Գ.
Բացի
գորովի
զգացումէն,
շղթայակից
իր
ընկերները
ունէին
անոր
հանդէպ
խորունկ
ալ
յարգանք,
տպաւորուելով՝
գաղափարներէն
ու
մահուան
հանդէպ
անոր
արհամարհանքէն
աւելի՝
խոր
ու
քաղցր
անոր
տրտմութենէն,
զոր
հարստութիւնը,
երիտասարդութիւնը,
իմաստութիւնը
կ՚ընէին
այլապէս
յանկուցիչ։
Պարզ
ու
գեղջուկ
մարդեր,
իրենք,
անոր
պատժակիցները,
մեղքին՝
ինչպէս
քաւութեան
հետ
տարօրէն
հաշտուած
շատոնց,
ու
ժամանակէն
իրենց
յափրանքը
–
բանտը
փտախտն
է
տեւողութեան,
հոգիին
վրայ
պատուաստուած
–
կը
ջանային
ամոքել՝
անոր
գեղեցիկ
օրինակը
ընդարձակելով
դէպի
հասկացողութիւնը
իրենց
հաստ
թերացումներուն,
ու
կը
պատմէին
անոր՝
իրենց
ազատ
օրերէն,
կորսուած
ու
անվերադարձ
դրախտէն,
որ
ոճիրէն
առաջ
կեանքն
էր
իրենց
բոլորին,
ամէն
մէկը,
խտացուցած,
բերելով
սա
սեղանի
մը
հազիւ
բաւ
տարածութեան
վրայ
–
որ
ազատ
յատակն
էր
իրենց
նկուղին
–
գեղերու,
քաղաքիկներու
ամբողջ
վարդաւէտ
արձակութիւնը,
բանաստեղծութիւնը,
համն
ու
հրապոյրը,
երբ
իրենք
ալ
ձի
ու
զէնք
ունէին
իրենց
տակ
ու
իրենց
կուրծքերուն
վրայ
հեշտանքէ
նուաղ
աղուորներ...
Հասկնալի
է,
որ
սա
դրուագումը,
անձէ
անձ
երանգաւոր,
բայց
խորքին
մէջ
մէկ,
ըլլայ
նկարչագեղ,
սրտառուչ,
երբ
մանր,
խնամուած
հանդէսով
մը
մանրանկար
փորագրէ
անոնց
երազներու
սատափին
վրայ,
գերագոյն
պատկերը,
կինը,
ձեւերուն
ամէնէն
ծփունն
ու
կերպախոյսը,
երբ
անոր
սիրոյն,
այդ
հեռու
եւ
ազատ
անցեալին
մէջ
կտրտեր
էին
այնքան
արգելք
եւ
զոր
կը
ջանային
հիմա
նուաճել
բառերով,
մեղեդիով,
ախով
ու
ափսոսանքով։
Կինը՝
կախարդը,
որ
աս
ու
ան
ճամբով,
զիրենք
բոլորը
քշած-բերած
էր
հոս,
աղջութեան,
գարշութեան,
մա՛նաւանդ
անկարեկիր
զրկանքին
սա
քաւարան–պալատը։
Մեղքը
համ
ունի,
երբ
անկարելի
կը
դառնայ։
Հակառակ
մատաղատի
դէմքին
ու
բանտերուն
մէջ
անխուսափելի
մոլութեանց,
որոնք
սեռային
բնազդը
այնքան
տիրական
ու
գերագրգիռ
կ՚ընծայեն,
ծնունդ
տալով
անքակտելի
միացումներու,
անպատկառ՝
որքան
մահու
չափ
հզօր,
անիկա
զերծ
կը
մնար
ընկերներուն
յայտարարութենէն։
Բացի
տրուած
զսպանակներին,
որոնք
չափով
մը
կը
միջամտեն
սա
արդիւնքին,
անոր
անձէն
կը
հոսէր
մեծութիւն
մը,
իշխողի
հով
մը,
յարահրաւէր
բան
մը,
զոր
բացատրելու
ու
հանդուրժելու
համար
անոր
ընկերները
կը
բարձրանային՝
իրենց
տգէտ
իմաստութեան
մէջ,
անոր
մօրը
արիւնին,
–
նշանաւոր
գերդաստանի
մը
երակներէն,
որ
պետութեան
վտանգահար
օրերուն
ասպարէզ
իջնող
պապերու
մեծկակ
թիւ
մը
ունէր
իր
ետին,
մեծ
ու
բացառիկ
պէյեր,
վէզիր
ներ,
երկրին
վրայէն,
աղէտը
քանի
մը
անգամ
ետ
հրած
ու
աւլած։
Հօրը
գիծին
գռեհկութեան
դէմ
մօրը
գիծին
սա
փա՜ռքը։
Արիւնին
ու
ընդոծին
առաքինութեանց
սա
ընդելուզումը,
պետական
դէմքերու
շքախումբին
մէջ,
ցանցառ
վայելքներէն
մէկն
է
մարդոց
պատմութեան,
որ
իրարմէ
մեծ
ոճիրներու
շարան
մըն
