Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.

 

Խեղդումով, մահուան դասական նշաններով, իր սենեակին մէջ, որ ծուխ ու ալքոլ կը հոտէր։

Թաղապետական բժիշկը խմբագրեց կաթուածահար մահուան երիտասարդ ու շքեղ տեղեկագիր մը, շատ գիտական ու շատ փաստացի՝ արաբական դժուարիմաստ տարազներու վրայ դիզելով իր ամբողջ հմտութիւնը։ Ու ստացաւ իր արժանաւոր վարձքը, սիրուն, երկամեայ նժոյգ մը, որ բաց կարմիր գաւակին վրայ երկկողմանի ճերմակ պիսակներ ունէր, հաւասար ծաւալով, իրական լուսիններ։ Գազանին աչքին լոյսը, այդ նժոյգը, որ կը խաղար տիրոջը հետ, տարփաւոր աղջկան մը նման նազանքոտ ու պչրուն։

Աւելի՞ն։

Այսինքն՝ մեռնողին վիզին վրայ կապուտիկ մահիկնե՞րը։ Ասինքն՝ փոքր շշուկնե՞րը պալատին սպասորեարին բերնով։ Այսինքն՝ մեռնողին երիտասարդութի՞ւնը, առողջութի՞ւնը։ Ասոնք հարցումներ են, որոնք կարգ մը մարդերու եւ տուներու չեն տրուիր։ Բժիշկը չէր կրնար աւելին գիտնալ, քան բամբասանքը։

Անոր աղջի՞կը։

Լացաւ անշուշտ։

Քեչ մը աւելի, քան պատշաճութիւնը։ Ընկալեալ սահմանը, գեղեցիկ անոր դիակին վրայ, երբ լուացին ու հագուեցուցին զայն՝ դնելու համար վերջին իր անկողինին։ Ան ալ տեսաւ կապոյտին բիծերը, բայց չխորացաւ։ Մահը այնքան սիրական վիճակ մըն էր իր հոգիին համար, որ մօրը վրայ անոր պատկերը զայն կը յուշէր իբր անըմբռնելի հեշտութիւն մը։ Յետոյ, դիակին գեղեցկութիւնը, հազիւ դեղնած ճակտին վրայ անոր դեղձան խոպոպներուն կոկոնները, դէմքին խաղաղ հրաւէրը սուտ կ՚ընէին կարծես պատկերին կցորդ դասական զգայութիւնները։ Աւելի՛ն։ Պատէն կախ մեծ հայլիի մը մէջ անիկա ինչպէս տեսաւ իր ու պառկողին դէմքերը։ Որքան մօտիկ էին անոնք իրարու։ Ու մահը ոչինչով գրեթէ կը զատուէր ողջէն, այնքան հատած էին չմեռածին գոյները։ Ի զուր փակեց թարթիչները պնդահիւս բանտումով, վանելու համար զուգորդօրէն արթնցող տեսիլքը անարգ գիշերին։ Բայց մղձաւանջը կը յամառէր: Դղրդուած, փլած՝ ինկաւ անոր կիսկապուտ շրթներուն համբոյրին, պոռալով, պոռալով.

Մամա՜, մամա՜, մամա՜…

Ու գլուխը վերցնելով, մէկը փնտռելու վիճակին մէջ, յետոյ դառնալու համար դիակին։

Ներէ՜, ներէ՜, ներէ՜…

Մէկը առաւ անոր կռնակէն մանչուկը, լուսնի պէս աղուոր, որ հիւսուած մօրը մազերուն՝ կու լար խոշոր–խոշոր, իր կարգին պոռալով:

Մամա՜, մամա՜։

Ու ծակ–ծակ եղաւ անոր սիրտը, երբ նրբանցքէ մը դարձին՝ անիկա հանդիպումը ըրաւ իր ամուսինին, որ կու լա՜ր։ Մարդերու ա՜չք: Քեզ ո՞ր ծովերէն, ճահիճներէն, դժոխքներէն հաներ ու դրեր են այդ խոռոչներուն մէջ։ Ո՞վ կը մաքրէ, ինչ որ իբր անտեսանելի թոյն մթերուած է քու մէջդ։ Մա՛նաւանդ՝ ո՜վ կը ճարէ քեզի այդ յստակ ջուրերը։

Անիկա չկրցաւ մասնակցիլ պայմանեալ արարմունքներուն։ Դիակին ներկայութիւնը եւ ամուսինը վեր էին անոր հանդուրժող կարողութենէն։

Մահը սակայն քիչ բան պիտի փոխէր տունին կարգերէն։

Շաբաթ մը ամբողջ անիկա սարսափին տակն էր դարձին:

Ժողովրդական աւանդութիւն մը մեռելները գերեզմանէն տուն կը ղրկէր, գիշերուան որոշ ժամերուն, որպէսզի անաւարտ իրենց կամքերը ըլլային ծանօթ, գոհացում գտնելու համար, աղօթքով, մատաղով ու մխիթարելու համար փոխադարձ հաղորդումով, կսկիծին մէջ, որ ամէն մեկնողէ կը մնայ թանձրացած իր տունին ու սիրականներուն ներսը։

Ու մայրը չեկաւ։

Պառաւները հոճաներուն միջնորդութիւնը թելադրեցին, որ մերժուեցաւ։ Անիկա գիտէր զսպանա՜կը սա ուրացումին։ Ու ժողովի մը մէջ կիներու կողմէ, որոնք վիճաբանութեան էին դրած ձեռք առնուելիք միջոցները, անգիտակցաբար անիկա պոռացեր էր.

Ի՞նչ երեսով։

Չէին հասկցած անշուշտ: Բայց ինք վախցեր՝ իր ձայնէն ու խածեր շրթները։,

Բայց կը տանջուէր։

Ամէնէն առաջ անիկա յուսախաբ զգաց ինքզինքը, իրեն պակսող ներքին խաղաղութեան համար։ Խորհեցաւ այդ վիճակին առջեւ, իր անգիտակից մտորումներուն, որոնք իր տառապանքին իբր աղբիւր գուցէ իրեն տուեր էին իր մօրը մեղքը։ Անիկա վերցեր էր առջեւէն, բայց իր հոգին կը մնար նոյն անձուկին խորը։ Յետոյ, իր ցաւին մէջ, ան գտաւ մտածման նոր երակներ։ Որքան ատեն, որ ողջ էր այդ մայրը, անոր կսկիծը հայլի մը ունէր ինքզինքը դիտող ու արդար հանող։ Մա՛նաւանդ մեղքին հետ ծանօթանալէն առաջ։ Չարաշուք գիշերին անակնկալը փոթորիկն էր, որ կործանած էր անոր պատրանքին բոլոր դղեակները ու հասկնալի ըրած հեքիաթը իր ամուսինին։ Այդ օրէն անիկա կը ճանչնար այդ գարշութիւնը, որ էրիկ անունին տակ կարուած էր իր մաքրութեան։ Իր հոգելլկումը կը ձգեմ ձեզի։ Ու կը ծանրանամ անոր միւս տառապանքին։ Անիկա ինքզինքը նիզակուած գիտէր խիղճի մեծ խայթէ մը: Ու ասիկա, փափաքը մահուան՝ մօրը վրայով։ Ամչցեր, ցաւեր, բացեր էր այդ փափաքին համար, բայց կեղծաւոր մը չէր ու չէր կրնար անտեսել մտքին մէջ յստակ գծուած այդ պատկերին աղտոտ, փշոտ իրականութիւնը։ Ու հիմա՞։ Անիկա կը տառապէր իր փափաքին իրացման մեղքով։

Ու չկար խաղաղութիւնը։ Էրիկը՝ նոյն անասունը։ Դղեակը՝ նոյն ոճրաքաղաքը։ Ծառաները՝ նոյն կեղծիքը։ Քաղաքիկը՝ նոյն ընդարձակ գերեզմանը։ Զաւակը միայն, տարօրէն փակած իրեն, չտալով ոչ իսկ րոպէի առանձնութիւն։ Նամակները միայն, շաբաթը ամէն օր զինքը գրաւող որոշ ժամերուն, որոնք իր սիրտին միւս կէսը կը տանէին Պոլիս տարագրուած աղջնակին։

Ու կէս ամիսը բաւէր պիտի բարձրակարկառ, անոր մէջ քանդակելու արհաւիրքներուն արհաւիրքը, իր մենակութեան վճռական գիտակցութիւնը՝ սա պալատին մէջ։ Դէմ դէմի՝ աշխարհի հազուադէպ մէկ սրիկային հետ։ Անշուշտ։ Բայց դէմ դէմի մարդու մը հետ, որ հաւ մորթելու պէս կին կը մորթէր։

Ու զարկաւ անիկա նիհար ձեռքերը մեծ իր գլխուն։

Կը հասկնաք իր վախը, տագնապը։ Բայց ոչ՝ ուզածը։

Անիկա հիմա կը փնտռէր, կ՚ուզէր պաղատագին, իր մայրը, գոնէ ուրուականէն, տեսակ մը վահա՜ն, ընդմէջ իր մենութեան եւ ամուսինին անասնութեան։

Թուրք կիները, այդ օրերուն, անպատուութեան գնով միայն արձակում ձեռք կը ձգէին, իրենց անօրէն ամուսիններէն։ Ինչո՞ւ մօրը օրինակը չթանձրացաւ անոր աչքերուն։

Անիկա կը վախնար հայլիէն, ուր ամէն անգամ իր տժգոյն դէմքին քով բուսած կը զգար մահուան մահիճին բարձէն ժպտող դէմքը իր մամային։