Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԳ.

 

Նուրբ, իրաւ, արու, բարեկիրթ էֆէնտի մը։

Տխրաբոյր ու տարօրէն բարի, իր տարիքին հակասող խորութեամբ։ Ու լրջութեամբ մը, որ աչքի զարկաւ ու տպաւորեց սուտակասպաս շքահոյլը աւագորեարին։ Մարդիկ իր հօրմէն ամօթը կարծեցին ճանչնալ սա վերապահ բեկումին մէջ ու եղան կարեկցուն։ Պատմական ուսումներէ իր բացառիկ ընդունակութիւնը զինքը արժանացուց համախումբ ծափերու։ Կուսակալը յիշեց անոր ջանասիրութիւնը եւ «սիրելի վեհապետին» արժանաւոր ծառայականութեան մը պահանջները լրացնող անոր ուսումը, զոր կը պարտէր անշուշտ «աննման, անստգիւտ», «ուսման եւ քաղաքականութեան վերջին գագաթը ներկայացնող» փատիշահին...

Նոյն օրն իսկ կը մեկնէր, մինակ, դէպի իրենց պալատը։

Ուրախ էր անիկա սա առանձնութեան համար։ Գիշերօթիկ տղոց հայրերը, մայրերը, քիչիկ մը մօտիկ ազգականները հանդէսէն յետոյ սրտագին կը համբուրէին իրենց էֆէնտիները եւ փախաւ անիկա արագ, այդ տեսարանէն։ Առտուն իր գոյքերը սնտուկով ղրկած էր խան մը, պատուիրելով կառապանին հոն սպասել իրեն։

Անցաւ պալատին (կուսակալական) առջեւէն, առանց չորս դին նայելու ու առաւ խճուղին, որ ուղղաձիգ կը գծուի դէպի Հիւսիս։ Երբ բարձրացաւ հօրը կառքը ու թաղուեցաւ այն անկիւնը, ուր սովոր էր ունենալ մայրը, փղձկեցաւ անիկա։ Մօրը մահը նո՜ր կը յուզէր զինքը։ Առտուն, անիկա կառքը պարապ գտնելով՝ չէր հարցուցած հօրը բացակայութեան պատճառը։ Ու կառապանը, քաջածանօթ այդ պալատին մասնակի հանգամանքներուն, զգուշացեր էր անոր բացուելէ։

Կառքը կը քալէր։ Ուղիղ ճամբու երկու եզրերուն պալատաձեւ բնակարաններ, բոլորին ալ պատուհանները ամրավանդակ։ Գեղեցիկ շէնքերու այդ շարանը կը կտրտուէր համեստ ու հարիւրամեայ, ցածկեկ խշտիներու կէսերով, որոնք կը պահէին իրենց հնօրեայ նկարագիրը, հակառակ թաղապետութեան սպառնալիքին։ Այդ խշտիներուն տէրերը անշուշտ կայսերական պալատին մէկ ազդեցութիւնը ունէին իրենց կռնակին, այդպէս դիմադրելու համար կառավարական որոշումներու։ Երբեմն մզկիթի մը կամարը կը նստէր, խոնարհ, բարձր, բազմայարկ բնակարաններուն մէջ խղդուած, բայց պահելով իր պարոյրը։ Հետզհետէ շուկան նուազեցաւ։ Սօսիներ։ Բացօթեայ սրճարաններ։ Ու մեծ գերեզմանատունը, զոր կը ճեղքէր ուղին մէջտեղէն մեծ կուսակալի մը քաջագործ ձեռնարկ խաղախորդարանի բոյներ։ Բրդանոցներ։ Թթենիի պարտէզներ։ Ճամբան կը մտնէր Պրուսայի համբաւաւոր դաշտը։

Անիկա կեցուց կառքը։

Իջաւ հնօրեայ սօսիին տակ կայլակող աղբիւրին, ուրկէ, ըստ աւանդութեան, ջուր էր խմած բերդաքաղաքի Պրուսայի բիւզանդական պարիսպները իբր բեկոր կը պառկին հին քաղաքին շրջապատովը պարման իշխանուհին, երբ հրապուրուած սուլթանի մը աչքերէն, կը ձգէր բերդը, փախչելու համար երիտասարդ քաջորդիին ետեւէն։ Պատմութիւնը յաճախանքն է անոնց, որ ներկայէն կը տառապին։

Նկարագեղ տեսարանին խորքը, սօսիին երկիւղած սօսափին մէջէն բուսած էր անշուշտ պատկերը այդ իշխանուհիին, զոր անոր պատանութիւնը ըրեր էր տարօրէն հրապուրիչ իբրեւ հեքիաթ, զոր կը կարդար իր առանձնութեան մէջ։ Ու չէր անդրադառնար, որ սա դրուագը, հաւանաբար այդ դարերուն այնքան ընթացիկ առեւանգումը կամ բռնաբարումը ոսկեզօծ հեքիաթ մըն էր։ Անոր հոգին քսանամենի ու քիչիկ մը աւելի երիտասարդ, ջերմացաւ անոնց հուրքովը անծանօթ սարսուռէն։ Որքան պիտի ուզէր ունենալ թուրք իշխանին ձին, անոր քամակին այդ Նունուֆարի պէս գեղեցիկ կինը ու սլանա՜լ

Դարձաւ քաղաքին։ Որ կը պառկէր մեծափառ ու ձիւնազգեստ լերան ոտքին։ Տուները՝ ա՛լ կորսնցուցած իրենց նկարագիրները։ Ու ատոնց խաժամուժին մէջէն մինարէները, պահող՝ երկինքը նիզակելու իրենց կեցուածքը։ Սուիններու այսքան առատ թիւ մը մէկէն տխրեցո՞ւց զինքը, թէ յիշեց կեանքը, որ այդ զանգուածէն ներս պիտի շարունակէր իր աղտերը, ատելութիւնները, սնոտիքը։ Իշխանուհինե՞ր։ Կը փնտռէ՞ր, թէ կը փախչէր անոնցմէ։

Հեռուէն թեթեւ փոշի մը։ Ուրկէ վերջ ձիերու, բաց կաթնաթոյր ձիերու լծուած սեւ լանտօ մը։ Ամէն ճամբորդ անծանօթ մըն է եւ ունի ասոր ձգողութիւնը։ Սիւլէյման էֆէնտին մոռցաւ իր կառքը։

Լանտոն մօտեցաւ, հանդարտ ու վեհափառ։ Ու կեցաւ ջուրին մօտիկ։

Կին մը, կիսալաչակ, հանեց գլուխը դռնակին պատուհանիկէն։ Դոնդողցած կաթ ըլլար, որուն վրայ աստուածային ածուխ մը յօնք ու աչքի պարոյր միայն ըլլար ձեւած ու այդքան։ Այդ աղեղներուն կտրուածքը կը շեշտէր պայծառութիւնը անոր ճակտին։ Տեսա՞ւ անիկա սպասող երիտասարդին մտազբաղ, հեռազգած խռովքը, թէ կարմրեցաւ, թեթեւ ժպիտէն, ինչպէս է ընել սովորութիւնը երբեմն կիներուն։ Տարի՞ք։ Դի՞րք։ Կի՞ն։ Աղջի՞կ։ Նամէհրամը [1] թուրք կինը կ՚ընէ անճանաչելի։ Կառքէն ցատկեց սեւ երիտասարդ մը։ Լեցուց շողշողուն գաւաթը ջուրէն ու սպառնացայտ նայուածքով մը դէպի Սիւլէյման էֆէնտին՝ երկարեց զայն տիկինին։

Կառքին շքեղութիւնը, ձիերու անսովոր գեղեցկութիւնը, լաչակին ճաշակը, բայց մա՛նաւանդ դէմքին բաց մասէն բխող խռովքը հազուադէպ բաներ էին։ Անիկա չունէր մտքին մէջ կտոր մը երես, որմէ այդքան խորունկ յուզում անցած ըլլար իրեն։ Աւելի՛ն. պաշտօնական՝ կառապանին համազգեստը։

Անիկա հազիւ ամփոփեց մտածելու իր կարողութիւնը ու կրցաւ մտովի հարցնել.

- Իշխանուհի՞ մը։

Ո՜վ գիտէր։

Յիշեց, յանկարծ, քաղաք ջերմուկի իջած, Պոլսէն, արքունի պալատէն՝ տիկիններուն գոյութիւնը։ Ու վախցաւ, անակնկալօրէն դողալով։ Անոր մտքին այցելած էր նոր օրերու հեքիաթը, որուն համեմատ, այդ լանտոներու մէջէն կիներ, իշխանուհիներ, իրենց համակրանքը արթնցնող տղաքը կ՚առնէին դէպի իրենց պալատը, ուր այդ տարաբախտ տղաքը կը քաւէին իրենց ստեղծած հրապոյրը, իշխանուհիներուն ծոցէն դէպի նկուղ առաջնորդուելով ու խեղդամահ կորսուելով, գիշերուան վայելքին փոխարէն։

Դռնակը փակուեցաւ։ Մեղմ ու անծանօթ անուշահոտութիւն մը դպաւ ու անցաւ Սիւլէյման էֆէնտիին, երբ կառքը քալեց դէպի առաջ։ Իշխանուհին չէր նայած ետին։

Օրը մօտ էր իր վախճանին։

Հազարումէկ յոյզերէ, միտքերէ, փափաքներէ ու վախերէ փոխն ի փոխ այցուած՝ երիտասարդը գրեթէ լալով ելաւ իր կառքը ու հրամայեց կառապանին քշել արագ ու երգել տխուր մեղեդի մը, որուն հանդէպ անիկա եղեր էր տկար։ Բաժանումի ողբ մըն էր, ուր օտարութեան մեկնող երիտասարդը կը պաղատէր ճամբուն քիչիկ մըն ալ բարի ըլլալ ու թոյլ տալ իրեն տեսնելու հասակները իր սիրելիներուն։ Կառապանը բացաւ իր բերանը, ու կառքին միօրինակ աղմուկին մէջ, այդ երգը տեսակ մը օրօր էր անոր ալեկոծ հոգիին, որ հիմա գրաւուած էր հօրմով, մէկը Սուլթան Համիտին ստեղծած պէյերէն, առասպելական արկածներու ասպետ, երկու-երեք դար առաջուան խմորէն։ Որուն նմանները, շատ ցանցառ՝ Արեւմտեան Անատոլուի մէջ, այն օրերուն հանդիպելի էին քրտական եւ արաբական ցեղախումբերու շրջանակին։

Սա վերադարձը անոր հոգիին վրայ կ՚արձակէր կրկին հին հրդեհը, քանի մը պատիկ աւելի ուժով, քան մաղմաղը, ուրկէ խորովուեր էր անոր պատանութիւնը։ Կեանքը տղոց համար խաղ է կըսեն։ Անիկա տանելի է նոյն ատեն, ցամաք հացին կամ օրական ծեծին գնովն ալ։ Երիտասարդները այդ առեղծուածը կը հանդուրժեն՝ սփինքսը կինը հարցաքննելով։ Ծերերը վրէժ կը լուծեն անկէ՝ իրենց աղտերն ու աւերակոյտը ժուռ ածելով ու կը յաւակնին արհամարհել ալ, անոր լծորդուած ու այնքան թանգ արժեւորուած յիմարութիւններ, այսինքն՝ ա՛լ գաւազաններու վստահուած իրենց ոտքերուն երբեմնի վարկը ու ակնոցներէ վռնտուած, բիժով թաղւած աչքերու հեռաւոր հրաշքը։ Մէկն ու միւսը հիմա շղթայուա՜ծ ծոցաւոր՝ արիւնով ու մուրով։ Այո՜։ Չեն հերքուիր այս բաները։ Բայց կեանքը՝ նժարին մէջը պատանիին։ Հարցուցած ունի՞ք ձերը, ձեզի, երբ նոր մտեր էիք քսան։ Ու Սիւլէյման էֆէնտին կ՚երթար վերստին սկսելու այդ կեանքը հոնկէ` ուր ձգած էր։

Ու վտա՜նգը։ Կը պակսէր հիմա մայրը, որ արիւնին գնովը պաշտպաներ էր անոր հոգին իր հօրը հրէշութիւններուն դէմ։

Ատենը եկած է, որ մօտենանք այդ մարդուն, որ մեր վէպին հերոսին իրական ամբողջն է։ Անոր կեանքը պատմել՝ բաժնել չի նշանակեր այս վէպին գործողութիւնը։ 


 



[1]         Նամէհրամ - թուրք կիներու քողով ծածկուելու օրէնքը։