Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ.

 

Դղեակին լրիւ ամբարձումէն, նաւահանգիստին մէջ անոր համբաւին ամրակուռ ու մաքուր հաստատումէն քանի մը տարիներ ետքը, շատ բաներ կը պատմուէին շէնքին ստորայարկերուն՝ ինչպէս տիրոջը ախորժակներուն մասին։ Իրողութիւն էր, որ այդ գետնատարած սենեակները կը յանգէին իրարու մէջէն դէպի ծով։ Անշուշտ նիկիական ապարանքը ծաղրանկարուած էր հոս։ Ու անշուշտ մարդիկ յստակ չէին տեսներ անդունդը սնդիկ աւազակին կիրքերուն։ Բայց աշխարհի կարգերէն է, որ ամէնէն շատ լրջութեամբ ու ապահովութեամբ խօսինք բաներու վրայ, որոնք ամէնէն քիչ կը ճանչնանք։

Այդ պատմումները կապ ունէին ընդերկրեայ այդ դարաններուն մէջ շղթայուած գերիներու, շինուած՝ հեքիաթին մատիտովը իբրեւ ամէնէն գեղանի կիները, ով գիտէ ո՛ր ապարանքներէն թռցուած ու բերուած հոդ, սպասելու համար իրենց ճակատագրին։ Իրա՞ւ։ Սո՞ւտ։

Իրողութիւն էր, որ ծովը ապարանքին ներքեւէն կը թափանցէր բաւական ներս, տեղ-տեղ փորուածքներէ դուրս ժայթքելով, երբ վարերը ալիքներ տրորէին անոր մարմինը։ Իրողութիւն էր, որ աս ու ան ձեւերով հոդ թխմուած պատանիներն ու պատանուհիները, իրենց ներքեւ կը զգային ջուրին խուլ հեծքն ու ծփանքը, մեծ անոր զարկը, որ չի փշրուիր, այլ ամանին եզրերէն կը բարձրանայ։ Ու հակառակ ճրագին, որով կ՚անցընէր ցերեկը, ինչպէս գիշերը, իրենց բանտերուն մէջ այդ թշուառները կրանիթին կայծերէն զատ ոչինչ կը տեսնէին։

Բանտարկեալնե՞ր։ Ինչո՞ւ։ Ինչպէ՞ս։

Կիմանաք շուտով։

Ու ժպիտը, որ կ՚ուրուագծուի ձեր շրթներուն, երբ արդիական պատմումի մը մէջ այսպէս դիւրութեամբ միջին դար մը կը մատուցուի ձեր ուշադրութեան։

Միջին դա՜ր։ Ու, աւա՜ղ, ճիշդ է անիկա կատարելապէս։

Անցա՞ծ է ան արդեօք, ըսել կ՚ուզեմ՝ վերջացա՞ծ, անհետ կորա՞ծ երբեք թուրքերով բնակուած հողամասերէն, հակառակ այսօրուան զուիցերիական օրինագիրքին եւ լատին այբուբենին։ Դրէք հարցումը ու մի փութաք պատասխանել։ Դրէք հարցումը, շէնքերէն առաջ մարդոց հոգիներուն ու ձեր խղճին համեմատ շինեցէք ապարանքները։

Թերեւս աւելորդ չըլլայ թեթեւ ակնարկով մը մօտենալ այդ դղեակին մօտիկ անցեալին։ Դար մը առաջ նոր ապարանքին ամբարձումէն, նոյն տեղը նշանաւոր էր դարձեալ ուրիշ շեղումով մը, որուն գլխաւոր դրուագները տակաւին չէին ջնջուած բոլորովին։ Շէ՞նք։

