ՔԱՆԻ
ՄԸ
Խ
ՕՍՔ
ԱՌ
ՕՐԻՈՐԴ
ԿԱՄ
Տ
ԻԿԻՆ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Ներեցէք,
նազելաշուք
եւ
համեստուհի
Պատմութիւն,
եւ
թոյլ
տուէք
ինձ,
որ
քանի
մը
խօսք
ըսեմ
ձեզ։
Ապագայ
սերունդնե՛ր,
դուք
ալ
խոնարհեցուցէ՛ք
ձեր
ականջն
եւ
երկիւղածութեամբ
լուարուք
ինձ,
ինձ,
որ
ձեր
նախահայրերէն
մին
ըլլալու
պատիւն
ունիմ,
ինձ,
որ
ձեր
բարօրութեանը
համար
աշխատողներէն
մին
եմ։
Մի
յուսար
բնաւ,
ո՛
ազնուաշուք
Պատմութիւն,
թէ
հաւատարմաբար
պիտի
կարենաս
արձանագրել
այն
անցքերն
եւ
դէպքերն,
որ
կ՚անցնին
ներկայ
ժամանակիս
մէջ։
Տեղեկութիւններ
քաղելու
համար
անշուշտ
լրագիրներու
պիտի
դիմես։
Սա
լրագիրներուն
չդիմելու
համար
հնարք
մը,
ի
սէր
Աստուծոյ,
ճար
մը
չե՞ս
կրնար
գտնել։
Շատ
պիտի
յոգնիս
եւ
պիտի
ձանձրանաս
եւ
ոչինչ
պիտի
կրնաս
ստուգել
թերթերէն,
որոնց
ամէնուն
ալ
հաւատարիմ
աղբիւրը
տարբեր
կերպով
կը
ներկայէ
միեւնոյն
դէպքը։
Որո՞ւն
պիտի
հաւատաս,
որո՞ւն
չպիտի
հաւատաս։
Ահ,
ապագայ
սերունդներ,
վստահ
եմ,
որ
աղէկ
համարում
պիտի
չունենաք
ձեր
նախահարց
վրայ,
որոց,
կարծեմ
ըսի,
մին
ըլլալու
պատիւն
ունիմ,
թէեւ
չեմ
կարծեր,
թէ
դուք
ալ
ձեր
նախահայրերուն
չհաւնելու
չափ
աղէկ
ըլլաք,
թերեւս
պիտի
փնտռէք
զմեզ,
ինչպէս
մենք
մեր
նախահայրերը։
Ո՛
պատմութիւն,
ի
բաց
առեալ
իրերն
ճշտութեամբ
աւանդող
գրիչներն,
որ
խիստ
սակաւաթիւ
են,
բազում
գրիչներ
դէպքերն
խեղաթիւրելն
բաւական
չհամարելով,
կը
յանդգնին
իրենց
ստութեանց
ներքեւ
գրել.
Այս
տողերն
պատմութեան
կ'աւանդենք
…
թող
պատմութիւնն
դատէ
…
թող
ապագան
իւր
վճիռը
տայ
։
Ո՜հ,
օրիորդ
կամ
տիկին
Պատմութիւն,
մի
խաբուիք
այս
սուտակասպասներու
շողոքորթութենէ,
կ'երդւընցնեմ
զձեզ,
մի
զգաք
շողոքորթուելու
հաճոյքը,
եւ
դէպքերն
իմաստասիրելով
դատեցէք
անաչառաբար։
Հասարակաց
կարծիք,
ազգին
շահ,
արդարութիւն
եւ
ուրիշ
գեղեցիկ
բառերու
ականջ
մի՛
կախէք,
մեր
Ձայն
բազմաց
ձայն
Աստուծոյին
ալ
մի՛
հաւատաք,
որովհետեւ
աչքովս
տեսայ,
որ
մեր
մէջ
երկու
հոգի
կարող
են
Աստուծոյ
ձայն
մը
կազմելու,
ինչպէս
անհատ
մը
շատ
իսկ
է
ժողովուրդ
հանդիսանալու
համար։
Ի
տեսութիւն։
Ապագայ
սերունդներ,
ընդունեցէք
իմ,
ձեր
նախահարց
միոյն
օրհնութիւններն։
ԱՌ
ՏԻԿԻՆ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Սիրելի
տիկին.
Կը
յուսամ
թէ
ժամանակին
ստացած
էք
առաջին
թուղթս։
Որոշած
եմ
ձեզ
գրել
շարունակ
այն
ամէն
դէպքերու
վրայ,
որ
ձեզ
միայն
կը
վերաբերին,
հնազանդելով
միշտ
այն
հրամանին,
որով
կը
պատուիրուի
ինձ
եւ
քեզ
անձերն
իրենց
անունովն
չկոչել։
Չեմ
հասկնար
Իսոկրատն
երբ
կը
պոռայ.
«
ՅՈՒՆԱՐԷՆ
»
։
Կարծեմ
չհասկցաք`
Իսոկրատին
այս
խօսքը։
Իմ
ուզածս
ալ
այս
էր։
Գոհ
եւ
ուրախ
եմ,
սիրելի
տիկին,
որ
յունարէն
չէք
հասկնար
եւ
առիթ
կ'ընծայէք
ինձ
Իսոկրատին
այդ
վճիռն
հայերէնի
թարգմանելով
հաճոյք
զգալու։
Մեր
գրագէտք,
մեծ
մասամբ
իրենց
գրուածոց
գլուխն
եւրոպական
լեզուներէ
պարբերութիւններ
կը
դնեն,
—
եւ
այս
երեւակայել
կու
տայ
ինձ
շալ
ու
ար
հագած
մարդու
մը
գլուխը
եւրոպական
երկար
գլխարկ
—
եւ
շատ
անգամ
չեն
թարգմաներ
զանոնք,
զի
մի
գուցէ
ընթերցողք
հասկնան,
եւ
ընթերցողք
կարծելով,
թէ
գրողն
գաղտնի
պահել
կ'ուզէ
իրենցմէ
այդ
պարբերութեան
իմաստն,
հետաքրքիր
չեն
ըլլար
հասկնալու։
Ես
ալ
իբրեւ
գրագէտի
մը
կոտորակ`
պարտաւոր
եմ
հետեւիլ
մինչեւ
աստիճան
մը`
այս
նորութեան,
կամ,
աւելի
ճիշտը
խօսելով`
հնութեան։
Ուրեմն,
սիրելի
տիկին,
այս
Իսոկրատ
ըսուած
պարոնը,
կ՚ըսէ,
թէ
փառքը
ստակով
չգնուիր,
սակայն
պատուելի
աթենացին
կը
մոռնայ
մեզ
ըսել,
թէ
ինչ
բանով
կը
ստացուի
այն,
որպէսզի
մենք
ալ
մէյ֊մէկ
կտոր
առնէինք։
Եթէ
Իսոկրատին
նկատմամբ
գոհացուցիչ
տեղեկութիւններ
առած
չըլլայի,
անմիջապէս
պիտի
վճռէի,
թէ
այս
անձն
կամ
Էջմիածին
երթալու
կը
պատրաստուի,
կամ
հարուստներուն
շողոքորթութեան
սպաս
արկանելու
