Դ.
Ու
կը
տպաւորէր
անիկա
խուլ
այդ
խղճմտանքները
նոր
իր
իմաստութեամբը,
այնքան
քիչ
նման
սա
մարդոց
լսածին։
Ու
առատ
իր
գիտցածներովը
սա
աշխարհի
մասին,
որ
այնքան
տարբեր
էր
Սուլթան
Համիտի
շինածէն։
Հեռուի,
ծովերէն
անդիի
գիրքերուն,
ցուցմունքովը
ճարտարապետուած
մոգական
աշխարհ,
իրաւ՝
որքան
գեղեցիկ։
Ամբողջ
երեսուն
տարի
թուրքերը
ուրիշ
աշխարհ
չճանչցան,
քան
ինչ
որ
տուած
էր
իրենց՝
իրենց
թագաւորը։
Անիկա
ուսումնականն
էր
անոնց
մէջ։
Անո՞նք։
Իր
ընկերնե՞րը։
–
Ոչ
մէկը
կը
գրէր
իր
անունը
կամ
կը
կարդար
էլիֆպան,
տարիներով
ձմեռներուն
Ճամիին
բակի
փոքր
սենեակը
փայտ
տարած,
հոճաներուն
հաց
կրած
ըլլալնուն
հակառակ։
Սորվածնի՞ն։
Անշուշտ,
–
նամազ
ը,
անոր
աղօթքները։
Ու
քիչ
բան
չէր
ատիկա,
քանի
որ
սա
խաւարին
մէջ
ալ
արաբերէն
նախադասութիւնները
կայցելէին
անոնց
շրթներուն։
Լայնութեամբ,
բարեմտութեամբ,
այդ
մարդիկը
կը
ներէին
անոր
իր
թուլութիւնը,
օտարութիւնը
հանդէպ
կրօնական
հարցերու
եւ
սովորութեանց,
զանցառութիւնը՝
նամազին
պահերուն
դէմ,
որուն
ահեղ
զօրութիւնը
միակ
կանգուն
բանն
էր
անոնց
խղճմտանքին
կործանումին
վերեւ։
Իրենց
խեղճ
ուղեղները
կը
գորովէին,
յուզուելու
աստիճան
Աստուծոյ
հաշիւներէն,
որոնց
համեմատ
էր,
որ
կը
մտածէր,
կը
խօսէր,
կը
գործէր
անշուշտ
սա
տղան,
քանի
որ
մեղքն
ու
վարձքը,
արդարութիւնն
ու
մոլորանքը,
առաքինութիւնը՝
ինչպէս
պղծութիւնը
Իրմէ
են
Արեւելքի
մէջ,
ժողովուրդը,
առանց
Անոր,
տերեւն
իսկ
շարժի
չի
հաներ։
Կիրքով,
ոճիրով
անբանացած
այդ
ուղեղները
ներքնապէս
երախտագէտ
էին,
սա
զգացումներուն,
մտածումներուն
սիրուն։
Կը
զմայլէին
շիտակութեանը
վրայ
անոր
հոգիին,
համեստութեան
ու
պարզութեանը
այն
փաստերուն,
որոնցմով
անիկա
կը
փրկէր
մեղքը
իր
ուրացումին,
վարագոյրը
քաշելով
իր
կորանքին
ու
անոնց
տգէտ,
թշուառ
գայթակղումին
ընդմէջ,
այնքան
ահեղ
յանցանքէ
մը
յետոյ
իր
անձն
ալ
անարժան
դասելով
ծունկ
կոտրելու
Ալլահի
աթոռին
շուքին
–
ինչպէս
կը
հաւատան
միամիտ
աղօթարկուները,
երբ
դողան
տեղին
մաքրութեան,
նամազի
պահուն
–
Գուրան
էն
պատշաճ
մէջբերումներով
արդարացնելով
իր
աղօթազանցումը։
Արեւելքի
ժողովուրդներուն
համար,
սեռէն
յետոյ,
աղօթքը
գերագոյն
իրողութիւնն
է։
Բախտակիցներու
դէմ
փափկանկատ
սա
վերաբերմունքը
(անիկա
ուշադիր
եղաւ
չտարտղնելու
այդ
մարդոց
մատչելի
միակ
մխիթարանքը,
գերագոյն
սպեղանին,
հիմա՝
որ
այնքան
կարիքն
ունէին
որեւէ
քաղցր
