Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ  ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՀԱՅՈՑ  Ի ԲԵՐԱ—ՇԻՇԼԻ

Ազգային լրագրոց մէջ կարդացինք վերջապէս Բերա. ազգ. գերեզմանատան կանոնագիրն, զոր յիշած էինք Խիկարի ներկայ թուոյն նախորդ երեսներէն միոյն մէջ։

Սոյն կանոնագիրն, որ տասնեւչորս յօդուածներէ բաղկացած է, երկու մասերու բաժնուած է։ Ա. մասն գերեզմանատան յատկացուած է եւ երկրորդն` կարգադիր յանձնախումբին։

Յօդուած 3֊ին տրամադրութեանը համեմատ իւրաքանչիւր հայ իրաւունք ունի եղեր թաղուիլ Շիլիի ազգային գերեզմանատան մէջ, սա պայմանաւ, որ մեռնելէն ետքը պիտի կրնայ թաղուիլ եւ այն ալ սահմանեալ դրամական փոխարինութիւն մը հատուցանելով առ սնտուկն գերեզմանատան եւ փոխարէն ընկալագիր մը ստանալով անշուշտ։

Յօդուած 6֊ը ամէն ի ննջեցելոց համար արձանագրութեան եւ գերեզմանափորի ծախուց փոխարինութիւն մը սահմանած է ըստ հետեւեալ ցուցակի.

 

Մատռան ուղւոյ մասնաւոր գերեզմանատեղեաց

համար

Օսմ. լիրա 1 ½

Առաջին կարգի

» 1

Երկրորդ կարգի

» ½

Երրորդ կարգի

» ¼

Ընդամէնը

» ¼

 

Այս գիներն թէեւ չափաւոր կը թուին մեզ եւ չենք կարծեր, որ մեր ազգային ննջեցեալներն դժկամին այս ճամբու ծախքը վճարել, սակայն կը ներուի մեզ անշուշտ հարցնել, թէ շատ մեռնիլ ուզողներու համար կամ հարիւր ննջեցեալի համար զեղչ մ՚ը չպիտի՞ ըլլայ։

Յօդուած 7֊ը կը թոյլատրէ հարուստներուն մասնաւոր գերեզմանատեղեաց մէջէն իրենց համար որոշել յատուկ թաղ, միշտ դրամական փոխարինութիւն մը հատուցանելով ըստ հետեւեալ ցուցակի.

 

Մատռան ուղւոյ մէն մի քառակուսի մեթրոյի

համար

Օսմ. լիրա 3

Առաջին կարգի

» 2

Երկրորդ կարգի

» 1

Երրորդ կարգի

» ½

 

Մէկ քառակուսի մեթրոյի համար բարձր են այս գները. ոչ ոք, մանաւանդ ներկայ դրամական տագնապին մէջ, կրնայ այդ գներով կալուած գնել։ Չմոռնանք ըսել, թէ ննջեցեալի մը շատ նպաստաւոր չէ քառակուսի մեթրոյի չափը. կէս մեթրոյ փոսի մը մէջ ալ կրնայ հանգիստ պառկիլ ննջեցեալ մը, որ յաւիտենական քնոյն մէջ այս կողմ կամ այն կողմ դառնալու պէտք չունի, այլ է եթէ յանձնախումբն ամբողջ գերեզմանատունը վաճառելու եռանդով ողջ ազգայիններն ալ թաղելու միտք ունի։

Յօդուած 4֊ին շնորհիւ եկեղեցականք իրաւունք ունին ետ մահուան թաղուիլ` առանց տուրք վճարելու, բայց անոնց պարագաներն եւ ազգականներն պարտաւոր են սահմանուած փոխարինութիւնն հատուցանել։

Միւս յօդուածներուն մէջ գծուած է յանձնախումբին պաշտօնն, որ է հանգանակութիւն, կտակ, նուէր եւ ամէն տեսակ հասոյթներն օրինական տրամադրութեանց համաձայն գանձել եւ գերեզմանատան վերաբերեալ շինութեանց ծախքերն հոգալ. իւր հաշուին տարուէ տարի ներկայել առ թաղ. խորհուրդն, գերեզմանատունն պայծառացնել ու շէն պահել, ննջեցեալներն պատուասիրել, գերեզմանատան մէջ ներքին ուղիները շինել, ջրանցքներ բանալ, երկաթուղիներ շինել, գործարաններ հաստատել եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն։

Մենք կը փափաքէինք, որ սոյն յանձնախումբին անդամները մեռեալներէ ընտրուէին եւ անոնց յանձնուէր կարգադրել իրենց վիճակակիցներուն գործն։ Մենք կը փափաքէինք, որ ազգայինք բոլոր ուժն սպառէին նախ բարեկարգելու համար այն հաստատութիւններն, որոնցմէ պիտի բխի մեզ կեանք եւ լոյս, եւ քիչ կարեւորութիւն տային կարգ ու կանոն դնելու դիակներու պանդոկին մէջ, յորում, գոնէ թոյլ տրուելու է ամէն անհատի հանգստանալ ինչպէս որ կը փափաքի եւ որուն, գոնէ մուտքն ազատ լինելու է հաւասարապէս ամէնուն, եւ որուն դռնէն, գոնէ չմտնէին կարծեցեալ ազնուականութիւնն եւ հարստութիւնն, որ այսքան չարիք կը հասցունեն ազգին գլխուն։