պէտք
ունի,
կամ
Տփղիս
դերասանուհի
մը
տանելու
դիտաւորութիւն
ունի,
կամ
իւր
բաժանորդներն
ալ
չկորսնցնելու
համար
կեղծելու
կարօտութիւն
ունի,
կամ
եպիսկոպոս
ձեռնադրուելու
փափաք
ունի,
կամ
վաճառականի
մը
հովանաւորութեան
ներքեւ
ամէն
ստութիւն
խօսելու
արտօնութիւն
ունի,
կամ
երեսփոխանական
աթոռի
մը
վրայ
բազմելու
իղձ
ունի,
կամ
ոտանաւոր
մը
գրելով
մէկէ
մ՚երկու
երեք
ոսկի
փրցնելու
նպատակ
ունի,
կամ
իւր
թեթեւութիւնն
յարգող
կրօնաւորի
մը
համակրութիւնն
ունի,
կամ
հարուստի
մ՚աղջկան
հետ
նշանուելու
յոյս
ունի,
կամ…
կամ…
այս
ամէնն
միանգամայն
ունի,
բայց
անուանի
ատենախօսին
նկատմամբ
ինձ
տրուած
նպաստաւոր
վկայութիւններն
սա
համոզման
կ'ածեն
զիս,
թէ
Իսոկրատին
ապրած
կամ
մեռած
դարուն
մէջ
փառքն
ստակով
չէր
գնուեր։
Երջանիկդ
Իսոկրատ,
արեւդ
սիրեմ
Իսոկրատ,
ի՜նչ
գեղեցիկ
եւ
սքանչելի
դար
է
այն,
ուր
փառքն
ստակով
ծախու
չառնուիր։
Իսոկրատ,
այն
դարուն
մէջ,
ուր
մենք
մեռնելու
կ՚աշխատինք,
ամէն
բան
դրամով
կը
գնուի,
փառաց
առեւտուրի
համար
յատկապէս
խանութներ
շինուած
են
եւ
ազատ
ես
այն
խանութներն
երթալով
հարիւր
տրամ,
կէս
օխայ
փառք
առնել
ու
երթալ։
Պանիրի
պէս
փառքին
ալ
աղէկ
կամ
գէշ
տեսակը
կայ,
սակայն
աղէկ
փառքը,
բուն
փառքը
հազուագիւտ
է։
Պիտի
ըսես,
թէ
ստակով
գնուած
փառաց
կեանքն
կարճատեւ
է,
ի՞նչ
վնաս
ունի,
բաւական
է,
որ
ներկային
մէջ
մեր
բարօրութեան
նպաստէ,
պատանքն
հագնելէն
վերջը
եկող
փառքն
ի՞նչ
կ՚արժէ.
անմահութիւն
գերեզմանէն
անդին
կը
սկսի
եղեր…
հա՛,
հա՛,
հա՛…
մեռնելէն
ետքը
անմահանալ…
ի՞նչ
հակասութիւն,
ի՜նչ
յիմարութիւն…
ասանկ
խօսքերու
կարեւորութիւն
տուողներն
լաւ
կ'ընեն,
եթէ
գիւղ
մը
քաշուին
եւ
խրճիթի
մը
մէջ
ճգնին,
այսպիսեաց
համար
չէ
երկրիս
արքայութիւնը։
Այո՛,
սիրելի
Իսոկրատ,
ստակ
չունեցողն
չկրնար
փառք
ունենալ,
հարուստ
չեղողի
մը
կենաց
համար
ոչ
թէ
միայն
բաժակ
չառաջարկուիր,
այլ
գինիին
վրայ
կտոր
մը
մեզէ
իսկ
չուտուիր։
Չե՞ս
կարծեր.
մտիկ
ըրէ՛
եւ
հաւատա՛։
Դեռ
վերջերս
խնջոյք
մը
տեղի
ունեցաւ։
Այս
խնջոյքը
կը
կազմէին
հարուստ
վաճառականներ
եւ
սեղանաւորներ,
որք
միմեանց
կենաց
երկարութեան
համար
հարիւր
յիսունի
չափ
բաժակներ
պարպեցին։
Չգիտեմ
այս
մարդիկ
գինիով
գինովցած,
փառաց
արբշիռ,
—
որովհետեւ
գինիին
վրայ
ջուրի
տեղ
գովեստներ
կը
պարպէին
—
ի՛նչպէս
կրցին
առանց
գլտորելու
դառնալ
իրենց
բնակարանն։
Ի՞նչ
չարիք
կը
հասնէր
եթէ
այս
հարիւր
յիսուն
բաժակներէն
մին
դաստիարակի
մը,
վիպասանի
մը,
բանաստեղծի
մը,
գրագէտի
մը
կամ
խմբագրի
մը
երկարութեանը
համար
խմուէր.
կախուելու
արժանի
մարդիկ
էին
ասոնք,
ի՞նչ
է
ասոնց
յանցանքն,
պիտի
հարցնես
բնականաբար։
Ասոնց
յանցանքն
այն
է,
որ,
սիրելի
Իսոկրատ,
ոսկի
չունին,
եւ
ոսկի
չունեցողն
ատանկ
բարձր
հացկերոյթներու
մէջ
յիշուելու
արժանի
չէ։
Փառքն
ոսկիով
կը
գնուի,
սիրելիս,
եւ
փառք
ստանալէն
ետքը,
ոսկի
վաստկելն
շատ
դիւրին
է։
Նոյնիսկ
ես,
եթէ
քիչ
մը
հետամուտ
ըլլայի
փառաց`
մէկ
օրուան
մէջ
կը
թունաւորուէի,
կը
հիւանդանայի,
կը
մեռնէի,
կը
թաղուէի,
յարութիւն
կ'առնէի,
կ'անմահանայի,
կ'աստուածանայի,
կը
գերաստուածանայի
եւ
գերաստուածանալէս
ետքը
գիտե՞ս
ինչ
կ'ընէի,
արգոյ
Իսոկրատ,
երկինք
եւ
երկիր
չէի
ըներ,
մարդ
ալ
չէի
ստեղծեր,
գործս
քալեցնելէն
ետքը,
կարեւորութիւն
չէի
տար
լուսինին
ալ,
այլ
նախ
եւ
առաջ
երկու
մատերովս
քու
աչքերդ
կը
փորէի,
բերանդ
քիչ
մը
մեղր
կը
քսէի,
ետեւէս
եկուր
կ'ըսէի
եւ
տասը
տարի
զքեզ
կը
պտտցնէի
առանց
տեղ
մը
տանելու,
քեզի
համար
զոհուելու
խօսք
կու
տայի,
եւ
զքեզ
կը
մորթէի,
դաստիարակութեան
բնաւ
հոգ
չէի
տաներ,
վանական
եւ
տնտեսական
գործերն
վատթարագոյն
վիճակի
մը
կը
հասնէին
իմ
անհոգութեամբս,
ողջամտաց
դէմ,
որ
թուով
քիչ
են
ընդհանրապէս,
միամիտ
հարուստներու
եւ
պարզամիտ
ժողովրդեան
զայրոյթն
եւ
ցասումն
կը
գրգռէի,
իւր
հմտութեամբն
