Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

 

Բայց հոյակապ էր անիկա ուրացումին մէջ։

Այդ ռազմախաղը անիկա կը վարէր անդիմադրելի տիրականութեամբ մը։ Իր հրապոյրին, հեղինակութեան, ուժին գլխաւոր զսպանակը՝ բնականութիւնն էր ատ սուտին՝ որքան իրաւին, հնարուածին՝ որքան պատահածին հանդէպ։ Կան մարդեր, որ սահման չեն կրնար պահել ու կ՚իյնան անհեթեթին մէջ։ Կամ՝ սուտն ի վար չափազանցուած սուզումով մը կը վտանգեն իրենց ուսումը։ Քէլ Էտհէմը հոս ալ սնդիկ մըն էր։ Կը խուսափէր ամէնէն խորազնին հասկցողներուն ծուղակներէն ու իր սուտը կը պաշտպանէր աննահանջ արիութեամբ։

Ու կը յերիւրէր անիկա ահաւոր պարզութեամբ մը։ Ու կը լողար եղի պէս, սուտին երեսին։ Լեզու, շարժում, մատ, ուս, աչք, ոտք, փոր, բոլորը մէկ մաս կ՚առնէին այս ընդարձակ մարզանքէն։ Համագրոհ սա արշաւը դէպի խղճմտանքները եւ միտքերը, առնուազն համակրանք կը շահէր անոր, եթէ ոչ՝ անպարտացում։ Մարդիկ, չհաւատալով հանդերձ կարգ մը բաներու, իրենց զգացումներով կը դիմաւորեն զանոնք ու, գիտնալով հանդերձ, կը հանդուրժեն սուտը։

Ու հոյակապ էր անոր միւս ռազմավարութիւնը, թուրքերուն բառով՝ մանովրան, չարիքը իր վրայէն սահեցնելու։ Զայն, գործուածը, ներկայելով շատ մօտիկ, անցնելով անոր քովէն, գրեթէ քսուելով, թափուած արիւնէն կամ անարգուած պատիւէն քիչ մը աղտ ու հոտ ալ քիթին։ Պահելով սակայն մազէ կամուրջը, որով ոճիրն ու անմեղութիւնը կ՚անջրպետուին, ինչպէս է պարագան թուրքերու գործադրած մեծ արդարութիւններուն համար, երբ ցեղեր կ՚ոչնչացնեն եւ մեղքը կը մերժեն, անլուր ուրացումով…։ Անիկա կը պարզէր այս տենդագրգիռ տեսարանները, ու կը գտնէր իր ճամբան, ընելով ինքզինքը ուրիշ մարդ, ուրիշ տեղի մէջ, բոլորովին տարբեր հաճոյքի մը անձնատուր։ Կիներ իսկ, բայց հանրատունէ, անուանելով, կամ այսինչ սրճարանին մէջ, այնինչ աշկերտէն միշտ անունովը իր սատէ [1] սուրճը ապսպրած, խօսելով աս ու ան պէյին, բայց այնպիսի առատութեամբ մը անհերքելի, փոքր, ստուգելի մանրամասնութեամբ, որ մարդիկ համոզուելէ յոգնած, կը դադրէին ընդդիմանալէ իր փաստարկութիւններուն։ Բացի աս ճարտարանքէն, իր ուրացումը համբաւ ունէր ուղղափառ, սրբազան, «միւպարէք» իր թրքութեամբ։ Օսմանցիներուն կայսրութեան մէջ հրեան կ՚ուրանար, ձեռքերը լայն–լայն բացած.

Էֆէնտիմ, չեմ տեսեր, չեմ գիտեր

Բայց անոր դէմքին վրայ ուրացումը մանր ու ստոր վախ մըն էր։ Յոյնը հաճոյքն ունէր այդ ուրացումին, վասնզի այդ առիթով Աստուածամար եւ Քրիստոս կը հոլովէր յունարէն ու կը խաչակնքէր հրապարակով, հին մարտիրոսներուն նմանելու ցանկութեամբ։ Հայը կը լռէր։ Թո՞ւրքը.

Կ՚ոգեկոչէր հաւատքը, փատիշահին արդարութիւնը, անունը մարգարէին, նամուսը եւ տինը իսլամի։

Ու եղ ու մեղր, ինչպէս վարակիչ զայրոյթ էին բառերը անոր երջանիկ բերանէն։

Կը հաւատայի՞ն անոնք, որ հաճոյքով կը լսէին զինքը։

Ո՜վ գիտէ։

Բայց ստոյգ էր, որ անիկա կը տպաւորէր։

Ոստիկանութի՞ւնը։

Անշուշտ յիմար չէր։

Բայց թոյլատու «ներքեւ ձեռաց»։

Ահա թէ ինչու:

Քէլ Էտհէմը բաւական թանկ աջակցութիւն մը կը բերէր այդ ոստիկանութեան յայտ չարագործներէն իր սուսիկ-փուսիկ կարգադրած կարեւոր սրբագրումներով։ Անիկա գրեթէ զինակիցն էր գաւառակի ոստիկանատան հարիւրապետին, անոր հայթայթիչը սանկ «մատղշուկ» կտորներու ու ամսական կարեւոր ալ գումարի մը հարկատուն, որով արդարութեան այդ բարձր պաշտօնատարը իր ընտանիքին ծախքերը կը դիմաւորէր ու իր ամսականն ալ կը յատկացնէր բացառիկ հաճոյքներու, մասնաւորապէս Պրուսա, ջերմուկներուն մէջ վարձելով ամբողջ գիշեր բաղնիք մը, հոն լեցնելով իր ուզածին չափ «ապրանք» երկու սեռէ։ Այս «բարեգործութիւնները» թոյլ կեցուցին արդարութեան հետապնդումը անոր կրունկներէն։

Իր կեանքի սա շրջանին անիկա անցեր էր չափահասութեան տարիքը անոր ոճիրները բացառաբար ճարակ կ՚առնէին մութ այն ստորաշխարհէն, որ կազմուած է ընկերութեան մը ամէնէն անարգ, ապականած տարրերէն։ Մեղքը, անասնութիւնը, արիւն թափելը, սեռային կատաղի մրցանքները եւ գողութիւնն ու լրբութիւնը հնոցներ էին, ուր պիտի թրծուի այդ մարդոց անզգամութիւնը ու պիտի հանդերձուի ապագայ իր սպանդին։ Այսպէս էր քալեր թուրքերու բռնապետական վարչաձեւը, մինչեւ ԺԹ դարու կէսը, երբ ամէն գաւառ իր բնիկ վեհապետը ունէր՝ ինքզինքը հարկադրած իր մեղքերուն հակերովը եւ անահ ոչ ոքէ։ Անցեր է շրջանը։ Օրէնքին տառը ջնջեր է այդ մարդոց դերը, առանց ջնջելու մարդերը, որոնք նախորդներու նման, փոխանակ վերէն վարելու (ասոնք ալ դեռ չէին անհետացած ու տեղական երեւելիները հարստութիւն էին, կազմակերպուած ու բարբարոս՝ որքան չերեւելիները, թուրքերը կ՚ըսեն մերկասրունքներ), վարէն, այսինքն՝ փողոցէն ու կոյանոցէն կը բարձրանային դէպի տիրող դիրքերը։ Այս պատմութեան օրերուն, ամէն գաւառակ ու ամէն գիւղ ունէր անոնցմէ։ Ոճիրը անոնց ապրանքն է, ուշ կամ կանուխ։ Մահուան պատիժին ցանցառիլը՝ կայսերական ներումները, որով պատիժին կէսովը մարդասպանը իր օձիքը կ՚ազատէր, վերսկսելու համար իր առաքելութիւնը, թերեւս պատճառներ են դասակարգին ամէնուրեք գոյութեան։ Մեծ քաղաքներու մէջ այդ մարդիկը կը ճարուին փոքր ու հասարակ մեղաւորներէ, ընդհանրապէս թանձրամիտ կամ անբան, որոնք աշխարհին օրէնքները անարգելու կելլէին, ախտաժէտ ու ժառանգայոյզ իրենց արիւնէն հրուած, կամ ուրիշ բանի անատակ ըլլալնուն։ Ոճրագործութիւնն ալ ասպարէզ մըն է։ Փոքր այս յանցաւորներու առատութիւնը փաստ մըն է ընկերութեան մը, ուր անկումը կոտրած է արդէն վերելքին, ստեղծումին կորագիծը։ Երբ, երիտասարդներ, փոխանակ քրտնելու, տառապելու, ապրելու՝ բանտին անգործութիւնը կ՚ընտրեն, հին օրերու վանամոլութիւնը չարափոխօրէն նորոգած կըլլան։ Ու սնդիկ Էտհէմը շնորհ ունէր ոստիկանութեան առջեւ, ուրիշ ալ առաքինութեանց համար, տրուած ըլլալով շրջանակին հայաշատ հանգամանքը։ Հայկական ջարդերէն անմիջապէս առաջ, կառավարութիւնը նկատի առած էր բացառիկ մարդեր, «փափուկ» գործերու կարգադրումին համար։ Արեւելեան Նահանգներու մէջ այդ հեռատեսութիւնը իր պտուղները պիտի տար, հայերը կոտորելու պաշտօնը յանձնելով անոնց մաքուր ձեռքերուն։ Աւելի յետոյ, 1914–1915ին, բանտերը պարպող եւ անասունները զինելով անմեղ բազմութեանց վրայ արձակող ոգին ուրիշ ծագում չունի։

Թերեւս աւելորդ չըլլայ դիտել տալ, որ էֆէներուն [2] աճման սա անդրանիկ շրջանը անսպառ է իբր դրուագում։ Կան՝ որ կ՚իյնան ճամբու կիսուն, սպաննուելով տեղնուտեղը պատուախնդիր հօր մը կամ եղբօր հրապարակային հարուածովը։ Կան՝ որ կը զառածին դէպի օտարութիւն ու կը մոռցուին, հեռաւոր կնոջ մը բազուկներուն մէջ տղու պէս շղթայուած։ Ուրիշներ, թիւով քիչ, կը լրջանան տարիքին հետ: Ամուսնութիւնը սաստ մը չի կազմեր անոնց արձակութեանց անշուշտ։ Բայց զաւակը մտահոգութիւն մըն է։ Պէտք է աւելցնել տարիքին տիրական կշիռը։ Ուժին ընկրկումը, հիւանդութիւն, ուրիշ նոր հերոսներու ժմնիլը կը միջամտեն երբեմն, որպէսզի օր մը ահաւոր իր համբաւէն իյնայ անիկա ու իր տիտղոսը - էֆէ - հինցած չուխայի մը պէս ստիպուի հետը պտըտցնել։

Ուրիշ էր ճակատագրուած սնդիկ Էտհէմին համար։

 

 



[1]         Սատէ առանց շաքարի սուրճ։

[2]         Էֆէ - այս բառը կը տարազէ ինչ որ տրուեցաւ վերը, Էտհէմ անունին տակ։ Կառավարական պատուանշան մը կը փակէ ասպարէզը, հերոսը բարձրացնելով պետութեան: