Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

 

Սէրվինազ հանըմը անունները երբեմն իրաւ, յատկանշող գիծեր կը թելադրեն աղբօրը մահէն իր ցնցումը դարմանելու համար, արտօնուած էր տղուն (Պրուսա) մօտերը բնակելու, վասնզի առողջութիւնը կը թուէր վտանգուած։ Քաղաքին մեծագոյն բժիշկը խոհեմութիւն համարեց Էտհէմ պէյին թելադրել աւելի կարեւոր միջոց մը, Պոլիս, ուր տիկինին հօրեղբայրը ան ալ մեծ բժիշկ մը, Հայտար Փաշայի բժշկական համալսարանին մէջ վիրաբոյժ-ուսուցիչ ունէր գիտութեան բոլոր հրաշքները իր տրամադրութեան տակ։ Միւս կողմէ՝ հոն, այդ հօրեղբօրը տունին մէջ անիկա պիտի գտնէր իր փոքր քոյրը, որ ծնած էր իր մօրը մահէն քիչ առաջ ու իր կարգադրութեամբը ղրկուած Պոլիս, իր աղջկան հետ, դղեակին մթնոլորտէն հեռու պահուելու ցանկութեամբ մը։

Էտհէմ պէյը տուաւ իր հաճութիւնը, ընկերելով իր կնոջը չորս-հինգ հատ փորձ սպասուհի։ Անոնք պիտի պահպանէին հարեմին օրէնքները, քանի որ թրքական բարքերը կիները զաւակներէն անգամ երբեմն կը նախանձին։

Վիրաբոյժ ուսուցիչը փարթամ փորով, բայց շաքար հոգի, ոչ մէկ թերութիւն ունեցաւ գեղացի պէյին պահանջներուն հանդէպ։ Անիկա տրամադրեց իր տունին լաւագոյն կէսը իր եղբօրը աղջկան ու պարագաներուն։

Հոն Սէրվինազ հանըմը ապրեցաւ իր առաջին աղուոր ամիսը։

Պոլսոյ գարունը շքեղներէն է աշխարհին։ Ու կ՚անցնիմ լուռ, հոգեվիճակին վրայէն, որ տարիներու կարօտովը կը յօրինուի մեր մէջը, երբ կը գտնենք մեր մանկութեան վայրերը, այնքան խորունկ տագնապներէ վերջ։ Բայց անոր սիրտը կը դողար իր քրոջը վրայ շատ նուրբ, շատ հատած, մարմնի տեղ կրելով ափի դէմ չեկող այն քիչ մը միսը, որ այտին վրայ կը պաղի ու կը թեփոտի։ Այս նիհարութիւնը ինչո՞ւ չէր զբաղեր իր ալ նիհարութեամբը, այնքան շեշտուած, խորունկ, որքան միւսինը սարսափն էր նոյն ատեն իր հօրեղբօրը, որ, գիտութեան մեծ օրէնքներուն բեռան տակ՝ չորս կը տեսնէր մէկը։ Դէպի կուրծքի տագնա՞պ մը։ Ո՜վ գիտէ։ Մաքուր օդի, գիւղական մթնոլորտի տիրապետութեան օրեր էին, բժշկութեան մէջ, այդ օրերը։ Մայրաքաղաքէն փախուստը՝ նորութիւն։ Վիրաբոյժ ուսուցիչին կինը, իր կարգին, ատենը եկած կը համարէր աղջիկը դնելու գիշերօթիկ դպրոց, օրինակը առնելով Սէրվինազ հանըմէն։ Հաշիւնե՞րը։ Ո՞վ կրնայ թափանցել պոլսեցի հանըմին հաշիւներուն, որ շատ գեր էրիկ մը ունի, ու պալատին մէջ՝ մուտք։

Դասախօս փաշան ո՞րը չէ այդ մարդերէն վտանգին գիտակցութեամբը, մա՛նաւանդ հետեւելով իր բժիշկի փորձառութեան, պաշտպանեց զիւղը։ Օխաներով պատուէր։ Ուղիղ տետրակ մը դեղագիր։ Ուրիշ մը, աւելի ստուար, ուր մանրամասնուած էին դեղերուն գործածութեան պահերը, դգալներուն չափերը, ճաշերու ցուցակները եւ ինչ որ բժշկական յիմարութիւնը գիտէ նման առիթներուն եղջերուաքաղել, Մոլիէռէն ալ առաջ։