եւ
իւր
գրական
երկերովն
ազգին
գրականութիւնն
ծաղկեցունող,
ազգին
պարծանքն
եղող
խմբագրի
մը
թերթին
ընկալագիրն
պատռել
կու
տայի
թեթեւի
մը,
արդարութիւնն
դէմս
հանողներն
իբրեւ
վատ
ազգատեաց
եւ
գազանաբարոյ
մարդիկ
կը
ներկայացնէի
զիս
շողոքորթող
եւ
ինձմէ
շողոքորթուող
հարուստներուն,
լրագրաց
գրել
կու
տայի,
թէ
հակառակորդներս
եւ
թշնամիներս
թոյլ
չեն
տար
ինձ
գործել,
կը
համարձակէի
նոյնիսկ
ամէնուն
ծանօթ
անաչառ,
արդարախօս
դաստիարակի
մը
դիակը
ձաղկել
տալ,
այս
ամէնը
կ'ընէի
եւ
դարձեալ
բարի,
առաքինի,
ներողամիտ,
գթած,
անկեղծ,
աննենգ,
աստուածատիպ
եւ
այլն
կը
յորջորջուէի
եւ
ամէնքն
ի
բաց
առեալ
ճշմարիտ
ազգասէրներն,
ոչ
միամիտներն
եւ
այն
անձերն,
որ
անկախ
են
եւ
կարող
են
ապրիլ
առանց
հարուստներու
քծնելու
—
երկինք
կը
պագնէին
ինձի,
ըստ
որում
երկրիս
վրայ
ա՛լ
գործ
չէի
ունենար։
Այս
ամէնը
կ'ընէի,
սակայն
եկո՛ւ
տես,
որ
կազմուածքս
տրամադրութիւն
եւ
յարմարութիւն
չունի
այս
տեսակ
անկեղծութեան։
Թերեւս
հարցնես
ինձ,
թէ
ով
բերաւ
իրեն
այս
վիճակին։
Կը
պատասխանեմ՝
թէ
լրագիրք
ոմանք`
որ
իրենց
սեղանն
կը
ճոխացնեն
հարուստին
սեղանէն
ինկած
փշրանքներով։
Միշտ
ըսած
եմ
իրենց,
թէ
ձեր
չափազանց
եւ
անիրաւ
գովեստներով
կ՚ապականէի
անձերն
եւ
գործերն։
Ո՞վ
մտիկ
ըրած
ունի.
գովեստը
հակերով
վաճառեցին
եւ
այնքան
շատ
վաճառեցին,
որ
գովեստի
գինը
շատ
ինկած
է
այսօր։
Միւս
կողմէն,
իւրաքանչիւր
ոք
արժանեացը
համեմատ
գովեստէն
կը
վիրաւորուի,
խոհարարը
կ'ուզէ,
որ
Պեզճեանի
քով
թաղուի,
մեղքերու
հաւաքածոյն
հարուստն
սրբոց
դասը
կարգուիլ
կ'ուզէ,
եւ
այս
իրարանցումին
մէջ
ձայն
ունիս,
մարէ,
եթէ
սիրտ
ունիս,
մաշէ՛։
Լաւագոյն
ճամբան,
որ
առողջապահական
ալ
է,
բնաւ
միտք
չես
յոգնեցներ,
սիրտ
չես
հատցներ,
մէկդի
կը
քաշուիս,
իրերն
ի
հեռուստ
կը
դիտես
եւ
կ'արձանագրես։
Դեռ
երէկ,
սիրելի
Իսոկրատ,
տեսայ
խմբագիր
մը,
որ
հարուստին
ետեւէն
կ'երթար`
ուսն
առած
իւր
շողոքորթութեան
կողովը։
Արդէն
ամէն
մեծատուն
սկսած
է
խոհարարի,
մատակարարի
կամ
սպասաւորի
պէս
մէյ֊մէկ
խմբագիր
կամ
դասատու
վարձել
ամսականով։
Թո՛ղ
հրճուի
այն
անձն,
որ
խարազան
ի
ձեռին
հալածեց
եւ
կը
հալածէ
դեռ
դասատուներն
եւ
գրագէտներն։
Գալով
դասատուաց
եւ
խմբագրաց`
տարակոյս
չկայ,
թէ
իրաց
այս
վիճակին
մէջ
չեն
կարող
ազգին
ծառայութիւններ
մատուցանել.
ուստի
կամ
քիչ
մը
վեր
վերնալու
են,
կամ
բոլորովին
վերնալու
են։
***
Ի՞նչ
կարծիք
ունիս
մեր
ապագային
վրայ։
Կը
յուսա՞ս,
որ
մարդ
ըլլանք
օր
մը։
Մեր
նախահարց
արժանի
թոռնե՞ր
ենք։
Մեր
թոռանց
արժանի
նախահա՞րք
ենք։
Կը
հաւնի՞ք
այն
ուղղութեան,
որուն
կը
հետեւինք
ազգային
գործոց
մէջ։
Կը
խնդա՞ս
քիչ
մը,
երբ
տեսնես
մեր
իրարու
գլուխ
պատռելը
վիճաբանութեամբ
եւ
երբեմն
ալ
փատով։
Որո՞ւ
իրաւունք
կու
տաս,
որո՞ւ
իրաւունք
չես
տար.
կարծեմ
եւ
ոչ
միոյն,
եթէ
էք
որպէս
պարտիք
ըլլալ.
ի
քեզ,
տիկի՛ն,
միայն
յուսացած
են։
Ամէն
բան
քեզի
կը
յանձնեն
ամէն
օր,
անոնք,
որ
չկրնալով
իրենց
կարծեաց
յաղթութիւնը
տեսնել՝
կը
պոռան
յուսաբեկ.
«Պատմութիւնը
թո՛ղ
դատէ»։
Իսկ
անոնք,
որ
մեծամասնութիւն
կը
կազմեն
եւ
իրենց
բաղձանացը
համաձայն
կը
կարգադրեն
ամէն
բան,
ոչ
միայն
բնաւ
երկիւղ
չունին
քեզմէ,
այլ
նաեւ
երբեմն
կը
ծաղրեն
ալ
զքեզ,
ըսելով
իրենց
հակառակորդաց.
«Դուք
ալ
պատմութեան
յանձնեցէք
ձեր
դատը»։
Իսկ
դո՛ւ,
տիկի՛ն,
որ
անաչառաբար
կը
դատես
մարդերը,
չեմ
կարծեր,
որ
իզմէ
եւ
իմ
բաժանորդներէս
աւելի
աղէկ
մարդիկ
կարենաս
գտնել։
Այս
է
իմ
հաւատքս
եւ
հաւատքիս
մէջ
սխալած
չեմ
ցարդ։
Ուստի
ներեցէ՛ք
ինձ,
երբեմն
երբեմն
գրել
ձեզ
մեր
ազգային
գործոց
մասին
եւ
իմ
խոնարհ
կարծիքներս
յայտնել
անոնց
վրայ։
Այս
անգամ
եթէ
կը
հաճիս,
բանաստեղծներէ
սկսինք։
Եւ
մեծ
բանաստեղծին
գալուստն
էր
այսպէս։
Կու
գայ
կոր,
եկաւ։
Տեսայ
անոր
աստղը
յարեւելս
եւ
գնացի
հարցնել.
—Ո՞ւր
է,
որ
եկաւ
հայոց
բանաստեղծը։
—Այսօր
Բերա
կը
նախաճաշէ։
Բերա
կը
վազեմ,
որպէսզի
տեսնեմ
զինքն
ու
ոսկի
եւ
կնդրուկ
եւ
զմուռս
մատուցանեմ
իրեն։
—Հիմա
ճաշելու
գնաց
Վոսփոր։
Վոսփոր
կը
ճանապարհորդեմ
եւ
կը
հարցնեմ.
—Ո՞ւր
է,
որ
կը
ճաշէ։
—Իշխանաց
կղզին
պիտի
ընթրէ
այսօր։
Հետեւեալ
օրն
շոգենաւ
կը
մտնեմ,
կղզին
կ'երթամ
ու
կը
հարցնեմ
միշտ.
—Ո՞ւր
է,
որ
կ՚ուտէ
եւ
կը
խմէ։
—Քաղկեդոն
անցաւ
ճաշելու։
—Կերակուր
ուտելո՞ւ
համար
եկաւ
մայրաքաղաքս։
—Ո՛չ,
բայց
հարուստները
թող
չեն
տար
զինքը։
Քաղկեդոն
կ՚անցնիմ
եւ
կը
հարցնեմ
շարունակ.
—Ո՞ւր
է,
որ
չեկաւ։
—Հիմա
Բերա
գնաց,
կերակուրի
հրաւիրուած
է։
Վաղը
կը
մեկնի
կոր…
մեկնեցաւ։
Զրկուեցայ,
տիկին,
բանաստեղծը
տեսնելու
բախտէն,
սակայն
ուրախացայ
տեսնելով,
թէ
ազգային
մեծատունները
կամաց
կամաց
կը
վարժուին
քերթողները
հիւրասիրելու
եւ
կշտացնելու,
թէեւ
տեղական
բանաստեղծներն
անօթի
են։
Կը
ցաւիմ
միայն,
թէ
չկրցի
դասատուներէ,
հեղինակներէ
եւ
խմբագիրներէ
շրջապատուած
սեղան
մը
տալ
եւ
ցոյց
տալ
իրեն
հոն,
որպէս
ի
ջինջ
հայելւոջ,
ազգային
կենաց
պատկերը։
Կը
յուսամ
սակայն,
որ
երբ
օր
մը
հաճի
մայրաքաղաքս
գալ
—
այս
անգամ
եկած
չհամարուիր
—
պիտի
բարեհաճի
յագուրդ
տալ
մեր
փափաքանաց։
Այս
անգամ
մեծ
բանաստեղծն
յագուրդ
տուաւ
միայն
իւր
որովայնին,
անօթի
պահելով
մեր
փափաքներն
եւ
մեկնեցաւ
ուսումնասիրելով
ազգային
խոհարարները։
Մեկնեցաւ
փուշերէ
եւ
դափնիներէ
հիւսուած
պսակով
մը։
Երանեալ
է
բանաստեղծն,
որու
պսակին
մէջ
քիչ
մը
դափնի
կը
գտնուի…
մեր
տեղական
բանաստեղծներն
պռասէ
պսակ…
կ՚ուտեն,
որպէսզի
լցցի
բանն,
թէ
մարգարէ
ի
գաւառի
իւրում
պատիւ
ոչ
ունի,
բայց
տեղական
բանաստեղծներն
չեն
միայն,
որ
այս
բանջարեղէն
պսակաց
կ'արժանանան,
այլ
ամէն
անոնք,
որ
սկզբունքի
մը
ծառայելու
յիմար
սկզբունքն
ունին,
իրենց
խղճին
ձայնին
անսալու
տկարութիւնն
ունին։
Մնաք
բարեաւ,
ո՛
տիկին
Պատմութիւն,
աջդ
կը
համբուրեմ
սիրով,
յատկապէս
կ'աղաչեմ,
որ
հաճիք
ամենախորին
յարգանացս
հաւաստիքն
մատուցանել
տիկին
Անկողմնակալութեան։
***
Ուրիշները
լան
թո՛ղ,
մենք
խնդա՛նք,
տիկի՛ն,
խնդանք
մինչեւ
որ
արտասուք
հոսեն
մեր
աչերէն։
Նպատակը
կ՚արդարացնէ
միջոցը
։
Ո՞չ
ապաքէն
ժպիտն
արտասուաց
պզտիկ
քոյրն
է,
որպէս
կատակերգութիւնն
ողբերգութեան։
Կարդացած
էք
անշուշտ
Մոլիեռի
Սէրը
բժիշկ
է
կատակերգութիւնն.
այսուամենայնիւ
ներեցէք
ինձ
անոր
առաջին
տեսարանն
ամփոփել
հոս։
«Հայրն
իւր
աղջկան
մելամաղձոտութիւնը
փարատելու
նպատակաւ
կը
փափաքի
անոր
տխրութեան
պատճառներն
իմանալ.
ուստի
կը
դիմէ
իւր
եղբօրը
դստեր,
դրացուհւոյն
եւ
բարեկամաց
խորհուրդ
հարցնելու
համար
անոնցմէ։
Բարեկամներէն
մին՝
որ
ակնավաճառ
է՝
խորհուրդ
կու
տայ,
թէ
աղջկան
մը
տխրութիւնը
փարատելու
միակ
միջոցն
է
անոր
ադամանդ
եւ
գոհար
գնել։
Միւսն`
որ
գորգ
կը
վաճառէ`
կը
խրատէ,
որ
աղջկանը
սենեակը
կանաչագոյն
գորգերով
զարդարէ,
որպէսզի
աղջկան
սիրտը
բացուի
եւ
մոռնայ
ցաւերը։
Դրացուհին`
որ
կ'ուզէ
կարգուիլ
երիտասարդի
մը
հետ,
որ
մասնաւոր
սէր
մը
կը
յայտնէ
ծանուցեալ
մելամաղձոտ
աղջկան
համար՝
կը
յորդորէ,
որ
աղջիկն
անմիջապէս
կարգէ
ուրիշ
երիտասարդի
մը
հետ,
որ
կնութեան
ուզած
էր
զայն։
Եղբօրը
դուստրը`
որ
նպատակ
ունի
ժառանգել
հօրեղբօրն
հարստութիւնը`
կը
հակառակի
ամուսնութեան
եւ
համոզել
կը
ջանայ
հօրեղբայրն,
որ
վանք
մը
դնէ
իւր
աղջիկն։
Հայրն
ուշադրութեամբ
լսելէ
յետոյ
այս
խրատներուն`
կ՚ըսէ.
