Բ.
Սպաննած
էր
Հայրը,
Պրուսայի
մօտ
նաւահանգիստի
մը
մէջ
համբաւի
հասած
հսկայական
ու
հին
օրէնքի
պէյ
մը,
որուն
պատմութիւնը,
քառսուն
տարի
առաջ,
այս
տողերուն
գրուելէն,
ընտանի
կեանքն
էր
հազարներու,
հիմա՝
հարիւրներու։
Սպաննած
էր
նորապսակ
իր
կինը,
երկուքը
մէկ,
նոյն
րոպէին,
նոյն
դանակով։
Ու
յիմար
էր
եղած,
իր
անձը
սպաննելու
գործն
ալ
վերապահելով
դահիճին։
Չէին
կախած
զինքը,
հակառակ
աշխարհասասան
ոճիրին
ու
հասարակաց
սպասումին,
վասնզի
արարքին
սարսափէն
աւելի՝
անիկա
վտանգուած
էր
իր
ելոյթովը
օրուան
վարչաձեւին
դէմ։
Գիտցողները
չհասկցան
այս
տնօրինութիւնը։
Սպաննուողին
եւ
կայսերական
պալատին
մէջ
զօրաւոր
կապերը
գաղտնիք
մը
չէին
քաղաքին
համար:
Անշուշտ
Մարգարէին
անհասելի
մէկ
միջամտութիւնը
պատճառ
էր
սա
ներողամտութեան
ու
ազատած
էր
տղուն
գլուխը,
զայն
թխմելով
սա
խոռոչը
ու
ժամանակին
յանձնելով
անոր
պատուհասումը։
Չէին
կախած։
Բայց
ահա
տարի
մը
վերջն
ալ
կենդանի
կը
մնար
անոր
շուրջը
այն
հետաքրքրութիւնը,
որ
արթնցած
էր
դատավարութեան
ընթացքին,
անոր
ծանրածանր
մեղադրանքներովը
տիրող
ռեժիմին
դէմ,
յայտնաբերած
բարքի
պատկերներով։
Վճիռը
–
հարիւր
մէկ
տարի
–
զինքը
ըրեր
էր
սաստկօրէն
տրտում
ու
օրերով
հիւանդ,
զառանցող։
Ի՞նչ
անկեղծութեամբ
անիկա
ափսոսաց
իր
միամտութեան,
անիծելով
իր
անխելքութիւնը,
որ
զինքը
առաջնորդած
էր
ինքնագնաց՝
ոստիկանատուն։
Ռոմանթիք
էր
անիկա,
կարդացած
ըլլալով
Համիտեան
ռեժիմին
թարգմանութիւնները
ֆրանսական
վէպերէն,
որոնց
մէջ
ոճիրն
ու
ասպետութիւնը
մէկ
գիծի
կու
գան։
Չեղաւ
ցուցամոլ,
վիժուկ
փորձեր
կատարելու,
որոնցմով
մահապարտները
իրենց
մահուան
ծարաւը
կը
կերպադրեն
ու
կը
բարձրանան
դէպի
արգահատանք։
Վճիռին
հաղորդումէն
յետոյ՝
շաբաթները
կապուեցան
շաբաթներուն,
բայց
աննկարագիր
լաթի
կտորներու
նման։
Ժամանա՜կը,
երբ
անտուն
է
այսպէս,
չորս
պատով
ծուղակուած։
Սպասումին
ատամները
քաշուեցան
քիչ-քիչ
անոր
ուղեղէն
ու
զայն
ձգեցին
տեւողութեան
ծովուն
մէջ,
անիմաստ
խլեակ։
Ու
գտաւ
անիկա
ժամանակը,
անհուն,
միօրինակ
դալկութիւն։
ԲԱՆ,
Անհուն
ու
նոյնահամ
տափակութիւն։
Անոր
զգայարանքները
հետզհետէ
ըրին
իրենց
անխուսափելի
վարժութիւնը,
պատշաճելու,
համար
այս
ընկղմումին
ու
մոռցան
շատ
բան,
մինչեւ
որ
անոր
մարմինը
վերածուեցաւ
սա
չէզոք
շնորհին :
Ոչինչ
այնքան
անիմաստ
է,
որքան
կեանքը
մահուան
գրիւէն
առաջ։
Որքան
տեւողութիւնը՝
որուն
ջուրերը
կը
թափին
մեր
փոսին
մէջ։
Չխղդուելու
համար,
սկզբնական
շատ
սուր
գարշանքէ
մը
ետք,
անիկա
մօտեցաւ
իր
ընկերներուն։
Վճիռէն
ետքն
ալ
անիկա
տակաւին
չէր
կրնար
հասկնալ
ինքզինքը,
բացատրել
մա՛նաւանդ
դատապարտութեան
ներքին
զսպանակը,
ի՜նք՝
որ
մահը
