Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

 

Իր մենութեան վիրապին մէջ, հակառակ ինքզինքը խստօրէն պաշտպանել փորձելուն, անիկա պիտի ընդունէր գրոհը ցաւերու նոր խաղացքի մը, որ հեռուներէն փրթելուն՝ զինքը պիտի գտնէր անպատրաստ ու տապալէր մէկ հարուածով, ա՛լ սպիացած անզգածութունը իր սրտին։ Մեր գործարանները տարիք մը ունին, այսինքն՝ մաշիլ գիտեն։ Մեր հոգիին գործարաննե՞րը։ Այսինքն՝ կա՞յ, սահման մը մեր դիմադրելու կարողութեան ցաւին ու զրկանքին։

Նոր տրամը կու գար հեռուէն։

Նամակ մը, Պոլսէն, հեռաւոր ազգականի մը ստորագրութեամբը, անոր կը գուժէր կործանումը հoրենական տան։ Հեռու տեղ հարս գացած ամէն կին անբացատրելի կարօտով մը ինքզինքը կապ կը զգայ իր յիշատակներուն, որոնք տագնապի, աղէտի օրերուն կը կենան պայծառ անոր ետին …։ Քանի՜-քանի՜ հարյուր անգամ անիկա տեսեր էր մանկութեան իր օրրանը ծովեզերքին, պարտէզի մը խորը, սիրուն այն քէօշկերէն [1], որոնք Վոսփորի գիւղերուն գեղօրները կը նկատուին, իրենց ոճին՝ ինչպէս ծովափնեայ տեսիլներուն համովը, վանդակահիւս պատշգամներէ, տաղաւարներէ, շնորհալի նաւակներէ, իրենց շղարշէն թափուելու վրայ աղջիկներէ ու տարօրէն նուրբ, գեղազարդ կիներէ ստեղծուած։ Անուն մը պիտի ճշդէ թերեւս, պոլսեցիներու մտքին, քանի մը զգայութիւններ։

Չեմ տար ատիկա, ընթերցողին աչքին պարզելով պատսպարուն խորշ մը, այդ ափունքէն, ետին՝ նոճիներու մէկ–երկու սեւ մոմ։ Աջին՝ մոռցուած գերեզմանոց մը, ուր քարերուն ժանգը հաճոյք է եւ տրտմութիւն Մեծ փաշաները կը պզտիկնան ու անոնց ամառոցները կը դալկանան։

Անոր հայրը, տարագրութեան կսկիծին մէջ, չէր յօժարած այդ վիլլան վաճառել՝ կնո՞ջը, թէ իր խորունկ փափաքներուն ունկնդիր։ Ու յանձնած հեռաւոր ազգականի մը, որ նման ամէն օտարի, պիտի նստէր անոր մէջ, մաշեցնելով օտարի աչքով տունին ամբողջ մարմինն ու հոգին, շիւղ մը տեղը չդնելով փրթածին, մոռնալով ծառերը ու ծաղիկի ածուները փոխելով սոխի, սխտորի։ Անոր եղբայրը, տարիներ առաջ հօրը հետ գժտուած, ձգել էր այդ տունը, դեռ հօրը շնորհազրկումը տեղի չունեցած, ապրելու համար չարաղէտ կնոջ մը հետ, լքելով հայրենի տունը օտարներուն անփութութեան։ Լքուած բաներուն ճակատագիրը լրում մըն է։ Տունը գտեր էր այդ լրումը, քայքայուելով ինքն իրեն քանի որ հոն բնակող ազգականը անհրաժեշտ նորոգութիւնները կատարելու անյօժար, հեռացեր էր ուրիշ տեղ, ձգելով զայն պարապ շատ հինցած, կենալէն–կենալէն մաշած զգեստի մը նման։ Առտու մը այդ վիլլան գտան նստած իր հիմքերուն վրայ, օրերը աւարտած ծերունիի մը նման, յանկարծահաս ցաւով մը գետին։ Ցաւը՝ հաստկեկ ձիւն մը, որ պատերը քակելով, իր շամանդաղներուն մանրամանր ակռաներով, տանիքին կոխեր էր նենգ թեթեւութեամբ մը։

Ձիւնհալը, հովով, շնորհի հարուածն է այդ կանգուն քայքայումներուն։ Ու թաղուեցաւ կործանած փաշային յիշատակը, մարմինէն բաւական ետքը։ Պարտատէրները փաշաները անարժան կը նկատուին իրենց տիտղոսին, երբ առանց պարտքի իջնեն գերեզման գրաւեցին փայտեղէն, գետինը, իրենց պահանջներուն տոկոսն իսկ գանձած չըլլալու դժգոհութեամբ։ Հանըմին եղբայրը, տարուած իր հոգերէն, չէր իսկ ներկայացած հայրենի ժառանգութեան սա թաղումին։

Կործանուած տուն մը բացառիկ աղէտ մը է, ընտանիքի մը հետախաղաղ ջնջումին հեռազդեցիկ պատգամը։

Իրաւ ալ, ամիս չանցած, անոր մէկ հատիկ եղբայրը, պարկեշտ, կրթուած ու բարեշնորհ բժիշկ, ինքզինքը պիտի սպաննէր խորհրդաւոր պարագաներու տակ, որոնք պատճառ եղան աղմուկի ու դատական հետապնդումի, անոր սիրուհիին ետեւէն։ Առտու մը գտեր էին այդ երիտասարդը կախուած իր սենեակի առաստաղէն։ Սիրուհին, մեծանուն ու այդ օրերուն ամենազօր փաշայի մը վատահամբաւ աղջիկը, որ չորս–հինգ տունի կործանման պատճառ էր եղած, այրերը առնելով իր տարփանքին մէջ, կիները հալածելով, տարագրելով Պոլիսէն, ապացուցուց իր գիշերը ուրիշ սիրողի մը տունով, հակառակ անոր, որ շատ մը աչքեր տեսեր էին զինքը կախուած բժիշկին տունին մէջ աղէտի առտուան գիշերին։ Այդ անզգամ կնոջը հայրը կասեցուց հետապնդումը, առանց դժուարութեան, քանի որ մեռնող երիտասարդը կը շարունակէր հօրը շնորհազրկումը պտըտցնել Պոլսոյ մէջ։

Երկու աղէտները, զատ–զատ, բզկտեցին տարաբախտ կնոջ արդէն սպառած ջիղերը։ Անիկա շնորհակալ ժպիտով մը ընդունեց իր ամուսինին ատելավառ պոռթկումը անօրէն ցոփուհիին հանդէպ ու երջանիկ էր գրեթէ, իր մարդուն մէջ վերջապէս հաստատելով պտիկ մը արդարութեան յոյզ։

Էտհէմ պէյը, մեծ աղմուկով, անցաւ Պոլիս՝ իր աներձագին արիւնը քիթէն բերելու այդ պոռնիկին, իր զէնքերովը, լաւագոյն շուներովը երկոտանի ու քառոտանի ձիերովը, որոնք կայսերական ախոռին էին յատկացուած։ Ու բաւականացաւ այդ կնիկին հետ վիպական տեսակցութեամբ մը։ Մեծահամբաւ փաշային վատահամբաւ աղջիկը զինքը ընդուներ էր վոսփորեան ապարանքի մը շքեղ զարդասենեակներէն մէկուն մէջ, եւրոպացի կնոջ մը տարազով ու հեղինակութեամբ, բարձրօրէն խռովիչ ու ցանկայարոյց, հոլանի ու գրգռիչ։ Առանց նախատական բառերու, գեղացի պէյը իր բառերը գաղտնիքն ունէին չվիրաւորելու հասկցաւ իր ծագումին մեղքը ու հասկցուց ատիկա հանըմ էֆէնտիին։ Ի վերջոյ, Պոլիսը իր խեղճուկ ծովախորշը չէր։ Ու անոր կիները՝ ջատուկներով ճարուած փոքր պատառներէն բոլորովին տարբեր։ Անիկա պիտի բաժնուէր այդ կախարդական բոյնէն, տանտիրուհիին ուղղելով խորհրդաւոր սա նա խադասութիւնը,

Աստուած ողորմի հոգուն:

Որո՞ւ։

Բժիշկին։

Ինչո՞ւ:

Տեղը ճէննէթն է անոր։

Ինչո՞ւ։

Քեզմէ ետքը, ճէննէթը։

Տանտիրուհին ժպտեր, թեւն էր երկարեր աւազակին, որ սեղմեր էր կոտրտելու չափ։ Ու դո՜ւրս։

Ամէն գեղացիի նման, անիկա վախցեր էր այդ կնիկէն։ Պիտի դառնար իր քաղաքիկը, փաստաբանի մը յանձնելով հետապնդումը դատին։ Իրականին մէջ քանի մը թուղթ էր գրել տուեր, կնքեր իր մեծ կնիքովը, անօթի շունի մը, որ պետական դիւանէ մը հեռացուած թշուառական, իր հացը կը հանէ իր դասակարգին բոլոր մեղքերը ունենալով, բայց ոչ մէկ արժանիքը։

Այո, եղբօրը կորուստովը անոր քրոջը մենութիւնը կը դառնար բացարձակ։

Բայց այդ կորուստը դուռը կը բանար այլապէս խորունկ ուրիշ ողբերգութեան մը, բոլորովին անպաշտպան ձգելով երիտասարդ կինը, որուն երեսին կը գոցուէր փրկութեան յոյսին վերջին ճամբան ալ։ Այս վէպին հանգոյցը իր լուծումը կը գտնէ սա նոր տրամին ծալքերուն ընդմէջէն։

Թերեւս ընթերցողը յոգնի սա անվերջ շարանէն, որ մարդու մը քսան տարիներուն կորագիծը ունի իրեն շրջանակ։ Թերեւս իրերահիւս սա դրուագումները կը վիրաւորեն դասական պահանջը արուեստին, որ չախորժիր բարդէն։ Բայց կեանքը մեզի չի հարցներ մեր ախորժակները։ Գեղացիի մը տառապանքը, միայն ու միայն հացին ետեւէն, հատորներէն չի նուաճուիր, երբ կ՚ապրուի։ Գեղացի պէյի մը ախորժակները, երբ արգելքը չեն գտներ բարքերէն, իշխանութենէն ու, ընդհակառակն, կը քաջալերուին ուրիշ բան չըրաւ այդ ռէժիմը, անզգամները թեւաւորելէ, զրահելէ զատ վերին հաճութեամբը վեհապետին, չեն տարազուիր դասական վերլուծումով։ Վիպասանը կը նմանի տղուն, որ թատերաբեմի մը վարագոյրը կը պահպանէ։

Ու պէտք է բանալ վերջին վարագոյրը սա դժնդակ պատմութեան։ Վէպը թատրոնէն վեր ազատութիւններ ունի։ Չորրորդ մասին մէջ դերակատարը աղջնակ մըն է, որուն յիշատակութիւնը հազիւ անցած է կանխող մասերուն։

 

 



[1]         Քէօշկ - պալատաձեւ վիլլա։