է
այնքան
շատ
անգամ։
Անոր
մայրը,
զոր
պիտի
ճանչնանք
այս
վէպին
առաջացած
մասին
մէջ,
չհերքեց
երբեք
այդ
արիւնին
աւանդութիւնները
իր
մէջ
ու
իր
զաւկին
վրայով։
Արի,
արու,
հպարտ,
քաղցր
այդ
պատանին
կը
պաշտպանուէր
դարձեալ
իր
ելոյթին
մէկ
ուրիշ
գմբէթովը,
որ
դատարանին
առաստաղը
ծակող
ու
անցնող
ժայթքում
մըն
էր
արեւելեան
վաղածանօթ
մոլութեան
դէմ։
Բոլորին
մտքին
մէջ
թարմ
էր
անոր
հսկայ,
հոյակապ
պոռթկումը՝
կայսրութիւնը
վերէն
վար
պլշկող
արատին
դէմ,
–
փաստերով,
անուններով
մերկացումներ,
անառարկելի՝
որքան
ողողիչ։
Պատուախնդիր
կատաղութիւնը
երիտասարդին,
որ
չէր
ընկրկած,
դատարանը
լեցնող
պաշտօնական
ու
ոչ,
աւագ
կամ
չաւագ
անձնաւորութեանց
երեսին
պոռալու
իրենց
մեղանքները,
ծնրադրական
ու
գետնաքարշ
ստորանկումները,
մարդը
իրմէն
զզուեցնող,
բայց
այդ
զզուանքը
իբր
գերագոյն
յուռութք,
պաշտօնի,
վարկի,
դիրքի
բարձրօրէն
շահագործող
անորակելի
մտայնութիւնը։
Ո՞վ
էին
անոնք,
որոնք
հոդ,
պաշտօնական
այդ
թիկնաթոռներէն,
ճերմակ
փաթթոցին
կամ
պատերէն
հսկող
սրբազան
այաթ
ներուն
հեգնութեանցը
մէջէն
զինքը
կը
դատէին
հիմա,
եթէ
ոչ
ծունկերնին
գետին
եկածներ,
այդպէս
«լայնօրէն
վարձատրուած»
իրենց
անձին
վաճառումովը
ու
տիրացած
սա
աթոռներուն։
Ո՞վ...
Ու
կը
պոռար
անիկա
իր
գիտցածը՝
առանց
առնուելու
իրարանցումէն,
կատաղութենէն,
հայհոյութեանց
հսկայ
տարափէն։
Ու
արաբերէն
աղօթքներէն,
թուքէն,
զղջահար
փառադրութենէն...:
Թուրքերը
նախատինքն
ալ
Աստուծոյ
անունով
կը
դիմաւորեն...
Դատարանը
հեռագրած
էր
Պոլիս,
դժոխքէն
փախչող
սա
ճիւաղը
կախելէն
տարբեր
մահով
մը
մաքրելու։
Մե՜ղք
էր
չուանին…
Բայց
իր
խօսքերը,
մասունքի
պէս,
անցեր
էին
դատարանին
սրահներէն
ու
թափանցած
բանտերու
խորագոյն
նկուղները
մինչեւ։
Բռնական
վարչաձեւերու
վարձատրութիւնն
է
ատելի
ըլալ,
նոյնիսկ
զիրենք
կանգուն
պահողներէն։
Անոր
որակումները
իբր
տարազ
որդեգրուած
էին
բանտին
անգիր
տարեգրութեանց
մէջ։
Շեշտ
ու
խիզախ
այդ
առնականութիւնը
անոր
զրահը
եղաւ,
որ
զայն
ազատ
պահեց
մեծ
մեղաւորներու
ցանկութենէն։
Անշուշտ
լեռներու
մէջ,
մեծկակ
բանակ
մը,
մարդը
կը
պաշտպանէ
իր
պզտիկ
կիրքերէն
ու
վտանգին
մշտականութիւնը
քաջութիւնները
կերկարաձգէ։
Նկուղ
մը
կոյանոց
կը
հոտի
միշտ
ու
մարդը
կը
վերածէ,
ուզէ-չուզէ,
զեռունի։
Այդ
առնականութիւնն
էր,
որ
վարակիչ
զգուշաւորութիւն
մը
կը
պարտադրէր
իր
շրջանակին,
իր
ընկերները
նուաճելով։
Ու
իր
ոճիրը,
շարժառիթին
հզօր
մարդկայնութեամբը,
գործադրումին
փառաւոր
արագութեամբը
կը
շրջապատէր
զինքը
առանձնացուցիչ
շապիկի
մը
նման,
ստեղծելով
անոր
մարմնին
շուրջը
գեղեցիկ,
անառարկելի
չէզոքութիւն
մը։
Կ՚ակնածէին
անոր
բազուկներէն,
որոնք
դանակը
այնքան
խոր
ու
վերջնական
մխած
էին,
ու
խելքէն՝
որ
սասանումի
մատնած
էր
կուսակալութեան
բոլոր
ոսկեզօծ
իգացողները։