Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

 

Պատետութիւնը պիտի չուշանար։

Տղուն մեկնումէն շաբաթ չէր անցած, երբ օգտուելով քենիին բացակայութենէն Խալիտէ հանըմը գերուհիներով ելեր էր մօտաւոր պտոյտի Ըլըճա, որ հանքային բաղնիք մըն էր՝ քառորդով հեռու դղեակէն ներկայացաւ կնոջը յարկաբաժինը։ Օրը էտինքին մօտ։ Քաղաքէն մինարէի մը կատարին սեւ ստուեր մը կը դառնար։ Աղօթքի պահ։

Ո՛չ դանակ։ Ո՛չ հայհոյանք։ Ոչ ալ դէմքի զառածում, որ կիրքին յատկանիշն է մեր երեսին։ Միայն՝ անոր մատները ամուր-ամուր կը շփէին ճակտի խորշոմները, բացառաբար վաղաբոյս, հակադրութիւն կազմելու չափ դէմքին ողորկ կտաւին։ Խիստ՝ աչքերը։

Ծովադիր սենեակ, վավը ջուրը կը պոռար թեթեւ մը, սկսող հովին մտրակին ներքեւ։

Ձեռքը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ թաթը դրաւ կնոջը ուսին։ Բազմոցին անկիւնն էր ասիկա, նոր աւարտած իր լացը։ Քրոջը հետ բուռն բախում մը զայն կը թուէր պատրաստած ըլլալ սա այցելութեան, զոր կ՚ենթադրէր թելադրուած պզտիկ հանըմէն։ Կիները արագ եւ ուղիղ կը զգան, բայց դանդաղ ու ծուռ կը դատեն։ Հոդ է գուցէ անոնց հրապոյրը։

Թաթին ճնշումէն ուսոսկրը ցաւած ըլլալու էր, վասնզի ճիչ էր փրթած անոր բերանէն, գրգռիչ ու անգութ ընող ճիչը, որ, տկարէն գալուն՝ ուժովը կը ջղայնոտէ։ Նետեց միւս թաթն ալ միւս ուսին։ Այս բեռին ներքեւ, Սէրվինազ հանըմին ինքնին հալած մարմինը սահեցաւ վար, գետնի թաւ գորգին։

Արեւ կար դուրսը, սենեակին մէջ շատնալ ուզող։ Անոր քիչիկ մը տակովը բռնկած շղարշ մը, որ տեսողութեան պատրանքով մը ապակիի անցուած մետաքս թաշկինակի մը պէս կը դողդղար, երիզներէն լուսեզերուած։ Ինչո՞ւ կը տեսնէր այս թրթռագին այրումը։

Անսպասելի, որքան անկարեկիր խաղաղութիւնը ապարանքին։ Ջուրին միօրինակ ճողփիւնը ափունքի պատին։ Ոճիրին մէջ փորձ գազանին համար ասոնք զգայութիւններ, որոնց արժէքը կը գնահատեն իրենց յիշատակները ամփոփող մեծ մարդասպանները, երբ կը վերակազմեն գերազանց պահը արեան հոսումին։ Ճգնական պատերու մէջ սա խաղաղութեան փաստը անոնք անզգալաբար կը շահագործեն իրենց ալ խաղաղութեան։ Էտհէմ պէյը արիւն թափած ատեն խաղաղագոյն շարժումներու մարդն էր եղած։ Բայց ինչպէս բացատրել անսպասելի այն այլուրութիւնն ալ, որով ընդուներ էր այդ կինը սա թաթերուն բեռը ուսերուն։

Գորգեր։ Թաւ բարձեր, եգիպտացորենի հատիկներ, եփուած ու դեղին, մասով մըն ալ սեւցած, տարտղնուեր էին մինտերներուն [1] երեսին։ Բազմոցին կոճը, մերկացուած իր հատիկներէն, նայելով յիմար, գրգռիչ իր գլուխովը։ Առարկաները երբեմն կ՚ունենան այս թելադրութիւնը։

Սէրվինազ հանըմը ոչ մէկ շարժում ու խօսք անցուց մտքէն։ Կարծես կը շարունակէր հպատակիլ պատրաստուած վիճակին։ Գոց՝ աչքերը, բռնի։ Պէյին մատները չկրցան բանալ անոնց կարուած կտաւը։ Կուղպ՝ բերանը, ուրկէ շունչը կը փրթէր ընդհատ արձակումով մը, ջնջուելու համար իսկոյն։ Խլեակ մը, տարօրինակ սպասման մը մէջ, կծկտած ու կիսակլոր։ Չպաշտպանեց կրկին իր զիստերը, երբ էրկանը ձեռքերը հանեցին զանոնք ծածկող ժանեկազարդ լաթը։ Օրը ցերեկո՜վ։ Պատրա՞նք։ Ո՜վ պիտի ճշդէ հաշիւները մարդոց ու նման պէյերու։ Անոր կինը խորունկ պժգանքով կ՚ընդունէր իր էրիկը ու չէր փակուեր անդարման սառնամանիքէն, որ անոնց կենակցութիւնն էր եղեր այնքան տարիներ։

Ու պատահեցաւ զարհուրելին, ա՛յն՝ որ պատմուած էր քսան տարի առաջ, բայց չէր հաւատացուած, այնքան անհեթեթ, որքան անողորմ բան մը ըլլալուն։ Ճակատագրական առարկաներ կան, որոնք մեզի կ՚երեւան, երբ կը վախնանք իրենցմէ։ Եգիպտացորենին կոճը անոր անցեալին մէջ քիչ մնաց զինքը մահուան դատապարտէր։ Կը վախնար անկէ, ազատելէն վերջն ալ։ Անոր տեսքը բազմոցին վրայ, ձեռքին ճիշդ մօտիկը, դարձուց անոր արիւնը, ինչպէս կ՚ըսեն։

Ե՞րբ, այդ կախարդուած ու անիծուած առարկան պիտի ցատկէր Էտհէմ պէյի ափին մէջ, հոնկէ թխմուելու համար անոր կնոջը արգանդին։ Անհուն ցաւին աղաղակը անիկա խղտեց՝ կնոջը դունչն ու կզակը իրարու հիւսելով միւս ափովը։

Լռութիւն, բայց ինչպէս մորթուած հաւէ մը։

Ոճրագործը, յիսունի մօտ, ոչ մէկ հեւք ունեցաւ այդ արագ գործողութեան ատեն։

Ու անոր ծնկոսկրը իջաւ կնոջը լանջքին։

Ձեռքերը, թեթեւ օղակելով անոր վիզին։

Չխզտեց սակայն։

Վասնզի մտածումին հետ նայուածքին դաշտէն փայլեցաւ ու անցաւ ստուերը պզտիկ հանըմին, տարօրէն հեշտ, գրգռիչ ու պահանջկոտ։ Անիկա սարսափով ընկրկեցաւ, չհաւատալով սակայն զգայախաբութեան։ Սենեակին դուռն էր հեղինակը պատրանքին, մեղմ ինքզինքը շարժելով։

Անպատրաստ ոճիրներուն ճակատագիրն է շատ շուտ տպաւորուիլ։ Թել մը, որ կը ծածանի, ճանճ մը, որ կը բզզայ, երբեմն բաւ են մեզ ետ կանչելու արիւնին թաթառէն։ Այդ ստուերին հետ Էտհէմ պէյին տեսողութեան հորիզոնէն անցեր էր դեղնորակ թուղթը, մագաղաթ ֆերմանը, ճակտին ոսկի զինանշան, որ փաշայութիւնը կը փոխադրէր մեծաշռինդ հանդիսանքով, ինչպէս էր պարագան պէյութեան օրերուն։

Ուրի՞շ։ Իր մանչը, վճռական ու արի, որուն յանդգնութիւնը առանձնապէս դիւր կու գար իրեն…

Վերցուց ծունկը լանջքէն։ Ձեռքերը՝ վիզէն։

Ոչ դող։ Ոչ զիղջ։ Ոչ վախ։ Ոչ գութ։

Պաղարիւն, զգաստ, անաղմուկ, անողոք, հանեց, բռնի, արիւնով թաթախ կոճը ու նետեց պատուհանէն դէպի ծով։ Յետոյ, տարօրէն գրգռուած կնոջը լռութեան վրայ, ոտքերով սկսաւ ծեծը։ Զգոյշ էր, հարուածներուն տեղը ընտրելու ատեն։ Որքա՞ն։– Ինք պիտի մոռնար։ Ծեծէն առաջ նուաղած կինն ալ պիտի չյիշէր ատիկա։

Ու ելաւ դուրս, քիթէն կախ երգի մը պոչը։

«Հինգըմէկնոց [2] կախեմ մարմար քու վզին» Յանկերգ՝ որ այդ օրերուն բերանն էր ամէնուն: Գինետան բնակուոր ոճրագործն էր, որ մորթեր էր պոռնիկը, վիզին անցընելէ ետքը դեղին թիթեղէ սուտ ոսկի շարոցը ու կոխուելէ առաջ թուրքերը մահու պատիժը ցանցառ կու տային հասարակ մարդասպաններու վրայ։ Հերոսը ուրիշ երկու արիւն ալ ունէր ձեռքերուն, մէկը՝ անչափահաս աղջիկ մը, զոր այրած էր լլկելէ ետքը, միւսը՝ խորթ քոյրը, Էտհէմ պէյի պատանութեան պայմաններով ու տեքորով եղանակեր էր, կ՚ըսէին, գերագոյն իր տեսիլքը սա աշխարհէն ու յանձներ իր գլուխը մեծ օղակին, գրեթէ ժպտելով։

Բայց դարձաւ անիկա ետ, սեմին։ Ու գետնաթաւալ կնոջ նուաղուն մարմինին նետեց գերագոյն նախատինքը .

Սարդի պէս չորնաս։

Տարիներէ ի վեր անիկա չէր արձակեր իր կինը, անոր խնայելու համար թանկագին վայելքը, իրմէն ազատուելուն արքայութիւնը, ինչպէս պոռացեր էր երեսին, թարմ գայթակղութեան մը դիմաց, երբ քսանամենի հարսնուկ մը նաւակ կը դրուէր, արիւն լուայ ու նուաղուն։ Պառաւի մը կողմէ դղեակ մտցուած։ Այն ատեն ալ շանթահարող նայուածքովը նետեր էր իր կնոջը երեսին չարագուշակ անէծքը.

Չորնաս պիտի, պատի սարդին պէս ու պիտի չազատիս ձեռքէս։

 

 


[1]         Մինտեր - կտոր բազմոցներ։

[2]         Հինգըմէկնոց - հինգ ոսկինոց ոսկեդրամ զարդ։