Անշուշտ։ Բայց կործանած՝ նիւթական մասէն։ Մինչ կանգուն էր յիշատակը հոն իշխողին։ Հեքիաթը զայն կը ներկայացնէր ահաւոր ենիչէրի մը, հասակէն՝ ինչպէս մեղքերէն։ Ու անոր կու տար, այդ շրջանին աղտոտ գիւղակ մը չեղող նաւահանգիստին տիրակալութիւնը։ Սուլթանները, իրենց բանակներուն մէջ ծառայող տարեց, բայց պետական պաշտօնէութեան անատակ վեթերանները կը հեռացնէին մայրաքաղաքէն, այս կարգի գիւղեր անոնց հետ աւար բաշխելով։ Աւարառուն կը գանձէր իր տուրքը, ու կ՚իշխէր սուլթանի մը նման։ Հոս ղրկուածը, խորունկ մոլեռանդ, չուզելով շփուիլ այդ կեավուրներուն (յոյներու ազատագրական շարժումները դեռ չէին իրականացած, բայց մթնոլորտը յղփացած էր անոնց ստեղծած ատելութեամբ), զարկած էր իր վրանը սա ապառաժի գագաթին ու զարկած՝ ինչպէս սովոր էին ընել ենիչէրիները պարտուած երկիրներու մէջ։ Հեքիաթը զայն կ՚ապրեցնէր այդ ամայութեան մէջ, անոր ախորժակները սրելով անլուր գազանութեամբ։ Ըստ յեղումին, անիկա քրիստոնեաներէն բռնահաւաք մանչերու տարիքը կ՚աճեցնէր սահմանէն անդին, իր հաճոյքներուն համար, յետոյ ղրկելով զանոնք կայսերական նաւարանները, ուր կը յատկացուէին ամենանուաստ աշխատանքներու, խեղդամահ մեռնելով աղտէն ու ոջիլէն։ Առումի ուրիշ երանգ մը այդ բռնակալը կ՚ընէր աւելի անխիղճ, խեղճ այդ տղաքը ապառաժին գագաթէն գլորելով ծով, զանոնք ժայռերուն ժանիքներուն գլել տալէ վերջ, ձուկերն ալ մտածելու ողորմած հեգնութեամբ մը։ Ըստ այդ երանգին, աղջիկները ցիցի հանելէ ետքը, վրանին շրջագիծովը, փոքր դանակ մը ձեռքը կը մօտենար անոնց կապ ոտքերուն ու կը քակէր չուանները ով գիտէ ի՛նչ խոր հեշտանք հետապնդելով։ Անոր բառերը անուշիկ էին այդ կիսամեռ արարածներու երեսին ու տարփալից։ Անշուշտ դժուար է ընդունիլ սա պայմաններուն իրականութիւնը, հիմա՝ երբ այդ մարդոց թոռները ֆրանսերէն կամ գերմաներէն կը խօսին, թատրոն կ՚երթան, պարահանդէս կու տան դեսպաններու եւ սակայն դառնութեամբ գրիչ ալ կառնեն, ստորագրելու համար կախաղաններ կամ հրահանգելու համար բազմահազար ողջակէզներ։ Ու արդար է ճշդել մարդոց ախորժակները, իրենց ակերէն իսկ, անոնց զարգացումը ընդգրկել կարենալու համար։ Այն իշխանաւորները, որոնք Եւրոպան ճանչցան ու քաղաքակիրթ ազգերու ուսումները տարիներով սերտեցին, ի՞նչ դիւրութեամբ ազատուեցան այդ ամէնուն պատգամներէն ու դարձան իրենց հայրերուն իմաստութեամբ, բնաջինջ ընելով, առանց խղճահարումի, ժողովուրդներ, ամէնէն անագորոյն պայմաններու մէջ։ Ու ասիկա տասնըհինգ տարի առաջ, այս տողերուն գրուելէն։ Հարիւր տարի առաջ, ենիչէրիին վերագրուած ոճիրները հասկնալի են այսօր։ Ա՛ն՝ որ քառասուն տարի (ենիչէրին գործօն ծառայութեան մէջ էր երբեմն մինչեւ յիսունըհինգը) մորթելու մարզանքն է ըրած, մատաղ հասակին իր սուրը փորձելով այծերու գլխուն, աւելի յետոյ՝ կեավուրին, դժուար պիտի ազատէր անոր մորթելուն ձգողութենէն։ Բաներ կան, որոնք չեն մոռցուիր։ Սեռն ու արիւնը անոնցմէ են։

Պետութիւնը, ԺԹ դարուն, երբ արմատախիլ ըրաւ ենիչէրիներուն կազմակերպութիւնը, Պոլսոյ մէջ, քարաժայռէն գահավէժ էր ըրած հրէշը նաւահանգիստին մէջ։ Թուրքերը քաղաքային կռիւը կ՚ընեն, կ՚ընէին տարադէպ խստութեամբ մը։ Վասնզի ան ալ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ արիւն թափել։ Սպաննուած էր հրէշը, բայց կը մնար անոր հոգին։ Աւանդութիւնը կ՚ըսէ, թէ կէս դար ամբողջ ապառաժը պահեց իր սարսափը, իբր անցեալի որմնանկար մը։

Ու, ո՜վ հեգնութիւն, Սուլթան Ազիզի օրով ուրուագրուած նաւարան մը, քիչ մը բացօք անոր ստորոտէն, ո՛չ միայն չսրբագրեց արիւնոտ պատգամը, այլեւ գեղազարդեց զայն նոր յաւելումներով, այս անգամ ուրիշ եղանակէ։

Գափտան [1] պէյերը, փաշայի աւերակները, Պոլսէն հոն քշուած, իրենց մռայլութիւնը քաւելու, Ոսկեղջիւրի նաւարանը ձգելով աւելի արժանաւորներու, ու լազուարթ համազգեստով ծովային սպաները, անոնք ալ նոյն պայմաններով ինկած այս խորշիկը, չես գիտեր ի՛նչ խուլ մղումի անձնատուր, նորոգեցին ենիչէրիին տաղաւարը, նորօրեայ ու նուրբ, եզրազարդերով, ու ցիցերուն վրայ՝ աղջիկներու փոխարէն՝ բազմագոյն ապակիներով լապտերներ։ Նուագ, բայց տեսակներովը, ուտով, թառով, քէմանչով, քանոնով, փողերով, սազով, հաճոյքի հաւաքումներուն մէջ այնքան հեշտահոս ինճէ սազով։ Երգիչներ, դարձեալ տեսակներովը, սեռէ ու տարիքէ, ազգէ ու երկրէ։ Պարողներ, երգիչներուն զանազանութեամբը, որոնք կը փռուէին, կաքաւելէն խենթեցած՝ վրանին կրանիթեայ յատակին, ճոխ ու հոտաւոր բարձերով, գորգերով կահաւորուած ու կը խնայուէին գահավէժ մահէն։ Ու գայթակղութիւն։ Վասնզի այդ պարողներուն մէջ երբեմն կ՚երեւային քաղաքիկին ծաղիկներն ալ երկու սեռէ, սպաներուն եւ պետերուն դրամովը, բռնութեամբը, դաւովը գլխէ հանուած, հանրատուն իջնելու համար այդ բարձունքէն։ Ի զուր կրօնականները միջամտեցին, մինչեւ Պապը հիւմայուն [2] աղերսագիր խմբագրելով, որ հալեցաւ, հասցէին չարժանացած։ Մինչեւ որ կրակը, երկինքէն ինկած, բռնկցուց շէնքը, զայն վերածելով մոխիրի։ Պատերուն սեւը, տարիներ, արձանագրութեան մը պէս մնաց կենդանի։

Ան՝ որ գնեց այդ օճախը ու տնկեց հոն իր դղեակը, անծանօթ մը չէր այդ ամէնուն։ Աւելի՛ն. կարծես խուլ հրապոյրին տակն էր այդ պատմումներուն։ Ու կը գործէր հեքիաթին գաղտ ասեղին ներքեւ: Դրամին առատութիւնը, վաստակին հեղեղը, ձեռնարկին ընդարձակութիւնը ու անորոշ իր ծրագիրները իրարու կը խառնուէին, որպէսզի շինողը չգիտնար, թէ ուր կ՚երթար ու ժողովուրդը չհասկընար, թէ ինչ կ՚ուզէր այդ ամբարտակին խորախորհուրդ կառուցանողը։

 

 



[1]         Գափտան նաւապետ:

[2]         Պապը հիւմայուն կայսերական դուռ: