Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

 

Ու, այս ցայտումքով, դէմը, մէջը՝ չարագուշակ ջորեակը, իշամեղո՜ւն՝ փութկոտ, անձանձիր, անվրէպ։

Ու, իր սովորութեանց հիմնովին հակոտնեայ եղանակները որդեգրած՝ իր դարպասը կը սքողէր, անշուշտ առանց զգալու, անճանաչելի ծպտումներու ներքեւ, աղայական առատութեամբ ու զսպանակներով։ Այս դարպասումին ամէնէն պարզ ու միամիտ արտայայտութիւնը՝ նուէրները։ Մինակ վայրենիները չեն, որ կը ջանան ուլունքով, այլ՝ մա՛նաւանդ աղջիկները։ Առարկային արժէքէն աւելի ինքը առարկան, այսինքն՝ զայն թելադրող զգացումն է, որ դիւր կու գայ ամէն ընդունողի։ Էտհէմ պէյին նուէրները, բազմատեսակ, յորդ, արժէքի անհաւասար սանդուխով, ա՛յնքան՝ որ խաղը ինքզինքը կը կարծէր անմեղ, իբր թէ արգիլող թափանցումը զինքը թելադրող զգացումներուն։ Ոչ ոքի հանդէպ խնայող, անիկա չէր եղած այդ բանը, իր կնոջն ալ դէմ։ Բայց ատկէ դէպի նոր վիճակը դժուար էր անցումը։ Անիկա չէր եղած սա տղայամիտ մարդուկը, որ կը տկարանայ աղջիկներու քմայքը գոհացնող փուճ բաներուն առջեւ, խեղճ ու պատառ առարկաներ՝ օղ, մատնի, մատնոց, որոնց արժէքը տասը փարան չ՚անցնիր, ինչպէս կը պոռան փերեզակները իրենց պատգարակներուն գլխուն.

Ինչ որ առնես, տա՜սը փարա

Եւ որոնց վրայ գնչու կիներուն գովեստը ծանր, խորհրդաւոր բան մը կը հեղու, երբ տասը փարանոցն ու տասը ոսկինոցը նոյն մատին կ՚անցընեն։ Իրողութիւն էր, որ խորքին մէջ անիկա զաւակն էր իր հօրը, որ ձգած էր իր ցեղը, կնոջ մը կողմէ քաշուելով դէպի թաթարը ու կոյանոց մաքրելու արհեստը նախընտրած, անիմաստ կերպով, մազ հիւսելու ազատ ու գեղեցիկ կենցաղէն։ Անիկա չէր կրնար մոռնալ դերը, որ այդ սնոտի զարդեղէններունն է, կենալ քանի մը ժամ մեր մատներուն ու ջախջախուելէ առաջ ներարկել մեզի խուլ զգացումը, որուն սլաքովը օղակուեցան մեր հոգիներուն բախտի, նիէթ գատէրի [1] դեղնաթիթեղին մէջէն իսկ մեզ տպաւորելով իբր հեռախոյս ոսկի։ Արդարեւ, ուրի՞շ` արժէքը ծաղիկին, որ սիրուած ձեռքէ մը կ՚անցնի մեզի, ու թոռմելու ատեն իսկ չի գտներ երբեմն։ Փուճ մեր նուէրները մեր տառապանքը գոնէ կը մեղմեն։

Ու պզտիկ հանըմը կ՚ընդունէր զանոնք ժպիտով, բարութեամբ, պարզութեամբ։

Տեղեա՞կ՝ այդ ամէնը ոտք հանող զսպանակներուն։

Պիտի կասկածինք, բայց պիտի զգուշանանք ատիկա բանաձեւելէ ամէն անգամ, որ մեր խորագոյն անձը ու այս տարազը հոս կ՚ընդգրկի սեռը տարտամ աղերսով մը մտնէ շփումի այդ կասկածանքին, մեր շուրջը մանկունակ մթութիւն մը ստեղծելով։ Տարիք, ընկերային աստիճան մեզ չեն ազատեր մեր ձեռքով մեր վրայ գործադրուած սա վատութենէն։ Ոչ մէկ ատեն մեզ կը դաւանինք այնքան սուր, որքան սեռին առասաններէն կապկպուած երբ կը թաւալինք տիղմէ տիղմ։ Անոնք՝ որ կ՚ըմբոստանան ու շատ է անոնց թիւը կիներու մէջ մանաւանդ ու կը վռնտեն անհարկի, անխելք տարփածուն, կ՚ընեն ատիկա տրտում վայելքով մը։

Խաբելը, խաբուիլը աւելի ուշ կու գան կրկէս ու սեռին զեղծումը կը տեսարանեն։ Տասնըհինգ տարեկան աղջիկը չէ, որ բացառութիւն պիտի բերէր սա ընդհանրական երեւոյթներուն։ Չմոռնալ Պոլիսը, ուր անցած էր անոր մանկութիւնը։ Չմոռնալ մօրմէ պակասը, զոր ոչ մէկ խնամք կը դարմանէ, արդի կարգերուն մէջ։ Յիշել իշխանազուններու եալըները, թրքուհիներուն արգելափակումը ու ասոր հակահարուածը։ Յիշել թերեւս արիւնն ալ մօրը…: Չեմ մերժեր անմեղութիւնը, պատուոյ զգացումը, որոնք այդ օրերուն պարզ բառեր չէին, այլ՝ լրում մը։ Այդ շրջանին դիտուած, անոնք մեզ կը յուշեն։ Հիմա ալ անցնող մշակոյթի մը ցանցառ ծաղիկները կամ յամառ վերյիշումները կը նկատուին։ Այդ անցեալին մէջ, աղջնակ մը «անհուպ էր ու անշամանդաղ»։ Նոյնիսկ միտքով մեղքերէն։ Թրքուհինե՞րը։ Նոյնքան։

Մեծ գիրքեր կան, որոնք պարզ բաներ կ՚ըսեն ու կ՚ըսեն անվերածելի գեղեցկութեամբ։ Անոնցմէ մէկը սա տեսակ առակ մը կը պատմէ։ «Այն թզենիէն սորվեցէք առակը, վասնզի երբ անոր ոստերը կակուղնան ու ցցուին տերեւները, գիտէք, թէ մերձ է ամառը»։ Անշո՜ւշտ։ Բայց ամառը փոխանակելի տարազ մըն է պատմումին մէջ։ Երբ տասնըհինգ տարեկան աղջիկ մը մեծ ընտանութեամբ ու արդար յուզումով գովքը կ՚ընէ պէյպապային ոսկի սրտին, զայն գտնելով այդքան ազնիւ, թաւշեայ, համով ու բարի, հերքելու չափ մղձաւանջը գազան էրիկին, եւ իր մեծ քրոջը հետ լեզու կը փարտէ, հերքելու չափ անոր անհուն տառապանքին փորձառութիւնը՝ «գիտացէք, թէ մերձ է աւուրս …»։

Յայտ, պարզ, գորովագին սա հաճութիւնը, որով կ՚ողողուէր անիկա այդ պէյպապային ներկայութեան, հագնելով թեթեւ կարմրաւուն զուարթութիւն մը, որ գարնան եղկ քնքշանք մը կ՚ըլլար, իր մորթէն ստեղծելով իսկեւիսկ «տերեւներու ցցուածքը», մարմինին մատաղ ջերմութեամբը պտկաւոր։ Ոuտոuտուն։ Այսինքն՝ նստելու անկարող, մնայուն ձգողութեան մը մէջ, զոր անկարող է ճիշդ տեսնելու։ Ըմբոստ անոր խոպոպները, քունքերն ի վար, երբեմն ալ վեր, կը հովահրէին կրակը անոր աչքերուն ու այտերուն՝ նման տարերկրեայ ծաղիկներու ցօղունին, մեծ խնամքով ու նրբութեամբ օղաւորուած։ Խոպոպը թրքուհիին դասական շնորհն է եղած ու ժողովրդական երգերը զայն կը փառաբանեն մեծ հեշտութեամբ ու սարսռագին պատկերներով։ Խալիտէ հանըմին պչրա՜նքը զանոնք կառավարելու։ Ու քաղցր խռովքը, պչրա՜նքը անոր ձեռքերուն, անզգոյշ, յառաջխաղաց, երբ կը մօտենար պէյպապային գլխարկին, գօտիին, սալթային ապրշումհիւս ծոպերուն ու քէֆիէին [2] խայտանկար բաշերուն, անդիմադրելի ընտանութեամբ մը։ Ու թափելով բառերը, արձակո՜ւմը մեր առաջին կայլակներուն մեր ներսէն դէպի դուրս, երբ «մերձ է ամառը»։ Ոսկի թրթռումը ճառագայթումը, որով քանի մը ամսուան մէջ մեր դէմքը կ՚ազատի մանկատիպ ու թերխաշ իր խակութենէն ու կը ջանայ խտանալ, կերպագրել խորունկ ու վճռական rosace կնիքը սեռին նորակազմ արքայութեան մեր շարժուն ու թաքուն քաոսներէն։ Դէպի գիտակից, ճարտար ու ատով գանելի զզուա՞նքը։ Դժուար է դատաստան մը։ Տասնըհինգէն յետոյ, ամէն ինչ մշուշ է աղջկան մը շուրջը, հալման կէտի մը, աստիճանի մը անորոշութեամբը։ Ո՞ւր է սահմանագիծը ընդմէջ սեռին պարզուկ գորովին, ընդմէջ օրինաւոր ու ազգապիղծ որակուած տարփանքներուն։ Ո՞ւր կը զատուին իրարմէ զգացումներ, որոնք բնական կամ մեղօք կը նկատուին։ Պատասխանները ողբերգութիւններ են։ Ֆրէօյտէն առաջ կային այս հարցերը։ Ու կային, բազմելով յոխորտ, նոյնիսկ սրբազան ընդունուած մատեաններու մէջ, իրենց բոլոր հում կանանչութեամբը։

Հակառակ իր քրոջը յեղյեղուած բացայայտ հրահանգներուն պզտիկ հանըմը քաջալեր գտած պէյպապային բարի թոյլատրումէն, չառաւ իր ուսերուն պարտադիր, մեծկակ քողը, որով աղջնակ մը պիտի պատսպարէ իր մազերը դէմքէն առաջ ու հեռանայ մանկութենէն դէպի թաւուտները պարմանութեան։

Գիտէ՞ր աստիճանը իր հրապոյրին, երբ կը յամենար այդպէս «իթթինազարդ» (բառերը միշտ անիմաստ հնչումներ չեն մեր ռոմանթիքներուն տողերուն մէջ) մանուկի իր մարմինին վրայ, կամաւոր անփութութեամբ մը մերժելով սեռին կնիքը, որ դպած էր արդէն անոր լանջքին ալ գոգաոր ու «լայնալիճ»։ Գիտէ՞ր աստիճանը իր խռովքին, զոր իր թարմութիւնը կը բանար այդ մարդուն զառամ միսերուն խորերը, զանոնք ասեղ–ասեղ կճելով ամէն մէկ անփոյթ հպումի։ Հիւանդկախ ու փայլատ այդ աղջիկը ո՞ր հրաշքով ճարեց, քանի մը ամիսներու ընթացքին, սա շեշտ, յորդ աճումը միսի՝ ինչպէս ոսկորի։ Ձեզի ծանօթ է ոսկերանգը, որուն մէջ թաթխուած մաքուր կտաւի կը նմանէին անոր այտերը եւ որ հեղուկ բեհեզի թեւ մը կ՚ըլլար, երբ ժպիտի մը ծփանքը անցնէր անոր հիւսքերէն։ Ու կուրծքը, որ կ՚ընդարձակէր իր հովիտը, ետ հրելով անոր ուսերուն խարակները, յորդելով, բայց պահպանելով դաշնակութիւնը, համեմատական շնորհը ընդմէջ կիսանդրիին եւ ստորամասի։ Աղջիկներու մարմինը չ՚ախորժիր նկարագրութենէն։ Անիկա շատոնց է, որ կը խնամէր իր թարթիչները ծարիրով։ Բայց կը խնամէր մա՛նաւանդ իր աչքերը, բիբերն ի խոր ուրուացող լոյսերուն, կայծերուն յստակ իմաստովը յանդուգն, խուզարկու, հարցական ու պչրոտ, երբ անոր նայուածքը, բնական, բայց անտես հոսումի մը նման, առանց վախնալու, իյնար յոգնած աչքերուն խորը պէյպապային։ Կրակին արձագանգը ու ձայնին ու լոյսին արձագանգները մարդիկ կը վանէին մետաղեայ գործիքներով։ Աղջկան մը նայուածքին արձագա՞նգը։ Հարցուցէք ու անցէք։