Անոնց, որ կը կարծեն թէ մեր դիակներն քաղաքակիրթ ազգաց դիակներուն պէս թաղելով մեր դրացի ազգաց համակրութիւնն կը հրապուրեմք, անոնց` որոնց ջիղերուն չդիպչիր եկեղեցիի մէջ տեղ գնել, գերեզմանատան մէջ գետին ծախու առնել, արքայութեան մէջ կալուած գնել, անոնց՝ որ չեն ուզեր իրենց ազնուաշուք դիակաց անշուք դիակի մը քով դրուիլն, անոնց` կ՚ըսեմ, շատ հաճոյ պիտի թուի յանձնախումբին այս կանոնագիրն, որ, եթէ գործադրուի` քիչ ատենէն Բերայի թաղին մէջ խնդրոյ մը ծնունդ պիտի տայ, նոր վէճերու դուռ պիտի բանայ. եւ աւելի գէշն, ուրիշ թաղեր ալ Բերայի օրինակին հետեւելով, գերեզմանական բարեկարգութեան պիտի տան իրենք զիրենք, աժան թաղելու մասին իրարու հետ պիտի մրցին, իրարմէ յաճախորդներ պիտի յափշտակեն, եւ ո՛վ գիտէ, գուցէ հասոյթ շատցնելու համար մարդ ալ պիտի թունաւորեն. եւ մինչեւ որ ասոր ալ մոտան անցնի, բաւական ժամանակ պիտի կորսնցունենք։

Այս տողերէն պէտք չէ սակայն հետեւցնել թէ Խիկար կը հակառակի մեռելային բարեկարգութեան։ Միայն թէ կը փափաքի ազգին աւելի օգուտ եւ պատիւ բերող հաստատութեանց բարեկարգութեանը համապատասխանող վիճակի մը վերածուած տեսնել ազգային գերեզմանատուններն. մէկ խօսքով, չուզեր գերեզմանատուններն թաղային վարժարաններէն, տնտեսական խորհրդէն, վանորէից հոգաբարձութենէն, երեսփոխանական ժողովէն, հիւանդանոցէն եւ այլն աւելի բարեկարգ վիճակի մը մէջ տեսնել։ Եւ եթէ յանձնախումբն յաջողի գործադրել իւր կանոնագիրն, Բերայի գերեզմանատունն քիչ ատենէն պիտի նսեմացնէ ազգային միւս բոլոր հաստատութիւններն։ Յանձնախումբն ազգային վարչութենէն շատ աւելի ծանր պաշտօն մը պիտի վարէ, ուղիներ շինելու համար պիտի ունենայ իւր երկրաչափներն, հաշիւներն կանոնաւոր բռնելու համար պիտի ունենայ իւր համարակալն եւ անոր օգնականն, ընկալագրեր գրելու եւ տուրք գանձելու համար պէտք պիտի ունենայ գանձապետի մը, վերջապէս պիտի ունենայ իւր գործաւորներն, գործաւորաց պետն, մեռելաթաղերն եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն. եւ այս ամէնը ունենալէ ետքը յանձնախումբին մէն մի անդամն գոնէ շաբաթը մի անգամ, առաւօտէ մինչեւ երեկոյ գերեզմանատունը մնալու պիտի ստիպուի, որովհետեւ պաշտօնեաներն իրենց քեյֆին ձգելն գործին կանոնաւոր ընթացքին կը վնասէ։ Աղքատ ննջեցեալներն կրնան անիրաւութեանց զոհուիլ, անգութ պաշտօնեայ մը կրնայ գլխիվայր տնկել տնանկ աղքատ մը եւ անոր գրաւելիք գետինն հարուստի մը ծախելով ստակն առնել եւ սնտուկին մտից կողմը չնշանակել։ Ուրիշ շատ անիրաւութիւններ կրնան պատահիլ, քանի որ դրամ կայ խնդրոյն մէջ։ Օրինակի համար, երբ քառակուսի մեթրոյի բաւական գետին վաճառուի` բանականաբար մնացած գետնին գինն կը բարձրանայ, եւ այն ատեն քիչ ստակ տուող կամ բնաւ չտուող ննջեցելոց համար ուրիշ գերեզմանատուն մը գտնել պէտք պիտի ըլլայ, եւ գուցէ գայ օր մ՚ալ, ուր աղքատներն թաղուելու տեղ չկրնան գտնել։ Որ կողմ ալ դառնանք յանձնախումբին երեւակայած գերեզմանատունն մեզի ոչ շահաբեր է եւ ոչ պատուաբեր։ Մեր կարծիքն այս է, թէ ննջեցելոց ի նպաստ ըլլալիք ջանքերն յօգուտ կենդանեաց ի գործ դնենք, որովհետեւ գերեզմանատուններէն միայն պարծանք ակնկալելն մեռնելու որոշում տուած ազգաց վայել է։