ՀԱՄԱՌՕՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆՔ
Գլխուս
վրայ
—
Ես
քուկին
սպասաւորդ
չեմ
։
Ո՞ւր
տեսնուինք
վաղը
—
Կ
'
ուզե՞ս
հեռանալ
եւ
գլուխս
չցաւցնել
։
Կբողոքեմ
—
Ա՛հ
եթէ
կարողանայի
չարիք
մ
'
ընել
քեզ
։
Սուրճ
մը
կ'առնէ՞ք
—
Գործ
ունիմ,
բաներնիդ
գացէք
։
Չէք
երեւար
կոր
—
Պարտքդ
ե՞րբ
պիտի
վճարես,
աղա
։
Կխոստանամ
—
Բան
մ
'
ալ
չեմ
կրնար
ընել
։
Կրնանք
քիչ
մը
տեսնուիլ
—
Կրնա՞ք
ինձի
չորս
հարիւր
ոսկի
տալ
։
Ի՞նչ
է
մեր
հաշիւը
—
Այս
օրերս
չեմ
կրնար
քեզի
ստակ
տալ,
քիչ
մ
'
ալ
համբերէ
։
Աղան
դուրս
չելներ
կոր
—
Հիւր
ընդունելու
ժամանակ
չունինք
։
ՓՈՒՆՋ
Երբ
աղջիկ
մը
դադրի
կարմրելէ՝
գեղեցկութեան
ամենահզօր
հրապոյրը
կորուսած
է
։
*
Սիրոյ
անձնատուր
եղողը
մեծութեանց
եւ
իմաստութեան
հրաժեշտ
կու
տայ
։
*
Երկինք
պատիժ
սահմանած
չեն
սիրահարաց
երդումներուն
համար
։
*
Պզտիկ
աղջիկներն
պաճուճապատանքով
կխաբուին,
մեծերն
ալ
երդումով
։
*
Լռութիւնն
տրուած
է
կնոջ՝
իւր
միտքը
աւելի
աղէկ
բացատրելու
համար
։
*
Երբ
աղջիկներն
ամուսնանալու
տարիքի
մէջ
են,
իրենց
լռութիւնն
անգամ
էրիկ
մը
կ
'
ուզէ
։
*
Գեղեցիկ
կին
մը
պարզ
հագուելու
է՝
աւելի
շնորհք
ունենալու
համար,
տգեղ
կինն
ալ
պարզ
հագուելու
է՝
նուազ
տգեղ
ըլլալու
համար
։
*
Գեղեցիկ
կանանց
ընկերութեան
համար
իմաստուն
մարդոց
ընկերութիւնը
թողուլն
կնմանի
կաքաւիկի
միսը
թողուլ
եւ
թութակինն
ուտել,
որովհետեւ
ասոր
փետուրներն
աւելի
գեղեցիկ
են
։
*
Առանձնութիւնը
խաբուած
սիրտերու
մխիթարութիւնն
է
։
*
Երկու
տեսակ
անձեր
կան,
որոնցմէ
կրնանք
ապտակուիլ
առանց
բարկանալու.
կիներն
եւ
եպիսկոպոսները
։
*
Աճեցէք
եւ
բազմացարուք,
ամուսնութեան
գլխաւոր
վախճանն
է։
Բայց
շատ
մարդիկ
կան,
որ
այս
աստուածային
խօսքերը
մտիկ
չեն
ըներ
եւ
պիտի
կարգուէին,
ընդհակառակն,
եթէ
վստահ
լինէին
թէ
չպիտի
աճէին
ու
բազմանային.
կին
մը
սիրելի
է
իրենց
այնքան՝
որքան
ամուլ
է
։
*
Ամենէն
առաքինի
կինն
այն
է,
որուն
վրայօք
քիչ
կխօսուի
։
Կեանքը
ծաղիկ
մ
'
է,
սէրն
անոր
մեղրն
է
։
*
Գեղեցիկ
կանանց
սիրտերը
տարեգլխու
շաքարեղէններու
պէս
հանելուկներու
մէջ
փաթտուած
են
։
*
Աւելի
ականջներով
քան
թէ
աչքերով
փնտռելու
է
կին
մը
։
*
Եթէ
կին
մը
հարիւր
յանցանք
ալ
գործած
ըլլայ՝
մի
զարներ
անոր
նոյն
֊
իսկ
ծաղիկով
մը
։
*
Կիներն
անոր
համար
կբամբասուին,
որովհետեւ
պտուղ
ունեցող
ծառերուն
միայն
քար
կնետուի
։
*
Օրէնք
դնողներն
այրեր
են,
իսկ
բարքերը
հաստատողները
կիներն
են
։
*
Մինչեւ
քսանըհինգ
տարեկան
կանանց
համար
աշխարհս
դրախտ
մ
'
է.
մինչեւ
քառասուն
տարեկան
կանանց
համար
քաւարան
մը,
իսկ
մնացած
բոլոր
կեանքերնուն
մէջ
դժոխք
։
*
Սիրոյ
վրայ
խօսող
ծերն
ակնոց
դնող
կոյրէն
աւելի
խենթ
է
։
*
Խոհեմութիւնն
ու
սէրն
իրարու
հետ
չեն
կրնար
միանալ
։
*
Կնիկը
ծեծելը
ալիւրի
պարկ
մը
ծեծելու
կնմանի.
աղէկը
կ
'
երթայ,
գէշը
կմնայ
։