տալէն
ետքը,
զայն
առնելու
արարքին
գեղեցկութեան
էր
փաթթուած,
քանի
որ
իր
հոգին
ա՛լ
գոց
էր
մեր
աշխարհին։
Ու
անոր
տառապա՜նքը,
սա
հարիւր
եւ
միամեայ
արդարութի՜ւնը,
զոր
ալ
կը
տեսնէր
քիչ,
մութ
բանի
մը
պէս,
սկիզբ
ու
վերջ
չունեցող,
մա՛նաւանդ՝
յիմար։
Անոր
տառապա՜նքը՝
իր
օտարութիւնը
նետելու
իր
վրայէն,
սա
շրջապատին
մէջ,
որ
ոճիրին
բազմաստեղծ
ու
տարրալոյծ
մեքենականութիւնը,
բեռը,
լայնքը,
dimension
ները
կը
համադրէր
դէմքերու
տարբերակերպ
cadran
ին
վրայ,
մեղքին
կարմիր,
օձակերպ
սլաքը
շարժելով
ամէն
ուղղութեամբ,
հայուն
ու
թուրքին
սիրտերէն։
Ի՜նչ
քաշեց
անիկա՝
մինչեւ
որ
դադրէր
հեթանոսի,
առեղծուածի
իր
հովէն,
մարմնովը՝
ինչպէս
ուղեղովը
այլապէս
անծանօթ
իր
շուրջի
պարզ,
միակտուր
թանձրութիւններուն,
որոնք
ապահովաբար
իրենց
մօրը
արգանդէն
իսկ
գրուած
էին
իրենց
սա
նկուղին։
Այս
այլացումը
չէր
հպատակեր
անոր
հարստութեան,
որ
Պրուսայի
կուսակալութեան
մէջ
կը
մնար
առաջիններէն։
Իգաշնորհ
էֆէնտիներու
գրպանին
դրամը
այլապէս
տխուր
պատմութիւններ
կը
հիւսէր
բանտէն
ներս՝
ինչպէս
դուրսը։
Զայն
կը
պաշտպանէր
մա՛նաւանդ
դատավարութեան
ընթացքին
յանդուգն,
պերճ,
տիրական
իր
ելոյթը
իշխող
կարգերուն
դէմ,
արդարութիւն
անունին
տակ
գործադրուած
հսկայ
կատակերգութիւնը
տարազելով
ճիշդ
բառերով։
Արեւմտեան
քաղաքակրթութեան
ամէնէն
տխուր
այդ
բորը,
անոր
դատական
կազմակերպութիւնը,
թուրքերուն
մէջ
ի՜նչ
անլուր
ողբերգութիւն
է,
քանի
որ
խղճմտանքին
պեխերովն
է
ծանրաբեռն։
Թուրքերը
կը
դատեն՝
ինչպէս
կին
կառնեն։
Լուսաւորուա՞ծ,
–
ինչպէս
կը
կոչուէին
այս
դարուն
սկիզբը
թուրք
էֆէնտիները,
հեգնօրէն
ու
ատելագին
արհամարհանքի
մը
մէջ,
հազիւ
կապուելով
ցեղին
ախորժակներուն,
մարտական
իրենց
ելոյթներովը։
Չէր
կարելի
ճիշդ
տեսնել
անուաշարքը
անոր
ուղեղին,
քանի
որ
բռնապետութիւնը,
գրաքննութիւնը,
լրտեսութիւնը
կը
ճնշէին
մա՛նաւանդ
դպրոցներուն
վրայ,
կապարէ՛ն
ալ
խիստ։
Ու
տղաքը
կը
սորվէին,
բացի
ցեղային
մեծ
ուսումէն,
ինչ
որ
հաճոյ
էր
վեհապետին։
Լուսաւորուա՞ծ։
Ո՛վ
գիտէ։
Բայց
վեհափառ
գեղեցկութեամբ
մը,
ուր
բառն
ու
զգացումը
իրար
կը
լրացնէին,
անիկա
հօրը
մեղքերուն
մեծասփիւռ
ու
ահաւոր
մօրուտքէն
կամուրջ
էր
ձգած
դէպի
ամպածրար,
աստեղակուռ
դղեակը
մեղքերու
լերան,
վեհապետին
անմատոյց
ապականութեան,
որ
իր
հաճած
ձեւովը
արդարութիւն
կ՚արտօնէր
իր
երկիրներուն
վրայ
ու
կ՚անարգէր
իր
ցեղը՝
ինչպէս
իր
Աստուածը,
թեւ
ու
թիկունք
ըլլալով
աշխարհին
ամէնէն
գազան,
ամէնէն
անբարոյ
արարածներուն,
այնքան
անկարելի,
որքան
իրաւ՝
Արեւելեան
Կիսագունտին
մէջ,
բայց
առաւելապէս
թուրքերէ
բնակուած
հողամասերուն։
Մարդեր,
որոնք
տրեխով
ինկած
էին
Պոլիս,
ու
ձեռքի
փոխան՝
կնիքով
միայն
կրնային
ստորագրել,
բայց
անգլիական
լորտերու
վաղնջաւոր
վայելչութիւնը
եւ
արեւելեան
ցեղապետի
մը
իւրակերպ,
բարբարոս
գեղեցկութիւնը
հաշտ
ընելու
մէջ
կը
գտնէին
իրենց
իմաստը,
ջարդելով,
բռնաբարելով,
աղօթելով
ու
զրկելով
ցեղակիցն
ու
կեավուր
ը
հաւասար
պայծառութեամբ
մը։
Բայց
այդ
մարդերը,
Պոլսոյ
փոխան,
գաւառներու
մէջ։
Ձեզի
կը
ձգեմ
լրացնել
պատկերը։
Անվախ,
վասնզի
չունէր
կորսնցնելիք,
հարիւրներու
ներկայութեան
անիկա
անիծած
էր
այդ
մարդերուն
արարիչը,
«Աստուծոյ
անարժան
շուք»
վեհապետը,
կրօնական
սրբապղծութեան
առջեւն
ալ
աննահանջ,
անոր
անձին
մէջ
ընդունելով
գլուխը
մեծատարած
չարիքին,
որ
կ՚ուտէր
կայսրութիւնը
ու
կը
սպառնար
անոր
անդրագոյն
գոյութեան:
Խարաներ
էր
անիկա,
մարգարէաշունչ
պերճութեամբ,
այդ
վեհապետը
շրջապատող
սինլքորները,
աննամուս
ու
անաստուած
խայտառակները,
պէնտէկեանը,
որոնք
մեծաւորին
չներուած
զիջումները
կը
պատուաստէին
պարզ,
կոշտ,
դեռ
արիւն
հոտող
զանգւածի
մը
մտայնութեան,
մէկ
կողմէն
կրօնական
թանձր
ձեւապաշտութիւն
մը
իբր
յատակ
նետելով
անոր
մտքին,
միւս
կողմէն՝
բռնութիւնը,
վայելապաշտութիւնը,
հեշտանքը
լայնօրէն
բանալով
անոր
ծծումին,
իւրացումին։
Կինն
ու
կեավուրը
երկու
բեւեռները
եղան
այդ
բարոյական
բարեխառնութեան։
Անիկա
պատռել
էր
աշխատած
սեւ
վարագոյրը
սա
մղձաւանջին,
որուն
տակ
մարդ
տարրին
–
բաւական
մաքուր
էր
անիկա,
հաւտալու
համար
իր
վէպերուն
ու
անոնց
կառոյց
աշխարհին
–
արժանիքը,
արժանապատուութիւնը
ձիւթի
նման
պարտաւոր
են
հալելու։
Ու
պատգամած՝
մերձաւոր,
անճողոպրելի
կատարածը,
որ
արդարութիւնը
ուրացող
ամէն
հաւաքականութեան
գիրն
էր
ճակտին
ուշ
ու
կանուխ։
Թուրքերը
նոր
չէ,
որ
արդար
գիտեն
իրենք
զիրենք։
Անոնց
պատմութիւնը
արդարութեան
անունով
գործուած
հսկայ
ոճրապատում
մըն
է։
Այս
մտայնութիւնը
ա՛լ
մասն
է
անբաժան
անոնց
հոգեբանութեան։
Հայրենասէ՞ր։
–
Ամէն
թուրք
ատիկա
է,
մօրը
փորին
մէջն
իսկ։
Ու
կը
տարբերի
Արեւմուտքէն
այդ
սիրոյն
մէջ
իր
հասած
խորութեամբ։ ...
Ու
դաշնաւոր,
գեղեցիկ,
պոլսական
շէյվէ
ով
կրկնապէս
տպաւորիչ
իր
լեզուովը
դատարանին
շշմած
սարսափին
մէջ
անիկա
արտասանած
էր
Նամըգ
Քեմալի
հսկայ
մէկ
պարսաւը
կայսեր
անձին
դէմ,
պերճ
իր
հռետորութեան
մէջ
անդիմադրելի
այդ
քերթուածը
հանելով
հեքիաթունակ
իմաստի։
Դատարանը
ականջները
խցեր
էր
մատներով,
չպղծուելու
համար
ամբարիշտ
բանադրանքով
ու
կարկամեցուց
անոր
լեզուն,
միաձայնութեամբ
զայն
դատապարտելով
կախաղանի։
Դուք
գիտեք,
թե
ինչի
փոխեց
Պոլիսը
այդ
արդար
դատավճիռը։
Այս
դրուագը
զայն
սրբացուց
բանտի
դժբախտ
հանրապետութեան
մէջ,
որ
յանդգնութիւնը
կը
սիրէ
ամէնէն
շատ՝
անկէ
զրկուած
մնալուն։