Սիւլէյման էֆէնտի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ.

 

Այս տրամէն երեք տարի ետքը, սնդիկ աւազակը տէր էր դղեակի մը։ Բառին տուէք երկակենցաղ նկարագիր մը, քանի որ ասիական մեծղի կառոյցները բաղդատելի չեն արեւմտեան այդ հաստատութիւններուն։

Այդ երեք տարիներու ընթացքին, անիկա ոխերիմ ու աննուաճ կորովով մէկիկ–մէկիկ սրբագրած էր իր մեղսակիցները, վարձուած դահիճներով ու հալեցուցած վկաները իր մեծ սխրագործութեան։

Տէրվիշ մը վեչափառ, բայց շինծու, հագուած հեռու Արաբիայի ամէնէն նկարագեղ տարազով ու խունկի պէս դեղին ինք էր խմցուցած գունատող հեղուկը այդ ծպտուած հոճային նաւահանգիստի քազինոյին պատշգամը ներկայացաւ ու հարցուց անունը նստողներուն։ Յետոյ, տիրական ու անդիմադրելի՝ հրահանգեց աւազակին նետել տասը փարա աւազէ գոյացած փոսիկի մը մէջ, զոր կը կազմէր իր թաշկինակը, օձահիւս նկարներով։

Ու հրապարակային գուշակութեամբ մը, օտարականը դրամին տիրոջը համար բացաւ բախտին մեծ դուռը։ Երեք օրէն, երեք շաբաթէն, երեք ամիսէն անոր տունը ոսկիի գետ պիտի հոսէր։ Ու անոր փառքը պիտի քալէր ութ ձիերէ լծուած կառքերով։ Շատ մօտիկ տեւողութեամբ մը, վճռական սա աւետիսը խանդավառեց ներկաները։ Տէրվիշը պայման կը դնէր հրաժարիլ օղիէն։ Ու կ՚ուզէր երդում։ Հասարակաց պնդումին վրայ աւազակը մօրը գերեզմանով յանձնառու եղաւ հրաժարիլ կեավուրին այդ թունատու կաթէն։ Փառք Ալլահին ու փատիշահին։ Անիկա պիտի կանոնաւորէր իր կեանքը, նոյնիսկ տէրվիշին խոստացուած ոսկիին գետերուն ցամքած ատենն ալ։

Ոճիրը մարսելու սա ձեւականութիւնը անիկա պարտական էր նախնական իր ուղեղին, որ կը ձգտէր խաղաղութեան, բայց հեռու էր անկէ։ Օղիի խրախճանքներուն, երբ մշուշը կը բռնէր անոր ուղեղին պատերը, անիկա կ՚այցուէր մատաղ աղջկան աղերսարկու նայուածքէն, որով անիկա կեանք կը պաղատէր, պատիւը տալէն ետքը։ Գաւաթին մէջ պղպջուն, կաթնորակ հեղուկը կը մեծնար, ըլլալու համար այդ աղջիկը։ Ու անոր հետ, տեսարանին միւս պատկերները, ա՛յնքան՝ որ զառանցանքէն սարսափած, սեղանները գլորելով ու մարդերը հալածելով՝ չունչը կ՚առնէր ամայի ձիթաuտանները, ու կը պառկէր բացօթեայ։ Օղիին սա հզօր ազդեցութիւնը, իր ոճիրին ահով իրեն դարձը չէզոքացնելու համար հնարուած տէրվիշը ձրի խաղ մը չէր սակայն։

Սկսաւ այդ կանոնաւոր կենցաղը։ Փոքր զբաղումներով, կենդանիի, կառքի առուծախով։ Իր ընդունակութիւնը, առաջին իսկ փորձերուն, դարձաւ ուշագրաւ, վասնզի բանտերու մէջ հասունցած անոր լեզուն, մարդերուն հոգին դիւրաւ թափանցող անոր նայուածքը իրարու կ՚օգնէին, իր ապրանքները փառաբանելու, արժեւորելու աշխատանքին մէջ։ Հարստութիւնը մեր բառերուն կու տայ անփոխարինելի հեղինակութիւն։ Անիկա, իր թաղած ոսկիներուն կռթնած՝ չէր վախնար վնասէն, ինչպէս չէր նուաճուեր չահէն։ Յետոյ քալեց քայլ մը աւելի առաջ։ Վարձեց, երեք տարիով, նաւահանգիստին մեծ խանը, նուազեցնելով սենեակներու վարձերը ու դիւրացնելով գիւղացիներուն շարժումները։ Ընկերոջ մը հետ, որ հաշիւէ, գիրէ կը հասկնար, անիկա վրան առաւ խճուղիի մը շինութիւնը։ Ուրիշ կալւածատէրի մը երաշխաւորութիւնը ձեռք ձգեց, անոր աղջիկը առնելու խոստումով, գաւառակին ցորենին տասանորդը կապալ առնելով Հանրային Պարտքի Վարչութենէն, որ եօթը տուրքերը կը կառավարէր։ Քանի մը տարի, այս գնացքով։ Ու ահա աւելի մեծ հարուածները։ Կառավարական հայթայթումներու այլապէս մութ ու շահաբեր գործերը, որոնք մարդերը քիչ ժամանակի մէջ կ՚ընեն մեծահարուստ։ Հետզհետէ լայնցող սա ձեռնարկները իրենց տենդին մէջ, զայն հեռացուցին իր մօտիկ անցեալին մեծ մեղքերէն։ Մինչեւ իր դիրքին հաստատումը, անիկա մոռցաւ օղին ալ, հեշտանքն ալ, ոճիրն ալ։