Անիկա մատաղ ալիք մըն էր, գեղակառոյց բուխք մը, նրբենի մարմինին սլացքը՝ սեռին անիւներովը նետուած առաջ։ Աւելի՞ն։ Անշուշտ։ Անիկա կը մտածէր ալ։ Մանուկին վրայ այնքան թախծոտ, պարմանիին վրայ այլ մտածումը անոր խակ դէմքին կը բերէ քաղցր, տաք լրջութիւն։ Մինչեւ այդ պահը այդ վիճակէն անմասն տղան, կը կրկնուի ինք իր հրապոյրին մէջ։ Առաջին այդ կայլակնե՜րը իմաստին, փոքր դատուած բերանները, երբ մեր հաշիւներէն առաթուր, ատեն չենք ունեցած այլ արժեքները կշռելու։ Ու դատում, որ տարբեր է մտածումէն։ Որ մեզ կը զարմացնէ անակնկալին խորութեամբը, ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ դիտողութեան, փորձառութեան տառապանքին մթերքովը։ Խորհած ունի՞ք հարիւրաւոր, բայց մեծերէն խուսափող այն ցաւերուն, որոնց արդիւնքն է տղոց բերնին արգելքի վճիռ մը, մօրը կամ քրոջը սիրահարին երեսին, երբ կը ծառանան այդպէս պզտիկ։ Իրենցմէ կողոպտուած գորովին համար զայրագնած։ Ով գիտէ ի՜նչ անհուն ճամբաներէ շիւղ առ շիւղ այդ բզէզը հաւաքեց սա ատելավառ արգելքը։ Պարմաններուն սա առատ շնորհները, մարմինին աճումին հետ, զանոնք կը պաշտպանեն իրենց մթին տկարութիւններէն։

Խալիտէ տանըմը ա՛լ վայելչութեամբ ու քաղցր երախտիքով կը կրէր իր պզտիկ պիտակը հանըմի, ծառաներէն, խաղընկերներէն, սպասելով որ անիկա գտնէր նաեւ շրթները պէյպապային կամ Սիւլէյման էֆէնտիին կը հաւնէր, կը մերժէր, կը փնտռէր, կ՚անարգէր ո՛չ միայն իր հագուստները, կօշիկները, այլեւ՝ դէմքերը, լեզուները։ Տհաճութիւն ու գոհունակութիւն։ Խոժոռիլ ու ժպտիլ։ Նայիլ խոր, բիբերէն ալ վար անդունդներէ ու թարթիչով հպանցել։ Ասոնք իր մօտ դէմքի խաղեր չէին միայն, այլ՝ արագ անոր կազմութեան փայլակները։ Ու ճամբաներու փոփոխո՛ւմ, որ փոխաբերութիւն մը չէ հոս, այլ՝ անգիտակից շեղումը, աս ու ան թաւուտէն խուլօրէն ձգուած աս ու ան պարտէզին ցանկապատն ի վար, երբ ո՛չ դէմք, ոչ ալ ձայն կը մատնէ անոնցմէ ներս մագնիսին գոյութիւնը, բայց հակառակ այս լռութեան, կախարդուած պարտէզներուն՝ կը նմանի հեքիաթին։ Ո՞ր ազդակները դասովը աղջիկներու քայլերը մէկէն կը հասկնան ինչ որ կը փռուի իրենց ոտքերուն, աւելի ճիշդը՝ կը թրթռայ իրենց շուրջը։ Անիկա կը դանդաղէր մեծութիւններու ծոցը, ծառի, սրահի, թաւուտի, նաւակի, սպասելով ինք ալ չէր գիտեր ինչի՛։

Անիկա կը զգուշանար հրապարակներէն, բանուկ փողոցներէն, հակառակ իր տարազին սքողող պաշտպանութեան։ Ու կը մոլորէր դէպի մռայլ թնճուկները ածուներու։ Կիսաւեր մեհեաններու, ծովասոյզ խարակներու խոռոչները։ Գիտակցութեան բաժի՞նը, սա ամէնուն մէջ։ Ի հարկէ մութ է ատիկա, ինչպէս են ուրիշ շատ բաներ, այդ տարիքին։ Սեռին կաթիլը առաջին խտացուցիչ խմորն է մեր մարմինին աղկաղկ յորդումէն ներս։ Ամէն աղջիկ կը հաւատայ իրեն, որքան իրմէ դուրս բանի մը, որ, եթէ մշուշոտ է առհասարակ (ընտանիք, ցեղ, մշակոյթին ու վարժութեանց զանազանութիւնը ուժգնօրէն կը միջամտեն այդ վիճակին։ Անգլուհի մը, այդ տարիքին, զգացական իր աշխարհովը կը տարբերի թրքուհիէն անմերժելի եզրերով), բայց այս պատմուածին նման, թանձր է երբեմն ու առարկայական։ Ամէն տղայ իր դրացիին աղջիկը կ՚երազէ ու փոխադարձաբար։ Մեծերը, իրենց հոգերուն մէջ խորասոյզ, աննշմար կը թողուն այս փոփոխումները։

 

 


[1]         Նիէթ գատէր - բախտ:

[2]         Քէֆիէ - մետաքս թաշկինակ, զոր կ՚ոլորեն գլխարկին շուրջ։