«թէեւ
ձեր
խրատները
շատ
լաւ
են,
հաւանեցէք
եթէ
կը
հաճիք,
որ
անոնց
եւ
ոչ
մէկուն
հետեւիմ»։
Այս
տեսարանը
կը
յիշեմ
ամէն
անգամ,
որ
ազգային
կենսական
խնդիր
մը
կը
ծագի
եւ
այլ
եւ
այլ
անհեթեթ
կարծիքներ
երեւան
կու
գան։
Չորս,
հինգ
խաւարադէմներ,
մին՝
յագուրդ
տալու
համար
իւր
փառասիրութեան,
միւսն՝
գոհացում
տալու
համար
իւր
անձնական
կրից,
մէկը`
ժողովրդականութիւն
ձեռք
բերելու
համար,
մէկալը`
աթոռի
վրայ
բազմելու
առաջադրութեամբ՝
արդէն
բազմողը
հրաժարեցնելու
համար,
խաղալիք
ըրած
են
կրօնքն
իրենց
ձեռաց
մէջ
եւ
կը
տանին
զայն
ուր
որ
կամին։
Կրօնքը
կը
հակառակի,
կ'ըսեն,
փոխադրութեան
խնդրոյն,
այսուամենայնիւ
կ՚աշխատինք
կրօնքին
հաւանութիւնն
առնելու
եթէ,
եթէ…
մեր
պայմաններն
ընդունին։
Չեն
գիտեր,
թէ
այդ
եղանակաւ
կաշառակերութեան
մուր
կը
քսեն
այն
կրօնքին,
որու
պաշտպանները
կը
ձեւանան,
եւ
գայթակղութեան
որոմն
կը
ցանեն
ժողովրդեան
մէջ։
Բայց
ինչ
որ
ըսենք,
անօգուտ
է,
իրերը
կը
հետեւին
իրենց
բնական
ընթացքին։
Խմբագիր
մ՚որպէս
երեսփոխան
մը
բերան
բանալու
չէ,
եթէ
առնուազն
չունի
յիսուն
հազար
ոսկի։
Ականջը
խօսի
մեծ.
Մինաս
էֆենտի
Քափամաճեանին։
Քանի
մ՚օր
առաջ
պատիւ
ունեցայ
տեսնուելու
իրեն
հետ։
Ազնուացնելու
է,
բարձրացնելու
է,
ըսաւ,
խմբագրական
ասպարէզը
եւ
քիչ
մ՚ալ
մեղադրեց
այն
խմբագիրներն,
որ
իրենց
անվայել
ընթացքով
ստորնացուցին
եւ
մուրացկանութեան
վիճակին
բերին
հասուցին
խմբագրութիւնն։
Իրաւունք
տուի
նմա.
քաջալերեցի
զինքն
մխիթարական
խօսքերով
եւ
մեկնեցաւ,
գնաց
իւր
Պատկերը
գրելու։
Այո՛,
Կիրակնօրեայ
Հայրենիքի
խմբագիրն
սկսած
է
հրատարակել
շաբաթական
թերթ
մը
զաւեշտական,
Պատկեր
անուն,
որոյ
մէկ
երկու
թիւերն
տեսնելու
պատիւն
ունեցանք։
Պատկերի
խմբագիրն
ծանօթ
է
արդէն
մերազնէից
իւր
այնքան
լուրջ,
ծանր,
տրամաբանական
եւ
շրջահայեաց
տեսութիւններով,
որքան
նուրբ,
զաւեշտական
եւ
ծիծաղաշարժ
յօդուածներով։
Այն
գրական
ծառայութիւններն`
որովք
իբր
քառորդ
դարէ
յետէ
սպասաւորած
է
ազգին`
իրաւունք
տուած
են
իրեն
ստանալու
ազգին
քաջալերութեան
մենաշնորհը։
Հարկ
է
խրախուսել
եւ
քաջալերել
Պատկերն
։
Յաջողութիւն
կը
մաղթենք
մեր
պաշտօնակցին
ինչպէս
նաեւ
յարատեւութիւն
իւր
թերթին
եւ
սկզբանց,
որովհետեւ
այնպիսի
ժամանակի
մը
մէջ
ուր
կ՚ապրինք,
երկար
ատեն
մէկ
սկզբունքի
ծառայելը,
իբրեւ
միօրինակութիւն
ձանձրոյթ
տալ
սկսած
է
խմբագրաց
ոմանց։
Տեսէ՛ք,
Արեւելքի
անպատասխանատու
երեսը
—
երկրորդը
—
Կայծոռիկ,
Անհաչաղ,
Ն.
Վ.
Թ.
Հրանտ
ի՞նչ
գեղեցիկ
եւ
փայլուն
լեզուով
իրարու
հետ
կը
խօսին։
Ի՞նչպէս
կծու
ակնարկութիւններ
կ'ընեն
իրարու
եւրոպական
ոճով.
—
ես
չկրցայ
եւրոպական
ոճով
հայհոյել
սորվիլ.
—
Դիտելի
է
սակայն
թէ
այդ
կծու
ակնարկութիւններն
երբեմն
կ՚անցնին
պատասխանատու
երեսին
վերջին
սիւնա՞կն
ալ,
որ
պատասխանատու
սիւնակ
է։
Բայց
ո՞վ
է
մեր
մէջ
պատասխանատուն,
ունի՞նք
անանկ
մարմին
մը,
ունեցա՞ծ
ենք
անցելոյն
մէջ,
ունենա՞նք
պիտի
ապագային
մէջ։
Բերանդ
ժողովէ՛,
ամօթ
է։
Մեր
մէջ
կարելի
է
ամէն
զեղծում
գործել,
ազգին
ամէնէն
նուիրական
իրաւունքներն
վաճառել
եւ
յանուն
կրօնի
ամենապարզ
խնդիր
մը
կնճռոտել
եւ
յետոյ
արդարանալ։
Ահա
արդարացուցիչ
փաստերը։
—Գիտութեամբ
չըրաւ
ա՛։—
Թոշակաւոր
պաշտօնեայ
չէր
ա՛։—
Անձնուիրաբար
աշխատեցան,
չվայլեր,
որ
անոնց
սիրտը
կոտրենք։—
Ուրիշ
ի՞նչ
կրնային
ընել։
Եթէ
պատասխանատւութիւն
ըլլար
մեր
մէջ`
մեր
կրօնական
եղբայրներէն
ոմանք
մեծ
սխալ
մը
չպիտի
գործէին
կամ
պիտի
իյնային`
եթէ
գործէին։
Վստահ
ենք
սակայն,
թէ
պիտի
իյնայ
օր
մը
անոնց
շապիկն,
որպէս
ինկաւ
Խիկար
իմաստնոյն։
Կը
պատմուի
թէ
Խիկար
իմաստունն
օր
մը
պատուհանէն
փողոցը
կ'իյնայ։
Անկումը
բարձրէն
էր,
բնականաբար
անոր
ձայնն
ալ
բարձր
պիտի
ըլլար։
Դրացիները
փողոց
կ'ելնեն
եւ
կը
հարցնեն
Խիկարի.
—Ի՞նչ
ձայն
էր
աս։
—Շապիկս
վար
ինկաւ։
—Շապիկ
մը
այնքան
ձայն
չհաներ։
—Ես
ալ
մէջն
էի,
կը
պատասխանէ
Խիկար
իմաստունը։
***
Այս
տարի
բնութիւնը
քիչ
մը
յետաձգեց
գարունը,
Մայիսը
Յունիսի
մէջ
եկաւ։
Իցիւ
թէ
բնաւ
չգար…
լաւ
էր
երբեք,
քան
ուշ։
Բարձր
լեռանց
ձիւնով
ծածկուած
կատարներն,
որք
պատկառելի
երեւոյթ
մ՚ունէին,
դալարեօք
ծածկուեցան
եւ
նսեմացան,
մերկ
ծառերն
կանաչ
տերեւներով
հագուեցան
եւ
տգեղացան
կորուսանելով
իրենց
բնական
գեղեցկութիւնը,
շաղակրատ
սոխակն
գլխացաւ
պատճառեց
իւր
կարկաչովն։
Հակակիր
եմ
գարնան,
որուն
չեմ
ուզեր
տեսնել
երեսը։
Կը
սիրեմ
վարդն`
երբ
կը
սկսի
թոռոմիլ,
կը
պաշտեմ
սոխակն
երբ
պապանձի։
Ամէն
տարի
գարուն…
ի՞նչ
կը
նշանակէ
այս,
եթէ
ոչ
յուզել,
գրգռել
ողորմելի
մարդն,
որ
չգարնանար
վերստին
եւ,
աւելի
ցաւալին`
աշնանալէն
ետքը
կը
զգայ
թէ
գարնացած
էր
երբեմն,
ինչպէս
ձմեռնանալէն
յետոյ
կ'իմանայ,
թէ
անցած
է
աշնան
սահմաններէն։
Եւ
կենաց
ձմեռէն
ետքը
ունի՞նք
նոր
օրացոյց,
ինչո՞ւ
համար
ներել
գարնան,
որ
անցեալն`
որուն
թշուառագոյնն
իսկ
երջանկութիւն
է
ներկային`
ամէն
տարի
մեզ
ներկայացնելու
անկրթութիւնն
ընէ։
Ինչո՞ւ
մանաւանդ
ներդաշնակ
բառերով
երգեր
հիւսելով
եղանակել
այս
եղանակն,
որ
տխրութիւն
կը
լցնէ
մեր
սրտերուն
մէջ։
Ինչո՞ւ
կ'ըսեմ,
գարունը
տեսնելու
համար
դաշտեր,
լեռներ,
ձորեր
վազել։
Ո՛
մարդիկ,
ձեր
զաւակներուն
նայեցէք,
եթէ
կ'ուզէք
տեսնել
ձեր
մանկութիւնը.
միթէ
սոխակն
անոնց
ձայնով
չը՞
գեղգեղեր,
միթէ
զեփիւռն
անոնց
շունչով
չը՞
փչեր,
միթէ
վարդն
անոնց
այտերուն
վրայ
չը՞
բացուիր։
Օդափոխութի՞ւն
կ'ուզէք
ընել,
դարձեալ
անոնց
նայեցէ՛ք։
Իսկ
անոնք,
որ
գարուն
չունին,
մինչեւ
որ
իրենց
մանկութիւնը
տեսնեն`
շատանան
իրենց
ձմեռը
տեսելով
իրենց
հայրերուն
վրայ։
Այս
մտածումներն
արգիլեցին
զիս
գարունը
տեսնելէ։
Երկու
երեք
օր
առաջ
պատիւ
ունեցայ
ծանօթանալ
այն
մարդուն,
որ
շատերուն
զարմանք
կը
պատճառէ։
Ազգային
թղթավաճառներէն,
մեծ
Ա.
Քոռանեան
էֆենտի
այն
մարդը
ներկայացուց
ինձ։
Ապշեցայ,
թէեւ
լուսանկար
պատկերը
տեսած
եւ
կենսագրութիւնը
կարդացած
էի
լրագրաց
մէջ։
Նիհար
կազմ
մ՚ունի,
այսուամենայնիւ
շատ
սիրուն
իւր
բարակ
թեւերովն
եւ
քնքուշ
մատներովն,
դէմքը
ձուաձեւ
է
եւ
համակրելի
փոքրիկ
աչերով
եւ
պզտիկ
քիթով,
թէեւ
ոչ
յունական
—
հին
յունական
անշուշտ
—
շուրթերն
այնքան
իրարու
կպած
են,
որ
կարծես
սեւ
գիծ
մը
կը
բաժնէ
վերին
շուրթը
վարինէն։
Մօրուքը
շատ
երկար
չէ։
Տխուր
է.
քանի
մը
հարցումներ
ուղղեցի,
պատասխան
չտուաւ։
Պիտի
զարմանաք
անշուշտ,
երբ
ըսեմ
ձեզ,
թէ
այդ
մարդը
ունէր
նաեւ
ընկեր
մը,
զոր
գրկած
էր։
Աղաչեցի
բարեկամէս,
որ
թոյլ
տայ
ինձ
հիւրընկալել
այն
մարդն
եւ
ընկերն
ու
ներկայացնել
բարեկամացս։
Քոռանեան
էֆենտին
մերժեց
խնդիրքս,
առաւ
ձեռքէս
մարդն
ու
ընկերն,
թուղթի
մը
մէջ
փաթթելով
գրպանը
դրաւ,
որովհետեւ
շատ
դիւրատար
են,
իրենց
հասակին
երկայնութիւնը
հազիւ
կը
հաւասարի
հասարակ
մահկանացուաց
ոմանց
քիթերուն։
Այս
մարդն
ու
ընկերն,
որոց
անունն
լոշտակ
է,
մտքիս
մէջ
այլ
եւ
այլ
խորհուրդներու
ծնունդ
տուին։
Մարդու
կերպարանքով
արմա՜տ,
ծա՜ռ…
արդեօք
մեր
նախահայրերը
պտուղներու
պէս
ծառերէ՞ն
փրցուած
են
հին
ժամանակաց
մէջ
եւ
հետզհետէ,
քաղաքակրթութեան
շնորհիւ,
երկրագործութեամբ
մարդ
հասցնելու
սովորութիւնը
մէկդի
թողուած
է։
Արդեօք
մենք
ալ
գետնէ՞ն
բուսած
ենք
այս
բուսեղէն
մարդուն
պէս,
որ,
չեմ
համարձակիր
յայտնելու,
հնդեւրոպականին
կը
պատկանի,
թէպէտեւ
չխօսիր։
Եւ
չխօսելովն
կը
դադրի՞
մարդ
ըլլալէ,
միթէ
մարդկութեան
ախտանիշը
խօ՞սքն
է։—
Բծախնդրութիւն
պէտք
չէ,
ախտանիշը
բուն
բառն
է,
մարդկութիւնը
փոխաբերաբար
հիւանդութիւն
կը
նշանակէ
—
կարելի
չէ՞
արդեօք
այս
բուսեղէն
մարդուն
կենդանի
շունչ
փչել։
Բայց
ի՞նչ
հարկ
կայ,
այս
վիճակին
մէջ
աւելի
երջանիկ
չէ՞,
ինչո՞ւ
բաժանորդ
ընել
զայն
աշխարհիս
ցաւոց
եւ
տառապանաց,
ո՞չ
ապաքէն
ան
ալ
պիտի
ստիպուի
օր
մը
Նորավէպ
մը
հրատարակել
եւ
յարձակում
կրել։
Զմեզ
բուսացնելու,
այսինքն
բոյսի
փոխելու
կարելիութիւն
չկա՞յ
արդեօք,
եթէ
արդէն
բոյսի
պէս
չենք
ապրիր…
բայց
ինչո՞ւ
այսքան
մելամաղձոտութիւն։
Ո՜,
գիտուններ,
կենդանաբանութեան
մէջ
տեսանք
մարդը,
բուսաբանութեան
մէջ
ալ
հանդիպեցանք
մարդուն,
ձեզ
անկ
է
ցոյց
տալ
մեզ
նաեւ
հանքային
մարդը…
հարուստը
չհասկնաք։
Գիտութիւնն
ալ
սկսաւ
չափն
անցունել։
Ամէն
անգամ
որ
խահուէ
կը
խմեմ,
կը
նայիմ
որ
խմած
խահուէիս
մէջ
վարտիքի
կտոր
մը
չգտնուի,
որովհետեւ
գիտութիւնը
հինցած
վարտիքներէն
ու
շապիկներէն
ալ
սկսած
է
շաքար
հանել։
Շաքարէն
ալ
պաղեցայ,
որովհետեւ
ամէն
բանէն
կ՚ելնէ,
եղբայր,
կօշիկներդ
ցո՛յց
տուր
գիտունին,
ասոնցմէ
պատուական
շաքար
կ՚ելնէ,
կ՚ըսէ։
Լաթէն
շաքար,
կօշիկներէն
շաքար,
աղտոտ
գլխարկներէն
շաքար,
փայտի
կտորներէն
շաքար,
ծննդական
գործարաններէն
շաքար,
ի՞նչ
գիտնամ,
չկայ
բան
մ՚որու
մէջ
քիչ
մը
շաքար
չտեսնէ
գիտութիւնը
—
միայն
շաքարի
եղէգէն
է
որ
շաքար
չեն
հաներ
—
շաքարեղէն
դարու
մէջ
կ՚ապրինք,
բայց
հակառակ
շաքարին
այս
առատութեան,
անուշութիւնն
օր
ըստ
օրէ
կը
նուազի։
Պէտք
չէ
շփոթել
շաքարն
անուշութեան
հետ։
Խահուէի
մը
մէջ
որքան
շատ
շաքար
դրուի,
խահուէն
այնքան
նուազ
անուշ
կ'ըլլայ։
Բնական
է
ուրեմն,
որ
պակսին
մեր
մէջ
այսօր
անուշ
խահուէներ
եւ,
հետեւաբար,
անուշ
մարդեր։
Բնաւ
չեմ
պնդեր,
բայց
կրնամ
բոլոր
ուժովս
կարծել,
թէ
մեղուներն
ալ
քանի
մը
տարիներէ
ի
վեր
թողած
են
ծաղիկներէ
նիւթ
քաղելու
սովորութիւնը։
Կ'երեւի
թէ
ասոնք
ալ`
գիտութեան
մէջ
յառաջանալով`
սկսած
են
բիթ
բազարի
խանութներէն
կախուած
հին
ու
աղտոտ
հագուստներէն
մեղր
քաղել,
որովհետեւ
վերջերս
մեղրիս
մէջ
գտայ
պզտիկ
կոճակ
մ՚այն
կոճակներէն,
որ
ճիւպպեներու
թեւերուն
կը
կարուին
ընդհանրապէս։
***
Խոնաւ
յարկի
մը
մէջ
տրուած
որոշումները
բաղդատա՞ծ
էք
երբեք
չոր
յարկերու
տակ
տրուած
որոշմանց
հետ։
Որոշում
մը,
ուղիղ
եւ
արդար
ըլլալու
համար
խոնաւութեա՞ն
կը
կարօտի,
թէ
չորութեան։
Ասոնց
որո՞ւն
կը
կարօտի
միտքը,
պարզ,
յստակ,
ուղիղ
եւ
տրամաբանական
ըլլալու
համար։
Եթէ
ճիշտ
է
այն
առածն,
թէ
առողջ
միտքն
առողջ
մարմնոյ
մէջ
միայն
կը
գտնուի,
ճիշտ
համարուելու
է
նաեւ,
թէ
առողջ
որոշումներն
առողջ
յարկերու
մէջ
միայն
կրնան
տրուիլ։
Արգոյ
հասարակութիւնը
խիստ
աղէկ
ըմբռնած
է
արդէն,
թէ
առողջ
դատողութիւնները
կովու
միսէն
կը
բխին,
թէ
պակլայի
տրամաբանութիւնները
վատառողջ
են
միշտ,
թէ
սոխէն
յառաջ
եկած
խորհրդածութիւնները
սխալ
են
յաճախ,
թէ
վերջապէս
մարդ
արարածը
պարտաւոր
է
իւր
ստամոքսին
մէջ
ամէն
օր
առնուազն
կէս
օխայ
կով
իջեցնել,
որպէսզի
ստամոքսը
կարենայ
քաջ
տրամաբանել
եւ
ուղիղ
եզրակացութեան
յանգիլ։
Ձեր
ստամոքսն
ի՞նչ
կարծիք
ունի
այս
մասին։
Իմ
ստամոքսս
պատիւ
ունի
կարծելու,
թէ
քիչ
մը
որկրամոլութիւն
կը
նշմարուի
մտքին
գործողութիւնները
միայն
ստամոքսի
վերագրող
փիլիսոփայութեան
մէջ։
Ի՞նչ
ըսել
է։
—Աղէկ
կշտացուր
զիս,
որ
աղէկ
տրամաբան
ըլլամ։
Քանի
մը
ստամոքսներ
ալ
կը
կարծեն
մինչեւ
իսկ,
թէ
մարդուս
բարի
յատկութիւններն
ալ
պիֆթեքէն
յառաջ
կու
գան։
—Աղէկ
կշտացուր
ինձի,
որ
հաւատարիմ
մնամ
եւ
գողութիւն
չընեմ։
Այս
տեսութեամբ
հանճարն
ալ
կովու
միս
է,
ազնւութիւնն
ալ
կովու
միս
է,
առողջութիւնն
ալ
կովու
միս
է,
մէկ
խօսքով
մարդուս
միտքն
ալ,
սիրտն
ալ,
մարմինն
ալ
կովու
միս
են։
Անդին
ի՞նչ
մնաց։
Ի՜նչ
որկրամոլութիւն
մարդու,
որ
ամէն
պարագայի
մէջ
նախ
եւ
առաջ
իւր
փորը
գոհացնել
կը
ջանայ
եւ
երբ
անիրաւութիւն
մը
պաշտպանէ
կամ
գողութիւն
մ՚ընէ,
կ'աշխատի
ինքզինքն
արդարացնել
սա
փաստաբանութեամբ.
—Լաւ
կշտացած
չէի,
սխալ
խորհեցայ,
կովու
միս
կերած
չէի
ու
կարծեցի`
թէ
գողութիւնը
վեհանձնութիւն
է։
Եւ
օրէնքն
ալ
պատրաստ
է
այս
պատասխանն
իբրեւ
մեղմացուցիչ
պարագայ
ընդունիլ։
Մարդակազմութեան
գիտութեան
համաձայն,
ցարդ
մարդու
դէմքը
կը
քննէինք
անոր
մտքի
եւ
սրտի
կարողութիւնները
հասկնալու
համար,
այսուհետեւ
անոր
փորին
պիտի
զարնենք
իմանալու
համար,
թէ
բանաստեղծութեա՞ն
կոչում
ունի,
թէ
իմաստասիրութեան.
աստուածաբանութեա՞ն,
թէ
պիւխներաբանութեան,
ճշմարտախօսութեա՞ն,
թէ
ստախօսութեան։
Ոչ
միայն
անոր
փորին
պիտի
զարնենք,
այլ
նաեւ
պիտի
քննենք
անոր
բնակութիւնն
ալ,
որովհետեւ,
ինչպէս
ըսի,
առողջ
որոշումներն
առողջ
յարկերու
մէջ
միայն
կրնան
տրուիլ։
Ա՛րդ,
քննելու
շատ
բաներ
ունինք
այսօր։
Այսօր
ամէն
տեղ
կը
խօսուի
մեր
ազգային
պատրիարքարանի
վրայ,
այսինքն
անոր
հնութեան
եւ
խոնաւութեան
վրայ։
եթէ
կ'ուզէք
հասկնալ,
թէ
ինչո՛ւ
երէկ
չէր
խօսուեր
եւ
այսօր
կը
խռովի
պատրիարքարանի
շէնքի
հնութեան
վրայ,
պատճառն
այն
է`
թէ
նախ
Մասբերո
միշտ
կը
խօսէր
անոր
վրայ,
երկրորդ`
երէկ
չէինք
գիտեր,
թէ
պատրիարքարանի
շէնքն
այնքան
հին,
այնքան
խոնաւ
է։
Շատ
ազգայիններ
այն
ատեն
պատրիարքարան
կը
տեսնեն,
երբ
թեզքերէ
մ՚առնելու
յարկին
մէջ
գտնուին
—
ազգային
տուրք
չվճարելու
լաւագոյն
ճամբաներէն
չէ
պատրիարքարանի
ճամբան։—
Ազգայնոց
մէկ
մասն
ալ
այն
ատեն
կը
տեսնեն
պատրիարքարանն,
երբ
նորընտիր
պատրիարքը
տեսնելու
փափաք
ունենան։
Արդ,
անոնք,
որ
վերջին
օրերս
ամենապատիւ
ս.
պատրիարքին
աջն
համբուրելու
համար
բարեհաճեցան
պատրիարքարան
երթալ,
տեսան
անոր
շէնքին
հնութիւնն
եւ
սկսան
փափաքներ
յայտնել
անոր
ի
հիմանէ
կործանման
եւ
ի
հիմանէ
կառուցման
համար։
Ըստ
մեզ,
գործն
աւելի
ապահովեալ
կը
լինէր,
եթէ
նախ
անոր
ի
հիմանէ
կառուցման
սկսէին
եւ
յետոյ
ի
հիմանէ
կործանման։
Այո՛,
այս
փափաքները
յայտնուեցան
պատրիարքարանի
մէջ։
Չգիտեմ`
թէ
պատրիարքարանէ
դուրս
ալ
կրկնուեցա՞ն
նոյն
փափաքները։
Բայց
ինչ
որ
ալ
ըլլայ,
յայտնի
է,
թէ
մեր
պատրիարքարանի
շէնքը
տրամադրութիւն
չունի
առողջ
որոշումներ
արտադրելու
եւ
ամէն
հայ
կը
փափաքի,
պատրիարքարանի
մէջ,
կամ
պատրիարքարանէն
դուրս,
որ
նորոգուի
այդ
շէնքը։
Այս
փափաքը
շատ
բանաւոր
է,
թէեւ
մեր
մէջ
բանաւորութիւն
չփնտռուիր
փափաքներու
մէջ։
Ազգային
մեռելոց
համար
ունինք
Բերա,
որպէս
կը
հաստատեն,
սքանչելի
գերեզմանատուն
մ՚որ
օտար
մեռեալներու
նախանձը
կը
շարժէ։
Մեր
մեռեալները
մեր
կենդանիներէն
շատ
աւելի
երջանիկ
են։
Ո՜ղջ
ըլլան։
Առատաձեռն
ազգայնոց
շնորհիւ
քանի
մը
տարիէն
պիտի
ունենանք
նաեւ
ազգային
յիմարներու,
ապուշներու,
անառակներու,
հիւանդներու
եւ
ծերերու
համար
ընդարձակ
եւ
եւրոպական
ճաշակով
կառուցուած
հոյակապ
շէնքեր`
որու
բնակիչներն
եւս,
քաջառողջներու
հետ
բաղդատմամբ,
նախանձելի
վիճակ
մը
պիտի
ունենան։
Այնպէս
որ,
երբ
օտարի
մը
մեր
յառաջադիմութեան
վրայ
գաղափար
մը
տալ
ուզենք`
անոր
ձեռքէն
պիտի
բռնենք,
նախ
պիտի
առաջնորդենք
իրեն
Բերա
եւ
պիտի
ներկայացնենք
մեր
մեռեալները,
յետոյ
Ետիգուլէ
տանելով
զինքն`
կարգաւ
պիտի
ներկայացնենք
իրեն
մեր
խենթերը,
մեր
ապուշները,
մեր
անառակները,
մեր
հիւանդներն
եւ
մեր
ծերերը.
բնական
է,
որ
մեր
խենթերն
ալ,
մեր
ապուշներն
ալ,
մեր
անառակներն
ալ
ի
պատիւ
ազգին
քիչ
մը
խենթութիւն,
քիչ
մ՚ալ
անառակութիւն
պիտի
ընեն
այն
օտարին,
որպէս
վարժարանի
մ՚աշակերտները
սովոր
են
իրենց
լաւագոյն
շարադրութիւնները
ցոյց
տալ
իրենց
այցելող
հիւրերուն։
Օտարն
ալ
անշուշտ
պիտի
հրճուի,
եթէ
հայասէր
է,
իւր
տեսած
մեռելութեան,
յիմարութեան
եւ
անառակութեան
վրայ,
գոհ
սրտով
պիտի
մեկնի։
Իսկ
այս
օտարն
եթէ
անքաղաքավարութեամբ
հարցնէ
մեզ.
—Տեսայ
ձեր
մեռեալները,
ձեր
յիմարներն
եւ
ձեր
անառակներն.
ուրիշ
բան
չունի՞ք
դուք.
ո՞ւր
են
ձեր
կենդանիները,
խելացիները
եւ
զգաստները.
ասոնք
ալ
մեռեալներու,
յիմարներու
եւ
անառակներու
հե՞տ
կը
բնակին։
Ո՞ւր
է
այս
գեղեցիկ
վայրերն
ու
հաստատութիւնները
վարող
եւ
անոնց
վրայ
տիրող
մարմինը։
Ո՞ւր
է
ձեր
կեդրոնը…
Այն
ատեն
պիտի
տխրինք
քիչ
մը.
որովհետեւ
պիտի
ստիպուինք
իրեն
ներկայացնել
ծառ
մ՚որուն
արմատը
փտած
է
եւ
ճիւղերը
ծլած
ծաղկած։
Կարելի՞
է
երեւակայել
ասանկ
ծառ
մը
բնութեան
մէջ։
Ասանկ
բնական
ծառ
մ՚երեւակայելն
առողջ
մտքի
գործ
չէ,
բայց
ասանկ
արուեստական
ծառեր
շատ
կը
բուսնին
մեր
ազգին
մէջ։