Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.

 

Նաւահանգիստի աւագանին, ողջերթի հրաւիրուած, Սիւլէյման էֆէնտիին հետ ունեցաւ մեծ տեսակցութիւն։ Դիւաններու պետերը, աւագ քարտուղարները, դատաւորները, հարիւրապետները, բժիշկն ու դեղագործը, բոլորն ալ անցած ուսումի նոյն աստիճանէն, իրենց դպրոցական յիշատակները պատմեցին, բարձր հեգնութեամբ մը ծիծաղելի ընելով արաբերէնն ու պարսկերէնը, որոնք տղոց ատելութիւնը կը շահէին, հակառակ կրթական նախարարութեան խիստագոյն հրահանգներուն ու արգելք են անոնց կարգափոխութեան։ Մէջտեղ դրուեցան ծերունի ուսուցիչներ, իրենց ծիծաղելի կողմերովը։ Կը խօսէին, կը խնդային։ Ու ամէն խօսող կ՚ընէր բարձր քաղաքականութիւն, օրուան թերթին աս ու ան լուրը լուսաբանելով մեծ հմտութեամբ։

Զուարթ, մեծ չափով երիտասարդ այս ընկերակցութիւնը խուլ զայրոյթ մը ստեղծած էր սակայն տանուտէրին հոգիին մէջ, որ քիչ քիչ սկսած էր հասկնալ իր կնոջը արարքին ամբողջ անպատկառութիւնը։

Երբ երիտասարդները կը վիճէին անգլիական բանակին ողերմելիութիւնը կասկածէ դուրս յայտարարելով (Պօէրներու պատերազմը կը տեւէր տարիէ մը ի վեր), Էտհէմ պէյը Ալպիոնին վերագրուած պոռնիկ մակդիրը կը կրկնէր մտքէն իր կնոջը հասցէին։ Ուրիշ ի՜նչ վերադիր, բոլոր կիներուն համար։ Որքան քիչ, դժուար է տեղը Արեւելքի կիներուն։ Տան առարկաներ։ Զորս կը փոխես, ուզած րոպէիդ։

Բայց…

Ու կը մտածէր, կոյանոց մաքրող գնչուի որդի Քէլ Էտհէմ, հիմա՝ փաշացու, մինչ կանանչ սեղանին վրայ շատախօս փաստաբան մը գովքը կ՚ընէր գերման զօրապաշտութեան ու խելք կը հասցնէր երրեակ զինակցութեան բարիքներուն, անկարող սակայն սանձելու բարեպաշտութիւնն ալ իր նոր կնոջը, այդ օրն իսկ ծովու ճամբով դղեակ ընդունուած։

Ու կը մտածէր…

Փոքր աւատապետութիւն մըն էր իր հիմնած ընտանիքը։ Իր հողերը, տարիներու ընթացքին ծնունդ էին տուած ագարակներու, որոնք հետզհետէ փոքր աւաններու կը նմանէին, իրենց աճած տուներովը։ Թուրք գիւղերու սկիզբը ախոռն է կամ ջրհորը։ Յիսուն ձիաւոր այդ սահմաններուն մէջ կը կազմէին անոր անձնապահ ու անձնուէր գունդը, մօտէն, լոյսէն, մութէն, հեռուէն հովուելով իր փառքը։ Դրամը, ասոր կապուած վայելքներուն ամբողջ ստեղները, կինը, իր տեսակին անբաւ զանազանութեամբը, բոլորը բաց՝ անոր ախորժակներուն, տարիքին հետ ամրացող ու նուրբ, քանի որ տասնըհինգամեայ աղջիկները կը գրաւէին իր զգայարանքները։

Ու կը մտածէր

Հասունցած՝ փաշայութիւնը, որուն ֆերմանին թուղթը արդէն ապսպրուած էր իր ծախքովը…։ Յետո՞յ։ Անիկա հաւատք ունէր իր արժանիքներուն՝ պետական մեքենային հետ իր շփումին արգասիք, քանի որ այդ մեծ-մեծ դպրոցներու պսակաւոր պէյերը խելքն իսկ չունէին իրենց կիները կառավարելու, ու կուշտ տուն մը պահելու։

Ու կը մտածէր…

Վտանգե՞լ իր մեծ խելքին սա արդիւնքը, «քածի» մը ժանիքովը, «տախտակի» մը (այնպէս կը հեգնէր իր կնոջը նիհարութիւնը) յիմարութեանը երեսէն։

Ու գիւղացիի իր տրամաբանութիւնը կ՚ըսէր իրեն.

Տեղդ ծանր կեցիր, տղաս։

Դիւրին չէր ի վերջոյ այսպէս ամրակառոյց փառք մը, փաշայութիւն մը զոհել աղջկան մը ծոցին։ Ահաւոր իր սրատեսութիւնը։ Կնոջը դէմ այսպէս ինքզինքը կատղեցուցած պահուն, անիկա քաղցր ապահովութիւնը ունէր անոր քրոջը ծոցին, անառարկելի իրաւունքի մը նման։ Իսլամութիւնը, այնքան լայն ամուսնական կապերու առջեւ, սխալը ըրած էր մէկէ աւելի քոյրեր նոյն արուին կին չարտօնելու։

Կոյանոց մաքրողի տղա՜յ։

Անիկա մտքով թքաւ ապուշ փաստաբանին, որ Պրուսայէն նոր հասած երգչուհիի մը բումբերը կը գովէր, քիչիկ մը սքողուն բառերով, շրթներու կապին քիչիկ մըն ալ փրփուր։

Սիւլէյման էֆէնտի՞ն։

Հոն էր, միշտ իր ազգին պատմութեան ու անոր մեծ դէպքերուն փառաբանութեան։

Անիկա, նման հաւաքոյթներու, հօրը մեծ հաճոյքին համար, դրուագումը պիտի ընէր դդում ծախող Մուսթաֆայի մը, որ մօտ հարիւր տարի առաջ, Սուլթան մը վար առած էր իր գահէն։ Անոր հայրը յիսուն անգամ լսած ունէր այս պատմութիւնը, զոր այն օրերուն գրաքննութիւնը անճանաչելի ըլլալու չափ փոփոխած էր դասագիրքերու մէջէն։ 

Ամէն անգամուն զայն կը զգար այդ կոյանոցի սերունդ թշուառականը, իբր նոր բան մը, որ վաղն իսկ կրնար նորոգուիլ... ։ Անշուշտ, անոր միտքէն չէր անցներ Համիտը վար առնել։ Բայց այդ մտքին ներկայ էր միշտ Մուսթաֆան։ Անշուշտ անիկա չէր կրնար գրել իր անունը։ Բայց այդպէս էին ան միւսներն ալ, իրենց պատմութեան մեծ հերոսները, որոնք իրենց ձիերով շաբաթը նահանգ մը կը նուաճէին։ Ողջ ըլլային Մուսթաֆաները, դդում ծախող կամ ոչ, հարցը հոդ չէր սահմանափակուեր։ Ու ան միւսները, միրալայ, միւշիր, վէզիր, որոնց տաղանդը փորին ուռեցքին էր համեմատական…

_ Ու կը նայէր կանանչ սեղանին ու զայն շրջանակող մարդոց, բոլորն ալ աւելի պակաս ենթակայ իր կամքին։ Չէ՞ որ տէրն էր անոնց ամէնէն անձնական արժէքներուն, անոնց կիներուն։

Կէս գիշերը անց, անիկա ճամբեց հիւրերը։

Առտուն կանուխ՝ տղան։ Առանձի՛ն։ Հեռագիր մը դպրոցը բացուած կը յայտարարէր՝ Սիւլէյման էֆէնտին անյապաղ ուզելով։

Կիները մնացին զարմանատար։

Անտարբեր՝ անիկա լռեցուց երկու կիները։ Տղան իր տղան էր։ Ու պետութիւնը պէտք ունէր անոր։

Այսպէս մտածեց անիկա բարձրաձայն ու համբուրեց ճակատը իր մանչուն։

Անիկա ճամբու դրաւ իր կինն ալ դէպի իր առանձնարանը, անոր ետեւէն ծամելով իր ստորին շրթունքը։

Վճռա՞ծը։

Պատժել անխնայ…

Ե՞րբ, ինչպէ՞ս։

Ատենը մօտ էր ատոր խորհելու։

Սիւլէյմանին հեռացումը տունը դարձուց իր պաղ, դժնդակ վիճակին, շատ աւելի շեշտուած, որքան չէր ատիկա անոր ժամանումէն առաջ։

Երկու կիները, առանց իրարու բացուած ըլլալու, զիրար կ՚ատէին գրեթէ։ Ու չէին գիտեր, թէ ուրկէ ծագում կ՚առնէր սա զգացումը։

Պէյպապա՞ն։

Անշուշտ։ Գործերէ կլլուա՜ծ, քրտնաթոր։ Ամէնէն բազմազբաղ ամիսն էր ատիկա տարիին։ Ագարակներու վարձակալութեանց նորոգում կամ ջնջում, պարտքերու գանձում։ Ձիթապտուղի քաղին համար պատրաստութիւն։ Այգիներուն յորդ ջուրերը։ Տասանորդի ձեռնարկներ։ Ծովու չափ գործ կար անոր գլխուն։

Տրտում, ցերեկները դղեակէն ելած պահուն։

Տրտում, իրկունները դղեակ դարձի պահուն։

Գիշերները, «պզտիկ հանըմ» խաղցնելով։

Մոռցա՞ծ, կնոջը սպառնալիքը։

Ուժի եւ գործի տէր մարդոց նման, անիկա ժամանակ չունէր անտեղի անդաճումի։ Անոր միտքը նշանախեց մը իսկ զիջում չէր ընդուներ իր որոշումներէն։ Կապածը՝ կապած։ Կտրածը՝ կտրած։

Ու կը հասուննար անոր միտքին մէջ վրէժը, զոր կ՚ուզէր ամբողջ ու անվերադարձ։