ԵՐԿՈՒ
ՏՈՂ
—
Առաջին
անգամն
չէ,
որ
պատիւ
կ'ունենամ
երեւալու
ասպարէզին
վրայ
—
որուն
քառասուն
անգամ
ողջոյն
եւ
նոյնքան
հրաժեշտ
տուած
եմ—,
ուստի
աւելորդ
կը
համարիմ
վերստին
յայտնել
աստ
այն
ուղղութիւնն
եւ
ընթացքն,
որուն
հետեւած
եմ
ցարդ
եւ
զօր
լքանելու
զօրաւոր
պատճառ
մը
չունիմ,
որովհետեւ
ողջմտութիւնն,
անկեղծութիւնն
եւ
անաչառ
դատաստանն
տակաւին
չեմ
գտներ
ես
այնքան
զզուելի
եւ
այնքան
գարշելի,
որքան
կը
կարծուի
խմբագրաց
եւ
գրագիտաց
ոմանց։
Բնական
է,
որ
այս
ընթացքն
հաճոյ
չթուի
անոնց,
որ
սորված
են
շաբաթը
մի
անգամ
մինչեւ
ամպերը
բարձրանալ
մարդահաճութեան
փուքով,
անոնց,
որ
միտք
չունին
եւ
կը
փափաքին,
որ
հանճար
կարծուին,
անոնց,
որ
ամէն
խնդրոց
մէջ
անձնական
շահու
առաջնորդութեամբ
կը
մտնեն
եւ
կը
պնդեն,
որ
անշահասէր
կոչուին,
անոնց
որ
փոքր
են
եւ
մեծ
կը
զգան
իրենք
զիրենք,
եւ
վերջապէս
ամէն
անոնց,
որ
կը
զայրանան,
երբ
իրենց
որեւէ
մի
գործն
իւր
իրական
արժէքով
գնահատուի։
Այս
ամէնն
քաջ
գիտեմք,
բայց
չեմք
կարող
հինգ
դահեկանի
գնել
ոչ
ալ
վաճառել
այն
գործն,
որուն
արժէքն
է
մէկ
դահեկան։
Հրապարակախօս
մը
պարտաւոր
է,
ըստ
մեզ,
իւր
կարծեացը
հետ
այնպէս
վարուիլ,
ինչպէս
իւր
դրամին
հետ,
այսինքն
տնտեսագիտական
սկզբանց
համաձայն,
որպէսզի
չսնանկանայ
բարոյապէս։
Ապաքէն
Խիկար
նուազ
ընթերցողներ
պիտի
ունենայ,
ըստ
որում
սակաւք
զերծ
են
այն
թերութիւններէ,
զոր
յիշեցինք
վերը,
եւ
մենք
պիտի
ստիպուինք
մեր
սակաւաթիւ
ընթերցողաց
հետ
խօսելու
բարոյական,
գրական
զեղծմանց
եւ
երբեմն
ալ
գիտական
խնդրոց
վրայ։
Այս
հաշուով
կը
կարօտիմք
ուրեմն
ողջմտութեան
եւ
անկեղծութեան
կուսակից
ազգայնոց
քաջալերութեան,
որով
միայն
պիտի
կարողանամք
շարունակել
հանդիսիս
հրատարակութիւնն.
եւ
անշուշտ
կը
ներուի
մեզ
կարծել,
թէ
երգիծական
ամսեայ
հանդէս
մը
պահելու
չափ
ողջամիտ
եւ
անկեղծ
ազգայինք
կը
գտնուին
դեռ
ազգիս
մէջ։