Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.

 

Սիւլէյման էֆէնտին տարագրուած էր այդ քաղաքին վարժարանը, զոհ երթալով հակադիր փափաքներու գոհացումին։

Զայն կը վանէր, այդ խաղով, իր պալատէն, հայրը, նախանձելով անոր հրապոյրը իր կիներուն, որոնց թիւը, անպաշտօններն ալ հաշուելով, փոքր տետրակ մը կարող էր լեցնել, սկսեալ իր պատանութենէն, եւ որոնք, տղուն ժմնելուն զուգահեռ, կ՚ըլլային դժուար սանձելի, գէթ այսպէս կը տպաւորէին հիւթասպառ պէյը։ Անոր հա՜յրը։ Զայն պիտի ճանչնաք լայնօրէն։ Իր ծերութեան դուռներուն, խղճմտանքէն բոլորովին անմասն այդ ապառաժը, առաջին պայքարը ունեցաւ իր ներսին հետ, իր տղուն հաշուոյն։ Կ՚ըսեն, թէ աւելի սեւ ծրագրէ մը հրաժարած էր անիկա ու իր կիներուն սպառնացո՜ղ վտանգը ըրած անհետ, տղան բռնի վարժարան նետելով։ Ու խորհիլ, որ Սիւլէյման էֆէնտին տասնըհինգ տարեկան չկար այդ օրերուն։

Զայն կը փախցնէր մայրը, ազատելու համար անոր թշուառ անմեղութիւնը անորակելի այն շրջանակէն, որ թուրք գաւառային պէյի մը բնակարանը կը կոչուի, այնքան տարօրինակ՝ որքան խոր, զոր մենք չենք ճանչնար պէտք եղած չափով եւ որուն ծանօթացումը պիտի կատարուի յաջորդ էջերով։

Անոր հայրը, մեծատուն ու տգէտ, բառերուն տալով արեւելեան լայնութիւն, այսինքն՝ իր կալուածներուն ու հողերուն հաշիւէն հեռու, ու նամազին տարազն իսկ միտքին մէջ պահելու անկարող։ Աւելի՛ն. բացառիկ ու հոյակապ սրիկայ մը, որուն նմանները Արեւելքի մէջ միայն կը բուսնին, քանի որ ոչինչէն կը մեկնին։ Անիկա հասած էր սրարշաւ, անպատմելի ոճրաշարքի մը ընդմէջէն մինչեւ պէյութիւն, առջին ունենալով մերձանկարը անվրէպ փաշայութեան։ Առայժմ, պէյ։ Անմասն գիրէ ու, մա՛նաւանդ՝ բարքէ։ Ըրած էր իր տղուն երկու մանկութիւններն ալ անհաւատալի մղձալանջ մը, ու անոր թարմ ընկալչութիւնը հանդիսադրած անվախճան հեղեղի մը դէմ մարդկային գարշութիւններու, ապերասան (ի՜նչ խեղճ է վերադիրը, պատկերելու համար արձակութիւնը այդ մարդուն կիրքերուն) իր կենցաղային խառնակութեանը մէջ, անասնական՝ որքան վայրագ, անհաւատալի ստորնութիւններով յարդարուն ու փորձանք, տղան հալածելով, նախանձորդ տարփաւորի մը նման, իր կիներուն բաժիններէն, երբ անիկա նոր կը մտնէր տասնըհինգ։

Ողբերգութի՜ւնը անոր մօրը, հեռու ձգելու համար մղձաւանջին շունչը մանչուկին հասողութենէն։ Իր ենթարկուած նահատակութենէն զատ (որուն լայնօրէն պիտի հաղորդուի ընթերցողը), անիկա պարտաւոր էր պաշտպանելու, սկսող աղէտէն, իր հոգիին կտորը, այլապէս անպաշտպան, քանի որ մարմին մը ունէր այդ տղան։ Կանանոցներու բարքերը անշուշտ քսաներորդ դարու սկիզբը չէին կրկնէր հին դարերու ահաւոր տրամները։ Կիներու մրցակցութիւններու նոխա՛զը, մանչե՜րը, որոնք կը մորթուէին յաճախ իրենց մայրերուն աչքին տակ։ Բայց Էտհէմ պէյի պալատին մէջ գործադրուած խժդժութիւնը շատ ալ ետ չէր մնար այդ անդարձ շրջաններէն…