բառի,
յոյսի,
ու
չկոտրեց
անոնց
շրթներէն
աշխարհով
ճարուելիք
մեղրին
սա
դիւրաբեկ
գաւաթն
ալ)
կը
վայլէր
իրեն,
անոնց
առարկայած
հեռանկարին
պատրանքին
չափ,
իրեն
ալ
խնայելով
կեղծիք
մը
կրելու
ամօթը։
Խղճմտանքը
ունի
այս
նրբութիւնները։
Երկրայինին
անվերադարձ
քանդումէն
յետոյ,
երկնայինին
սպասման
մէջ
իրենք
զիրենք
սփոփելու
սա
միամիտ
ստուգութիւնը
ինչո՞ւ
զլանալ
այդ
մարդոց։
Իր
հաշուոյն
պատրանք
չունէր
անիկա։
Բայց
ծնած
էր
պարկեշտ։
Ու
ցանկալի
է
շատ
չշփոթել
աշխարհիկ
բարուրանքներէն
ձերբազատուած
ուղեղ
մը
բարոյազերծուած
միւս
գազանին
հետ,
որ
չ՚ամչնար
մա՛նաւանդ
խղճմտանքէն։
Որ
լրագրող
է
Պոլիս
ու
ամբողջ
ժողովուրդի
մը
բնաջնջումը
մարսելի
ընող
տարազները
կը
ներկէ՝
իր
ընթերցողներուն
վայելքին
համար։
Որ,
Հայ
մանկիկները
թոյնով
մեռցնելու
ատեն,
բժիշկի
աչքով
կը
հետեւի
անոնց
ջղային
պրկումներուն
ու
նոթ
կ՚առնէ
գիտական
ուսումնասիրութիւն
մը
պատրաստող
իր
pédantisme
քողաւոր
ընելով
ցեղին
ցուցմունքէն։
Դուք
գիտեք,
թե
որոնց
կ՚ուղղուին
այս
ակնարկութիւնները։
Թուրքերուն
մէջ
խղճմտանքն
ալ
վաչկատուն
է
տակաւին
ու
կը
կրկնէ
տափաստաններուն
պատահական
շրջանայնութիւնը։
Ռամազան
ին
(ամիսը
սրբազան
պահեցողութեան),
երեսուն
տարի
առաջ,
այդ
խղճմտանքը
հաշտ
էր,
գողտր
էր,
սուրբ
էր
տունին
մէջ
ու
շանթ՝
շուկան,
կեավուրին
գլխուն։
«Սուրբ
օրով»
անցնելու
չէիք
հաւատացեալի
մը
խանութին
առջեւէն
դուք,
որ
թլփատուած
չէիք։
Զայն
կը
մղէիք
մեծ
մեղքի,
պարզ
ձեր
ստուերովը։
«Սուրբ
օրով»,
Գերմանիա
ուսած
գիտութեան
մարդը
մանուկներ
թունաւորելու
իր
ազգասիրական
պարտքը
կը
կատարէր
խոր
երկիւղածութեամբ,
իր
աշխատանոցին
մէջ,
սուրճին
ու
ծխախոտին
գաղջ
բուրմունքովը
հեշտացած։
Այս
սխրագործութիւնները
հազիւ
տասը–տասնըհինգ
տարիով
ուշ
են
սա
պատմութեան
օրերէն։
Էտհէմ
պէյ
Զատէ
Սիւլէյման
Էֆէնտին
–
գիտէք
թէ
ինչու
չեմ
կրնար
պէյ
տիտղոսը
կցել
իր
անունին
–
կոտրելէ
յետոյ
անապատի
ու
տափաստանի
բարոյականին
տախտակները,
կոտրա՞ծ
էր
նաեւ
իր
մէջէն
դարաւոր
միւս
զսպանակն
ալ,
որմէ
բռնամուղ՝
իր
պապերը
արձակուած
էին
ստեփ
ներէն
ու
խոյացեր
աշխարհին
վրայ։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
–
Կոտրա՞ծ
էր
թուրքը
այս
տղուն
մէջ։
Չեմ
գիտեր։
Ես
զինքը
գտայ
իր
նկուղին
մէջ,
պատանեկան
փորձանքի
մը
գծով,
որ
Համիտի
ռեժիմին
կրնար
գտնել
ամէն
հայ
պատանի։
Լսեցի
իր
ոճիրը
իր
բերնէն։
Յետոյ
լրացուցի
անոր
տեքորը
անձնական
պրպտումով
բանտէն
դուրս։
Հիմա,
այդ
օրերէն
երեսուն
ու
աւելի
տարիներ
ետքը,
երբ
կը
գրեմ
անոր
դրուագումը,
հարցը
կրկին
կը
ներկայանայ
մտքիս,
ինչպէս
ներկայացել
էր
այն
օրերուն։
Թուրքը
կոտրա՞ծ,
առնուազն
փոխուած։
Չեմ
գիտեր,
ինչպէս
չէի
գիտեր
այն
ատեն
ալ։
Իրողութիւն
է,
որ
ես
չըրի
հանդիպումը
այդ
գիծէն
ուրիշ
թուրքի
մը,
նոյնիսկ
աւելի
վերջերը,
երբ
թուրքերը
Սահմանադրութիւն
հռչակեցին,
խղճմտանքի
ազատութիւնը
տարփողեցին,
ցեղերու
եղբայրութիւնը
երգեցին,
բայց
նախակրթութիւն
իսկ
չստացած
իրենց
տղոց
մէջը
մշակեցին,
վերնադիր
սաստկութեամբ,
նոյն
այն
ժահրը,
որով
թունաւոր
վէրք
մըն
է
անոնց
պատմութիւնը,
մշտահոս,
Արեւելքի
ու
Արեւմուտքի
եզրերուն։
Եւ
սակայն
աղ
ու
հաց
կերած
էի
անոնց
հետ:
Կարդացած
Վոլթէռ։
Ու
այդ
երիտասարդները
պետական
մեծ
վարժարաններ
ունէին
իրենց
կռնակին։
Ու
յետոյ,
կ՚ուզեմ
որ
ուղիղ
հասկնան
զիս։
Թուրքերը
կը
մեղադրեմ
ո՛չ
թէ
թուրք
ըլլալնուն,
այլ
մա՛նաւանդ
ատիկա
ծածկել
ջանալնուն։
Ու
յետոյ
կ՚ուզեմ,
որ
ուղիղ
հասկնան
զիս
մերինները՝
ինչպէս
օտարները։
1900ի
սերունդը
լաւ
է
զատած
զսպանակները
այն
հետաքրքրութեան,
որ
մեր
ջարդուելուն
արձագանգը
կազմեց։
Պարթեւեանի,
Բաշալեանի,
Օտեանի
նշմարներուն
մէջ
սեւեռումի
ինկած
են
թիփեր՝
որքան
մտայնութիւններ։
Ո՞ւր
դնել
ահաւոր
պիկոթիզմ
ը,
որ
այնքան
ճարտարութեամբ
ինքզինքը
կը
սրբացնէ
ու
ջարդուած
ժողովուրդի
մը
դատը
իբր
փաստ
կօգտագործէ
Աստուծոյ
անհասանելի
պատգամներուն։
Չէ՞
որ
եղան
միսիոնարներ,
որոնք
թուրքերուն
խղճմտանքը
մարզելու,
աւելի
նուրբ,
աւելի
քրիստոնէավայել
ընծայելու
երկնայարդար
բարիք
մը
արձանագրեցին
մեր
աղէտը։
Ես
ասիկա
ականջովս
եմ
լսեր,
որբերու
կարաւան
մը
կերակրելու
պաշտօնով
Արեւելք
ղրկուած
ժօռատ
ամերիկուհիներէ։
Ու
յետոյ,
չեմ
հաւատար
արեւմտեան
շահապաշտ
ու
կեղծ
համակրանքին,
որուն
հագցուցին
այդ
քաղքենի
քաղաքակիրթ
կառավարութիւնները
քրիստոնէական
շուրջառ
եւ
ղրկեցին
մեր
աւերումը
անդաստանելու։
Ասոնցմ
է
դուրս
է
անշուշտ
թուրքին
հարցը։
Ու
կ՚ուզեմ,
որ
լրբութիւնը,
նենգութիւնը,
վայրագութեան
ու
կեղծիքի
հոյակապ
խառնուրդ
թրքական
փոլիթիքա
ն
չանցնի
աննշմար
մերիններէն,
միանգամընդմիշտ
խարանուած
բանի
մը
նման։
Ու
չանցնի
աննշմար
այն
միւս
աշխատանքը,
որով
այդ
նենգադաւ
գործունէութիւնը
անոնք
կը
հանեն
դէպի
ազգային,
քաղաքական
առաքինութիւն։
Անշուշտ
մերինները
կը
հասկնան
կարգ
մը
բաներ:
Օրինակ,
կրնանք
հաւատալ,
թէ
ամէն
թուրք
ջարդարար
մըն
է։
Բայց
կը
վարանինք
ընդունիլ
ուրիշ
աւելի
իմաստուն
առածներ։
Օրինակի
համար,
մենէ
քիչեր
կը
զիջին,
որ
թուրքը
խելք
ունենայ,
ըլլայ
քաղաքագետ։
Հո՛ս
է,
որ
կը
սկսի
մեր
մեղքը,
ու
մեծ
հաճոյքով
կ՚ուրանանք
այս
առաքինութիւնը
ժողովուրդի
մը
վրայ,
որ
այսքան
մեծասփիւռ
տագնապները
դիմաւորեց
ու
խաբեց
աշխարհը,
ոխերիմ
թշնամիներուն
հետ
անգամ
լեզու
գտնելով։
Եղայ
թուրքերու
հետ,
որոնք
պակաս
էին
մարդկութենէ
ու
կ՚ըսէին
ատիկա
սառնութեամբ,
հպարտութեամբ,
Գերմանիայէն
ապսպրուած
բարոյականով
մը,
ուժին
ու
բռնութեան
իրենց
բնազդները
արժեւորելով,
հայրենիքին
համար
արիւնին
մէջ
լուացուելու
իրենց
առհաւութիւնը
լաստակերտելով
նոր
օրերու
տարազներով։
Այդ
մարդիկը
կը
սպաննէին
տարբեր
մտածողը
ու
կը
կարդային
Լամարթինի
կողմէ
գրուած
իրենց
պատմութիւնը
մեծ
արհամարհանքով։
Իրենց
պատմութեան
արժանի
պատմիչ
անոնք
կը
սպասէին
ու
կը
սպասեն։
Եղայ
ուրիշներու
հետո,
միշտ
թուրք,
աւելի
վերջը,
որոնք
իբր
միտք
ու
բնոյթք
կ՚արժէին
աւելի,
քան
Սիւլէյման
էֆէնտիները։
Բայց
նշանախեց
մը
անգամ
չէին
զիջած
իրենց
մեծ
երազէն,
–
Դանուբէն
Մոնկոլիա
մեծ
հայրենիքին
ստիպողութեան,
որ
իրենց
կը
թելադրէր
այդ
գիծին
ինկող
ամէն
խոչընդոտ
անխնայ
դէն
շպրտել
։
Իրենց
նշանաւոր
փիւսկիւթմէքը
անմոռանալի
է։
Անշուշտ
եղան
մարդեր
ալ,
որոնք
հարիւր
հազարներու
մէջէն,
ով
գիտէ
ի՛նչ
զսպանակներու
տակ,
անջատուեցան
ցեղային
միջինէն,
ու
Աղէտէն
իսկ
յորձանքին
մէջ,
ջարդարար
բանակէն
անցան
ջարդուողներու
կողմը։
Թող
անոնց
Ալլահը
վարձահատոյց
ըլլայ
անոնց
հաշիւներուն։
Եղան
սակայն
այն
միւսներն
ալ,
դարձեալ
հարիւր
հազարներու
մէջէն
առանձին,
որոնք
մանկիկներ
որդեգրեցին,
ճամբաներուն
վրայ
անոնց
մայրերուն
–
հայրերը
արդեն
մաքրուած
էին
պետական,
այսինքն՝
համազգային
վճիռով
–
կոտորումը
հրամայելէ
կամ
առնուազն
անտարբեր
դիտելէ
ետք։
Հանդիպեցայ
բժիշկներու,
որոնք,
սովորական
պահերու,
վեր
էին
թուրքէն,
բայց
մղձաւանջին
մէջ
մտնելէ
յետոյ,
կը
քաշկռտուէին
իրենք
իրենց,
դէպի
տարազը
իրենց
նախնիքներուն
–
հոգեկան
տարազը
–
ըլլալու
համար,
իր
բոլոր
հումութեան
մէջ,
տափաստանի
կենդանին,
որուն
կրունկները
դեռ
չեն
կոխոտած
քրտինքով
ողողուած
հողերը
Մերձաւոր
Արեւելքին։
Ու
կը
հարցնեմ
կրկին.
-
Կոտրա՞ծ,
թո՛ւրքը,
Սիւլէյման
էֆէնտիին
մէջ։