Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը .

 

Այսպէս պաշտպանուած, գրեթէ անառիկ բերդի մը վրայ ասպատակային գրո՞հ մը։

Ուղիղ յիմարութիւն, անտարակոյս։

Բայց սնդիկ Էտհէմը, երկար ուսումնասիրութենէ մը վերջ, գլուխ հանեց իր ձեռնարկը, վճռական յաջողութեամբ մը։

Ութը այդ պահակներէն ու տասը հովիւներէն ոչ իսկ մէկ հոգի ազատեցաւ անակնկալ սպանդէն, որ յանդգնութեանը հաւասար ճարտար ղեկավարումով մը պսակեց աւազակին ծրագիրը ու զայն տարիէն տարաւ դէպի հարստութիւնը։

Անոր խումբը, կազմուած գռեհիկ ու վախկոտ արարածներէ որոնք լեռը ելած էին աղտոտ ճամբով, այսինքն՝ մութին մէջէն, կռնակէն զարնելով եւ փախած էին կնիկներու հալածանքէն արդիւնք էր պետին շատ փորձ հաշիւներուն։ Մարդ մորթելու գործին առջեւ, իր անձին փորձառութեամբը, անիկա կ՚ուրանար քաջութիւնը, որ վտանգաւոր էր երբեմն՝ ձեռնարկներ վիժեցնելու աստիճան։ Կատարեալ ասպատակին աչքը կուշտ կ՚ըլլայ արիւնէ, այսինքն՝ չի մորթեր անձնատուրը, գերին։ Այս օրէնքով, անոր պէտք եղածը սա ստորին խառնակոյտն էր, որ աւարին ու կրակին հետ, պիտի չընկրկեր սեռին ալ կրակէն ու համբաւեալ կիներու վայելումը խայծ ունենալէ ու զայն իրաղործելէ ետքը, առանց թարթելու պիտի սպաննէր զանոնք։

Անիկա, առանց դժուարութեան, հաւաքեց իր մարդերը, անոնց խոստանալով կիները եւ ուզածնուն չափ ոսկի։ Պայման՝ հագնիլ ալպանական նորահաս փախստականի տարազ։ Աւելի կարեւոր պայման՝ երբեք չխօսիլ։

Այսպէս ծպտուած, իրիկուան մը դէմ անիկա երեւցաւ իր խումբին հետ, արօտավայրի սահմաններուն։ Առաջնորդը՝ ի՛նք։ Քովը՝ ալպանական նորահաս հովիւի տարազով հսկայ գող մը, կատարեալ սրիկայ մը, երկար տարիներ ալպանական նահանգներու մէջ զանազան պաշտօններ վարած ու ամէնէն վերջը հարկահան, կողոպտելու համար կառավարութեան սնտուկը։ Փախած Պրուսա, իր ալպաներէնը օգտագործելով մեծ յաջողութեամբ, ու ծանօթ՝ շրջանին բոլոր թաքստոցներուն։

Ծուղակը «պսակուեցաւ» լիալիր յաջողութեամբ, հակառակ՝ որջը պահպանողներուն շղթային եւ հովիւներուն մեծատաղանդ մարմիններուն։ Յաջողեցաւ, վասնզի անակնկալն էր յարձակման սա եղանակը, որ սկիզբ էր առած ալպանական երդումով եւ պէյ Սապիտինէն գիշերուան մը ապաստարան խնդրելով։ Տանուտէրը յիմար չէր անշուշտ տասը զինեալ ներս առնելու շրջափակէն։ Անոր աւանդական օրէնքն էր երեքէն աւելի մարդ չընդունիլ, իր բացավայրեան շէնքերուն մէջ։ Ու չընդունիլ մէկ հատ իսկ զինուած։ Սնդիկ աւազակը խելքն էր ունեցեր երեք օր առաջ ալպանական զինուած խումբի մը երեւման զրոյցը հասցնելու ագարակ։ Յատկապէս ընտրուած լեզուանի սրիկայ մը, ան ալ Ալպանիա եղած, այդ զրոյցը պատմեր էր պահակներուն եւ պատրաստած անոնց սպասումը։ Այնպէս որ՝ պահապանները առանց մեծ զգուշութեան մօտեցան ապաստան խընդրողներուն, որոնք իրենց ուսերէն վար իսկ չէին առած մաուզէրները։ Մերձեցման սա եղանակը ապահովութեան նոր նշան մըն էր ալպանացիներուն, որոնք առանց կասկածի բոլորեցին ներկայացողները։ Երեք էին ասոնք, միւս մասը՝ դարանի մտած, աւելի էր։

Պաղատական սա խօսակցութեան ընթացքին, ակնթարթի մէջ ռումելիցի ազգապիղծ, որդնոտ, անաստուած սրիկան օգտագործած էր արագութեան իր տաղանդը սա պարզ ու վստահ մարդասպաններուն վրայ, որոնք իրենց մաուզերները գործածելու մէջ կը դնէին առանձին հպարտութիւն ու դանակը կարհամարհէին, գոհանալով իրենց գօտիներէն կախ զմելիներով։ Տիրական էր մեթոտը, զոր գործածեցին երեքը մէկ։ Էտհէմին բաժին ինկած էին երեք ամենահսկայ ալպանացիներ, որոնք շատ արագ հարուածներով, աճուկէն, բախտորոշ կէտին, պառկեցան անշունչ։ Մեծղի այդ մարդերը ատեն իսկ չէին ունեցած իրենց մաուզերները գործածելու ու մեռան գրեթէ անաղմուկ։ Մինակ բանակներու մէջ չէ, որ արագութիւնը յաղթանակ կը բերէ։

Անիկա նեղուեցաւ սակայն շուներէն, որոնք մեռան, բայց քիչ մնաց բզկտէին զինքը։

Հովիւնե՞րը։

Ուրիշ ալպանացի մը, խումբէն, ծպտուած զանոնք այն օրը տարեր էր եայլա յի [1] ։

Տանուտէ՞րը:

Շուներուն աղմուկէն հանեց իր գլուխը դուրս, բարձրկեկ պատուհանէ մը։ Ու կը դիտէր, անկասկած, տեսարանը, չհասկնալով պահակներուն անկումը։ Վարժ էր սակայն նման պատկերներու, քանի մը տարուան մէջ քանի՜-քանի՜ անգամներ կը կրկնուէին սա պայմանները։ Մէկ ձեռքը աչքին վերեւ, անիկա կը ջանար հասկնալ իրարանցումը, երբ գնդակ մը զինքը ըրաւ անհետ։ Ճակտէն զարնըւած՝ ինկեր էր կռնակին վրայ։

Մութը չէր կոխած բոլորովին, երբ Քէլ Էտհէմին խումբը մտաւ կիներու բաժինէն ներս։

Արձակուածը այդ գնդակն էր միայն։

Շրջակաները խոր խաղաղութիւն, բացի ձիերուն ողբագին խրխինջէն ու հաւերուն անխելք աղմուկէն, որոնք չէին կրնար հանգչիլ, պառկողներուն շուրջը հետաքրքիր դառնալով եւ երկինքը վար բերելով իրենց կարկաչով։ Ծովուն բացեն, առագաստանաւ մը, իրիկուան հովին տուած ինքզինքը, կը սահէր հանդարտ։ Երգ մը կար այդ թռչող բանէն, անուշ ու ողբագին դարձեալ, վաղածանօթ բոլորին, որուն մէջ զարնուած հարսնուկ մը կը ներէր իր ամուսինին անտեղի կասկածին՝ սեւ աչքը իր կարմիր արիւնին մէջ խզտելով։ Ուրիշներ կը քալէին կամրջակին վրայ ու սկսող մութը, այդ մարդոց գոյները հալեցնելով՝ սեւ սատանաներու կը փոխէր զանոնք։ Ոմանք՝ չուաններով։ Մէկ-երկուքը՝ ջուրի դոյլերը կործելով [2] ծովուն մէջ, ուր փրփուրը գոց սատափի գիծի մը պէս կը փայլէր ու կը մարէր անմիջապէս։

Չեմ յամենար տեսարանին մնացեալ դրուագումին։

Ասպատակներ, վայրագ ու սարսուռէն խենթեցած՝ բռնաբարեցին ինչ որ ինկաւ իրենց ձեռքերուն տակ, երեք կին, տանուտէրին կիները, երկու աղախին, երեք աղջիկ, որոնց պզտիկը նոր էր մտեր տասնին։ Այս արարմունքը տեղի ունեցաւ խուլ, հեւասպառ դառնութեամբ ու ցաւով։ Իրենց անասնութեան ու անհամբերութեան մէջ քիչ մնաց սպաննէին իրար, անոնք՝ ով կարգի կը սպասէին ու կը խանգարէին միւսները։ Տեսարանին անկարող հանդիսատես, ութսունամեայ պառաւ մը, բռնի բացաւ դուռը գանձատունին, վաղահամբաւ խազնա ն [3], որուն մուտքին պառկեցուցին զինք ու ըրին կացինահար։ Անոր դիակին վրայ, Էտհէմ չավուշը (այսպէս էր իր անունը խումբին մէջ) միւսներն ալ փռեց միշտ աճուկէն, բախտորոշ հարուածով։

Առասպել եւ իրականութիւն զիրար կը գերազանցէին, կէս դարէ ասդին, այդ հարստութեան մասին։ Ժողովրդական երեւակայութիւնը ո՞ւր է, որ չէ միջամտեր ու հին օճախները չէ կեցուցեր ստորերկրեայ ոսկիին պարկերուն վրայ։ Արծաթը առանց պարկի, այդպէս դէզ ըրած։ Ոսկին քիլէ-քիլէ, քանի մը սուլթաններու զինանշաններով, պաթման ով (2½ օխանոց չափ մը) մարգրիտ։ Վեց օխանոց սակառ մը (որով ձիթապտուղ կը հաւաքեն բարձր ծառերէն) ադամանդ։ Ու շարունակելը ձեզմէ։

Մտաւ ներս։

Արծաթ։ Ոսկի։ Գոհար։ Հին զէնքեր։ Մատնիներ։ Օղեր։ Բաւարար քանակութեամբ, թիթեղներու մէջ զատ–զատ դրուած։ Գետնատակի այս այրին մէջ, տասը շունչի բաւող օդ չկար, սակայն։ Միւս կողմէ՝ լամբերը կը սպառնային մարիլ։ Նեղուած էր շնչառութենէն, ելաւ դուրս, հրամայելով առնել որքան որ կրնային։ Ու բուռ-բուռ ոսկին դիզեցին անոնք իրենց ազազուն մէջքերուն մէջ ու ծոցերէն ալ ներս։ Անոնց յագենալէն յետոյ, արգիլեց մեռած աղջկան մը գործադրուելիք անասնութիւնը։ Բերել տուաւ երկու ջորի ու բեռցուց անոնց վրայ ինչ որ կը մնար մէջտեղը։ Հապիկա ները [4] դժուար կը փրթէին գետինէն։ Չորս բազուկներ պէտք եղան՝ զանոնք ջորիներուն քամակը փոխադրելու համար։ Գոհարեղէն ու քանի մը հին մանեակներ անիկա պահած էր ետին։

Առիւծին բաժի՜նը։

Ըսին ու լռեցին։

Խաղաղ գիշերը կը շարունակուէր նոյն պայծառութեամբ։ Զով հովը կը թօթուէր մեծակառոյց բարտիները, որոնք մեղմ՝ հեծկլտուքով մը կը թուէին լալ պառկողները։

Անիկա յիմարութիւնը ունեցաւ մտքէն անցածը գործադրելու։ Բանտերու իմաստութիւն էր սպանդէն յետոյ կրակը։ Գտաւ քարիւղին թիթեղը եւ շաղեց անոր պարունակութիւնը դիակներուն վրայ։ Բայց արգիլուեցաւ լուցկի զարնելէ։ Մէկը շեշտեր էր լոյսին վնասակար ընկեր մը ըլլալը։ Մնաց որ, շէնքերը շատ էին ու բանտին պատգամը անճիշդ։ Պալատ մը միակտուր մարխի պէս կը բռնկի։ Հոս, անիկա մտիկ ըրաւ այդ յիմարին իմաստութեանը։

Ջորիները քալեցին ագարակին սահմաններէն դուրս։ Հոն հապիկաները փոխադրուեցան ձիերուն վրայ։ Ու խումբը դուրս ելաւ թերակղզիէն, ցրուելու համար իր ուզած ուղղութեամբը։

Լոյսը ոչ մէկ կենդանի շունչ պիտի գտնէր հնօրեայ փարթամ օճախէն։ «Հունտէն կտրուած» էր ալպանացի գերդաստանը։

 

 

 


[1]         Եայլա - ամրան մուտքերուն հօտերը հանել սարահարթ։

[2]         Կործել - շընել։

[3]         Խազնա գանձ:

[4]         Հապիկա - երկկողմանի մախաղ, զոր կը ձգեն գրաuտին թամբին։ Հիւսուած կ՚ըլլայ լաւ մազով։