հանըմը պէտք է ա՛լ տալ անունը չկրցաւ ափը բերանը չտանիլ։ Զարմանքի գեղջուկ շարժուձեւը։ Անիկա չէր կրնար հաւատալ։

Ինչո՞ւ կը զարմանաս, հանըմ էֆէնտի...

146

Պահ մը բառերը պակսեցան իրեն։ Բայց գտաւ թելը իր մտածումին, անսովոր հպարտութեան մը մէջէն տարազուած։

Մենք ալ էրիկ մարդ ենք, հանըմ էֆէնտի։

Ու խոնաւ էր գրեթէ անոր ձայնը։

Անոր կոկորդը սեղմուեցաւ ուրիշ բառերու ճնշումովը։ Անշուշտ հոգեկան մեծութիւնը կը զետեղուի, առանց անպատեհութեան, գեղջուկ սրտերու խորը, նոյնիսկ աւելի հարազատութեամբ։ Այդ զգացումը վեր է մշակոյթէն։ Բայց ինչպէ՞ս բացատրել հոգեկան քնքշութիւնը, ա՛յն՝ զոր գաղիացիք délicatesse d'âme կ՚անուանեն։

Ռէժիին տնօրէնը իր ոճիրներուն վայել հերոսութեամբ մը, ինքզինքը ազատեց բացատրող գռեհկութենէն, որով սրուակները պիտի ըլլային հասկնալի, տիկինին վրայ իր ամենակարողութիւնը անհերքելի ու, ասոնց հետեւանք անոր ազատ արձակումը՝ փաստ մը։ Չըրաւ անիկա այս ռամկութիւնը։ Ու աւելցուց.

Ազատ ես, Նայիլէ

Ազա՞տ։

Այո։

Ու գրեթէ լաց մըն էր այդ երկավարիկը։ Մինակ աչքերը չեն մեր մէջ լացողը։ Յաճախ աւելի տխուր է լացը մեր շրթներուն։

Նայիլէ՜…

Առանց հանըմի։ Դարձաւ քովնտի։ Չէ՞ր ուզեր տեսնել, թէ կը վախնար։

Բայց երիտասարդ կնոջ աչքերը ողողուած էին։

Խորունկ անոր յուզումը անոր կը դարձնէր իր արիւնը, որ ազնուական, բայց բեհեզի մը պէս վառեցաւ անոր թափանցիկ երեսներուն։ Մեր մարմինը բոլորովին առանձին, անկախ շէնք մը չէ մեր հոգիէն։ Ու գեղեցկութիւնը կայուն օրէնքներու հպատակ պահ մը չէ մեր մարմինէն։ Ամէնէն անհրապոյր դէմքն անգամ կ՚ազդուի հոգեկան արարքի մը լուսապսակէն։ Տիկինը գտած էր թուրք ազնուական հանըմին դարաւոր վայելչութիւնը, ինչ որ Արեւմուտքի գիրքերը կը ջանան զետեղել հեշտութեան ու խորութեան կենդանակերպէ մը, երկար ընտրութեամբ մը (selection) գոյաւոր այն գրաւչութիւնը, որ Արեւելքի պալատներուն մէջ կինը տէր կ՚ընէ, այնքան զաղփաղփուն ու դժուար գահակալութեամբ մը։ Թուրք ընտանիքը, այսինքն՝ անոր կին տարրը, դժուարագոյն հաւասարակշռութիւնն է զգացական հրաբուխի մը:

Անոր մարմնեղէն հմայքին վրայ ճառագայթած էր հոգիին ալ անպարագիծ զգլխանքը, որ հոս բառարանի բառ մը չէ, այլ՝ կիներու կեանքէն որոշ պահի մը փայլակնացումը։ Կան այդ պահերը, մարմինէ՝ ինչպէս հոգիէ։ Ու հերոսութիւնը ձրի բառ մը չէ, ուրիշ պարունակէ մը դիտուած։

Նայիլէ հանըմը գիտէ՞ր, թէ ինչու կու լար: Գիտէ՞ր, թէ արցունքին ու արիւնին ճառագայթումին մէջէն, անիկա կը մատնէր իր առաջին տկարութիւնը, սէրը, այնքան անծածկելի պայծառութեամբ։ Անիկա կը սիրէր իրեն ծանօթ աշխարհին ամէնէն ստորին մարդը։ Ու կը սիրէր «անքակտելի սիրով մը», ինչպէս պիտի ըսէին դպրոցը նոր աւարտած պարմանիները։ Անոր սա այլայլումը զգալի՞ կատարելատիպ սրիկային, որ քալեց անոր մօտ, գլխիկը դնելու կրկին անոր ոտքերուն, շրթունքը փակցուցած մետաքսին, որ կրակի պէս այրեց զայն։

Ու խորունկ, հառաչագին բա՜ն մը, որ ձայն ու լաց անգամ չէր կրնար ըլլալ։ Գետնի հաստ մորթերը կը տարտղնէին այս տարօրինակ հեծեծմունքը։ Մինչ թեթեւ անուշահոտութիւն մը, անգոյն բոցի մը պէս կը թուէր թափթփիլ անոր մազերուն։ Մետաքս զգեստներուն ու խռոված միսին շրշիւնն է ատիկա կարգ մը պահերու։

Վերցուց սակայն գլուխը։

Ու անոր ճակտին ինկաւ արցունքը տիկինին աչքերէն։

Ինչո՞ւ կու լաս։

Ինչո՞ւ բերիր։

Չէի գիտեր։

Ի՞նչը:

Թէ այսքան վատ մարդ էի ես։

Ո՞վ ըսաւ քեզի ատիկա։

Թէ մահը նախընտրելի էր ինձմէ։

Յուզումը կը սեղմէր բառերուն անցքը։ Ամօթ ու տրտմութիւն կը սաստկացնէին աս կորանքը։

Մի վախնար դուն, Նայիլէ։

Մտքէն անցած էր կիներուն վախը, որոնք այդ ժամադրավայրէն բաժնուելէ առաջ կը դնէին այդ տարակոյսը։

Ոչ մէկը պիտի իմանայ հոս գալդ։

Ո՞չ մէկը։

Ոչ մէկը, բացի ինձմէ։

Նաճիէ՞ն։

Անիկա աւելի ապահով է, քան դուն։

Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես։

Դուն կրնաս, աս ու ան պատճառով խօսիլ այս օրէն, անիկա՝ երբեք։

Ի՞նչ պատճառներով։

Շատ են, Նայիլէ, կիներուն պատճառները։ Անոնք կը սիրեն իրենց պատմութիւնները։

Կը ստեղծուէր խռովիչ ընտանութիւն։

Երթաս բարով։

Ըսաւ ու ցոյց տուաւ սանդուխը։

Չեմ գիտեր, նորէն կ՚ըսեմ

Ի՞նչ բան։

Թէ այդքան գեղեցիկ էիր։

Այրերուն աչքերը…

Թէ այսքան ուժով էիր…

Անիկա անկարող եղաւ աւարտելու նախադասութիւնը։ Դրաւ մեղմ իր լայն ափը անոր կռնակին, որ դողաց ու միւս ձեռքով բռնեց անոր թեւը, գրեթէ մեղմ, մանուկ մը քալեցնող հօր մը փափկութեամբ։

Երթաս բարով։

Գրեթէ համբոյրի մը պէս քաղցր ու մատնող ժպիտով մը Նայիլէ հանըմը առաւ առաջին աչքը սանդուխին։ Գլուխը դարձուցած մեռելատիպ անոր դէմքին, ոտքով փնտռելով երկրորդ աչքը։

Մնաս բարով

Մութէն բխող այս ձա՜յնը անհետացող սիրելիին, երբ սանդուխի գլխուն կը սպասենք մինակ։

Ու հատ–հատ անոր քայլերը հնչեցին։

Հետեւէ սեւամորթ նաւաստիին, պոռացեր էր անիկա, նոր անդրադառնալով տիկինին շուարումին։ Անոր կարգադրութիւնները կատարեալ էին։ Այդ ճամբով, ոչ ոքի չտեսնուած կիները կը մտնէին նաւակ։ Բաց ծովու վրայ ֆերաճէն կատարեալ դիմակ մըն էր։ Այդ ծպտումով կիները կը գտնէին ծովուն լայնքը ու հոն կը դառնային իրենց իրական տարազին։

Գնաց ու կեցաւ պատուհանին, երբ երկաթ դուռները ճռնչեցին ծովին կողմէ։ Սպասեց, կործանած ու եղկելի, մինչեւ որ նաւակը ելաւ «նաւարանին» բացը։ Նաւարան կ՚որակէր անիկա իր նաւակներուն պահավայրը տունին դէպի ընդերքը յառաջացող կամարներու շարք մը, որ կը զատուէր բաց ծովէն երկաթ ցանկով մը։ Անունը՝ հաւանաբար հին նաւարանէն։

Անիկա լացաւ, մանուկի չափ առատ, բարձրաձայն, երբ դղեակին անմիջական շրջապատէն ելած էր նաւակը։ Հեռացող տիկինը շտկեց ինքզինքը, լաչակը տեղադրելու ձեւով, ձեռքը վերցուցած խորհրդաւոր մնաս բարովի մը։

Նաւակը թռչունի ճերմակ թեւ մը եղաւ ու կորսուեցաւ ցամաքի ոլորքէ մը ներս։

Ծովը լեցուն էր մակոյկներով։ Երգ։ Նուագ։ Կու գային ու կ՚երթային պտոյտի խումբերը։ Օրը սկսած էր տաքնալ։ Եզերքի զանազան կէտերուն մուխերը, երբեմն բոցը կը մատնէին պատրաստուող շամփուրները։

Էտհէմ պէյը փակեց պատուհանը։ Ու չէր գիտեր ո՛ւր երթար։

Կէսօրին անիկա իմացած էր պատահարին շարունակութիւնը դարանը իրագործող պառաւէն, որ անտեղեակ էր անոր դղեակին իրադարձութեան եւ եկեր էր «շնորհաւորելու» երջանիկ փեսան: