Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.

 

Ի՞նչու գացեր էր պարտէզ։

Բայց, մա՛նաւանդ՝ ո՞վ ուղղեր էր իր քայլերը մեծ արիշին ներքեւ։ Անիկա տեսաւ իր ամուսինը, որ կը համբուրէր պզտիկ հանըմը։

Հրապարակաւ էր ատիկա, առանց ալ կանխահոգ, զգուշաւոր վախի, քանի որ իր երեւումը զանոնք չըրաւ անհանգիստ։ Աղջիկը, նազանքով, ժպտելով, քիչիկ մը պչրանքով մեղադրեց ակռաները պէյպապային ու ծուխ հոտող պեխերուն կպչուն խոնաւութիւնը։

Անոր քոյրը հազիւ բառ մը գտաւ դիմաւորելու այս գանգատանքը։ Եղեր էր պաղ, վիրաւորուած։ Օրը մօտ էր վերջին։

Չերեւցաւ անիկա տղոցը ճաշին։ Պարբերական գլխացաւը՝ ընդունելի պատրուակ։ Տղաքը խորապէս կը յուզուէին, երբ, տժգոյն իր քունքերը ոսկոր իր մատներուն մէջ սեղմած այդ կինը կը պոռար իր մամային, զայն կանչելու ատեն երգելով ու լալով իր կարգին։

Ինչպէս էր բերեր գիշերը։

Անսովոր քաջութեամբ մը, ամէն բան աչքն առած, անիկա ստուգելէ յետոյ դղեակին լոյսերը, ամուսինին ննջարանին պարապ չըլլալը, բարձրացաւ անոր յարկաբաժինը։ Գիշերը խորացեր էր քիչ մը։ Կարծր ու կծու հոտ մը։ Դղեակին մեղքերուն շոգիացումը նեղեց անոր շունչը։

Հակառակ զաղփաղփուն մարմինին, քառասմբակ արշաւող իր սրտին, ձայնով մը, որ բանաւոր էր ու դէգ, ամբարիշտ ու անսանձ, անիկա յայտնեց իր կամքը։

-– Ա՛լ չէր Հանդուրժեր։

Իր թիկնաթոռին մէջ, խոշոր բուրդ գիշերանոցի մը տուած իր յոգնած անդամները, Էտհէմ պէյը, շուարուն, հարցուց անոր.

Ի՞նչ կայ, ի՞նչ բան չես հանդուրժեր։

Առանց բարկութեան։ Տեղեակ ըլլալու պարզ փափաքով։ Անոր միտքը մոռցե՞ր էր արիշի տեսարանը, թէ ա՛լ վարժութիւն դարձած իր լրբութիւնը կը պարզէր կնոջը։

Ամէն բան չափ մը ունի։

Առանց բարկութեան։

Ա՛լ չեմ հանդուրժեր այս խաղքութիւնը։

Յետոյ, արգիլելու համար բացատրութիւն, բառ՝ անիկա մատը վերցուց ու յայտարարեց։

Առտուն կանուխ։ Պէտք է մեկնիլ։

Ու չըսաւ, թէ ո՞վ էր մեկնողը, ո՞ւր՝ մեկնումին վայրը, ինչո՞ւ եւ որո՞ւ հետ։ Մեր իրաւունքին հուրքը մեզ կ՚ընէ զիկզակող։ Ու փոխանակ մտածելու, այսինքն՝ մտածման ընկալեալ ճամբաներով առաջանալու, կը զեղչենք շատ բան, տալով կորիզը մեր յուզումին ու կարծելով տուած ըլլալ անոր ամբողջ գնացքը։

Հասկցա՜ւ անոր էրիկը։

Ու տաքցաւ։ Նոր՝ սա ընդդիմութիւնը։ Կեանքին մէջ ոչ ոքի հակառակուած, ընդդիմաբանուած՝ գազանը մնաց ապշահար սա անհեթեթութեան առջեւ։ Ուրեմն, լեզու կա՜ր այդ կնոջ բերնին մէջ։ Մեծ իր մատները անցան ճակտին կնճիռներէն։ Մտածելո՞ւ եղանակ, սա բնազդական ինքնադարձումը։ Գիտէր սակայն փորձառաբար, որ ծանրագոյն իր որոշումները այդ խորդութեանց վրայ էր, որ կը սրուէին։ 

Ինչո՞ւ ուզեց ըլլալ հաշտարար, նոյնիսկ գորովոտ, հրաւիրելով հանըմ էֆէնտին աւելի քիչ կիրքի։ Հասկցուէին գոնէ։ Ու չէր հեգներ Էտհէմ պէյը, այդ զգայարանքէն զուրկ ծնած ըլլալուն։ Յետոյ, իբր թէ ինքնիրէն, չնայելով կնոջը.

Ի՞նչ է ուզածը, ողորմած Աստուած։

Կինը կտրեց խօսքին ընդլայնումը, իր կարգին, նայելով հեռու կէտի մը։

Շատո՜նց, շատ շատոնց, անիկա չէր հաւատար Էտհէմ պէյին ոչ իսկ մէկ բառին։

Ձայնը կը դողար։

Ո՛չ իրաւին եւ ոչ սուտին։

Երկու ափերը իրար ծեծելէն, ջուր թափողի մը կեցուածքով։ Բանավէճը անկարելի կը դառնար։

Յետո՞յ։

Զաւկին արե՜ւը վկայ

Դողաց անիկա, նուիրական բանաձեւը արտասանած ատեն։

Զաւկին արեւը վկա՛յ, պիտի պատռէր վարագոյրը։

Աչքերը շեշտ անոր աչքերուն, անլուր սառնութեամբ, գիշատիչ կենդանին մտիկ ըրաւ մեծ երդումը, վարի շրթունքը ծամելով։ Անոր բնազդական մէկ tic ն ալ աս։ Մինչ իր միտքը կը պատռտէր ով գիտէ ո՛ր կնիկին մարմինը, հեշտական զգայութիւններէ բոլորովին դուրս վայելքով մը։

Գայթակղութեան գնով։

Այո։

Գլխուն գնով։

Այո։

Փատիշահին իսկ հեռագրելով

Անոր դեղնաւուն ձեռքերը իր գլուխը կը ծեծէին։

Պիտի արգիլեմ այս աղէտը։

Անոր էրիկը չուզեց հասկնալ, վասնզի չհարցուց։ Բայց որքան ուժ էր սպառեր՝ ինքզինքը գամուած պահելու համար իր հեշտաթոռին, ու չխոյանալ սա «. քածին» վրայ։ Բոլոր կիները ուրիշ բան չեղան այդ ժողովուրդին, իրենց էրիկներու դատողութեան մէջ։

Հիւրերը սկսեր էին հասնել։ Սելամլըքին մէջ կնոջը ներկայութիւնը՝ արգիլուած։

Թող լաւ իմանար Էտհէմ պէյը։

Բայց ճերմակ էր այս ձայնը։ Մինակ մարմինը չէ, որ կը դալկանայ, երբ մեծ քանակով կորուստ տայ կարմիր հեղուկէն։ Հոգին ալ ունի իր արիւնահոսումը։

Երկու ծառայ բերին եօթնաստեղծ աշտանակը։ Հանըմին ներկայութիւնը զիրենք արգիլեց ներս մտնել։

Գացէ՛ք սրահ։

Ծառաներուն ոտքերը կը հեռանային։

Վառեցէ՛ք բոլոր ջահերը։

Ինչո՞ւ չէր շարժեր տեղէն։

Տիկինը դարձաւ ետ, դրան սեմին ձգուած աշտանակը վերցուց ու տարաւ դէմի սեղանին։ Մոմերուն կէտկիտուն լոյսին մէջ անոր դէմքին գոյնը մօտ էր մետաքս վրանոցին, բաց ճերմակ։ Նիհար իր ձեւին վրայ թոյլ այդ պարեգօտը տեսակ մը պատա՜նք։ Ու կը նմանէր այդ թուլութեան ու լայնութեան մէջ, սարսափ տարածող այն բանին, որ ողջ մարմինն էր, երբ կը քալէ անկար պատանքի մը մէջ մտած։

Անկարելի էր այդպէս զգեստաւոր, այդպէս հանդարտ, այդպէս ուրուային այդ տեսիլքին նայիլ ու չհաւատալ անոր պատգամին, գլխէդ կախուած ողբերգութիւն։

Չպաշտպանեց ինքզինքը, մոռցած ըլլալուն նման բան մը, քառորդ դարէ ի վեր, քանի որ իր բոլոր արարքները կը դատէր անդառնալի արդարութեամբ մը։ Չհերքեց ամբաստանութիւնն ալ ինքն ալ չէր գիտեր անցածն ու դարձածը, քանի որ նոր չէր, որ կը համբուրէր իր քենին ատոր զիջումը վեր գտնելուն։ Անիկա կը լսէր, միշտ, սուտն ու իրաւը, նոյն ականջով։ Իրն էր զուարճովի սրամտութիւնը, որուն համեմատ Աստուած լաւ ըրած պիտի ըլլար ականջներէն մէկը իրաւին, միւսը սուտին յատկացնելով։ Ու մեղաւոր էր այդ Աստուածը, մեր ականջներուն տուած չըլլալով ինչ որ ըրեր էր մեր լեզուին, անուշն ու լեղին իրարմէ զատող ջիղեր։ Սուտը սանկ քիչիկ մը բաժնելու էր։ Ըստ այս տրամաբանութեան, սուտն ու իրաւը համարժէք էին։ Ինչ որ իբր սուտ կը սկսէր, օր մը յանգելու էր իրաւին։ Ու փոխադարձաբար։ Այս դատելու կերպը՝ պատճառը խղճմտանքի իր մեծ, մշտական խաղաղութեան։

Առանց բարկութեան ճամբեց իր կինը։

Ետեւէն հօրը գերեզմանին վրայ, անիկա ըրաւ անդառնալի երդումը, այդ «քածը» չարաչար պատժելու։

Ու անցաւ իր հիւրերուն ընդունելութեան։