Թ.
Շրթունքի
կամ
թուղթի
այս
կոյր
խանդավառութիւնը
մատչելի
չէր
անոր
ուղեղին։
Վասնզի
այդ
հրաշքին
գործաւորները
երկինքէն
չէր,
որ
իջնային
պիտի։
Իր
ընկերներն
ըլլալու
էին
անոնք,
հիմա
նստած
սա
սեղաններուն,
բայց
գիշերուան
մէջ
սուզուած
իրենց
մարմիններուն
պաշտումին
կամ
տեղաւորուած
ծոցը
աս
ու
ան
մեծաւորին։
Անշուշտ
իբրեւ
թուրք
անիկա
չէր
դադրած
ինքզինքը
մեծ
տեսնելէ,
բայց
չէր
ալ
գոցեր
աչքը,
այդ
մեծութիւնը
ստացող
ցեղային
մեծ
ողբերգութեան
վրայ։
Ժողովուրդ
մը,
հոգիով
ծոյլ,
շուտով
կ՚ուծանայ
իր
մարմինին
առաքինութիւններէն։
Հակառակին
ստուգութիւնը
չունիմ
նկատի։
Ուսանող
էր
ան,
հայրենասէր
ու
լուրջ,
ու
կը
հարցնէր,
երբ
մնար
մինակ.
–
Ո՞ւր
է
իմաստը
այս
ամէնուն։
–
Ինչո՞ւ,
սորվելու
տեղ,
աս
տղաքը
հագուիլ
միայն
կը
սիրեն։
–
Ինչո՞ւ
դասարանները
ադդէրներու
[1]
խանութները
կը
յիշեցնեն։
Ու
ցաւը
անոր,
այս
ամէնը
կարելի
ընող
բարձր
անփութութեան
դէմ,
վասնզի
չկար
մէկը,
որ
ուզէր
տեսնել,
հասկնալ
իմաստը
պատանի
սա
տախտապարումին։
Անոնք,
որ
վեհապետին
կամքովը
–
որուն
քիթը
կ՚երկննար
ամէն
խորշ
–
պաշտօն
ունէին
հսկելու,
ապագան
հանդերձելու,
կշիռ
ու
պարտք
քարոզելու,
անոնք,
հեռու
իրենց
հեղգացումին
մտածելէ,
ուշադիր
էին
միայն
ու
միայն
իրենց
բաժինին,
վայելքին
հովիտներէն
ու
ձորամէջերէն։
Այս
պատմութիւնը,
բարքերու
պատկեր
մը
ըլլալով
ամէնէն
շատ,
չեմ
կարծեր,
որ
ծանրաբեռնուի,
երբ
քանի
մը
կարգեր
իյնան
ամփոփ
վերլուծումի,
իրենց
շատ
ընդհանուր
գիծերով։
Ժողովուրդի
մը
դէմքը
ուրիշ
տեղ
չէ
ի
վերջոյ։
*
*
*
Մոլլաներ։
Տարազին
տակ
կ՚իյնան
համեստուկ
ու
անօթի
շրջիկ
աղօթողէն
մինչեւ
գերագոյն
դէմքերը
կրօնապետներուն։
Ռեժիմը,
զինուորներէն
յետոյ,
ամէնէն
շատ
կը
շփացնէր
այս
դասակարգը,
ուր
նուիրական
ու
գռեհիկ
ծագումը
նոյն
արժէքը
ունէին,
տարիներուն
նուիրագործումովը
կարելի։
Ոմանք
իրենց
երակներուն
համար
ունէին
սուլթաններու
արիւն,
որ
չէր
հիննար
անշուշտ
քանի
մը
հարիւր
տարիէն։
Բանակէն
արձակուած
ամէն
զինուորական,
ապրելու
համար
առատ
մը
կը
ստանար
վեհապետէն,
գեղերու,
քաղաքներու
մէջ
սանկ
ու
նանկ
սուրբի
մը
գերեզմանովը
գոյաւոր։
Ժամանակը
կը
լրացնէր
ծագումին
պակասը,
ճարելով
անհրաժեշտ
հեքիաթը,
մինչեւ
որ
գիրը,
ընթերցումը,
ճիտին
մէկ
շառաւիղովը
շինէր
թուղթերը։
Ուրիշներ
կը
վերանային,
մեծ
երկիւղածութեամբ,
մինչեւ
սերմը
Մարգարէին,
յայտարարելով
զիրենք
սերած
Անոր
թոռանը
թոռներէն
մէկէն.
կամ
որոնց
ճետին
մէջ
իսլամութեան
մեծ
կարգերէն,
սուրբերէն
մէկուն
արիւնն
էր,
որ
կը
քալէր...
։
Շատեր
ասոնք
երեք
հեղ
ըրած
Մէքքէն
ու
Մէտինէն
(կային
որ
մինչեւ
եօթը
կելլային),
գոյնզգոյն
փաթթոցներու
հսկայ
պատկառանքով
ու
դիմագոյնի
ամէն
փոփոխակներով
սկսած
շնագայլի
նեղ
ճակատէն
ու
սուր
դունչէն
մինչեւ
դեղնազգիներուն
լեմոնջուրէ
անցած
ոսկրակոյտը,
զոր
իբր
դէմք
կը
կրէին
շատ
հնադրոշմ,
անուանի,
ազնուատոհմ
ու
փառահեղ
կրօնաւորներ,
երբ
հանդէսներու
ատեն
կէսմեթրանոց
իրենց
քիւլահները
[2],
կոնաձեւ
տեղաւորած
մանր
իրենց
գանկերուն,
կ՚առաջանան
դէպի
պատուոյ
գահերը,
լայն
թեզաններէն
բորբոսոտ
մատներ
արձակելով,
ծեծելով
իրենց
փուչի
ծալքերուն՝
իննըսունը
ինը
հատիկով
սատափ
կամ
uաթ
համրիչները,
իրենց
բերանին
վրայ՝
աղօթքին
կծիկը
մեղմօրէն
քակելով…։
Որոնք,
փառաւոր
ու
մեծայաղթ
սուլթաններու
(Պրուսան
ունի
առաջին
սուլթաններուն
դամբարանները)
աճիւնին
պահնորդութիւնը
կ՚ընեն,
որդոց
որդի,
կռնակնին
տուած
երկու
հեղ
հինգհարիւրամեայ
սօսիներու,
որոնց
շուքին,
գոհարատուփի
մը
չափ
շնորհագեղ
դամբարան
մը,
պարզութեան
մէջ
ահեղ,
տրտում,
բայց
յանկուցիչ,
ուր
կը
հանգչէր
տասնըհինգերորդ
դարու
սուլթան
մը,
վրան
ոսկի
ու
մարգրիտ,
մարմարին
ու
թաւիշին
իրերախառն
տրտմութեան
մէջ
չորցած,
բայց
չմեռած,
պաշտուելով՝
ինչպէս
հոծ
ու
արիւնայեղց
հեքիաթը
իսլամին
սուրբերուն։
Եւ
որուն
ամբողջ
արծաթ
ու
սուտակահուռ
ծածկոյթի
ծալքերուն
(դագաղը
անտես
կը
մնար
այդ
շքեղանքին
տակ
թաղուած),
նոյն
այդ
մոլլաները
անպաշտպան
որբերը
կը
պղծէին
նահատակ
զինուորականներու,
մօրուքնին
չփելով,
աղօթքը
անպակաս,
ոտքի
ելլելէ
վերջ,
քաշելով
հատիկ–հատիկ
սատափեայ
համրիչը
անճառ
հեշտութեամբ,
փառք
տալով
փատիշահին՝
ինչպէս
Ալլահին,
արժանի
կեցուցած
ըլլալնուն
սա
սրբութեան,
սա
պատիւին,
իրենց
յորդ,
հոտած
մարմինները։
…
Ու
ան
միւսները,
մեծ
մզկիթներու
հոյակերտ
ըմբիշները,
որոնք
իրենց
որովայնին
տակառը
կը
շրջազգեստեն
սեւ
վերարկուին
ծալքերովը,
ու
չորu
հեղ
օղաւոր
իրենց
վիզերը
քերած
ատեննին,
փշտած
պալարներու
թարախին
մէջ
կը
թաթխեն
իրենց
մատները,
զանոնք
երկու
չորս
իրենց
կիներուն
մասին
վրայ
սրելէ
ու
մաքրելէ
ետքը։
Ու
կը
քարոզեն
սրբազան
ատելութիւնը
անհաւատին,
քեաֆիրին
դէմ,
կարմրավառ
փքոցին
տակը
հոյակապ
իրենց
քիթերուն։
Անսպառ
է,
քիչ
էջերով,
զանազանութիւնը
սա
դասակարգին։
Ու
կ՚անցնիմ
ուրիշներու։
Աւագ
պաշտօնատարներ։
Որոնք
ռեժիմին
սիւները
կը
կազմեն։
Յար
եւ
նման
շէյխերուն
ու
մոլլաներուն,
իբր
մոյնք
ու
կմախքի
կազմ։
Գէր,
ձրի
ուտողի
փայլով։
Որոնց
կզակները
փոքրացած
կը
թուէին
միսի
ալիքէ։
Անոնց
համազգեստներուն
վրայ
ոսկեհիւս
երիզով
լանջավանդակներ
տպաւորութիւնը
կ՚ընէին
փայտեայ
ճաղերու,
հարեմներուն
պատուհանները
վանդակող։
Ընդհանրապէս
մեծղի,
կառքերու
խորէն
թքնելով
հսկայ
իրենց
խուխերը,
տարածելով
իրենց
շարժումներուն
հետ
գարշագին
բան
մը,
որ
աղտէն
անդին
հոտ
մըն
է
ու
չնորոգուած
արիւնին
թթուն
կը
թուի։
Քրտինքէն
խաշած
անոնց
կոպերու
սայրին
մեղքն
ու
բիծը
բողբոջ
կ՚արձակեն։
Փաշա,
միրալայ,
վէզիր
բառեր
չեն
միայն,
այլ՝
խորհրդանիշ
յանգումներ,
ուր
կու
գային
խտանալ
կայսրութեան
բոլոր
քրտինքը,
աղքատներէն,
կեավուրէն
բռնագրաւ
հեշտանքը,
ոսկիի,
տարապարհակի,
աղջիկի
ձեւերով։
Որոնց
պալատներուն,
ամառոցներուն,
ձմեռոցներուն
մէջ
աս
ու
ան
տիտղոսով
ջերմանոցուած,
կ՚աճէր
երկսեռ
պարմանութիւն
մը՝
ընտրուած
թանձր
ու
ապահով
ճաշակով
մը,
յագուրդ
հայթայթող
անասունին
ու
հզօրին
հաւասարապէս,
ու
ձրի՜,
քանի
որ
պատերազմ
մը
բաւ
էր
հազարներով
որբ
թափելու
գետին,
աժան
տարր՝
դպրոցներու
ապականութեան
ու
մեծ
տուներու
մեղքին։
Անոնք
հացին
զրկանքէն
անգամ
մը
ազատած,
կը
ճլտորէին,
կը
գեղեցկանային,
հասնելու
համար
քիմքն
ու
ծոցը
այդ
ատենակալներուն
ու
կ՚արգասաւորուէին։
Արուները՝
իմաստութեան,
յաջողութեան,
կեանքի
մէջ
դուրող,
պատատող
ընդունակութեանց
սերմովը
եւ
ուրիշ
կարգի
այն
առաքինութիւններով,
որոնք
անհրաժեշտ
են
մարդերը
ազատելու
ծագումին
մռայլ
պայմաններէն
ու
հանելու
զանոնք
ղեկավար
աստիճաններու,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
քսութիւնը,
երեսպաշտութիւնը,
ճկունութիւնը,
հոտառութիւնը,
անպատկառութիւնը
կամ
սուտ,
հաշուըւած
խոնարհութիւնը։
Էգերը՝
քիչիկ
մը
հիննալէ
ետքը,
դեռ
լխկելու
ատեն
իսկ
չունեցած,
պիտի
դրուէին
երկրորդ
գերութեան,
նիզակին
տակը
էրիկներու,
վերցուած՝
երամակէն
հարիւրով
անբաններու,
որոնք
պաշտօնակալին
բազմադրուագ
կայաններուն
մէջ
հաց
կ՚ուտեն
ու
կը
գիրնան։
Ո՜վ
պիտի
պատմէ
ողբերգութիւնը
այդ
կենդանիներուն,
երբ
պարտաւոր
ըլլան
խոնարհիլ
աւելի
տխուր
մեղքերու,
մեծաւորին
քմայքովը
ափ
առած
իրենց
դուռը...
Համիտի
ռեժիմին
այդ
մեծաւորներուն
անպարագիծ
բռնութիւնը…։
Ո՞վ
չէ
տեսած,
մեր
տարիքէն
այդ
մարդիկը,
օխա
մը
ոսկի
ու
չորս
օխա
արծաթ՝
կուրծքերնուն
(շքանշան
եւ
սրմա)
տարեդարձներու,
ամսասկիզբի,
պայրամի
ընդունելութեանց
ատեն,
կուռքի
պէս
անշա՜րժ,
բեռանը
տակ
իրենց
ախորժակներուն,
անյագ
ու
մշտաբողբոջ,
մա՛նաւանդ
սեռային
գեղձերէ,
ձեռքերնին
դիզած
իրենց
փորակոյտին,
աչքի
պոչով
որոշելով
տղաքը,
թիկնապա՜հ,
յետոյ՝
սենեկապահ,
յետոյ՝
անկողինցու,
խորապէս
արհամարհելով
ուսումին
հովը
անոնց
վրայ,
խե՜լքը՝
որ
երբ
չի
գար
սերմէն,
վնաս
կը
բերէ
կրողին,
առնականութիւնը՝
որմէ
կը
սոսկան
բոլոր
այլաճաշակ
արարածները,
ու
զուշակելով,
հոտառելով,
շատ
ապահով
զգայարանքով
մը
այն
ընդունակութիւնները,
որոնք
տղաքը
կ՚ընեն
փայլուն,
յաջող,
ծնրադրող
ու
անբան,
այսինքն՝
անատակ
ստեղծագործ
աշխատանքի,
լաւագոյն
յաջորդներ
կալուածի,
ամսականի։
Ու
պալատուած
ողբերգութի՜ւնը
անոնց
կիներուն,
հարկադրուած՝
հանդուրժելու
հեշտանքին
բոլոր
տիափազոնները,
հանելու
համար
իրենց
մարմինին
խորշերէն
ինչ
անասնութիւն,
որ
պահանջեն
ռունգերը
իրենց
տէրերուն...
։
Բայց
պետք
է
քալել։
Զինուորական
հրամանատարներ:
Կնիկի
պէս
գեղեցիկ
ու
իգադէմ,
ձայնին
անաւարտ
գալիպրովը
կասկածելի,
իրենց
դիրքերը
պարտելով
միայն
ու
միայն
իրենց
դէմքին։
Որոնք
իրենց
պատանութեան
մեղքերը
ամրօրէն
խարանած
էին
իրենց
հոգիին,
հեքիաթին՝
չբաժնուող
պատմուճանին
նման։
Կրաւորական
արհեստին
մէջ
իրենց
մասնագիտութիւնը
զիրենք
կ՚ընէր
գուշակելի,
շարժումէ
ու
նայուածքէ,
վասնզի
իրենց
ախորժակները,
ծաղկեայ
կապայի
մը
պէս
գեղոլոր,
կը
կրէին
իրենց
ուսերուն։
Ու
անոնց
սեռը
(ո՜վ
տարօրինակութիւնը
մեր
բառերուն)
ծաղկեայ
պսակի
մը
պէս
հանգչեցուցած
էին
իրենց
երկճիղ
մազերուն
վերեւ,
ու
վրան
իրենց
դէմքին,
զոր
մարձումը,
ներկը,
փոշին,
օծումները
կ՚ընէին
խնամուած
առարկայ
մը։
Ու
շփոթելի
էին
էրիկ
ցանկացող
ու
մտովի
զատող
տունմնայ
օրիորդներու
հետ,
տրտում
իրենց
անձուկովը,
իրենց
շրջանակէն,
երբ
ռնգային
հոգեբանութեամբ
մը
կը
մօտենային
զինուորական
վարժարանէ
շրջանաւարտ
երիտասարդներուն,
խուլ
բնազդով
մը
ընտրելով
իբր
թիկնապահ,
անձնական
քարտուղար
եւ
ուրիշ
տիտղոսով
գործերու
համար
անոնք,
որոնք
ամէնէն
դաժան
արտայայտութիւն
ու
կարծր
ոսկորներ
կը
թուէին
ունենալ,
մինչ
ամէնէն
հաստախարիսխ
քիթը,
ծաղիկէն
ծակ–ծակ,
խոռոչ–խոռոչ
մորթը
յանկուցիչ
վախ
ու
զզուանք
մը
կը
բանային
անոնց
գեղանի
մարմինէն
ներս։
Եզան
կուրծքով
եւ
ցուլի
անձով
ու
փայտէ
կոթով
մը
փորձուած
լայն
ռունգերով
այդ
երիտասարդներուն
քով,
անոնց
պետերուն
քնքշութի՜ւնը
հեռու
ուշագրաւ
հակապատկեր
մը
կազմելէ,
հասկցողներուն
մօտ
նիւթ
կ՚ըլլար
բուռն
վէճերու,
նախանձի
տրամներու…։
Այս
դասէն
դուրս,
միւսները,
կրկին
զինուորական
հրամանատարներ,
բայց
տարօրէն
հաստ,
փայլատ։
Զօրանոցներու
եւ
քաղաքային,
ոստիկանական
ուժերու
պետեր,
յաճախ
անհամազգեստ,
վասնզի
մաղձոտ
ու
դառնացած,
որոնց
մօրուքները
կը
բուսնէին
խռիւ-խռիւ,
գէշ
ցանուած
գարիի
նման,
այտին
որոշ
մասերը
ձգելով
լերկ
ու
ահռելի։
Որոնք,
բռնութեան
իրենց
տուրքերը
կը
պահպանէին,
ամէն
թուրքի
նման,
փոքրաթիւ
կամ
ստուար
խնամքով
մը,
բայց
պետական
պիւտճէին
եղը
սոթտելու
գործը
կը
կազմակերպէին
դիւային
ճարտարութեամբ,
հեռուէն
հովանաւորելով
կեավուրն
ու
հրեան,
աշխատցնելով
զանոնք
ու
գողօնը
իւրացնելով
մեծ
ընտանութեամբ,
գայլի
խնդուքով
մը
ճամբու
դնելով
անխելք
պահանջկոտը։
…
Ու
մտաւորականը:
Թիւով
այնքան
քիչ,
պոլսական
օրաթերթի
թղթակից
կամ
հանդէսի
մը
մէջ
քերթուածներու
հեղինակ
է։
Աւելի
որոշ,
գաւառաթերթին
իգացած
խմբագիրը,
իր
վարած
տասնօրեայ
լրատուին
նման
խեղճ
ու
կոտրտուք
արարած,
հիմա՝
որ
օրը
երկու
անգամ
ածելիին
տակ
կը
դողացնէր
իր
այտերը
ու
չէր
թարմանա՜ր։
Արհամարհուած
մա՛նաւանդ
մեղքովը
տարիքին,
որ
չէր
կենա՜ր,
ու
չունեցած
առնութեան
համար,
որ
զինքը
կը
նետէր
բոզանոցները,
իր
ախորժակներուն
ապականութիւնը
քաւելով
աղջիկներու
ծեծին
տակ։
Որ
մեծերու
մօտ
նուաստ,
ուսանողներուն
առջեւ՝
մեծամիտ
ու
սոնք,
բանաստեղծներն
ու
արձակագիրները
գիտէր
պատուասիրել,
ընդհանրապէս
հարուստ
այդ
պէյճիքները
սոթտելով,
զետեղելու
համար
անոնց
ոսկեզօծ
շարադրութիւնները,
հայրենասիրական
ելոյթները,
վեհապետին
շնորհներուն
հոյաթռիչ
ներբողեանները,
ամէն
մէկ
կտորի
կցելով,
վճարումին
համեմատ
գովեստ։
Դժուար
է
հասկնալ
գաւառի
թղթակիցներուն
մեծութիւնը։
Աւելի
դժուար՝
գաւառական
թերթերու
խմբագրին
անյատակ
իմաստութիւնը։
Ու
պէտք
է
ձգել։
Ու
կրօնապետը:
Ութսունամեայ,
այսինքն՝
պտըտող
մեռել,
կոպերը
կարծր
եւ
ուռեցք,
տզրուկի
մը
մարմինին
նման
դրուած՝
թարթիչներուն
տակ։
Որուն
խորշոմները,
ինչպէս
սպառած
ձեռքէն,
փչուած
էին
կարծես
ու
ժանգոտ
կամ
ճերմակ
կամ
դեղին
թրթուրներու
պէս
շարուած
երեսին։
Դանդաղ,
խօսքը,
որ
կը
փշրուէր
կամ
կը
կպչէր-կը
մնար
անոր
խռչակին
ու
փերթ-փերթ
կ՚իյնար
դուրս։
Քալուածքը,
քանի
որ
իր
մարմինը,
փորէն
ուռեցք,
կը
վախնար
վստահիլ
պարպուած
սրունքներուն։
Ու
կիսակործան,
ընդարձակ
ճիւպպէին
բեռանը
ներքեւ։
Գլխուն՝
հարիւրէն
աւելի
կանգուն
շղարշ,
եթէ
պատմուածը
չէր
չափազանցութիւն,
զետեղուած,
կառուցուած
մեծ
խնամքով,
գորդեան
հանգոյցը
յիշեցնող
արուեստով
մը,
գրեթէ
անգտանելի
գլխարկի
մը
չուրջը,
ծալ
ի
ծալ,
ու
նկարէն։
Հոտա՜ծ՝
բերնէն,
ուրկէ
ներս,
յօրանջած
պահերուն
–
քանի
մը
վայրկեանը
անգամ
մը
անոր
կզակները
ինքնաբերաբար
կը
փաչատուէին
[3]
իրարմէ,
ով
գիտէ
ի՜նչ
մեղք
քաւելու
համար
–
սեւցած
շնատամ
մը,
ժանգոտ
հրացանի
բլթակին
նման
դրուած
գունատ
լինտի
մը
գիծին,
ու
աղօրիքի
փշուր
մը
դիակնային
տպաւորութիւն
կը
բերէին
առաջ,
գծաւոր,
պիսակայեղց
լեզուին
ուրդերէն
հոսումի
ելած,
բայց
թուք
անգամ
ըլլալու
անկարող։
Հոտած՝
մարմինէն
ալ,
քանի
որ
իր
տեղափոխումին
կը
հետեւէր
գարշ
բոյր
մը,
հաւանաբար
մէզը
կամ
թուրք
ա՜յն
բանը,
զոր
գիւղական
հաւաստումի
մը
համաձայն,
անասուններն
անգամ
կը
ճանչնան,
երբ
կը
մերժեն
խմել
ջուր
գուռէն,
ուր
նման
երես
մը
ըլլայ
լուացուած։
Մերինները`
մեռոնին
պակասով
կը
բացատրէին
այդ
գարշահոտութիւնը,
ախտաբանութեան
անծանօթ
ըլլալնուն։
Որ
կը
դողդղար
շոյելու
ատեն
դունչերը,
այտերը
աղքատիկ
տղոց
ու
այդ
շարժումով
կը
համադրէր
գուցէ
երեք
քառորդ
դարեան
իմաստ
մը
ապրելու
ձեւէն։
Ու
պետերուն
պետը,
կուսակալը:
Պապենական,
օճախէ
սրիկայ։
Հայրը
գոմէշ
ծախող
ու
վաճառքի
համար
Կովկասէն
աղջիկ
փոխադրող։
Մայրը՝
չուան
կտրտած
պալատուհի,
որ
գողցած
էր
այդ
տղան
նշանաւոր
Ճէլապին
[4]
ողնայարէն,
բռնի։
Բայց
պետք
է
կարճ
կապել,
պալատուհիներուն
ու
անոնց
տարփաւորներուն
հետ
կարենալ
քանի
մը
տող
տալու
համար
անոնց
ապօրէն
զաւակներուն,
որոնցմէ
մէկն
էր
ահա
ալպանացի
այդ
մարդը։
Ալպանացիներուն
բարքերու
խստութիւնը
սերունդ
մը–երկուք
թերեւս
կը
դիմանայ
Պոլսոյ
Սոդոմ-գոմորին։
Պոլսոյ
մէջ
կատարելագործուած,
ու
պետական
պաշտօնատարին
այն
օրերու
ընթացիկ
ստորոգելիները
դիզած
իրենց
վրայ,
ախոռապետներուն,
ջորեպաններուն,
խոհարարներուն
սերմովը
ջնարակուած
եւ
ուռճացած՝
կը
քալէին
այդ
տիպարները
դէպի
բարձունքները
ռեժիմին։
Կայսրը
շրջապատողներուն
մէջ
կային,
որ
որդի
էին
փայտահատներու։
Բայց
չէ
կարելի
տարածուիլ
դէպի
լրիւ
պարագրկումը
տիպարին։
Կը
զեղչեմ
շատ
բան։
Ու
կը
լռեմ
շատ
բան
կուսակալին
ալ
տուրքերէն։
Անշուշտ
պալատական
պէյ
մը,
մինչեւ
կուսակալութիւն,
որ
վարչական
է՛ն
մեծ
պաշտօնը
կրնայ
նկատուիլ,
ճամբայ
առնելու
համար
պարտաւոր
է
բացառիկ
սրունքներ
ունենալ։
Ու
այդ
ճամբան
ահաւոր
ալ
է
երբեմն։
Բայց
ի՞նչն
է,
որ
կը
մոռցուէր…։
Հիմա,
տիրական
դէմքը
ամբողջ
նահանգի
մը,
անիկա
կը
դառնար
իր
պատանութեան,
իր
պալատին
գաղտ
սրահներուն
մէջ
սարքելով
տարօրինակ
հանդէսներ,
ուր
ընտրուած
մտքով
դպրոցականներ
կը
շնանային,
գաղջ
հոտերով
ծանրաբեռն
տիւաններու
վրայ
մարմնակործան,
մրցելով
անասնութեան
ու
կտղուցքին
ահաւոր
մրցանքը՝
պսակուելու
համար
կնիքովը
մեծաւորին
եւ
ուր
ցանցառակի
կ՚երեւային
նաեւ
Պոլսէն
ճարուած
իբր
թէ
վարժուհիներ,
որոնք
իրար
լքելէ
ետքը,
կ՚երկննային
այդ
տիւաններուն,
իրենց
մերկութեանը
վրայէն
անցք
տալու
դիւրին
ու
դեղին
սա
Կարակալլաներուն։
Տխուր,
երկա՜ր,
սա
թուումը։
Ու
պէտք
է
կենալ։
–
Բոլորը,
բոլո՜րը,
հագուած
նոյն
կտաւով,
ու
հագուած՝
նոյն
հարսնիքին
համար։