Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ.

Դպրոցը քիչ անգամ ուրիշ բան կընէ, քան ինչ որ մեր խուլ բնազդները նոր բառով մը՝ մեր անգիտակից աշխարհը կ՚ուզեն իրմէ։ Այդ էր պատճառը գուցէ, որ Սիւլէյման էֆէնտին դպրոցը չէր տեսներ ուրիշ բան, քան ցեղին թաքուն պահանջները։ Ու, հակասելով ինքը իրեն, չէր հերքեր Ասիան, ուրկէ կու գայ այդ ցեղը ամբողջութեամբ, ու օտար է Եւրոպային։ Դիտուած է, որ նուաճողները կ՚ազդուին որոշ չափով նուաճուածներէն։ Թուրքը բացառութիւն պիտի ըլլար, երբ երեւոյթին մօտենայինք քաղաքակրթական տախտակներով ու զանց ընէինք նկատի առնել ստացման ուրիշ կերպ մը, որ անոնց նուաճած երկիրներէն անցած է իրենց։ Փոքր Ասիան քանի հազարամեակ է, որ, Կովկասի նման, ազգերու խառնարան կ՚անուանուի։ Ատոր ամենամօտիկ մարմնառութիւնը բիւզանդականն է։ Ասկէ՞, արդեօք, սուտին ու նենգութեան մէջ գիշախանձ յաջողակութիւնը, որ Ստորին Կայսրութեան յատկանիշ կազմեց ու մեր ցեղին մեծագոյն պատուհասը մնաց։ Այդ դպրոցը չէր հերքեր նաեւ Ափրիկէն, ուրկէ կը շարունակեր ստանալ հոգեկան իր բարեխառնութիւնը։ Արաբիան Ափրիկէէն զատող ջուրի շերտը բարակ է շատ։

Քսաներորդ դարու սկիզբը, Գերմանիա եւ Անգլիա սպաներ ղրկող ոգին, խորքին մէջ խոր ատելութեամբ մը, վառօդալից ռումբի մը նման էր, այդ Եւրոպային դէմ։ Կը ծածկէին ասիկա, յաջողակ ծպտումներով, ու իրենց հիացումը կը խորացնէին Ճափոնի վրայ՝ իրենք զիրենք Մերձաւոր Արեւելքի գերագոյն մշակոյթը ներկայացնելով արաբներու, քիւրտերու եւ թաթարներու նախնական ու գերի զանգուածներուն։ Ատելով կ՚ատէին այդ Եւրոպային ամէն ինչը, բայց կը կեղծէին անոր զէնքերը, ու չէին մարսած դառնութիւնը այդ Եւրոպայէն պարտուելուն։

Փոխարէն՝ հոգիները լայնօրէն բաց էին դէպի Ասիան։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ բռնութեամբ, ուժով շահուած դրամին ու վայելքին։ Ու բաց՝ անոր ընդոծին միւս ալ առաքինութիւններուն։ Քսութիւնը, խառնակչութիւնը, դէմքը խնամելը, սողոսկումը, իգացումը բառեր չէին այն ատեն, վերացեալ ու ցանցառ, այլ՝ անհրաժեշտ, դասական ճշմարտութիւններ, ստուերի մէջ ձգող միւս պարտիքները, անո՛նք՝ որոնք ա՛լ անօգուտ տուրքեր, այսինքն՝ ջանքն ու ձգտումը, նուիրուն ու անխառն, լայն, խոր հետաքրքրութիւնը, երիտասարդութեան մը կազմումին պարտադիր խանդավառութիւնը, հուրքը, սլացքը կ՚ընէին հնօրեայ կամ ռոմանթիք արժէքներ, զսպանակէն կոտրտած ու անկարո՜ղ քայլ մը վեր հանելու իրենց սպասարկուները։ Ընդհակառակն, զանոնք զգետնող։ Իմաստի, հոգիի անմասն ուժին ճակատագիրն է փճանալ։

Ոչ ոք, որ զբաղէր հոգեկանին իւրատիպ արժէքովը։ Ու աւելի տարօրինակը՝ ոչ ոք, մեծերէն, վարիչներէն, սորվեցնողներէն, որ ընդունէր նման բանի մը գոյութիւնը։ Ամէնէն կարճ ակնարկն իսկ բաւ էր ատոր լրիւ համոզումը ունենալու։ Յաջողութեան տախտակները կը գնուէին միսով։ Երբ տղաքը կը զրկենք իմաստին հուրքէն, երբ անոնց մէջ չենք բանար աղբիւրը մեծ ու խորունկ յոյզերուն, մեր զանցումովը, արձակած կ՚ըլլանք անոնց մէջ արիւնին հրդեհը : Այդ էր պատճառը, որ վերադառնար մօտիկ անցեալը, սա տղոց երակներուն։ Ինչ որ դար մը առաջ անոնց պապերը լարած էր, արիւնկզակ ու անողոք, նուաճուած երկիրներու պատմութեան վրայ, դար մը յետոյ կը ծառանար կրկին, բայց այս անգամ իրենց վրայ, նոյն երակներէն։

Ու տեսարան կու գային արիւնով ողողուած վայրագ կրաւորութիւններ, ճշմարիտ մոլուցքի մը լրիւ յիմարութեամբը, նման դաշոյնով կերոնուած հարսնիքներու, սեռային այն սանձարձակութեամբ, որով այդ տղաքը կը շնանային, ամէն տեղ, գոցուած ուրիշ ամէն բաղձանքի։ Ու ինչ որ անոնց պապերուն մօտ եղած էր հաստ ու խոզային ախորժակ, փաթթոցաւոր մեղք, անոնց զաւկըներուն մօտ կը հինայուէր քաղքենի շպարով մը։ Անշուշտ դէպի պարսիկ իշապաններու գրաստային ճաշակը երկար է ճամբան։

Պարմաններ՝ նրբենի, հոտած, հովի պէս քաղցր մայրերու ամբողջ շամբշանքը զետեղած իրենց մատաղ մարմիններուն վրայ, աղջկան ձայնին մէջ յամառիլ ձգտող մեղմութեամբ մը հագագի, օրական երկու անգամ ածիլելով անխնայ առաջին ստուերայնումը, ստեւաւորումը իրենց երեսին։ Որոնք հոգի կու տային, դիմանալու համար տարածութեան անդարձ գարունքին վրայ։ Ծոցերնին հայելի, որուն դիմելը իրկուն–առտու, նուիրական պարտականութիւն, այնքան՝ որ դասերու պահուն իսկ միջոց կը ստեղծէին իրենց արդուզարդը ստուգելու։ Բոյրի սրուակներ, զգոյշ՝ որքան բարակ իրենց հոտերովը, որոնք չեն ախորժիր շեշտուելէն ու կը դեգերին մարմիններուն շուրջը, ուշացած, խուլ, բայց տարօրէն իրաւ, հրաւէրի պէս զգլխիչ ու յիմար։ Անոնք, իրենց մազերուն խազը բանալու համար՝ կը վատնէին սիրտ, խնամք ու ժամանակ չա՛տ աւելի, քան դասերու պատրաստութեան։ Ամէնն ալ՝ կոտրտուելու, կարմրելու, բայց չամչնալու ճարտար գիտութեամբ։ Ու խումբէ խումբ կռիւները, գրեթէ իրական ճակատամարտները, այս ու այն սիրականին ստացումին համար։ Ու արիւնը, որ կը վազէր երբեմն–երբեմն, այդ միութիւնները նուիրագործող։ Պայրըն տեղ մը կը գրէ. «Մեր բոլոր բարեկամութիւնները passionներ եղան, դպրոցին մէջ» ։

Ու աւելի անդին, քան սա իգացումն, երկրաքարշ պղծութիւնը, զայն փնտռելու, պապակելու ռնգագալար ցայտքը, որուն մէջ համեմօծուած, այդ տղաքը տառապագին զայրոյթով մը կը դիմաւորէին հասունութեան, առնութեան առաջին նիշերը, փոխուելու վրայ ձայնը, կարծրացող ու այրուող մորթը, ստեւը, որ կ՚ուրուանայ եւ միսը, որ առաձիգ խմոր մը կը դառնայ, քիչիկ մը աղի, բոլորովին տարբեր մանկական թերխաշ մեղմութենէն։ Ու կը դիմէին հնարքներու, պահելու համար գոնէ կնիքը, հովը, արտայայտութիւնը խառնակեաց պարմանութեան։ Կը փորձէին հերթափ օծանելիքներ պարսիկ ատտէթ ներէն ու դպրոցին ինքնին գարշաբոյր բաղնիքը կը հոտեցնէին անոնցմով աստիճան մը աւելի։ Կային՝ որ քաղաքաբնակ ցերեկեաններ, մասնաւոր սպասարկութիւն էին հաստատած իրենց այտերը կաթով լուալու։ Ինչպէս կը պարզուի սա յեղումով, մարմինը ծախելը հարազատ չի տար պատկերը սա վիճակներուն։

Ու տարօրինա՛կը։ Պատանութեան մէջ սա արատաւոր փառքը աւելի սրտաբեկիչ էր երիտասարդութեան ատեն ստեղծած կշիռով։ Այդ կնիքը շնորհալի, յաջող սկիզբ մըն էր դասակարգին համար։ Ծունկը գետինն եկածներուն հասուն տարիքները լիառատ վարձատրութեամբ մը կը փակէին շշուկները, մաքրելով աղտերն ու կործանումները։ Անշուշտ քիչ տխուր բան մը չէ ասիկա։ Բայց ինչ որ խորապէս ընդվզեցուցիչ էր, այդ ամէնէն վերջը, դժուարութիւնն էր, ձախորդութիւնը, որով կը պարուրուէին սկզբնական քայլերը դասակարգէն դուրս եղկելիներուն։ Ասոնք դատապարտուած էին բազմադրուագ լքումին։ Ոչ մէկ պաշտօն անոնց տրամադրուէր պիտի։ Արժանիք, կարողութիւն, նոյնիսկ տաղանդ չարժեցին կուտ, երբ իրենց դէմը ունեցան մոյնք ու առաձիգ, զսպանակաւոր մէջք։

Տասը տարին, նոյնիսկ երբեմն ասոր կէսը լիուլի կը բաւէին, որպէսզի երէկուան իգացողէն փայլուն հազարապետ մը կամ շատ ազդեցիկ գայմագամ մը ձեւակերտուէր։ Ու ասկէ անդին ալ, դէպի աւելի պատասխանատու դիրքեր, ճամբան դիւր էր ծունկերու ոլորքէն։  

Ինչ որ կը զանազանէր սա պլշկումը թուրքերուն միւս ազգային մեղքերէն, ընդհանրականութիւնն էր անոր։

Բարքերու սա տախտակներուն վրայ գուցէ ծանրացայ աւելի քան վէպին արտօնածը։ Գուցէ չափազանցուած կը թուին անոնք։ Բայց մեծ բռնակալութեանց նկարագիրն է ատիկա։ Մնաց որ, պատմութիւնը շատ ունի արձանագրած անոնցմէ։ Սոկրատի դար։ Տիբերիոսի դար։ Համիտի դար։ Օր մը, բարքեր քրոնիկող մը սխալ պիտի չընէր, եթէ փորձուէր դասել Ղազի Ապտիւլ Համիտ Խանը Սանիին դարը, անփոխարինելի ու ամենազօր այդ ծնրադրութեան կենդանակերպէն։

Ամբողջակա՞ն, սեռէն ու սեռին սա զառածումը։

Դպրոց ու զօրանոց գլխաւոր վառարանները եղան պաշտամունքին։ Բայց գեղը, մա՛նաւանդ քաղաքամերձը, մնաց ժուժկալ։ Ու հաւատարիմ՝ իր աւանդութեանց։ Մինչեւ զօրանոց չուելու օրը գեղացի պատանին պոռնիկ կը խաղցնէր։

Սիւլէ, յման էֆէնտի՞ն։

Աւարտեց անիկա իր դպրոցը, մաքուր՝ ինչպէս մտած էր հոն։ Ու ելաւ դուրս, քակուած՝ հաւատքէն ու հոգիէն։