Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

 

Նորութիւն։

Ե՞րբ էր դադրած անիկա խօսելէ Սիւլէյման էֆէնտիին վրայ։ Նկատեց անիկա իրողութիւնը, երբ թեթեւ մը յանդիմանուեցաւ իր քրոջմէն, որուն համար ուսանողը օրուան գերագոյն իրականութիւնը կը կազմէր, նամակներովը, նկարներովը, յիշատակին կապուած մանր ու մեծ բաներու անհատնում հանդէսովը։ Ապրիլ կէս օր մը, առանց Սիւլէյմանով պայմանաւոր զգայութեան մը ծուէնին, անհեթեթ բան էր այդ մօրը համար։ Ու անոր քոյրը, ինքնաբեր ու պարզ, շատոնց մտած էր այդ ոլորտին մէջ։

Ան սկսեր էր իր օտարացումը, չընկերանալով մօրը բառերուն, իր կողմէն ոչ մէկ առիթով գեղանի տղան ոգեկոչելու։ Այդ անդրադարձումը սակայն երկու կիներուն ամէնէն քաղցր սփոփանքը կը կազմէր, կազմեր էր, ամիսներ ու ամիսներ։ Հիմա՞։ Կ՚ընէր այս նահանջը, ոչ թէ չարութեամբ, այլ՝ իրմէն վեր ուժէ մը արգիլուած։ Շատ ուշ պիտի խորհէր այս ընկրկումը յատակող վատութեան իր բաժինին ալ։ Կ՚ըսեն, թէ տեւողութիւնը կը նմանի թթուի։ Մեր զգացումները անոր մէջ ընկղմելով, հարկադրաբար կը գունատին։ Չունիմ առարկութիւն։ Բայց աւելի ճիշդ չէ՞ այդ դերը ընդունիլ մա՛նաւանդ միջոցին, տարածութեան վրայ։ Թող հեռանան իրարմէ սիրտի մը երկու փերթերը՝ շէնքը կը փլի։ Աս ալ ժողովուրդը ըսած է։ Սիրային աղէտները կը մնան ենթակայ հեռաւորութեան օրէնքներուն։ Ու վարկածը ճիշդ է դարձեալ, իր հակափորձովն ալ։ Ոչ մէկ շնորհ կ՚ազդէ մեր զգայարանքներուն վրայ այնքան ապահով արդիւնքով, որքան ֆիզիքական մօտութիւնը։

Անիկա սկսել էր իր օտարացումը, աւելի ուշագրաւ ուրիշ նահանջով մը, Սիւլէյմանին նամակներէն զգացած խոր իր ձանձրոյթովը։ Ու խորհիլ, թէ ամիս մը առաջ այդ թուղթերը ամէնէն թանկագին առարկաները կը կազմէին անոր հետաքրքրութեան, իրական նուսխաներ, որոնց ձեւը, տողերուն համաչափ շնորհը, մելանին սեւը ու ստորագրութեան անուշիկ փարաֆ ները նիւթ կու տային անսպառ, հեշտագին խօսակցութեան։ Որոնք կարդացուելէ, վերլուծուելէ, համբուրուելէ յետոյ, կը տարուէին սատափակուռ, հոտաւէտ գզրոցներու թաւիշին ծոցը, հանուելու համար կրկին, քանի մը օրէն, արեւի եւ վերընթերցումի։ Տղան իրենց մօտ ընող սա էջերուն հիմակուան մե՞ղքը։ Ի՞նչն էր այդ գիրերը կ՚ընէր պաղ, տափակ, ծուռումուռ (ինչպէս կը տարազէր անոր միտքը, գեղագրութեան համար բծախնդիր)։ Ու ի՞նչն էր, որ կը պարզէր զանոնք իրենց նախնի խորհուրդէն։ Անիկա չէր կրնար պարտկել ձանձրոյթը իր ականջներուն, որ երեւան կու գայ կղակներով, երբ ստիպուած էր մօրը խանդավառ պատմումը ընդունիլ ու յօրանջելով կու լար։ Աւելի՜ն։ Անիկա առաջ գնաց, նամակները չաւարտած իսկ, ձգել քոյրը, փուճ պատրուակով, յօրանջէն հալածական ու վազել մինչեւ դղեակ, այսինքն՝ այրերու յարկաբաժինը, գտնել այնքան կարօտցուած պէյպապան, սովոր ժամերէն դուրս, ժպիտը մինչեւ իսկ մազերուն անցուցած, իր անհամբերութեան, կարօտին, սիրոյն տալով տեսակ մը անփոյթ ընտանութիւն։

Պէյպապա։

Անշո՜ւշտ։

Պիտի տար մանրիկ իր թաթիկը աւազակին սառ մատներուն, ոստոստուն, կճուած՝ այդ սառէն, բայց աչքերը խորունկ թափելով դէպի բիբերը անոր։ Պիտի քաշէր, հանէր զայն խորունկ, մէջէմէջ սենեակներէն, որոնք այդ գիծէ աւագ տուներու մէջ կը պատմեն շատ բաներ՝ տեսնել կրցողին։ Ամէն մէկին մէջ մասնաւոր սեղաններ։ Ամէն մէկին մէջ առարկաներ, որոնց գործածութիւնը տղոց ուշը կը գրաւէ իր անծանօթովը…։ Անիկա պիտի նայէր, չար, հեստ, խիստ, այդ սենեակներէն ներս պէյպապային առանձնութիւնը բաժնող մատաղատի երիտասարդներուն, գրագէտ, պաշտօնեայ, այդպէս ընտրուած՝ դէմքի եւ զգեստի, կիսաժպիտ կամ տրտում, իրենց մարմինները խնամելով անդադար, ինչպէս լսեր էր ծառաներէն ու մտքովը սահելով ուրիշ ալ մանրամասնութեանց վրայէն, որոնք շշուկուած էին իր մատաղ ականջներուն…։ Իր անցքին բոլոր այդ էֆէնտիները եղէգ գրիչները պիտի դնէին իրենց ականջին ու նայէին ետեւէն։ Ու ինք կը զգար ատիկա։ Ու մտերիմ, ընտանի, ժպտուն, պահանջկոտ՝ անիկա պիտի քաշէր յիսունի մօտ մարդը իր ականջներէն, երբ հասնէին առանձին նրբանցքները։ Պիտի տար կուրծքը անոր շունչին։ Պիտի չափէր հասակը, անոր գլուխը կորացնելով դէպի իր չփակը, անկարելի բնականութեամբ, կշիռով, հեղինակութեամբ։ Ու դուրս էր անիկա յայրատ կեցուածքէ։

Բայց դէպքերը կանգ չառին այդ զառիթափին։ Սեռային աղէտներուն նկարագիրը այս անխորհուրդ վստահութիւնը կ՚ըլլայ, տակաւին իրենց սկիզբէն։

Անոնց ընտանութիւնը քիչ-քիչ եղաւ այլախոյս։ Մա՛նաւանդ անոնց բերանները, որոնք հետզհետէ ծանրացան, առանձնութեան պահերու, ըլլալու համար խճող, խռով, շուարուն, նոյն ատեն հեշտ, տաք, բաբախուն, իրարու արեւելուած, բայց երրորդի մը ներկայութեան, դառնալով խլրդային իրենց չորութեան։ Ու անոնց նայուածքները, որոնք պարզ մնալու սրտառուչ իրենց ճիգին մէջ, բեռնաւոր կ՚ըլլային աշխարհ մը հոգի։ Դէպի սեռին քարայրը առաջնորդող սա ճամբաներու ընթացքին, զգայարանական մեր այլայլումները բաղդատելի են թերեւս մետիոմական այլացումներու։ Սեռին հոսանուտը անշուշտ օրէնքներու կը մնայ հպատակ։ Երկար է հետեւիլ ատոնց ուսումին։ Վերլուծումը, մա՛նաւանդ վէպի մէջ, չի հասնիր շատ բանի։ Ու պետք է կարճ ըլլալ։

Ու քալել։

Այո։ Դնելու էք սակայն այս ամէնուն դէմ թափանցող կինը, մայրը, որ կը հասկնայ, գուցէ ոչ ամբողջ, բայց կը հասկնայ։

Պա՞րզ, այս ամէնը։

Ո՜վ գիտէ։

Տկարութիւնը, անոր գիտակցութիւնը մթնոլորտ մըն է։ Անոր մէջ ընկղմողները կ՚անգիտանան իրենց ճակատագիրը։

Ու ծանրացաւ անոր վրայ իր մենութիւնը. քիչ-քիչ՝ իր գի ծերուն մէջ ինքզինքը ճշդող։ Կ՚ամչնար խօսելէ իր տղուն վրայ, քրոջը ներկայութեան։ Ու կ՚ամչնար այդ զգացումին համար։ Աւելի՜ն։ Անիկա կը կճուէր սուր ցաւով մը ամէն անգամ, որ հայրը անոր անունը հանէր իր բերանէն։ «Սիւլէյմանը» բառ մըն էր, որ տարին քանի մը հեղ հազիւ կը լսուէր անոր շրթներէն։ «Տղադ» սովորական տարազը, ի՜նչ զգացումով կը փոխուէր «Սիւլէյմանի»։ Ու ինչո՛ւ, անոր հայրը, ամէն օր, առիթ կը ստեղծէր տղան յիշելու, մինչ իր դիմացը Խալիտէն կը խաղար, գոց՝ թարթիչներէն, մէկ խոպոպովը, ծունկը ծունկին, մետաքս գուլպաներուն գողտր կորութիւնը բուրումնաւէտ բանի մը նման շարժելով անփոյթ։

Ու խարոյկ էր Սէրվինազ հանըմը, ինքն իր մէջ դարձած։

Որո՞ւ բացուիլ։ Որո՞ւ վստահիլ։ Ի՞նչ աչքով տեսնել։

Իր տագնապին մէջ, առժամեայ նպաստ անիկա պիտի գտնէր իր մանչէն, որ, արձակուրդով դարձին, կրկին գրաւեց իր հին տեղը, երկու կիներուն միջեւ:

Հասուն։ Շատ աւելի անշուշտ, քան նախորդ տարին։ Վերապահ, այսինքն՝ ինքնամփոփ։ Խոյս տալով սանկ ու նանկ ճարուած առանձնութիւններէն, որոնք աղջկան աճումովը կը դառնային խռովիչ ու մութ։ Կը զգուշանար անիկա պարտէզներէն, պալատին նրբանցքներէն, խորունկ շուքերէն, խառնուածքին բերումովը, ինչպէս անհանգիստ իր հոգիին վախերովը։ Անոր առաջին քայլը պիտի ըլլար անհրաժեշտ անջրպետը ստեղծել իրենց մարմիններուն մէջտեղը, աթոռի, սեղանի, բազմոցին արգելքներով։ Չմօտեցաւ լուսանկարներու ալպոմին, որ անոնց գլուխները գրեթե իրարու կը բերէր իր էջերուն վերեւ։ Բաւական պիտի տառապէր՝ վերջ մը տալու համար ձեռքով կատակներուն, որոնցմէ իր գարշանքը կտակն էր դպրոցին, այնքան կատէր այդ երկդիմի շարժումները երկդիմի տղոց։ Սանձեց անիկա այդ աղջիկը լեզուէն, նայուածքէն, կուրծքէն, ոտքերէն, ասոնց ամէն անորոշ արտայայտութեանց դէմ ինքզինքը ընելով օտար ամէն զիջումի, փափկութեան։ Բրտութի՛ւն։ Անշուշտ: Անիկա այս զսպումի գործը առաջ տարաւ, մերժելով կարդալ քերթուածներ, որոնք գրուած էին ծովեզերեայ երեկոյթներուն համար։ Տարուէ տարի անոր մէջ կ՚ամրանար էրիկ մարդը։ Անիկա ինքզինքը դէմ յայտարարեց բանաստեղծութեան, որ զբաղումն էր անգործներուն ու աղջիկներուն ու պաշտօնեայ թուրքին համար անհրաժեշտ, մեծ գիտութիւնը, պատմութիւնը, քաղաքական կեանքի պաշտամունքը՝ անոր մէջ հրայրք մըն էր արդէն։ Ամէն թուրք պարտաւոր էր ծառայել իր հայրենիքին, մեծնալ անոր համար։ Վասնզի պատանիի խանդավառութեանց մէջ մարդն է, որ կը կազմուի։ Թուրք ազգը դեր ունէր աշխարհի երեսին, մեծ ու զօրաւոր դեր։ Քառորդ միլիառ ժողովուրդ մը իր փրկութեան աչքերը ուղղած կը պահէր թուրք երիտասարդութեան։

Սա լրջութիւնը, հաւատարմութիւնը իրենց արձագանգը ունեցան Խալիտէ հանըմին ալ վրայ, որ Էտհէմ պէյին ազդեցութիւնը մոռցած էր բոլորովին, գեղակազմ, առողջ ու իմացապէս եալըներու իշխանազունները յիշեցնող սա տղուն հմայքովը ողողուած։ Այդ օրերուն, թրքուհին անծանօթ էր արուին, զայն ճանչնալ արտօնուելով ամուսնութենէն ետքը միայն։ Քիչ անգամ, հոս գրուածին նման, շատ մերձաւոր ազգականութիւն մը թոյլատու կ՚ըլլար սա ընտելացումին։

Իրարմով ըլլալու, իրարմով ծանրանալու, նիւթէն վեր նայելու սա փաստերը փրկեցին մօրը տագնապը, որ կը զղջար քրոջմէն իր կասկածին ու կը ջանար դարմանել իր մէջ իր տրամադրութիւնը ու իրմէն դուրս թափ կու տար աղապատանքին, Խալիտէին հանդէպ ըլլալով հաւասար գուրգուրանքով զաւկէն ու աղջիկէն։

Ի՜նչ սրտառուչ հպարտութեամբ անիկա կը քալէր այդ զոյգին հետ, իրիկնային պտոյտներուն, ծովափին, այնքան սիրուն, նկարէն, բեկ-բեկ, զոր կ՚աղեղէին բազմաթիւ խորշիկներ, հսկուած՝ խարակներէ, գոյն–գոյն ու խատուտիկ կռնակով։ Անոնք լայն հոգիով կը նստէին ժայռերու վրայ, որոնց ջերմութիւնը հաճոյք մը կ՚ըլլար անոնց միսերուն համար լաթերէն անդին, խօսելու համար ազգային պատմութեան մեծ դէմքերէն ու իրենց ցեղին աւանդուած մեծ առաքելութենէն։ Ոչ մէկ թուրք ուսանող այդ օրերուն մտքէ անցուցած է կասկածիլ կրօնքին ու փատիշահին միակեդրոն անձէն։

Անոր հայրը, հաւատարիմ իր վարուելակերպին, ինքզինքը կ՚ընէր թոյլատու, ներող, ընդառաջող։ Քիչ բանի հասնող ուղեղները քանի մը հզօր մտածումներ տիրաբար կ՚ըմբռնեն։ Անիկա խանդավառ էր իր տղուն խանդավառութեամբը։ Մտիկ կ՚ընէր անոր ծրագիրները, թրքութեան սպասող մեծ ապագան, գերմանական մեթոտներուն գերազանցութիւնը, նոյն ատեն անոր մէջ արթնցնել ջանալով գործնական կեանքին զգայարանքները։ Անիկա կ՚ախորժէր գիշերասկիզբը անցընել անոնց հետ, պատրուակելով ձեռնարկներ, ծրագիր, տղան մարզելու համար ընդարձակ իր կալուածներուն մատակարարումին։

Այս մարզին վրայ, անիկա հզօր էր ու տպաւորիչ, քան Սիւլէյման էֆէնտիի բոլոր դասատուները ի միասին. կը խօսէր դաշն, համոզկեր, թափանցող այն լեզուով, որ անոր անդրանիկ զէնքն էր դեռ այն օրերէն, երբ գլխուն վրայ որդերը թարախ կը բանէին ու մարմինին ծակուծուկերուն ոջիլները բոյն էին դրեր

Իր տղուն հանդէպ սա գորովը, յարգանքը, վստահութիւնը ի՞նչ ազդակներու կը հպատակէին։ Այս հարցումը պիտի ընէր անոր մայրը ու ամէն անգամուն յիշէր պիտի սրտաճմլիկ տեսարանը արտասուահեղձ իր ամուսինին, որ նոր իր կնիկէն յիշելու էք գառագեղուած վրացուհին –- իր պայազատը դարձեր էր թաղելէ, սպառնագին ակնարկով մը հալածելով մեռնողին խելայեղ մայրը։ Ու պիտի մտաբերէր օրը, երբ յանկարծական բարկութեան մը նոպային դուրս էր ըրած անբախտ կինը, լաթի ծրարի մը նման կառք նետելով անոր ջախջախուած մարմինը։ Էտհէմ պէյը ըրեր էր այս անգթութիւնը, արիւն չթափելու խուլ պէտքի մը տակ։ Շարժառի՞թը։ Տղուն մահը, անշուշտ, որուն կը մնար պատասխանատու անոր մայրը, պատճառը անյայտ մեղքերու գնով, այնքան առատ, պատրաստ, բռնակալներու գրպանը, փափաքուած պահուն գործածուելու համար։ Իրակա՞նը։ Պարզ սակայն։ Այդ անփորձ կինը մեղքն էր գործեր, իր տղուն կսկիծը մեղմելու համար, մխիթարել իր ամուսինը՝ Սիւլէյման էֆէնտիին գեղեցիկ առողջութեամբը։ Ու պատժուեր։

Հիմա՞։

Միամիտ են կիները, երբ հեռուն են գործողութեան յորձանքէն։ Ըսել կուզեմ՝ երբ ուրիշներու ապրումները կը վերլուծեն։ Միամիտ էր Էտհէմ պէյի կինն ալ, միտքէն չանցընելով նախանձիլ իր քոյրը իր զաւկէն, թէեւ թուրք ընտանիքը արիւն չի փնտռեր, այսինքն՝ պորտի գաղափարէն հեռու է բոլորովին։ Ու չէր փետեր վարագոյրը իր հոգիին աչքերէն, երբ կը դիտէր սա մտերմութիւնը տարասեռ տարիքներուն։

Մինչեւ ո՞ւր։