ԺԳ.
Մինչեւ
իր
ուսումին
աւարտումը,
պզտիկ
հանըմը
–
մոռցուցած
էր
անունը
դիտումնաւոր
անտարբերութեամբ
մը,
սիրելով
պարզ
սա
յորջորջումը
–
ամէն
շաբթու
պիտի
գրէր
Սիւլէյման
էֆէնտիին,
«մեծ
ու
նուրբ»
երիտասարդ։
Նի՞ւթ։
Տասնըվեցը
անցնող
աղջիկները
միայն
գիտեն
անսպառ
ըլլալ
այդ
ճամբաներուն
վրայ
ու
նոր
ըլլալ
ամէն
անգամ
ալ,
ինչպէս
է
մեր
դէմքը
արդէն
այդ
տարիներուն։
Կը
գրէր
անոր՝
քրոջը
գերեզմանէն,
ուր
կ՚երթար
լալու
եւ
աղուորնալու
շաբաթը
քանի
մը
հեղ։
Սիրուն,
բայց
տխուր
նոճեստանը
տաճկի
գերեզմաննոցներուն,
առանց
մեծ
զարգի,
ուռիներու
բոլորագիծ
օղակով
մը
օղաւոր։
Հետն
էին
տունին
աղջիկները,
իրեն
պէս
նուրբ,
իրենց
աղքատութեանը
մէջ
հպարտ,
չընդունելու
չափ
պէյպապայէն
ղրկուած
մետաքսեղէնները։
Բայց
կը
սիրէին
պզտիկ
հանըմը,
արցունքով
խոշորցած,
բացուած
անոր
աչքերուն
թարմութիւնը
տարածելով
անոր
մարմինին
միւս
ալ
մասերուն։
Բայց
օդը,
ցուրտը,
մերձաւոր
ծովին
կծու
հովը
կը
բերէին
անոր
այտերուն
թաւշերանգ
փափկութիւն
ու
անոր
արտայայտութեան
այն
խռովիչ
համը,
որ
չի
բացատրուիր
օտար
զգայարանքով։
Յետոյ
մեծ
խճուղիին
վրայ
չորս
սեւ
ձեւերուն
լռին
յառաջացումը,
մինչեւ
քաղաք,
խանութներէն
մարդերը
ոտքի
հանող։
Էտհէմ
պէյին
անունը
կը
պաշտպանէր
զանոնք
հարֆէն
ու
յայրատ
ցոյցերէն,
որոնք
անխուսափելի
են
Հասարակ
ծագումով
կիներու
ետեւէն։
Տուն
դարձին,
անիկա
կ՚անցնէր
իր
սեղանին
առջեւ։
Ու
թուղթը
բացած՝
մէկիկ-մէկիկ
հոն
կը
դնէր
այն
զգայութիւնները,
որոնք
մահուան
տունէն
կ՚արթննային
անոր
մէջ։
Ու
կ՚ընէր
ասիկա
բնական
կսկիծով
մը,
մանրամասնութեան
անփոխարինելի
դրուագներովը,
ա՛յնքան՝
որ
մահուան
ընտանութիւնը
կ՚անցնէր
թուղթին՝
ինչպէս
բուրում
մը,
չչորնալով
մինչեւ
տղուն
մատները,
որոնք
հասունցած
էին,
աւա՜ղ,
«ի
յառաջագունէ»
իրենք
ալ,
մահուան
այդ
եղկ
զգայութեան։
Քաղաքական
եւ
պատմական
ուսումներով
ինքզինքը
դրացուցած
երիտասարդը
կը
տկարանար
սակայն
այդ
նամակներուն
գերեզմանային
ռոմանթիզմէն,
որ
թուրքերու
նոր
գրականութիւնը,
մա՛նաւանդ
անոնց
քերթողութիւնը
կ՚ընէ
այնքան
մելամաղձոտ,
հիւծաւոր
ու
փափուկ,
երբ
ոսկիով
փտած
շիրմաքարերու
ամբոխին
վերեւ
ճերմակ
ու
վիրաւոր
սուգը
կը
պատմէ
աւերակ
մինարէներուն։
Ու
կը
պատմէր
անոր
մօր
ու
հեռի
յիշատակները
ախեխի
պէս
վճիտ,
թարմ-թարմ
անցեալ
դառնալու
ատեն
չունեցող։
Անուշ
է
ամէն
բան,
երբ
գարնան
ցօղը
չէ
չորցած
մեր
շուրջը։
Գերեզմանի
մը
ներսը,
թէ
մատղաշ
աղջկան
մը
վրայ,
այդ
գարունը
սրտառուչ
է
միշտ։
Տղուն
նամակներուն
մէջէն
անիկա
կը
հոտուըտար
այդ
գարունը,
լիաթոք
ու
փակաչք,
ամէն
մէկ
տողը
կրկին-կրկին
կարդալով
աչքով,
ձայնով,
մտածումով։
Ու
կը
խօսէր
անոր
իր
աճումէն
ծանօթ
զգեստներու
անպէտ
դառնալէն,
բարտիի
վրայ
