ԺԲ.
Անզգամ
դղեակը
թաղումին
համար
կարգադրեց
շքեղ
արարմունք։
Հարուստին
մեռելը
վեր
է
երբեմն
շատ
աւելի,
քան
ողջը։
Իշխանական
պարգեւներ
բաշխուեցան
կրօնաւորներուն,
աղքատներուն,
առանց
կրօնքի
խտրութեան,
մինչեւ
եօթը
գեղ։
Ռէժիին
տնօրէնը,
ամբողջ
պաշտօնէութեան
հետ,
ըրաւ
արժանաւոր
յարգանքը
վաղամեռ
իր
կնոջը:
Յետո՞յ։
Հարցուցած
ունի՞ք
դուք
ձեզի
սա
երկավանկը»
երբ
կը
դառնաք
գերեզմանէ
մը։
Յետո՞։
Այսինքն՝
երբ
մայր
մը
իր
զաւակը
կը
թաղէ։
Բայց
ե՜րբ
զաւակն
է
թաղողը…
Երկու
շաբաթէն
տղան
պիտի
դառնար
քաղաք,
իր
ուսումը
աւարտելու։
Անզգայաբար
անոր
հայրը
իր
կամքը
կը
պարտադրէր
իր
տղուն։
Հասունցած
աղջի՞կը։
Չգնաց
Պոլիս,
հակառակ
ամէնուն
սպասումին։
Բայց
պիտի
փոխէր
տունը։
Շնորհազուրկ,
նահատակ
փաշային
մէկ
հեռաւոր
ազգականը,
որ
իր
նահատակ
զաւկին
թոշակովը
կ՚ապրէր,
ընդունեց
աղջիկը,
իրեններուն
քով,
երեքն
ալ
աղջիկ։
Ու
հայր
ու
տղայ
չէին
գիտեր,
թե
ինչո՞ւ
կ՚ընէին
այս
կերպ։
Բայց
գոհ
էին
երկուքով։