Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

 

Սովորութիւնը կ՚ուզէ, որ մարդիկ ախորժին վարագուրելէ իրենց անզգամութիւնները։ Մի փորձուիք ասիկա նոյնացնել կեղծաւորութեան պահանջի մը հետ, որ կեանքին ժխտական միջոցներէն մէկն է եղած, բայց անհրաժեշտներէն ալ։ Ու կը հրաժարիմ հետեւելէ, փարատոքսին լուսաւորումին համար, փաստերու շարանին։ Անշուշտ կար ժամանակ, երբ այսօրուան սա զգուշաւորութիւնը չէր ծնած տակաւին ու մարդիկ, ուժովները, խօսքով ու գործով կը պաշտպանէին իրենց ախորժակները ու չէին նեղուեր ոչ ոքէ, ամէնէն շատ մեր օրէնքներէն։

Մեր օրերուն, կիսատ-պռատ քաղաքակրթութիւն մը գոյութիւն է առած, որ իր դղեակները ունի։ Այդ մթնոլորտէն դո՞ւրս։ Այսինքն՝ հանդուրժելի՞ այն միւսները, որոնք յօժար, ոչ՝ բարձրաղաղա՛կ, իրենք զիրենք կը հռչակեն անզգամ ու անիրաւ, բռնաւոր ու անաստուած, վեր՝ գութէն ու արցունքէն։ Գուցէ սա հարցականը սկեպտիկ ժպիտով մը դիմաւորուի շատերէ։ Բայց անոր թելադիր վիճակը իրողութիւն է վաւերական։ Կ՚ընդունիմ, որ դարաւոր, բարոյախօսական սկզբունքներով ուռած մեր խղճմտանքները դժուար հաւատան այս մարդոց կարելիութեան։ Բայց մոռնալու չէք, դուք՝ որ այս տողերը կը կարդաք ձեր Ամերիկայի կամ Եւրոպայի կամ Արեւելքի քիչ-շատ արդիացած ոստաններուն մէջ, թէ թուրքերու երկիրը հրաշքներու աւազան մըն է հինին մէջ, ինչպէս հիմա տակաւին։ Հոն է, որ հիմնուած են, պարզ արեւովը վերի Աստուծուն, աւազներէ մեկնող կայսրութիւններ, աճող՝ ինչպէս բամպակի տունկը, ու մեռնող՝ նոյն արագութեամբ։ Ու մեր տրամաբանութեան չէ տրամադրուած բաւարար պատճառ, ոչ իսկ տեւողութեան բանաւոր շերտ մը, այդ իրականութիւնները հասկնալու։ Ըմբռնելի է Հռովմը, Ֆորումէն մինչեւ Եփրատ, վասնզի, մեծ քաղաքը, կեդրոնէն այդքան հեռու ըլլալուն հակառակ, օտար չէ ինքն իրեն։ Վրան իսկ չունեցող արաբը, թաթարը ինչպէ՞ս տեղաւորել Քորտոպա կամ Պոլիս։

Ու պէտք է ձգել այս վերացական իրողութիւնները, դառնալու համար մարդու պատմումին։

 

* * *

 

Սիւլէյման էֆէնտիի հայրը բոպիկ էր եկած այդ սիրուն քաղաքիկը, որ Մարմարա ծովուն հարաւային մէկ բազուկին խորն էր կառուցուած։

Պոլսամերձ, յունաշունչ ու մաքուր, այդ գիւղաքաղաքը կը թառէր բլուրի մը փէշերուն, որոնք ծով կիջնային, երփներանգ ու պչրոտ։ Առաջին ակնարկով անիկա կը զատուէր տափաստանեան կաղապարէն, այնքան խոր ու յայտ, երբ դաշտագետինէն յառնող թրքական քաղաքիկը կը գունաւորէ։ Չեմ ծանրանար այդ պատկերացումին։ Վասնզի որոշ է, որ այսօր այդ քաղաքիկը օտարացած է ինքը իրեն, քանի որ զայն ոտքի հանող քրիստոնեայ բնակչութիւնը գոյութիւն չունի։ Ու թուրքերը իրենց նկարագիրը չեն ուշացած շէնքերուն իսկ պարտադրելու։ Մի մոռնաք, որ թուրք գեղին այնքան ինքնատիպ կաղապարին դէմ թուրք քաղաքիկը կը մնայ մերկ։ Արաբականն ու բիւզանդականը կը զատուին անոր համապատկերէն տարօրինակ դիւրութեամբ, քանի որ արդէն շաղախուած ալ չեն։

Մավունայի [1] մը փորէն ծով նետուած բորոտ շան մը նման, գոնջ ու ազազուն, ոջլոտ ու խլլոտ, մորթին բաց մասերովը բոր ու ամբողջ փշտաւոր պալար, այդ Քէլ Էտհէմը, նաւարկութեան ընթացքին իր չարահնար զուարճութիւնները, բայց մա՛նաւանդ անասնական լրբութիւնները վարձատրող շնորհով մը արձակուեցաւ ծովափ։ Նաւապետը, իր հօրը բարեկամ, ազատելու համար իրենց ծննդավայրը այդ աղտոտութենէն, առած էր նաւին վրայ արդէն իսկ համբաւի ելած չարագործը։ Տեղը չէ հոս, հետեւիլ այդ ճամբորդութեան, որուն մէջ անոր միջոցներուն առատութիւնն ու բազմազանութիւնը ուշագրաւ էին արդէն եւ իր գանելի անձին շուրջը ստեղծեցին ծանօթ տրամադրութիւնը։

Տասնըհինգ տարեկան հազիւ կար անիկա սա փախուստին ատեն, Արշիպեղագոսի մէկ քաղաքէն, ուր խզտած էր (կ՛ըսէին) իր քոյրը, շատ չի փնտռուիր ինչ պատճառով, քանի որ այդ աղջիկը խորթ էր ու լուսի պէս գեղեցիկ։ Մօրուն, զինուորականի մը կինը, սարսափած այս անասունէն, իր նոր ամուսինէն խնդրած էր աղջիկը հեռացնել, բայց չէր յաջողած։ Ու աղէտը շրջելու դիտումով այդ աղջկան համար արդեն պատրաստած ամուսին մը։ Հարսնիքէն շաբաթ մը առաջ, աղջնակը գտաւ ջրհորէ մը, խեղդուած ու բռնաբարման անթաքչելի նշաններով։ Մօրը կասկածը չորցուցին էրկանը սաստն ու սպառնալիքները։ Այդ աղան, միջին տանուտէր, խղճէն տանջուած, հարկադրեց իր տղան ղուրպէթի [2] ։ Որմէ յետոյ այդ գազանցուն չփնտռուեցաւ: Ու մարդիկ հաճոյքով հաւատք ընծայեցին հօրը, որ իր տղան ներկայացուց շանաձուկէ մը կլլուած։ Աստուածային սա պատուհասումին հեքիաթը աւելորդ էր սակայն, չարագործին տարիքէ անբաւականութեամբը, որով կը խուսափէր օրէնքին խստութենէն։ Յառաջիկայ կեանքը այդ Էտհէմին բաւարար փաստ էր սակայն շրջան ընող զրոյցներուն ստուգութեան, որոնց համեմատ անիկա բռնաբարած էր այդ աղջիկը, արգիլելու համար անոր ամուսնութիւնը ուրիշին հետ։ Ոճիրը կատարուած էր կէս ամայի պարտէզի մը մէջ, բանջարանոց, ուր կաշխատէր անոր հայրը։ Առաջին այս հերոսութիւնը ինքնին փայլուն սկզբնաւորութիւն մըն էր այդ անորակելի գազանին հետագայ կենցաղին համար։

Չենք զարմանար, երբ այս «կտաւէ» արարածները, չափահասութեան մտնելէ ետքը, պսակեն, փառահեղ մեղքերը իրենց պատանութեան, աւելի ոսկեզօծ ուրիշներով։ Ասիկա ոճիրի դասակարգին վրայ նկատուած ընթացիկ յառաջատուութիւնն է, իր վախճանին դիմող, զինքը գուշակելի ընծայող բաւական ալ պարզ օրէնքներով։ Հաւու գողութենէն մինչեւ պետութեան ճամբաներու օր ցերեկով յարումը գիծի մը երկու ծայրերուն կը զետեղուի։ Բայց, հոս տրուածին նման, գարշ պղծութենէ մը, ասոր հետեւանք հետախաղաղ փախուստի մը, անտուն, անտիրական, վայրէ վայր թափառումէն, այսպէս ախտով, աղտով, որդով ցեցահար, ճեղ-ճեղ գզուելէն, - կարճ՝ անօթի ու ամենանուաստ պատանութենէն մինչեւ այժմ ու փարթամ պէյութի՞ւնը։ Հոս է, որ կը մնանք չփոթահար։ Ճամբան. պարտաւոր եմ տալ։

Ու անցաւ անիկա մեղքին, ոճիրին, հոգեկան հիւծախտին ու բարոյազերծման բոլոր աստիճաններէն, անպատմելի բնականութեամբ մը։ Անոր կը վայելէր իր շնականութիւնը, զոր կը ջնարակէր իր համբաւը, այնքան արագ լաստակերտուած, քրիստոնեայ գիւղերով շրջապատ կեդրոնի մը մէջ, ուր պետութիւնը կարիքն ունի նման ստահակներու։ Ու կը վայլեցնէր անիկա իր գերազանցութիւնները ամէն անգամ, որ պէտք ունենային իր տուրքերուն։ Սա յառաջացումը, կատարելագործումը աւելորդ ալ չէ ռեժիմին մէկ ցուցանակը նկատել ու հասկնալ արտամարդկային սա յաջողակութիւնը, որ թրքական վարչութիւնը հովանաւորեց սկիզբէն ի վեր, հեռաւոր այն օրերէն, երբ քանի մը հարիւր վրաննոց աշիրէթ, դար մը չանցած, անոնք երկրակալած էին Բիւզանդական Կայսրութեան ամէնէն բերրի մասերը։

Ոճիր մը կը պատմուի։ Բայց անընդմէջ յաջորդութի՞ւն մը ոճիրներու։ Բայց տարիներու վրայ երկարաձգուող սա ապականութեանց թանձր, որդնոտ, գարշահոտ հեղե՞ղը։

Կը մօտենամ նիւթին, արագ յեղումով, քանի մը գիծերու վրայ միայն ծանրանալու համար։

 

 



[1]         Մավունա - առագաստանաւ:

[2]         Ղուրպէթ պանդխտութիւն։