Փաշային փափաքն էր իր կինն ալ ընկերել Սէրվինազ հանըմին Պրուսա եւ նաւահանգիստ։ Երկու կիները առանձին հաշիւներով չդիմաւորեցին այս շատ բանաւոր առաջարկը։ Սէրվինազ հանըմը՝ վախէն։ Անիկա ձեռքով դրածի պէս վստահ էր պատահելիքին, երբ նրբենի ու հոյագեղ այդ կինը իյնար իր էրկանը ակնարկին։ Մի՞ւսը։ Ան ալ հարկաւ իր գեղեցկութիւնը արժեւորելու համար Պոլսոյ եալըները պիտի նախընտրէր մեծկակ գիւղի մը շալվարով «պէյերէն», ինչպէս կը հեգնէր, առանց չարութեան «զավալլր» Սէրվինազը, իր ամուսինին լուսանկարին ուշադիր յառումով։

Մեկ ամիս։ Բայց որ կը փակէր օճախ մը։ Սէրվինազ հանըմը ճամբու կը դրուէր իր քրոջը հետ, եղերական դրուագներէ ետքը, դէպի իր տունը։ Նոյն ատեն, փառաւոր ընտանիք մը կը ջնջուէր հրապարակէն։ Հայտար Փաշայի վարժարանին վիրաբոյժ-դասախօսը կը կործանէր, քանի մը օրուան մէջ, գործողութեան մը երեսէն, զոր կատարած էր կայսերական կանանոցին պատկանող կնոջ մը վրայ։

Ասոր անյաջող ելքը ու ենթակային մահը պատրուակ, որպէսզի պալատական մեծ դաւ մը զգետնէր զինքը։ Մեռնողը նախանձուած՝ իր արտակարգ գեղեցկութեան եւ վեհապետին վրայ հմայքին համար, կեդրոնը եղաւ այդ դաւին։ Վիրաբոյժը, ի հարկէ, կաչառուած էր մրցորդ ուրիշ  իշխանուհիէ մը, ու պատրաստած այդ չարաշուք մահը։ Միւս կողմէ՝ վեհապետին հին ոխը, փաշաներու գերդաստանին դէմ, շահագործուեցաւ ճարպիկ միջոցներով։ Դիազննութիւն։ Կասկածելի ու իրար քերքող տեղեկագիրներ։ Կասկածելի թուղթեր։ Բացայայտ ամբաստանութիւն, որով Հաւատարիմ լրատու [1] մը գահաժառանգ իշխանին մատը կը գտնէր «ստորին այդ դաւադրութեան» մէջ…։ Փաշան ենթարկուեցաւ դատական հետապնդումի։ Դատուեցաւ արագ։ Գրաւուեցան կալուածները ու ծախուեցան թուրքերու յատուկ գեղեցկութեամբ մը, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս կ՚ըլլար ատիկա երկրին վարչապէս արդիացումէն առաջ, երբ պարզ ամբաստանութեան մը վրայ, այս ու այն աւագանիին տունն ու տեղը կը քանդէին սուլթանին կողմէ ղրկուած մարդեր, ընտանիքին տարտղնումէն առաջ, տանուտէրին գլուխը առնելով եւ անոր կինիերը բաժնելով…։ Կայսերական բարեհաճ հրովարտակ մը, շատ ծանօթ իրատէի սէնիէն հայրենադաւ բժիշկը արտօնեց ապրիլ բայց Sարապլուսը Ղարպ, այսինքն՝ ափրիկեան Տրիպոլիսը, որ այդ շրջանին աքսորավայր կը ծառայէր քաղաքական յանցաւորներու։ Մէկ ամի՜ս։ Կայծակը միայն երկինքին կամ ամպին մէջ չի բնակիր։ Հազարով տարիներ անիկա Արեւելքի վեհապետներուն սիրական սպասաւորը եղաւ։ Վիրաբույժ փաշային կի՞նը։ Ըսին՝ խենթեցաւ։ Ըսին՝ բոզացաւ։ Ու ոչ ոք գիտցաւ, թէ ուր տարաւ անիկա հոյաշէն իր մարմինը, քանի որ աղէտէն յետոյ ա՛լ չտեսան զինքը։

Գեղեցիկ, շքեղ պալատէն Սէլվինազին եւ իր քրոջ դարձը կարապետուած էր սա մղձաւանջով։ Փոքր աղջիկը խորունկ կերպով տպաւորուեցաւ աղէտէն։ Անիկա կը սիրէր իր հօրեղբայրը, չճանչցած հօրմէն աւելի։ Արդէն զարնուած անոր երեսին վերջին փայլն ալ աղօտեցաւ։ Աչքերը շրջանակուեցան կապուտիկ ծիրով։ Շողալ առաւ քիթը, փղոսկր ու մագաղաթ։ Գազային բժիշկը զայն յանձնարարեց ջերմուկներուն, որ չարագուշակ յայտարարութիւն մըն էր, այդ մարդոց բերանէն, քանի որ կը յանձնէին հիւանդը բախտին ջուրերուն։ Անոր առողջութիւնը մազէ էր կախուած ինչպէս կ՚ըսեն։ Մինչեւ որ հրաշքը միջամտեց։ Դեղնութիւնը առաւ կանգ ինքնիրեն։ Մարմինը լայնցաւ: Արբունքին տագնապը վրիպած էր ամենագէտ վիրաբոյժէն անգամ։

Ու եղաւ անիկա անուշիկ պուպրիկը տունին։ Անիկա քոյրն ու աղջիկն էր նոյն ատեն տանտիրուհիին, որ անկէ կ՚առնէր կարօտը Պոլիս ուսումի իր աղջկան։

Ու գեղեցիկ էր ան, այդ տարիներուն հազուադէպ շնորհ, քանի որ աղջիկները տասներեքէն մինչեւ տասնեօթը տեսակ մը խաւարման շրջան կ՚անցընեն։ Այդ փափուկ փայլը՝ մահուան մէկ շնո՛րհը։ Ո՜վ ինչ գիտէ ճակատագրէն։ Իրողութիւն էր, որ մահէն շօշափուած, բայց շփացուած ալ, այդ աղջիկը ցոյց տուաւ բացառիկ հէնք մը ջիղերու։ Անոր ահաւոր ախորժա՜կը կեանքի հեղուկէն, որ փոխաբերութիւն մը չէ սա տողին վրայ, այլ՝ իսկական հեղեղ մը իրերաբախ ձգտումներու։ Անոր շուրջը, սա գեղին մէջ, կը վազէր կեանքը իր ամէնէն թանձր ու մերկ ջուրերովը։ Անիկա հագած էր լուսապսակի մը պէս իր սեռին խորհուրդը։ Ու անոր մարմինը հանդերձուած տաղաւար էր հեքիաթին իշխանին։ Պոլսոյ եալըներուն վայել նրբանուշ այդ պուպրիկը, ո՞ր ուժերուն միջամտութեամբը, ինքզինքը ատակ ըրաւ սա միջավայրին, հնաշխարհ ու թանգարան՝ մեծակառոյց մեղքին ու ապականութեան։ Անշուշտ դեռ ուրուանկարն էր անիկա իր անձին։ Անոր մարմինը դեռ չէր ազատած վերջին վարանքէն, որ վախճանն է երկրորդ մանկութեան։ Որմէ յետոյ կախարդ մանեակը, որ աղջիկներուն վիզ ըլլալէ առաջ՝ աներեւոյթ օղակ է անոնց կոնքերը կաղապարող։

 



[1]         Հաւատարիմ լրատու - «Մուխպիրը սարըգ» դասական ստորագրութիւնը, որով կը տեղեկագրուէին աշխարհի ամէնէն յիմար եղջերուաքաղները։ Այդ մարդոց թուղթերը կ՚արժանանային վեհապետական աչալուրջ ընթերցումի։ Յատուկ յանձնաժողով մը անոնց պարունակութեան թերն ու դէմը կ՚ուսումնասիրէր: