Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

 

Առաջին այցելութիւնը։

Բայց մարդոց, որոնք տունէ մը ներս մտնելէ առաջ, լեցուած են անոր խորհուրդովը, ձգողութեամբը։ Որոնք գիտեն, թէ ուր եւ որու համար կ՚երթան։

Էտհէմ պէյը պիտի չմոռնար ատկէ ստացած իր բեկուն տպաւորութիւնը, նոյնիսկ աւելի յետոյ, երբ տէրն էր տունին։

Այդ օրը, նոր ածիլուած, գեղջուկ իր զարդարանքին լիութեանը մէջ, անիկա ի զուր սպասեր էր տիկինին, հանըմ էֆէնտիին, որուն գեղեցկութիւնը, ազնուութիւնը, քաղցրութիւնը, մա՛նաւանդ հրապոյրը մտերիմներու բերնով արդէն հասած էին իրեն։ Տարօրինակ՝ մարդը։ Ճանճը չէր փախցներ իր հսկողութենէն։

Անշուշտ կատարուելիքը եւրոպական եղանակով ներկայացում մը չէր կրնար ըլլալ։ Չեմ կարծեր, որ այսօր ալ ատիկա ընդունուած ըլլայ թուրքերուն հին, ազնուապետական դասակարգէ։ Բայց Էտհէմ պէյերը շատ լաւ գիտեն, թէ տասը դար առաջ անգամ, նամէհրամին հզօրագոյն տիրապետութեան շրջանին, կիները միշտ ալ ունեցեր են գաղտնիքը, առանց երեւալու իրենք զիրենք զգալի ընելու։ Իշխանուհի հանըմ էֆէնտին (կինը կու գար իր կարգին ազնուական արիւնէ, ամուսինին վրայ արժանաւոր պատուաստով) ոչ մէկ նշան տուաւ իր գոյութենէն, չըլլալով գուշակելի, ոչ՝ հազէն, որ կանանոցին հեռուներէն արծաթ հունչի մը պէս կը թռի դէպի պատուհանները սէլամլըքին [1], դող հանելով արուները, ոչ՝ հրամանի մը փշուրներէն, նետուած սանդուխն ի վար կամ պարտէզն ի վար, հետապնդելով ձայնին հրապոյրը բացերը սպասող ականջներուն։ Կամ՝ քիչ-շատ ազատամիտ պիտակով մը պաշտպանուած տուներէ ներս, շուքի նման սահող ուրուաձեւէն՝ ամրաղաղակ, բայց թեւաւոր, արագ, բայց յամենալէ զգոյշ, նման ալիքի մը, որ կը քալէ, բայց ատենը կը գտնէ իր մազերը փռելու արեւին։

Անիկա ելաւ փաշային մօտէն, խորապէս տրտում։

Սեռային մարզին վրայ յաջողութիւնը մարդոց մէջ կը ստեղծէ անորակելի սնապարծութիւն մը, զանոնք ընելով նախաձեռնարկ, նենգ ու անզգած, ուրիշ ամէն յուզումէ։ Իրենք զիրենք գերադասելու իրենց միամտութեան մէջ, անոնք կը մոռնան շուտ։ Ամէնէն շատ՝ պարտութեան մը ամօթը։ Ռէժիին տնօրէնը առաջին անգամն էր, որ ինքզինքը գտաւ խորունկ սեւամաղձութեան մէջ։ Տարի՞քը։ Վար՝ երեսունէն։ Դրա՞մը։ Վեր՝ նաւահանգիստին մեծփոր վաճառականներուն համագումար ուժէն։ Պակա՞սը՝ ուրեմն։ Կը հարցնէր ասոնք ինքն իրեն ու բռունցքը կը զարնէր սեղանին, չկրնալով նստել բազկաթոռին։ Միւս կողմէ՝ բանակ էր թիւը էրիկներուն, որոնք ատամ կը սրցնէին անոր շուայտ համբաւէն։ Ու շատ էին եղբայրները, որոնք, զինուորական ծառայութեան իրենց շրջանը աւարտած՝ դարձեր էին նաւահանգիստ եւ ուխտեր վերակազմել իրենց քոյրերուն բզկտուած պատիւը, դանկըտելով Քէլ Էտհէմը։ Անշուշտ խօսքին ու գործադրութեան մէջտեղ անդունդ մը կը պառկի։ Բայց ոստիկանութիւնը քիչ-քիչ կ՚արդիանար, աւելցնելով իր ախորժակները։

Կը տառապէր անիկա։

Ի զուր անցան իր փորձերը դրամով խորտակելու բերդին ամրութիւնները։ Անիկա առաջին անգամ ըլլալով կ՚ամչնար իր հարստութենէն, այսինքն՝ անոր անկարողութեանը փաստէն, քանի որ իր նուէրները, ոսկիով լեցուն քսակները, այնքան փափկանկատ կերպով ղրկուած փաշա հազրէթլէրիին զանազան կարիքներուն, դարձուեցան ետ անխնայ, շնորհակալութեան ջերմ բառերով։ Որոնք կը գնահատէին ազնուութիւնը ղրկող ձեռքերուն, բայց զգոյշ էին անոնց գործածութեան մէջ, քանի որ ունէին ապրուստի բոլոր միջոցները, «կայսերական հոգածութեան շնորհիւ»։ Հեռատես պառաւ մը, որ անոր այս կարգի ձեռնարկներուն մէջ արձանագրած էր մեծ յաջողութիւն, պոլսեցի ու քիչիկ մը շփուած ալ պալատական բարքերուն, երբ իր տղան մեծ դիւանի մը պետն էր Պապը Ալիին, անոր թելադրեց վերապահութիւն, մա՛նաւանդ նիւթական միջոցներէ։ Պալատական տիկինները կ՚ատէին զանոնք, ապրած ըլլալով անոնցմէ դուրս։

Իր խորհուրդովն էր, որ ուրիշ տակտիկա որդեգրուեցաւ:

Ջատուկները լծուեցան գործի։ Ինչպէս Արեւելքի հեքիաթներուն, նոյնպէս ալ տուներուն համար չկայ դժուարութիւն, որ խուսափի այդ կիներուն ամենազօր խելքերէն։ Զուր տեղը չէ, որ առասպելը անոնց ներքեւ օդէն թռչող գուբեր կը դնէ, որոնց մէջ անոնք կը թխմեն բոլոր գեղանի աղջիկները, բերելու համար սիրատոչոր իշխաններու անկողինին։ Զուր տեղը չէ, որ անոնց ուղեղը կ՚ընէ գործիք մը, բոլոր դժոխքները խաբելու կարող հնարամտութեամբ։ Ու, առանց այդքան բացարձակելու, այսօր ալ, այդ երկիրներուն մէջ, իրականութիւնը չի տառապիր, նուաճելու համար անընտել կին մը, սանկ ու նանկ, բայց իրենց ուժը փաստած հնարքներով։ Լեգէոն էին, թուրքերու մօտ, հին կնիկները, աս ու ան տէրվիշէն հող, փետուր, ուլունք, համեմներ երկիւղածօրէն պահ դնող իրենց սնտուկներուն խորը, որոնց կը դիմէին անոնք, անխախտ հաւատքով ու «երեսի ջուրով» դուրս կու գային իրենց ձեռնարկներէն։

Անոնցմէ մէկն էր, որ ստանձնեց «փափուկ» խնդրին բարեյաջող լուծումը:

 

 


[1]         Uէլամլըք - թուրք պալատներուն մէջ այրերուն յատկացուած բաժին։