Ու, անկարող դիմադրելու, անիկա փրկութեան լաստի մը պէս դիմաւորեց դպրոցը, թէկուզ ամէնէն տխուրը, գիշերօթիկը, ենթարկելով ինքզինքը զրկանքներուն ամէնէն լեղիին, իր մանչովն իսկ սփոփուելու չկրնալու բախտին, երբ ծոցի էրիկը գազան է, քան մարդ։

Արդեօք կը կասկածի՞ք թի՜ւը այն կիներուն, որոնք այս շինուածքով անասուններու հետ պարտաւորուած են մեռնիլ։ Այս ճակատագիրը, Արեւելքի մէջ շատ պարզ, հետզհետէ դժուար կը հաշտուի Արեւմուտքի նրբացած, միջոցներով (հակազդումի) հարուստ բարքերուն։

Ու անոնց տղան դժբախտութի՜ւնը՝ շատ յաճախ, մէկու մը տղան ըլլալու, երբ պիտի ուզէինք հողէն բուսնիլ ուղղակի, առանց մեր հայրերուն մեղքին կամ առաքինութեանց բեռին ակռան սղմած, քաջութեամբ ու հպարտ, տարաւ այդ թափանցիկ աքսորը, իր կարգին, իր հաշիւներն ու դատումները տարազելով պատահարէն։ Խորհած ունի՞ք սա սարսափին, երբ զաւակ մը կը չափէ իր հայրը կիներու քառուղիէն։

Ամէն տղայ, որ տասնըհինգը կանցնի, առանձին աշխարհ մըն է, տարօրէն բարդ ու դժուարամատոյց։ Զոր կը շինէ անոր շրջանակը, անճողոպրելի ճարտարապետութեամբ մը, արիւնով ճարուած ատաղձին վրայ (ժառանգականութիւնը ստայօդ յերիւրանք մը չէ) դիզելով նոր պատահարներու սիման ը։ Սիւլէյման էֆէնտի՜ն։

Ու նողկանք ու գարշութիւն էր անոր ներսն ու դուրսը, սանկ ընտանի, ըսես՝ անխուսափելի, քանի որ այդ գաւառակին մէջ ու քիչ մը ամէն տեղ կոյանոցին իրաւունքն էր տարածուիլ արեւին բացին։ Բայց ահա՛ աւելին։ Դժխեմ ճակատագրականութեամբ մը, դպրոցը գրեթէ կրկնեց անոր հօրենական միջավայրը, անշուշտ աւելի խոնարհ ծաւալով, քանի որ կին տարրը գրեթէ չունէր դեր, բայց աւելի հաստատ, աւելի դրական ու հակահարուածին արդիւնքովը աւելի ցաւառիթ։ Յետոյ, նոր իր աքսորավայրին մէջ անիկա զուրկ էր մօրը պատկերէն, որուն նայելով, որմէ խրախուսուելով, որուն խղճալով, անիկա կը ստեղծէր իր հոգիին շուրջը գորովի, տրտմութեան, մարդկային քաղցրութեան անգայտ ոլորտ մը, այն՝ որ մեր ներքին անձնաւորութիւնը կ՚ըլլայ ու մեզ կը պահէ դուրսին ու մեզի դէմ։ Անշուշտ, ընկերները, ուսուցիչները, կուսակալանիստ քաղաքին լայն յարաբերութիւնները ու ասոնց ստեղծած մարդերը իր հօրը կաղապարէն ու իր կաղապարէն ձեւուած միութիւններ չէին մեծ մեղքերու, բռնկումներու, գարշանքներու հանդէպ այնքան հիւրընկալ։ Բայց էի՛ն աւելի առատ ու իրական, այսինքն՝ փոքր մեղքերու ծաղկեպսակ մը, որ փոխանակ գերեզմանի, ողջ մարմիններէ կ՚ախորժի։