դանակի
գիծին
շատ
վար
մնալէն։
Մազերէն,
որոնք
ծանր
կը
թուէին
իրեն
ուսերը
թաղող
ու
դէմքը
ողողող։
Աչքերէն,
հայելիին
մէջ
ձգուած
ուլունքներու
պէս
կաթոտ
ու
դեղին,
խաժ
ու
ծովի
պղպջակի
նման
պճլտուն։
Կամաց,
պարզ
էին
բառերը,
դաշտէն
փրցուած
ծաղիկներու
պէս
իրաւ,
կպչուն,
տպաւորիչ։
Իր
պտոյտներէն՝
լսելով
միւս
աղջիկներուն
ակնարկութիւնները,
իրենց
էֆէնտիով
հետաքրքրութիւնը,
բարեւները
անոնց
մօրը,
որը
չէր
հաշտուած
այդ
վաղաժամ
մահուան,
ու
օր
առաջ
Սիւլէյման
էֆէնտին
կ՚ուզէր
հօրը
գործերուն։
Բայց
լուռ
էր
անիկա
իր
պէյպապայէն,
որ
կը
ծախսէր
լիաբուռն
իր
«աղջկանը»
համար։
Այսպէս
կ՚անուանուէր
անիկա,
առանց
գիտնալու
զսպանակը
իր
քեռայրին
զգուշաւորութեան։
«Քենին»
զերծ
չէ
անշուշտ
հեշտական
երանգէ
մը,
քենեկալի
շրթներուն։
Ինչո՞ւ
քիչ
յիշատակել
սակայն,
երբ
հետն
էր
անիկա
այդ
աղա-պէյին,
պէյպապային
ամէնօրեայ
ընտանութեամբ
մը,
դղեակը,
ուր
կը
հրաւիրուէր
զինքը
պետսպայող
կնոջ
մը,
զայն
ձգելով
շատախօսելու,
ու
բարձրանալով
սելամլըգին
միջանցիկ
սանդուխներէն։
Հետն
էր
փողոցները,
առանց
նեղուելու,
առանց
ցոյցի։
Ու
ծովուն
վրայ։
Ու
մօտ
գիւղերը
մինչեւ,
ձիւնին,
ձմեռին,
մեծ
մուշտակներով
ինքզինքը
փաթթած,
կառքին
կէսը
գրաւելով։
Բնական,
գրեթէ
անվախ
սա
յարաբերութիւնները
մինչեւ
ո՜ւր
իջան։
Նաւահանգիստը
չգնաց
շատ
առաջ,
ինչպէս
իր
սովոյութիւնն
էր
ընել,
պէյին
ամէն
նոր
բարեկամութեան
ետին
դնելով
յստակ
ծրագիր
եւ
նպատակ։
Պատճա՞ռը։
Թերեւս
պէյին
տրտմութիւնը,
կիներու
աշխարհէն
խոր
իր
զզուանքը,
հարճերուն
հետզհետէ
հեռացումը
կանանոցէն
բաժին
մը
ունէին
սա
վերապահութեան
մէջ։
Ու
կը
խնդար
անիկա՝
այդ
պէյպապային
ու
անոր
վրայէն՝
ամբողջ
աշխարհին,
նման
ամ
էն
աղջիկը,
որ
կաճի
արբունքին
յաջորդ
քանի
մը
տարիներուն,
լայննալով,
ինք
իր
վրայ
տեղաւորուելով,
այտերէն
նյբանալով
ու
աչքերէն
խորանալով։
Ու
խռովք
էր
անիկա։
Ու
զգլխանք
էր
անիկա,
մա՛նաւանդ
մեծ
արշաւներէ
դարձին,
երբ
պատսպարուած
սենեակին
մէջ
վրայէն
կը
նետէր
լաչակն
ու
ֆերաճէն,
կէս
մը
շոգեւոր,
կէս
մը
բաբախուն,
իր
մարմինին
թոյլ
ծփանքը,
լանջքին
բխումը
վարագուրելու
ճիգին
մէջ
զանոնք
ընելով
ավելի
ցայտուն։
Անիկա
օրը
եօթն
անգամ
զգեստ
կը
փոխէր,
տունին
մէջն
իսկ
ինքզինքը
այսպէս
զբաղեցնելով
իրմով։
Տակաւի՞ն։
–
Բայց
զատ
վէպ
մըն
ալ
ատ
է
արդէն։
Այս
ամէնէն
ոչ
մէկ
տող,
սակայն,
«նրբենի,
սիրակաթ,
գեղեցիկ»
երիտասարդին։
Այս
վերադիրները
յաճախադէպ
իր
տողերուն
մէջ,
տղուն
աչքին
կը
դպէին
նիւթական
կողմով
մը
ու
կը
խռովէին
անոր
խրտչուն
կուսութիւնը։
Յետո՞յ։
Հարցուցէք
ու
կեցէք։
Նաւահանգիստին
պէս
ու
պատմողին
պէս
դուք
ալ
մի
գիտնաք
մինչեւ
ո՛ւր
իջան
կապերը
մեծաշուք
պէյին
եւ
սիրուն,
նրբենի,
պզտիկ
հանըմին։