Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

 

Անոր կռիւնե՜րը։

Ամբողջ պատմութիւն մը, ռազմագիտութիւն մը ի սպաս կը դրուէր անոնց յաղթական մղումին։ Անիկա կը զգուշանար հրազէնէն, բազմաթիւ պատճառներով։ Ու կ՚ատէր անոր ձայնը, որ շատ դժնդակ բազմութիւն մըն էր, ուշադրութիւն կանչող ու ճամբայ փակող։ Յետոյ, ինչ որ այդ գործիքին մէջ կ՚ատէր, գոյութիւնն էր ատիկա անվստահելի տարրերու, ընդմէջ մտածումին ու անոր գործադրումին։ Գնդակը վերջապէս ծակէ մը կ՚ելլէ ու ասով պայմանաւոր գիծ մը ունի քալելիք։ Պզտիկ շեղում մը, շարժում մը, յուզում մը բաւական են այդ գիծը խանգարելու։ Քանի՜-քանի՜ անգամ անոր տրուեցաւ դառն փորձառութիւնը կրակ չառնող փամփուշտին։ Փառք իր դանակին, որ զինքը, երեսը ճերմակ կը հանէր այդ փորձանքներէն։ Սա աներեւոյթ վտանգներուն պատճառով, պահելով հանդերձ չորս ատրճանակ իր զինակալին մէջ կաշիէ պահպանակ, պայուսակ, բազմաթիւ ծալքերով, որ գօտիին տակէն կը փաթթէ փորը ու կը պատսպարէ երկաթ գործիքները քրտինքէն ու անկումէն անիկա կը կրէր իր սիրական դանակը, ածելիի մը բերնին նման մշտասուր, զոր անպայման, ամէն առտու, սրցնէր պիտի, ամենամեծ խնամքով, փորձելով անոր շեղբը բազուկի մազերուն։ Յետոյ՝ ճակատագրապաշտ նախապաշարում մը զինքը ըրաւ հաւատարիմ իր դանակին։ Ուրիշներու պէս, անիկա ցոյցի համար չէր խծկեր զայն մէջքին, գլխիկը կէս թիզ դուրս, երախակալին գոյնզգոյն աչուկներովը տպաւորիչ։ Չուխային ձախ թեւին մէջ, անիկա յարդարած էր նեղ, կաշիէ տուն մը այդ գործիքին համար, ուր կը պահէր զայն ամէն ատեն։ Չէր կարելի գիտնալ, թէ երբ ու ինչպէս, սովորական իր անզբաղութեամբ քալած պահուն, ակնթարթի մէջ այդ դանակը կ՚իջնար ձեռքին, աճպարարէ մը աւելի արագ, առանց պողպատին իր փայլուն նշոյլ մը իսկ մատնած ըլլալու։ Գործածութի՞ւնը։ Անիկա մխած կ՚ըլլար բարակ այդ բանը, գողտուկ, սուտի մը պէս, իր քովէն քալողին կամ վրան դիմողին ճիշդ ագռմէջը, կենալով հանդարտ, զոհին մօտ, երբ կը կործանէր դժբախտը, րոպէական մահով, խոցուած կեանքին իսկ արմատէն։ Բազուկի, նշանի, հարուածի ու արդիւնքի սա ապահով ճարտարութիւնը անոր ամէնէն վտանգաւոր առաքինութիւնը նկատուեցաւ։ Այս հեղինակութիւնը, մահը կառավարելու՝ ստեղծեց սարսափը անոր անձին։ Ու բազմայաղթ ու մեծամարմին ըմբիշները՝ ինչպէս սրտոտ ու խիզախ ասպատակները պարտաւոր եղան հաշուի առնել սա արագաշարժութիւնը՝ անոր հետ չափումէ մը առաջ։ Եղան դէպքեր, ուր անիկա տապալեց ընդդիմադիրը, առանց դանակի, այսինքն՝ այնքան շուտափոյթ, որ շրջապատը բան չէր տեսած կամ հասկցած։ Ընդհանրապէս մութին վրայ գործադրուած այս ոճիրներէն անոր անունը կը սրբուէր, երբ մահ մը չհարկադրէր ստիպողական միջոցներ։ Կը խուսափէր, շուքէ մը աւելի թեթեւ, երբ ճարպը, վարտիքին փոթերը կամ զգուշութեան շարժում մը զոհին կողմէ, ըլլային խանգարած հաշիւը իր մատներուն։ Ոuտոuտուն՝ ինչպէս սկիւռը, հարուածէն ետք, անիկա նետուած կը գտնէր ինքզինքը տասը քայլ հեռու ու շարունակելով սա վայրագ ընկրկումը, պիտի քալէր նեղ ու դարձդարձիկ փողոցներէն, առանց հալածելու, ոչ ալ պատահական անցորդներէն նեղուելու, մարդերը ըլլալով ընտելացուցած իր «հեռագիր» քալուածքին, որ կը շփոթւէր թեթեւ վազքին հետ, նաւաստիի անոր թոքերուն նուէ՜րը անոր սրունքներուն։ Ժամով կը փախչէր, առանց հեւքի ու յոգնութեան, ճարելով, ժամացոյցը ձեռքը, իր ուզած վայրերուն մէջ, անհրաժեշտ ներկայութիւն մը, որով ժամ մը հեռուն թափուած արիւնէն կը հռչակուէր անմասն, քանի որ վկաները կը հաստատէին անոր խմելը, իրենց խնճոյքին, ոճիրին րոպէի՜ն։ Անոր պաղարի՜ւնը, փողոց մը դառնալէ յետոյ տարօրէն տպաւորիչ, երբ կը կեցնէր անցորդը, սիկառ ուզելով, գործէ խօսելով, պարզութեան, անտարբերութեան, հնարամտութեան փոփոխակի բեկորներով, որոնք թանկագին փաստեր էին անոր անմեղութիւնը պաշտպանող։ Մութ գռիհներու, հանրատան անցքերուն կամ բազմամբոխ պազարներու ելքերուն գործադրուած այս գիծէ ոճիրները առաձիգ լուսանցքներ կ՚ընծայեն չարագործներուն։ Հոս յիշուած էին նման, հրազէնին ու կռիւին պակասը, որ ընդլայնելու պատեհութիւն չէ ունեցած, տրամին արշաւասոյր ընթացքը կը միջամտեն յաճախ, որպէսզի վկաներու տարտամութիւնը օգտագործող մարդասպանը ջնջուի կամացուկ մը ոճիրին թատերաբեմէն։ Անդամ մը ինքզինքը թեթեւցնելէ ետք, անիկա վկաներու բանակով մը պիտի հաստատէ իր այլուրութիւնը ոճիրէն։ Ու մաքուր դուրս պիտի գայ իր չթափա՜ծ արիւնէն։ Արդարութիւնը, ամէն երկիր, ենթակայ է սա կարգի ծաղրանկարային այլայլումներու։ Թուրքիոյ մէջ երբեք ինքզինքը կրցա՞ծ է ըլլալ։ Նման հարցում մը ոչինչ ունի կամայական։ Այդ երկրին դատաւորները ուզեցին՝ ինչ որ ուզեց իրենց ամսականներուն վճարողը։