Ու յաջող էին անոր բոլոր գործերը, վասնզի վախը չունէր կորուստին։ Կը դնէր մեծ յանդգնութեամբ։ Կը նետուէր ամէն գործի, նոյնիսկ ամէնէն անապահովներուն եւ չէր խաբուեր։

Ու անիկա ճարտարութեամբ պահպանեց հողածածուկ թակոյկները ալպանական ոսկիին։ Անգամ մը գործի մէջ բացուելէ յետոյ, այդ ոսկիներն ալ զետեղուեցան շահադիտական ձեռնարկներու մէջ։ Ոսկիին գետը կը հոսէր։ Ու ամէնքը կը սպասէին իրենց ալ տէրվիշին։ Վաճառական էր ու հարուստ։

Առաջին ինքնատիպ գործը, կառուցումը իր դղեակին։

Ինք՝ ճարտարապետը, հայթայթիչը, յատակագիծներ պատրաստողը, ստուերի մէջ ձգելու չափ նաւահանգիստին պետական երկրաչափը։ Ինք ճարտարապետը մա՛նաւանդ անոր ստորնայարկին, որ մեծ, շատ մեծ ապառաժ մըն էր, տափարակ կռնակով, հաւանաբար ծովէն մաշուած երկար դարաշրջաններով։ Զայն ձողտած [1] էր, կանոնաւոր, երկրաչափական ձեւերու, իրարու անցնող ծակերով ագուցիկ։ Յատակագիծը կը հանէր իր յիշատակներէն։ Բիւթանական, բիւզանդական քաղաքակրթութեան բեկորները անհաշուելի են այդ ծովախորշին ափերուն, ու աւելի ներս, ցամաքին հեռաւոր կէտերը մինչեւ, դէպի արեւելք, երբ Նիկիոյ լիճին հոյակապ եզերքները յղփացած էին մեծ քաղաքի մը արուարձաններով։ Սնդիկ աւազակը, խորհրդաւոր ու նանրապաշտ, խորունկ հեշտանքը ունէր այդ աւերակ փառքերուն, նստելով՝ մինակ չորս պատ մեհեանի մը աւերակներուն, ընդհանրապէս հետը ունենալով կին մը կամ աղջիկ մը։ Ու անոր ուրիշ հաճոյքը՝ այդ աւերակներուն յատակը կազմող կիսափուլ սրահներուն, ուր կ՚իջնէր վախով, բայց ընդքարշուած։ Անիկա այդ կարգի գետնափոր ապարանքի մը աւեր սրահներուն մէջ ապրեր էր երեք ցերեկ ու երեք գիշեր, քաղաքէն բերուած հանրակիներու հետ, ով գիտէ ի՜նչ խենթութեան ասեղէն, այդ բորբոսին ու կծու խոնաւութեան մէջ փոխադրելով շուայտ հարկինքը։ Նիկիոյ հին աւերակներուն կը պատկանէր այդ ստորերկրեայ կիսակործան ապարանքը։ Մեծ կրակներով անիկա ստեղծեր էր միօրինակ ջերմութիւն ու ապրեցուցեր կիները անասելի ցոփութեանց մէջ, անգիտակցօրէն անսալով իր պապերուն ձայներուն, որոնք կիներուն ո՛չ միայն մարմինները, այլեւ արիւնը կը պարպէին այսպէս ժայռահան աւազաններու մէջ ու լոգանք կ՚ընէին…։ Աւազակին մտքին մէջ այդ շուայտանքին կծու յիշատակներէն աւելի՝ կը մնային փորձուած ուրիշ բաներ, յատակին պատկերը մեծկակ սրահ, զոր կը պահէին ժայռէն ձեւուած հաստ սիւներ, եղկ ու սատափ փայլով մը ջնարակուած, տեղ-տեղ կանանչ բաներէ կէտկիտուած։ Ու սրահը կը խորանար, ծնունդ տալով սենեակներու, միջանցիկ ու համաչափ, միշտ ժայռին փորուած բազմոցներով, աթոռներով։ Անոնցմէ ոմանք իրենց կեդրոնին ունէին բացուածքներ, ուրկէ չուանը յատակ չէր գտներ։ Ատենին անոնք ծածկուած ըլլալու էին յատակին հետ շաղհիւսուած կափարիչներով, որոնք փոխարինուած էին ջաղացքի ուռանիստ քարերով։ Աշխարհ մը ողբերգութիւն, անշուշտ, պատմուած՝ սա լուռ բերաններէն, զորս անոր ասիացիի ուղեղը կը հասկնար տարօրինակ դիւրութեամբ։ Աւերակներու առջեւ թուրքը ուրիշ կերպ չմտածեց։ Անոր հետաքրքրութիւնը այդ փորուածքներէն դէպի վար, ոսկիին ու արծաթին ետեւէն, որոնք կայցելեն ամէն անդնդասոյզ երեւակայութեան։ Լոյսերը կը մարէին՝ երեք-չորս գրկաչափ հազիւ իջնալէ ետքը։ Անիկա չէր կրնար մոռնալ պաղատագին լացը գեղանի աղջկան մը, զոր մէջքէն կապով կախեր էր անդունդէ մը ու տեղի տալով անոր ընկերուհիներուն աղաչանքին՝ հաներ վեր…։ Ու սրահին ու սենեակներուն ողորկ, բայց կճող պայծառութիւնը, լամբին ասեղներուն տակ պորփիւրին բիւրեղներէն ցրուող խտղտումը անոր հոգիին վրայ ոստոստուն սարսուռ մը կը բռնէին ամէն անգամ, որ խորհէր աւերակին։ Այդ տեսարանը անոր մէջ պիտի վառէր, արծարծէր տիրական երազը, որ ամէն թուրքի հոգեյատակը կը կազմէ, նմանիլ կեսարներուն, որոնց ձեռակերտներն էին սա ապարանքները։ Ասպատակը արգիլուած կեսար մըն է արդէն։

Շատ բաներու ունկնդիր Ալլահը զինքը պիտի հասցնէր իր այդ երազին ալ, անշուշտ վարձատրելով իր անմահ սխրագործութիւնները։

Իր դղեակը ունէր նաւարան, դէպի ծովը երկարող երկու պատերու բացուածքին մէջ ամփոփուած։ Երկաթահիւս ցանկ մը կը փակէր անոր մուտքը։ Ցանկին նիզակները, աներեւոյթ հսկայ ծաղիկի մը առէջներուն նման փշաքաղ ընող բան մը կը բռնէին ջուրին երեսէն բաւական վեր ու կը պահպանէին սարսափը մեծակառոյց ապարանքին՝ ջուրերուն խաղաղ պատմուճանէն ալ անդին։

Ու անոր դղեակը, գրեթէ փորուած ծովահայեաց իր երեսէն, կը գրաւէր մեծ, շատ մեծ ժայռակոյտի մը կէսը, մասամբ յիշեցնելով Սապիտին աղային շէնքերը, կտոր-կտոր, քովնտի աւազները առնելով իր փէշերուն եւ պատշգամելով գեղակերտ մարմարներով երկար ափունքը դէպի աջ ու դէպի ձախ։ Ո՞ր հաշիւներով անիկա ընտրեր էր քաղաքին հանդիպակաց, բայց անկէ կէս ժամով հեռու այս որջը, զոր իր նոր վիճակին բերելու համար, ժողովուրդին կարծիքը թագաւորի ուժ կը պահանջէր։ Իրաւ է, թէ անոր տէրը հիմա տէր էր տասնէ աւելի նաւերու, որոնք կը տանէին՝ Պոլիս՝ փոխադրելով ցորեն, գարի, խաղող, ձիթապտուղ եւ շագանակ։ Ու տէր էր կարաւաններու, հարիւրաւոր ուղտերի գոյաւոր, որոնք Պրուսայէն, Պիլէճիկէն, Իզմիտէն մինչեւ Գոնիա ճամբայ ունէին, կրելով ամէն ինչ, որ իբր բեռ կրնար վերցուիլ սապատագեղ կենդանիին քամակին։ Վաճառքներով բեռնաւոր այդ կարաւանը խորունկ ու խռովիչ հանդէս մը կը կազմէր քաղաքներու մուտքին, իրենց մէկ կանգուն հասակով զանգակներով, որոնք կ՚օրուէին անասուններուն երջանիկ վիզերէն, մինչ անոնց թամբերու եզրազարդերուն մանր բոժոժներ, հարիւրներով, իրենց փոքր հեծկլտուքը կը խառնէին հսկայական տափին, ստեղծելով ջիղերը ոտք հանող, տխրասարսուռ վերյիշումներ ամէն ճամբորդի հոգիէն ներս, երբ անոնց լայն ոտքերուն փոշին դեղնորակ մշուշի մը պէս կը լողար անոնց մարմինին բացուածքներէն... ։ Ու ամէն կարեւոր գազայի [2] մէջ, անոր խաները, հպարտ իրենց ուղտերով, շահաւէտ գործի, կը դիզէին վաճառքները կամ կը ճամբէին հակերը, հետզհետէ աճեցնելով անոր ժողովրդականութիւնը, զոր կը խնամէր բաց իր ձեռքը, անպատճառ բարիքով մը մշտաւորելով իր յիշատակը, աղբիւրի, ջաղացքի, ճամբու ջրհորի կառուցումներով։ Ու կը գնէր հողերը, տեղին համեմատ դրամ, վախ, սպառնալիք կամ ոճիր վճարելով։ Ու կը քալէր առաջ, իր պապերուն ախորժակովը, դղեակն ի վեր, դէպի բլուրները, ուր կ՚աճէին շրջանին ամէնէն գեղանի ձիթենիները, առհասարակ յունապատկան։ Պապա Եորկոները (անիկա յոյները կ՚արհամարհէր, բոլորն ալ զետեղելով այդ նախատալից յորջորջումին ներքեւ) պարտաւորուեցան, անոր ուզած գիներով, լքել իրենց կալուածքները, ի հեճուկս նաւահանգիստի եպիսկոպոսին պաշտօնական բողոքին ու հելլէն հիւպատոսին (Պրուսա) անպաշտօն դիտողութիւններուն։ Բոլոր ստացումները կատարուած էին «օրինական ճանապարհաւ», վաճառման ու գնման արձանագրութիւններով եւ վկաներով։ Ճիշդ ինչպէս պիտի ընէին աւելի ետքը մարդերը մեռցնելէ վերջը անոնց բնական մահը հաստատող բժշկական, քահանայական, կառավարական տեղեկագրերով։ Ով որ կ՚ընդդիմանար, կը զղջար չարաչար, վասնզի կ՚ենթարկուէր հալածանքի, չկրնալով երեւալ իր ձիթաստանին մէջ, սարսափովը գազանին, որ իբր թէ որս հետապնդող, կ՚արձակէր գնդակները ամէն ուղղութեամբ, լեղապատառ փախցնելով պապա բոլոր Եորկոները։ Ամէն աւազակ մասնագէտն է իր արհեստին։ Ու էջեր չեն բաւեր՝ սպառելու համար նախատարերքը այդ գիտութեան։

Քանի մը տարուան մէջ անիկա հարուստներուն հարուստը եղած էր արդէն։ Սապիտին աղային ոսկիները արդար ձեռքերու մէջ տուած էին իրենց բերքը։ Շատ մը գեղերու մէջ նոյն ատեն անոր մարդերը կը գնէին իր անունով ու կ՚ըլլային իրենց կարգին իւղոտ աղաներ։

- Վաշխառո՞ւ։

Չեղաւ, վասնզի չէր ախորժեր փոխ դրամ տալէն։

Բայց անոր յատկանիշն էր չխաբուիլ ոչ ոքէ։ Խարդախ, բայց վիճակին խուլ հաճոյքին համար, անիկա կ՚ախորժէր իր մարդերը տապալելէ, անոնց վստահելէ ետքը մեծ գումարներ, մոռնալով անոնց հաշիւները եւ օրին մէկը կանչելով սեղան ու կոխելով անոնց պուկին՝ «փոխել տալու» համար կլլուա՜ծ ապրանքը՝ ոսկին։ Միակ իր ագահութիւնը՝ հողին հանդէպ անկշտում ըլլալն էր անոր։ Մարդիկ անոր այդ զգացումը պիտի զետեղէին սեռին հանդէպ անոր միւս անօթութեան քով։

 

 



[1]         Ձողտել գիծ-գիծ ընել։

[2]         Գազա գաւառակի կեդրոն գիւաքաղաքը։