Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.

 

Անպատի՞ժ սա անզգամութիւնը։

Մարդասպանութիւնը արդարացնող արդարութիւնը ի՜նչ գործ ունէր արդէն էրիկ–կնկայ սա վէճերուն մէջ, որոնք «համբոյրով» մը կը վերջանային, ինչպէս կ՚ուզէր սովորութիւնը։ Գնչուներու բարքէն սա պատկերները ամէնօրեայ էին թուրքերու քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ։ Կինը կ՚ուտէր տփոցը մեծ երանութեամբ։ Կը թափէր ծեծողին վրայ քաղաքին ամբողջ կոյանոցը ու քիչ ետքը կը քալէր անոր կողքին, ժպիտով ողողուած։ Այսպէս է կեանքը։

Ու անզգամութիւնը, մա՛նաւանդ իր կոճաւոր մասովը, սահմանուած չէր դուրս թափելու դղեակին պարիսպներէն։ Ո՞վ պիտի հաւատար առասպելին։ Ծովուն կլափէն ո՜վ պիտի ազատէր վկան։ Բարակ, հիւանդկախ կիներուն արգանդը, առանց կոճային խրձանին, պերճախօս էր բաւական էրիկները, դատողները փորձառու էին որպէսզի մարդոց լեզուները հիւսէին իրենց հաւնածը, ու չհանածը բեռնային կնոջը գլխուն։ Տկարներուն զէնքը ե՞րբ բան մը արժեց, որպէսզի կիներուն բողոքը կշիռի ելլէ։ Ո՞վ, ո՞վ պիտի փրկէ մեր ջիղերը իրաւունքի անունով գործադրուած եղերակատակէն, որ արդի քաղաքակրթութեան մեծագոյն արատը կը կազմէ։ Ո՞վ է տեսեր, հռովմայեցի տարեգրողներուն էջերէն դուրս, եգիպտացորենի կոճ մը կնոջ մը արգանդին մէջ, ան ալ, «Աստուծոյ շուքին» (խալիֆան ) հովանաւորած երկիրներուն մէջ, ուր օրը հինգ անգամ մարդիկ կ՚աղօթեն…։ Ինչո՞ւ մանաւանդ։ Ո՛չ լեռն էր հանւած [1], ոչ ալ կեավուրի աղջիկ, պատուական տիկինը Էտհէմ պէյին։

Մնաց որ, օտարին կնիկին վրայ, նոյն ձեռքերէն, ուրիշ անգամ մըն ալ գործադրուած սա խժդժութիւնը, այն ատեն ալ չէր փաստուած, միշտ վկայի պակասէն։ Քսան տարի առաջ, իր մէկ ագարակին մէջ, բանուորի մը աղջիկը այսպէս խցանող աւազակը ազատեր էր պատիժէն կախաղան կը պահանջէր կուսակալութեան ընդհանուր դատախազը նման հրէշներու համար, որոնցմէ մէկը առած էր իր ալ կինը իր ձեռքէն աղջկան արգանդէն հանուած եգիպտացորենի կոճը անհամեմատ խոշորցնող մօրը յիմար վկայութեամբը։ Անշուշտ։ Կոճերը որոշ հասակ ունենալու էին եւ ոչ թէ վիշտին դիմացող մօր մը անուշադիր մէկ չափին սանթիմները։ Կորսուած էր դատը աղջկան, որուն բռնաբարուիլը բեռցուեցաւ ալպանացի հովիւին, այն օրը սպաննած խուլ ծերունի մը ու լեռ բարձրացած։ Առանց երեք վկայի հրաշախառն հանդիպումին, մեր ոճիրները անհանգիստ առանց ըլլալու, կ՚ապրին գոհունակ։ Հիմա՞։

Ամէն ինչ աննպաստ էր տիկինին։

Այդ վիճակին մէջ զայն առաջին տեսնողը եղաւ քոյրը, որ առատ իր ծոցին մէջ առնելով գետնատարած անոր մարմինը՝ պառկեցուց անկողին։ Չէր հասկցած գորգին վրայ արեան փերթերը, ոչ ալ անդրավարտիքին բզիկ-բզիկ պատկերը անաղարտ զիստերուն վրայ։

Նուալած կինը բարակ ու գոց արցունք միայն ունէր։ Ոչ մէկ շշունջ։

Խալիտէ հանըմը իր քեռայրին անտարբերութիւնը վերագրեց անոր գերազբաղ վիճակին։ Անցուց գիշերը հիւանդին սնարին։ Ըրաւ, որովայնին վրայ թեփով խիւս, ինչպէս թելադրեր էին սպասուհիները՝ արգանդի տագնապ մը ենթադրելով իբր պատճառ սա ուշաթափումին։

Լուսցաւ։ Ու նուաղումը կը շարունակուէր։

Բան մը չէ, կանցնի։

Ըսողը՝ Էտհէմ պէյը, որ կը յիշէր տարիներ առաջ Սէրվինազին նման նուաղումը, ու կը սրտապնդէր փոքր հանըմը, անոր վախը ծաղրելով ու կիներուն եօթը հոգի ունենալը փաստելով Նասրէտտին հոճային մէկ առակովը։

Երկրորդ օրը, գաւառակին բժիշկը փորձեց իր անզօր դարմանները։ Անշուշտ թուրք կնոջ մարմինը զերծ էր անոր մատներուն հպումէն։ Թուրքերը բժիշկներէն կը պահանջեն տարօրինակ բաներ։ Իրենց կիները իրենց նամէհրամը պահելու են, բժշկական քննութեան ատեն ալ։

Հասարակաց կարծիքէն ազդուած՝ պէյը հեռագրով բժիշկ ուզեց Պոլիսէն, Պրուսայէն։

Չորս էին հսկողները։

Սնարին՝ քոյրը։

Կուշտին՝ տղան։

Էրի՞կը։

Իր գործերուն։ Օրուան մէջ ձիաւոր ղրկելով տուն, հիւանդէն լուր պահանջող։

Զառանցագին տենդէ մը յետոյ, որ ճիշդ եօթը օր էր տեւած, Հիւանդը բացաւ աչքերը ու գտաւ իր ափը մանչուն ձեռքին մէջ։ Նայեցան իրարու։ Այնքան ծանր էր այս հանդիպումը, մա՛նաւանդ հիւանդ կողմին համար, որ տիկինին աչքը՝ անկարող հանդուրժելու, ընկրկեցաւ, ջուրին մէջ վերստին սուզուող գոհարի մը նման։ Բայց չունչը դերձանի թել մնաց երեսին, ջուրին վրայ ծփացող մետաքս լարի մը նման։

Անասնական սա պատուհասումէն վերջը, Սէրվինազ հանումը ա՛լ պիտի չգտնէր ինքզինքը։

Ոչ մէկ ծուէն, իր ամօթէն, որ իյնար դուրսին։

Զղջաց անիկա, քրոջը մասին իր կասկածէն, խորապէս հաղորդ անհուն կսկիծին, որով պարուրուած կը պտըտէր մանկամարդ աղջիկը, տառապանքին հետ սա անդրանիկ շփումով դարձած գերզգայ ու տարօրէն հասուն։ Ուրիշին ցաւին մենք հաղորդ ենք մեր տարիներուն դերակատար կշիռովը։ Տղան չի կրնար մեղքնալ, այսինքն՝ ուրիշին ցաւը հասկնալ, քանի որ այդ ցաւը խտացնող զգայարանքները կը պակսին իրեն։ Առանց սեռին, ցաւը մեր մարմինին մէջ անպատուաստ սերմի կը նմանի։ Հաստ է ու թեփոտ։ Անազնիւ է ու անհամ։ Անոր քոյրը կը տառապէր իր գեղեցիկ ու առատ մարմինին մէջ, ինչ որ ինք ստիպուած էր լռելու, կծկտած ու նստած իր մար մինէն։

Ուժերու վերադարձ։

Որքան դանդաղ էր ատիկա։

Անհանդուրժելի՝ դեղերը, բժիշկներուն յանձնարարական գիրերը, այնքան մանրամասն, գիտական, հաստատ։ Որոնց կը պակսէր ցաւէն ու ախէն վերը, ա՛յն՝ որ մեզ կը նորոգէ։

Անհանդուրժելի, մա՛նաւանդ կեանքը, որ նոր ցաւ մըն էր հիմա անոր ակռաներուն բռնի դրուած մշտիկէ զոպայ։ Անիկա սարսափն ունէր ապրիլ կրնալու։

Ու անոր քոյրը, բոլորովին անգիտակ չարաշուք տրամին, կը կրկնէր ինքզինքը, իր աղապատանքին մէջ դնելով իր անձէն վեր գեղեցկութիւն ու սրտաշարժ ալ պատրանք, քրոջը եւ անոր ամուսինին հանդէպ իր զգացումներուն մութ միութիւնը դաշնաւորելով անգիտակցաբար։ Հիւանդը կը դարմանէր ու չէր գիտեր, թէ կը սիրէր, անոր վրայով, անոր ամուսինը։ Ու պարզ, որքան անտեղեակ, կը խօսէր պէյին, հիւանդէն իր տպաւորութիւնները ոսկեզօծելով ու կը փոխադրէր պէյին բառերը, մտածումները՝ հիւանդին, որոնք անցնելով այդ փափուկ ոլորտին մէջէն, կ՚ըլլային բոլորովին նոր ու օտար։ Ու դժուար էր անոր համար ճիշդ գոյնով տեսնել զգացումները, որոնք իր ամուսինին մասին կը զատուէին քրոջը բառերէն։ Դժնդակ փորձերու գնով անոր յաջողուեցաւ թաղել կասկածը, որ աւելորդ էր։ Ու այս զիջումը ընելէն յետոյ միայն անդրադարձաւ ատոր իսկական զսպանակին։ Մեռելները չեն նախանձիր, ատոր իրաւունքը չունենալնուն։ Մահը իրեն համար անվիճելի իրականութիւնն էր։

Անոր արգանդը կ՚ասղնտէին բանակ–բանակ մրջիւններ։ Ու անոր արիւնը օր օրի կը ծծուէր անոնց բերանովը։

Մա՞հը։

Այսքան դիւրի՜ն։

Այո՜։ Այո՜։ Ու այս՝ մա՛նաւանդ անունով, որ անիկա չհերքուած միակ իրականութիւնն է սա մեր աշխարհին։ Շինողը այնպէս է շիներ, որ մենք չսեպենք զայն, քանի որ երկու քայլ հեռու իսկ մեզի կը թուի անկարելի։

Ո՞վ ըսաւ, թէ եկած էր անիկա։ Գլխագիրը երբեմն իմաստ մը ունի։

Անիկա պահանջեց իր տղան է, որ առաջին տագնապին փարատումէն յետոյ դպրոց էր դարձեր։ Մահամերձի քմայք մը կար իր բառերուն տակ, որոնք, այդ հովով իսկ, անդիմադրելի էին։ Բայց ժամ մը վերջը, ով գիտէ ի՜նչ լռին սարսափի մը անձնատուր, ինքզինքը ուզեց անոր մօտ։ Ամուսինէ՞ն կը փախչէր, թէ քոյրը կը փախցնէր։

Դեղերէն յուսահատ, բժիշկները պարտաւորուեցան ընդունիլ հիւանդին բաղձանքը։

Քրոջը հետ՝ Պրուսա:

 

 


[1]         Լեռը հանել իմ օրերուս ցանցառ, բայց պատահական եղելութիւն էր չարագործ խմբակներուն կողմէ կիներու, աղջիկներու լեռ հանուիլը, զօրաւորագոյն նախատինքը հասցնելու համար անոնց տէրերուն։ Բռնաբարումը յաճախ կը սպաննէր զոհերը։ Աւելի յաճախ զոհերը չէին դառնար իրենց տուները, կամովին իրենք զիրենք գլորելով գահավէժէ մը ու մաքրելով իրենց անունը, գոնէ իբր յիշատակ, անոնց ապագային։