Է.
Հօրը
պալատէն,
ուր
պոլսական
ծագումով
շատ
նրբենի,
շատ
առաքինի
ու
շատ
դժբախտ
անոր
մայրը,
տարիներով,
մահուան
էր
պապակած,
բայց
փախած
անկէ`
միայն
ու
միայն
զաւկին
սիրուն,
եւ
ուր,
ինքը,
Սիւլէյման
փաշան
(անոր
հայրը
երեք
տարեկանին
արդէն
փաչա
էր
ըրած
զինքը),
մատղշուկ
տղեկ,
վեցէն
նոր
անցած,
իր
մինինիկ
ափերուն
մէջ
առեր
էր
լացը,
անհաս
մայրութիւնը,
գուցէ
անչափելի
կուսութիւնը,
մենութիւնը,
սրբութիւնը
իր
մօ՜ր
–
ամբողջ
աղապատանք,
ամբողջ
զգուշութիւն,
փրկելու
համար
անօրէն
հօրը
գարշապարէն
ինչ
որ
մայրերը
միայն
կը
չափեն
իր
ճիշդ
արժէքով
–
ըսի՞,
թէ
յետոյ
պիտի
հասկնաք
պատահարը
–
։
Հօրը
տունէն,
ուր
անոր
քիչ-քիչ
հատուկ
մանկութիւնը
տեսեր
էր
անհաւատալի՝
ինչպէս
անպատմելի
բաներ,
քալելով
մեղքին
ու
գարշութեան
վտակին
մէջէն,
շատ
մօտէն
ծռած,
հսկուելով
միայն
ու
միայն
մօրկանը
տկար
բազուկներէն,
անիկա
Պրուսայի
դպրոցը
տարած
էր
նրբահիւս,
արթուն,
բիւրափորձ
իր
ջիղերուն
դժբախտ
սարուածը,
ցաւին,
արցունքին,
անսփոփ
թախիծին
հետ
ամրաքանդակ
շաղախուած,
բայց
տարօրէն
քաղցրահայեաց
իր
պատանութիւնը,
փախուստին
տենդը
վրան
ու
մօրը
երազէն
ամպհովանուած։
Ի՜նչ
դժնդակ
է
պատանիին
մուտքը
կեանքին
մեծ
դուռնէն։
Նստիլը,
խօսիլը,
քալելը,
նայիլը
անոր
համար,
հեռու՝
անգիտակից,
անդրադարձային
գործողութիւններ
ըլլալէ
(կեանքը
շատ
քիչ
անգամ
ուրիշ
բան
է
այդ
շրջաններուն),
ծանրաբեռն
յարդարանքներ
էին
հոգեկան
արեւելումի։
Այսպէս
է,
որ
տղաքը
կ՚ընդունին
առաջին
ճեղքերը
իրենց
ներքին
կոթողին
վրայ։
–
Տղա՞յ։
Չեղաւ
անիկա,
նման
տարեկիցներու,
անփոյթ
խաղացող,
կրակոտ
ու
կատաղի,
բնութեան
ուժերուն
հարուածին
ձգուած,
իր
շէնքը
հանելով
ոտքի,
քարէն
ու
հողէն,
աղքատներու
մօտ
սրբազան
տարազ։
Չեղաւ
անիկա
այն
միւս
երեւոյթն
ալ,
վայրագ,
ամբարհաւաճ,
անգութ
ու
բռնակալ,
պէյ
եւ
հարուստի
տուրքերու
նուէր,
որ
դրամով
ու
շքեղանքով
սիրտերը
կը
տապալէ։
Դիտած
ունի՞ք
բոպիկ
լաճի
մը
ապշահար
տառապանքը
նժոյգը
ասպանդակող
տղու
մը
ետեւէն։
…
Ո՜րբ։
Չէր
անշուշտ
անիկա,
գլխուն
զարնուած
ու
հոգիին
սիւնէն
կոտրած
խլեակը,
զոր
չի
փրկեր
ոսկին
կամ
փառքը։
Բայց
եօթը
հեղ
աւելի
դժբախտ
էր
անիկա,
քան
վաւերական
որբը,
որ
կեանքին
հետ
իր
դաշինքը
կը
կռէ
մահուան
մը
սալին
վրայ
ու
այդքան
մատաղ
ծալքը
կը
հագնի
այդ
անոպայ,
անողոք
մրճահարումին։
Ի՞նչ,
ուրեմն,
սա
պատանին,
որուն
հօրը
պալատին,
կառքով
կու
գային
պտուղները,
ոսկեդրուագ
համազգեստով
փքուած
կառապաններէ
քշուած։
Որուն
մայրը
եւ
«քոյրը»
(այդ
էր
անունը
աղջկան
մը,
որ
բազմած
կ՚ըլլար
վեց
ձիերէ
քաշուած
ոսկեդրուագ
լանտոնա
յին
խորը)
քանի
մը
ամիսը
անգամ
մը
կ՚երեւային
դպրոցին
ընդարձակ
բակին
մէջ,
անհուն
խռովք
ու
տրտմութիւն
բերելով
իրենց
ետեւէն։
–
Պիտի
գիտնաք
քիչ-քիչ
ատիկա
ալ։
Վէպը
դժբախտ
է
միշտ,
քանի
որ
կեանքին
յորդութեան
հետ
այնքան
խոտոր
կը
Համեմատին
իր
էջերը։
Այդ
այցելութեանց
գիշերները
անիկա
ջախջախուած
կը
զգար
ինքզինքը
աւելի
քան
ամէնէն
զրկուած
որբերը
իր
դպրոցին։
Կոշտն
ալ,
նրբինն
ալ
նախանձելի
էին
իրենց
լքումին
մէջ
իսկ,
անգիտակ
ցութեամբ
մը
լայնօրէն
զրահած
իրենց
անհասանելի
անձերը
կեանքին
մեծ
իրադարձութեանց.
չզարմացող՝
թոյլ
ու
անբան
պէյզատէներու
կամ
էֆէնտիներու
փառքէն
ու
նազանքէն։
Աղքատ
տղոց
կեցուածքը
դպրոցի
մը
մէջ,
ուր
միջինը
կը
յօրինուի
դրամի
պայազատներէն,
ունի
այս
հակահարուածները
ու
մռայլ
բանի
մը
կը
վերածուի,
մա՛նաւանդ
այցելութեանց
պատկերին
առջեւ,
երբ
իրար
համբուրող
ընտանիքին
վերեւ,
քիչ
ատեն
պշուցեալ
գամուած
տղեկը
անդիմադրելի
թաթով
մը
կը
հրուի
ետ,
հեռու
տունը,
անոր
մէկ
մահաբոյր
սենեակը
ու
կը
տեսնէ
մահուան
մեծ
ապտակը
հօրը
կամ
մօրը
վիզին…։
Այդ
տղա՜քը:
Անոնք
պիտի
ընդառաջեն
կեանքին
սկզբնածագ
հարուածները
ու
պիտի
յաղթեն
տառապանքին,
անոր
ցանցերը
բերող
ջիղերը
արմատակի
քանդելով
իրենց
միսերէն։
Կրնայ
պատահիլ,
որ
տկարանան,
գօս
գտնեն
իրենց
հոգին,
մա՛նաւանդ
պատանութեան
երաշտներուն,
երբ
կեանքը
իր
նոր
ակօսներէն
կը
բռնանայ
մեր
ջղային
կեդրոններուն
վրայ
ու
մեզ
կը
հարկադրէ
կեցուածք
առնելու:
Տարօրէն
փորձանուտ
շրջան,
որ
բարեբախտաբար
կը
տեւէ
կարճ։
Վտանգի
գօտին
հեղ
մը
ետ
ձգուած,
տղան
կ՚արձակուի
կրկին,
ահաւոր
ախորժակով
մը
դէպի
յաղթահարումը
կեանքին…։
Աղկաղկ
ու
կրաւոր
տղոց
երամին
մէջ
այս
ուժգին
ու
նախայարձակ
նմոյշները
Սիւլէյման
էֆէնտին
կ՚ընէին
տխուր
ու
երազկոտ։
Ու
կը
խորհէր,
գիտակցուած
կարօտով
մը՝
վաւերական
որբերուն,
իրենց
պալատին
սպասարկող
մարդոց
զաւակներ,
որոնք
իրենց
ձողէ
ձին
խաղցուցած
ատեն
կանգ
կ՚առնէին
իր
անցքին,
ոսկեսանձ
նժոյգի
թամբին,
երբ
կը
պտըտէր
իր
պարտէզները…
Իր
պալատէն
իրեն
բաժին
հանուած
ամէնէն
շատ,
դառն
իր
ինքնակրծո՜ւմը։
Զոր
փոխադրած
էր
անիկա
(քանի
որ
ամէն
տղայ
բան
մը
կը
բերէր)
վարժարանը,
թունաւո՜ր՝
պատերէն
մինչեւ
մելանոտ
տախտակները,
տեսուչներէն
մինչեւ
տնտես
–
դռնապանները,
որոնք
կային,
բայց
իրենց
համար։
Բացի
ընթացիկ
զրկանքներէն,
որոնք
գիշերօթիկ
ուսումը
աշխարհի
ամէնէն
մութ,
անբարոյ
բանը
կ՚ընեն
մեր
այդ
տարիքին
(որ
ամէնէն
աւելի
կարիքն
ունի
խոր,
յորդ
գուրգուրանքի,
ազատ
ու
անշահախնդիր
մենութեան
եւ
ուրիշ
բազմազան
զգայութեանց
հանդէսի
մը,
շատ
մը
կեդրոններէ
բողբոջ
առնող
կենսաւիշը
օգտաւորող),
անիկա,
մեծ
պատերու
սա
բանտին
մէջ,
վրայ
էր
տուած
իր
փրկարար
դեղթափը,
–
պատեհութիւնը
մենանալ
կարենալու։
Պատանին
կը
հանգչի
այն
ատեն,
երբ
կ՚առանձնանայ։
Այս
պարագան
զայն
մանուկէն
տարբերող
մեծ
մասնաւորութիւնն
է։
Մանուկը
կը
յոգնի
առանձնութենէ։
Տարեցին
մէջ
անիկա
կը
նկատուի
հիւանդութիւն։
Չորս
պատերու
սա
բռնակալութիւնը
կը
ճնշէր
անոր
ջիղերուն,
մա՛նաւանդ
յիշատակներու
պողոտաներէն։
Իր
գարշանքը,
ինքնաբերաբար,
զինքը
կը
մղէր
դէպի
հօրենական
տունը,
զգայութիւններու
շատ
յստակ
հանգիտութեամբ
մը։
Ճաշարանները
սրբող
կին
մը
պատճառ
էր
այս
նահանջներուն։
Միսի
տեղ
կաշի
միայն
կրող
այդ
սպասուհին,
մազերը
դրած
իր
լաչակին
ծոցը՝
կը
նայէր
տղոց,
տրտում
հայեացքով
ու
այս
պատկերին
ետեւէն
Սիւլէյման
էֆէնտին
կ՚ըլլար
իրենց
պալատը,
երբ
իր
մայրը
կը
սկսէր
դեղնիլ
ու
թարթիչները
կը
հիւսէր,
սեւած
իր
ակնակապիճներուն
մէջ,
ծրարուող,
պատանքուող
լի
հոգիի
մը
նման,
ռունգերուն
նուրբ
թերթիկները
մեղմակի
հանելով
թրթիռի…։
Ասիկա
սկիզբն
էր
մօրը
տագնապին,
բժշկական
բառով
մը՝
նոպային։
Անկարող
հանդիսատես,
որդին,
խնայելու
համար
իր
արցունքին
պատկերը
շրջապատին՝
կը
փախչէր
ծովափ,
անկէ
աստիճան
աստիճան
բարձրացող
պարտէզները,
որոնք
իրարու
հիւսուելով
կը
ստեղծէին
ձիթենիի
հոյակապ
անտառները,
իրենց
փիլիսոփայ
ծառերով
եւ
քահանայի
բազկին
նման
քաղցրերեր
ոստերով,
խաղաղութեան
եւ
բարութեան
սրտառուչ
քարոզ
մը
եղանակող,
լսել
կրցողին
խոնաւ
ու
աղուոր.
նոյն
ատեն
մեռնող
աշնան
արեւ
մը
անոնց
ստորոտի
աղցաններուն
մէջ
ոսկի
կաթիլները
կը
զետեղէր
կամ
ծովն
ի
վար
վէտ
ի
վէտ,
ոսկեգիծ,
լազուարթ
չղարշներ
կը
փռէր։
Շաբաթական
պտոյտներու
ընթացքին,
որոնք
Պրուսայի
դաշտին
նկարագեղ
զառիթափերը
ունեին
նախասիրուած
տեղ,
անիկա,
ստիպողաբար
կը
դառնար
հիւսիս,
լեռնաշղթային
կիսակոր
գիծին,
որուն
ետեւ
Մարմարայի
մէկ
բազուկը
կը
բարակնար
դէպի
Կէմլէյիկի
նաւահանգիստը…։
Այդ
շղթային
դէպի
ծոց
նայող
երեսէն
մէկ-մէկ
կը
ցածնային
բլուրները,
հասնելու
համար
մինչեւ
իրենց
պալատը,
բլուրներ,
ընտանի
կամ
վայրի,
իրենց
արու
կամ
էգ
հոգեկանութեամբ,
դասերովը,
յուշերովը,
համաձայն
յուզումներու,
որոնք
տեղ
մը
կամ
պահ
մը
մեր
մտքին
մէջ
անջինջ
կը
գամեն։
…
Ու
թթենիի
ածուները,
համաչափ
ու
պչրոտ,
բանակ
մը
աղջիկ
ու
բանակ
մը
տղայ
դէմ
դէմի,
մազ
մազի,
թեւերնին
իրարու
երկարած,
իրար
սեղմելով
…։
Ու
ծովափունքի
սէզերն
ու
խարակները,
միս–մինակ
հովին
ու
աղին
դէմ,
յամառ,
խելօք,
մշտակայ,
որոնք
օդը
կը
ծակծկեն
կամ
հողն
ի
վեր
կը
խոժոռին,
բարկացած
ու
բարբարոս։
Դաշտավայրը
մասն
է
մեր
հոգիին,
ու
մենք
մինակ
շինուած
չենք
մեր
հողերէն,
այլ՝
անոնց
վրայ
հոլովուող,
սառած
կամ
թեւավոր
կեանքէն։ ...
Ո՜վ
պիտի
կրնար
սպառել
խորունկ
գեղեցկութիւնը
իր
տղու
զգայութիւններուն…։
Այդ
է
պատճառը
թերեւս,
որ
գեղացի
տղան
ատէ
ուսումը,
այսինքն՝
այդ
յղացքին
ետին
թաքնուած
քաղաքը,
այսինքն՝
պատերու,
նեղ
փողոցներու,
կղմինտրի
եւ
աղիւսի
կայսրութիւնը։
Դպրոցի՞ն
մէջ։
–
Անիկա
գրեթէ
կը
խղդուէր
ոսկեզօծ
ու
չնչին
այն
պատանիներով,
որոնք
վարչական
դիւաններու
պաշտօնեաներ
ու
քարտուղարներ
պիտի
հայթայթեն,
եւ
որոնց
նուիրական
մտահոգութիւնը
կը
կազմէին
դպրոցական
սեղաններէ,
յայտ
ու
անյայտ
միջոցներով,
վաստակուած
վարկերը,
այնքան
թանկագին
իրենց
ապագայ
մէմուրիէթ
ներուն
ի
հաշիւ։
Տղա՜
ք,
կանգ
չառնող
ոչ
մէկ
նուաստացման
առջեւ,
բարի
խօսք
մը,
խոստում
մը,
ակնարկ
մը
իբր
պահեստ
ունենալու,
սկսող
իրենց
ասպարէզին
մէջ
բարեդէպօրէն
գործածուելու
համար։
Անոնք,
իրենց
դասերուն
չափ
ու
աւելի՝
ուժ
կու
տային
վարչական
կեղծիքին,
այդքան
մատաղ
ու
կերպընկալ
իրենց
միտքերը
յարդարելով
սա
նպատակներուն։
Ու
անոր
աչքին,
ահաւոր
մերկութեամբ,
ապականութեան
ընդարձակ
հեղեղ
մը,
որ
կեռեւեփէր
քարուկիր
այդ
պատերուն
հնձաններուն
մէջ,
եւ
ուր,
հեղգ
ու
պղերգ,
կը
լողային
այդ
տղաքը
գարշ
կիրքերու
ուռկաններէն
առնուած,
ներկայ
ու
ապագայ
վայելքներէն
զատ
չմտածելով
ոչինչի։
Տղայէ
տղայ
կապեր,
բայց
առանց
թնճուկի,
ամօթին
աղէն
բոլորովին
զուրկ,
տեսակ
մը
ոսկի
հանգոյց,
էրիկ–կնիկի
շրջագիծերով,
խնամուած,
հաւանուած,
հաստատուած
լռին
գնահատմամբը
շրջապատին,
ա՛յնքան՝
որ
բառերը
կորսնցուցած
էին
ամօթի
իրենց
երանգը,
հայհոյութեան
ու
հում
ցոփութեան
տխրալուր
խառնուրդ,
երբ
դասերու
լուրջ
խօսակցութիւնը
երկար
էր
քիչ
մը։
Անոնք
իրենց
ձանձրոյթը
կը
փարատէին
այդ
սրամտութիւններով,
թուրք
լեզուին
մէջ
այնքան
առատ,
գետին
ունենալով
ծննդական
գործարանները։
Սեռային
հարցին
հանդէպ
սա
արձակութիւնը,
ընտանութիւնը,
մշտական
անոնց
տուած
զբաղումէն
զատ,
այդ
տարիքին
իսկ
անասնութիւնը
կը
սրցնէին
անոնց։
Ու
վա՜յ
զրկուածներուն։
Այսինքն՝
դէմքով
աղքատներուն,
որոնք
ենթարկուած
էին
եղերական
լքումի։
Ատկէ
վեր
մեծերու,
պաշտօնեաներու
շրջանակին,
նոյն
երանաւէտ
մոլուցքը,
կատաղութեան
մէջ
կուրցած,
հազիւ
պարտկելով
դիրքերուն
հարկադրած
զգուշաւորութիւնը։
Ու
ամէնէն
տխուրը,
այդ
մեծերը
նորէն,
բազմապիտակ
անուններու
տակ,
հրուա՛ծ՝
իրենց
կռնակներէն,
դէպի
դասարանները։
Ոչ՝
թշուառական,
եղկելի
արարածը
մեզի
այնքան
քաջածանօթ
մեր
հրապարակէն,
զոր
սպաննած
ենք
մինչեւ
եօթը
պորտը,
անօթութեան
մշտատեւ
ուրուական
մը
առագաստելով
դեպի
տունը,
տունէն՝
ոսկորներուն
բաւիղները
մինչեւ։
Թուրք
վարժապետը,
երկրորդական
վարժարաններու
համար
պատրաստուածը,
այլապէս
ինքնատիպ
արարած
մըն
էր,
նոր
մտած՝
պետական
պաշտօնէութեան
ապահով
խորխին
մէջ
ու
չհաւատալով
իր
բախտին,
բայց
խորապէս
հաւատարիմ
այն
ճամբուն,
ուրկէ
քալեր
էր
իր
պատանութիւնը։
Եւրոպան,
այսինքն՝
անոր
կեղեւին
հետ
շփում
մը
զզուելի
կ՚ընէ
այս
խառնածին
արարածը
ու
կը
մթերէ
անոր
վրայ
անգայտացած
իսկութիւնները
իր
մոլութիւններուն։
Մեղքերը
արիւնային
գօտիի
բոյսեր
են,
ու
հոգեբանական
աշխարհագրութիւն
մը
անհեթեթ
վարկած
մը
չէ,
երբ
փորձ
ըլլայ
Արեւելքի
մեղքերու
դրութիւնները
բացատրել
հոգեկան
գօտիներով։
Եւրոպան
իր
բորբոսը,
թարախը,
կեղերը
կու
տայ
Արեւելքին։
Ո՞ր
հրաշքը,
եթէ
ոչ՝
արիւնային,
առհաւական
սա
նախասահմանումն
է,
որ
կ՚ընէ
զայն,
այդ
j՚ai,
tu
as,
il
a
խոնարհող
բերանը
սուտի
եւ
կեղծիքի
բագին,
խոստումի
ու
շողոմի
յիշատակարան։
Գաճակերտ
այդ
կառոյցին
վրայ
աւելցուցէք
նաեւ
նախատարերքը
ցեղին,
ուրիշները
աշխատցնող
ու
արդիւնքը
ինք
վայելող
զգայական
մակաբուծութեան
վրայ
հոգեկան
ալ
մակաբուծութիւնը
ու
դուք
կ՚ունենաք
մարդը,
որ
դաս
տալու
տեղ,
պիտի
խաբէ,
այսինքն՝
պիտի
շփացնէ։
Պրուսայի
ազգային
վարժարանին
մէջ
երկու
տարուան
ընթացքին
ես
տեսայ
չորս-հինգ
հատ
անոնցմէ։
Չեմ
ծանրանար
անոնց
բարոյական
թերութիւններուն։
Կը
շեշտեմ
անոնց
դասը,
այսինքն՝
զայն
տալու
ինքնատիպ
կերպերը։
Որը
կը
յօրանջէր։
Ու
գէր
էր
անիկա։
Որը
կը
քնանար
խօսքին
հեղեղին
մէջն
իսկ,
պակսելով
իր
ըսածներէն
ու
ձգելով
բառերը,
յանձն
չառնելով
նեղուիլ
զանոնք
իմաստի
մը
կապելու
ճիգով։
Ան
միւսը
կը
գնահատէր
ծուլութիւնը,
անփութութիւնը,
նախ՝
իր
վրայէն,
յետոյ՝
տղոց
խողովակէն։
Ու
կը
բոլորուէր
տարին,
առանց
որ
ըլլայինք
աւելցած։
Ու
աւելի
վերջը
ես
եղայ
պաշտօնակից,
հայ
հաստատութեանց
մէջ,
մարդերու,
որոնք
մեծ
հովով
գիրքերը
տունէն
դասարան
կը
կրէին
պայուսակ-պայուսակ,
տղոց
ցոյց
տալէ
ետքը
ետ
տանելու
համար,
շատ
անգամ,
էջերն
իսկ
կտրելու
չափ
զբաղած
չըլլալով։
Ու
տխուրը
հո՛ն
էր,
որ,
աննշան
քանի
մը
բացառութիւններէ
զատ,
այդ
ուսուցիչները
հայեր
էին,
ֆորմա
ներով
դաս
թարգմանող
չգիտցուած
լեզուէ
մը,
անցնելու
համար...
հեղինակ։
Որոնք,
սորվեցնելու
համար
թափուելիք
վաստակը՝
պիտի
փոխարինեն
թրքական
ձեւապաշտութեամբ
եւ
ընդոծին
շողոմով,
ու
ստորնանան
պիտի,
տղոց
թերութիւնները
շահագործելու
անպատիժ
–
որովհետեւ
անփաստելի
–
հերոսութեան։
Որոնք
տարիներով
պաշտօն
վարեն
պիտի,
դիւանագիտական
նրբութիւններով
եւ
պիտի
ստանձնեն
դասեր,
որոնց
մօտէն
չեն
անցած։
Մէկը,
պետական
վարժարանէ
մը
վկայեալ,
հայերէ՜ն
կու
տար
ու
զենուլ
ը
կը
գրէր
է
-ով։
Չեմ
տարածեր
այս
անկումը
ամբողջ
դասակարգին,
ուր
կրնային
մարդեր
կենալ։
Ու
կային
ալ։
Բայց,
միւս
կողմէն,
ճիշդ
է
դարձեալ
մետալին
միւս
երեսը։
Համեստ
առաքինութիւնները
վնասակար
են
ասպարէզին
համար,
վասնզի
իրենք
իրենց
փուշ-պսակի
կը
վերածուին։
Այդ
կարողութիւնները,
արդիւնք՝
ծանր
վաստակի
ու
մեծ
տուրքերու,
պիտի
փտին,
խարսխուած
իրենց
աթոռին,
անկարող
կարօտով
մը
աչք
երկարած
դէպի
զառիվերը,
ուրկէ
անցեր
էին
դէպի
գագաթ
իրենց
ամէնէն
ապիկար
ու
անարժան
աշակերտները։
Տխուր
է
անշուշտ
կոխկռտուիլը։
Բայց
աւելի
տխուր՝
երբ
ոտքը
իշունն
է,
անասունինն
է։
Բայց
պետք
է
ձգել
այդ
մարդերը
ու
դիտել
տալ,
որ
աշխատանքն
ու
պարկեշտութիւնը,
կարողութիւնն
ու
հաւատքը
ստորնացած
էին
այսքան
չարաչար,
որպէսզի
անոնց
աշկերտները
սորվէին
այդ
անգթութեամբ
գինը
կտրել
կեանքին։
Ու
այդ
կեանքին
գերագոյն
պահանջը՝
ըլլալ
հնազանդ,
յաջողելու
համար։
Ու
ատիկա
ամէն
գնով։
Այս
էր
պատգամը՝
վեհապետէն
մինչեւ
տնտեսը։