Անոր առաջին խոր, գիտակցուած յուզումները, շրջապատի բազմաղբիւր հոսումներէն գոյաւոր (որոնք մեզ կը ցնցեն անակնկալին անլուր անգթութեամբը ու մեզ ջուր կ՚ընեն, երբ, օրինակի համար, վեշտասանամեայ աղջնակ, մեր մայրը կը տեսնենք գիրկը մեր պալատի խոհարարին) ու ան միւսները, վերլուծուած զգայութիւններ, զորս պարտավոր ենք որոճալու, այսինքն՝ առնելէ յետոյ կրկին, կրկին հասկնալ ջանալու, ու անոնք, որոնք մեր հոգիին մարմինը կը հիւսեն, այդ տղուն մէջ եղան շատ մօտիկ անոնց, որոնք իր անցեալ շրջապատին ծակոտկէն երեսէն, անմիջապէս մօտիկ անձերէն, իր շուրջը թրթռացող իմաստի, բարքի, ուղեղի ծորումներէն էին ճարուած եւ յօրինուած՝ անոր անձին մշտայոյզ ծովուն տակ ա՛լ անկորուստ խաւերը անկորուստ իր ինքնութեան, ա՛յն յատակը, ուր պիտի բարձրանայ յետոյ շէնքը մեր հոգիին։ Նո՞յնը, ուրեմն, ինչ որ կեանք կը կոչենք, աղծապիղծ պալատի մը գեղանի, բայց մահաստուեր ածուներուն մէջ ու մէջը սա հսկայ, քարկառոյց հաստատութիւններուն, որոնք տղոց միտքին օրօրանը կը յորջորջուին։

Երկու հակադիր միջավայրերու սա անծածկելի հանգիտութիւնը առաջին ենթահողը տուաւ, ուր արմատ պիտի նետէր անոր ապագայ տրամը։ Դեռ տասնըվեց չմտած՝ հոգիին մէջ ոճիրը իբր հունտ երբ կ՚իյնայ՝ դժուար թէ խղդուի։ Մենք բոլորս, աւելի կամ նուազ՝ պնդացումն ենք այդ բախտորոշ օրերուն ու պիտի պահենք ասոնց կնիքը՝ մեզի մնացած տարիներուն վրայ։ Թող պարիկ մը որքան խելացի էին հիները, կեանքին հսկողութիւնը յանձնելով այդ ոuտոuտուն, բայց այնքան ալ մեզամօտ երազներուն այդ անկայուն օրերուն պրիսմակ մը դրած մեր աչքերուն, պտըտցնէ մեզ աշխարհին դիմաց, բաւ է ատիկա։ Վասնզի աւելի վերջը, երբ մեր մատները կարծրացած են բաւական, կոտրելու չափ իսկ կախարդ ապակին, մենք պիտի շարունակենք այդ աշխարհը տեսնել նոյն ծիածանին ընդմէջէն մինչեւ մեր քակուիլ սկսող հասունութիւնը եւ անկէ անդին ու պիտի դողդղանք պատրանքին վրայ, որ այդ կտոր մը բիւրեղէն սառած էր խորը մեր աչքերուն։ Գուցէ, կարգ մը տխրութիւններ, անո՛նք՝ որ աւելի ուշ մեր հոգիին հիւանդութիւնները պիտի ըլլան ու մեզ պիտի վարեն դէպի խենթութիւն կամ մենագար հակումներ, սկսին աւելի կանուխ։ Գուցէ, տասնամեայ տղայ մը սիրէ, մեծի լրջութեամբ, դրացիին աղջիկը ու քառսունին մէջն ալ մնայ ատիկա, այսինքն՝ լուրջ ու յիմար։ Չեմ պնդեր, որ դիտուած չըլլան այս կարգէ բիւրեղացումներ ալ, բայց որբը, մանկութեան մէջ ընդհանրապէս, անգէտ է ատոր, որբութեան եղերականութեան։ Պատանի՞ն։ Անիկա մինչեւ ծերութիւն քաշքշէ պիտի իր շապիկը այդ օրերու։ Կեանքին բազմաստեղն ստացումները անկարող պիտի ըլլան աւերելու կնիքը այդ կախարդ յարդարանքին։ Տասնըվեցին է, որ հէնքը, շուքը, հոգեմոյնքը կ՚առնենք մեզ հետ շունչ շունչի ապրողներուն մեր այնքան հեշտընկալ զգայնութեան իբր պաստառ: Աւելի՛։ Այդ տարիքին ճարած ենք արդեն մեր հոգեկան դրութեան ճնշումն ալ, ա՛յն՝ որ մեր մարմինը պիտի լարէ եղելութեանց ու լինելութեան գրոհին դէմ ու պիտի տանէ մեզմէ ստեղծումին տինամի ն։ Արուեստագէտը սաղմնաւորուած է արդէն այդ բջջայնութեան խորը ... Ա՛ն՝ որ գլուխը առած երկարի պիտի ծովեզերք ու լոյսի խաղ հալածէ, երբ իր տարեկիցները շուկան մարդ կը խաբեն, անիկա կանխայարդար յիմարն է արդէն, սահմանուած՝ կեանքին անդրագոյն շրջաններուն ալ փառք, այսինքն՝ օդէն ալ օդ բան մը հալածելու ու ջախջախուելու…