Քէլ Էտհէմը մարդ ալ սպաննեց։ Բայց իր բախտէն, թէ վկաներու անուղիղ յայտարարութիւններէն, անոր արարքը մնաց անփաստելի ու դրուեցաւ փողոց։ Բանտին հետ անոր ընտանութի՜ւնը։ Չորս–հինգ արգելում զինքը լիովին վարժեցուցին այդ աշխարհին, որ թուրքերու վարչութեան բոլոր զեղծումները կը համադրէ մանրանկար ճշդութեամբ։

Անիկա երբեք չվախցաւ այդ աշխարհէն, ուր զինքը ճանչցեր էին շատ վաղուց, հազիւ մտած տասնութը։ Հոն զրկուած էր գանակէն, մարմինի կշիռէն բռունցք մը բաւ էր ջախջախելու անոր մանրուք մնացած գանկը անիկա եւ կ՚ապաստանէր լեզուի իր հմայքին ։ Ձրի չէ այս բառը հոս։ Անիկա կը տարազէ ազդեցութիւնը այն մարդոց, որոնք երբ բերան կը բանան, կը կապեն ունկնդիրը։ Ապահովաբար անմշակ այդ պերճախօսութիւնը իր տեսակին մէջ շատ վար ալ ըլլալու չէր այն միւսէն, որ մշակումով ուժովցած մարդոց քաղաքական հմայքը կ՚ընէ հասկնալի։ Կը խօսէր անիկա ու իր խօսքին հրապոյրը կանցնէր իրմէն դուրս ու կը ստեղծէր ծանրութեան, խելքին, դատողութեան փորձ ու համոզկեր հեղինակութիւնը։ Հրապարակախօսը, բանաստեղծը, վիպողը երկինքէն չեն իջած զամբիւղով, այլ կը զատուին սա դասակարգէն։

Իր արկածներուն շատութիւնը, զանազանութիւնը, անոնց մէջ խտացուցած խելքին, արթնամտութեան, սրտոտութեան քանակը հետզհետէ կաւելնար նորերու նպաստովը։ Միւս կողմէն՝ ստորին դասակարգին հետ իր ընդարձակ շփումները իրեն կը բանային վարկը կարողութեան, վասնզի թուրքերու քաղաքներուն մէջ ուժ է այդ ձեռքէն ու լեզուէն նոյն ատեն ճարպիկ խմբա՛կը, ա՛ն՝ որ պալատական յեղափոխութիւնները կը լրտեսէ չորս աչքով եւ շնորհազուրկ փաշաները կը պատժէ, առանց կառավարութեան հրահանգին սպասելու, եւ ամբոխային շարժումներուն զսպանակը կ՚ըլլայ ջարդի, թալանի, հրդեհի օրերուն։ Քաղաքիկ մը զանոնք կ՚օրինականացնէ, գերդաստանէ գերդաստան։ Հողի եւ արիւնի վէճերը բաց դուռ են ցաւոտ գործողութիւններու։ Արհեստէն չարագործը վարձու բազուկ մըն է միշտ։

Անիկա ոչ–նուազ փնտռուած խօսակից մըն էր, բանտին ընդհանրապէս ամուրի պաշտօնէութեան՝ որքան պատժակիցներուն համար։ Խաւարտչուտ այդ վայրին մէջ անմար արեւի կը նմանի սեռային հարցը։ Ու անով զբաղում մը, խօսքի գիծով, բոլորն ալ կ՚ընէ հաճ ու հաւան։ Սեռային աւազանէն անոր բազմամբոխ փորձառութիւնները իր շեղումներուն կը հագցնէին անառարկելի ստուգութիւն։ Կուսակալանիստ թէ գաւառակի փոքր բանտերուն մէջ՝ անիկա կը փնտռուէր, մա՛նաւանդ կարճ այցելութիւններուն ատեն, սանկ քանի մը ամիս պատիժի մը աւարտումը մինչեւ։ Ուշագրաւ էր իր արժանաւորութիւնը, գաղտնիք պարտակելու իր փորձուած պատւաւորութիւնը։ Կ՚ատէր պարծենկոտ ու յիմար շատախօսը, որ կիները կը վտանգէ թոյլ իր բերնովը։ Անիկա մարմնական թափանցումը, ստացումը կարժեւորէր հասունութեամբ մը զգայութիւններու, որոնք սուտէն կամ թուղթէն չեն գար, այլ՝ կիներուն միսերէն, անոնց բազմադրուագ շփումէն։ Այս է պատճառը, թերեւս, որպէսզի պարապ կամ հով չխօսին մեծ ապրողները եւ իրենց բառերը այնքան շուտ վերածուին այն զգացումներուն, զորս կը փոխանորդեն։ Բանտին մէջ ոչ մէկ զգացում այնքան հզոր է, որքան կինը, այսինքն՝ անոր դրուագումը։ Խլափակումը կարգ մը ջիղերու վրայ իր հակահարուածը այլապէս բարդ ու խռովիչ կ՚ընծայէ։ Ամէնէն խորունկ սէրը թերեւս սխալ չըլլայ փնտռել կուսանոցներու բջիջներուն մէջ...

Աւարտա՞ծ կ՚ըլլար պատիժը, թէ կ՚արձակէին զինքը, մութ հաշիւներու հետեւանքով։ Իրողութիւն էր, որ իր սրամտութեան, համին, խելօքութեան չափ ու աւելի՝ անյագուրդ աղերսարկու մըն էր ան, օրը քանի մը խնդրագիր մէկէն խմբագրել տալով, իր անմեղութիւնը պոռալով անոնց մէջ, եփած ու պերճ պնդերեսութեամբ մը, չյոգնող, անձանձրոյթ ու արի։ Ու կու տար հաճելի աղմուկի՝ ինչ որ արդարութիւն կ՚անուանէր, մնալով իրաւունքի սահմանին։ Խնդրարկու, բայց նոյն ատեն բանտէն հասած փաստաբան։ Ոգեկոչման մեծ ձիրքերով, յուսալից՝ իր անպարտութեան մօտալուտ յաղթանակին։ Անոր սիրական բանաձեւն էր.

«Իրաւունքը չի կորսուիր, շատ-շատ՝ կը դանդաղի»։

Ու կը հրաւիրէր մարդերը, զինքը դատապարտողները, նկատի առնել ամենագէտ Բարձրեալը, որուն աչքը կը տեսնէր մեր գործերուն բոլոր սերմերը։ Եւ որուն բազուկը կախ էր ամէն գլուխի, մարդասպանին ու դատողին, մուրացկանին եւ «փատիշահին».

 

Մի խրոխտար, թագաւոր,

Քեզմէ հզօր Աստուած կայ...

 

Անշուշտ սա տողերը ամէն նամազի թագաւորին երեսին հանդիսաւորապէս ըսուելու համար հնարուած չէին միայն։ Անոնք կը պատշաճէին նաեւ գիւղաքաղաքներու փոքր Համիտներուն։ Ու անոր համոզկեր, քաղցր լեզուն քիչ դեր չունէր անոր ժողովրդականութեան մէջ։ Այս ամէնը՝ գործադրուած մեծ պետութեան մը խորհրդարանին վայել հռետորի մը քաղցրախօսութեամբ, ու ան միւս անփոխարինելի վայելչութեամբ, զոր մեր փորձանքները, պայքարները, աշխարհի անակնկալներուն հետ մեր տրամաթիք ճակատումները կը շահեցնեն մեզի։