Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՄՕՏ

Բարեկենդանը մօտենալ սկսելուն պէս, մարդիկ բնազդմամբ կարծես, զիրար զուարճացնելու եւ խնդացնելու համար ծիծաղաշարժ բաներ կ'ընեն։

Այս ծիծաղաշարժ բաները` զորս դէպ եղաւ ինձ տեսնել` պատմեմ ձեզ համառօտիւ, եթէ չէք նեղանար։

Ամսոյս վերջերը բարեկամի մ՚ընկերակցութեամբ թղթատուն մը գնացի փնտռելու համար նամակ մ՚որուն մէջ հրամանիս վճարելի թուղթ մը գտնել կը յուսայի։ Հարցուցի թղթատան պաշտօնէին նամակ մ՚իմ անուանս։ Անոր հարցուցէք, ըսաւ, ցոյց տալով ուրիշ մ՚որ քովը նստեր էր։ Հարցուցի այս ուրիշին։ Դիմացը հարցուր, ըսաւ։ Դիմացը հարցուցի։ Դիմացը հարցուր ըսաւ։ Նորէն հարցուցինք անոր, որ դիմացը հարցուր ըսած էր մեզ, դիմացը հարցուր ըսինք ա՛, պատասխանեց, մատնանիշ ընելով մեզ այն տեղն, ուր դիմած էինք։ Նորէն հարցուցինք մեզ ցոյց տրուած դիմացը. Կարծեմ, պատասխանեց, ըսինք ձեզի, որ դիմացը հարցնէք. Դիմացը դուք չէ՞ք. Ոչ. Ո՞ւր է դիմացը. Դիմացն է ահա. Ան չընդունիր կոր դիմացութիւնն. Դիմացն ան է. Դուք էք, միացէ՛ք երկու դիմացներ եւ նայեցէ՛ք նամակս. Ձեր անուան նամակ չկայ հոս. Ե՞րբ կը մեկնի Տրապիզոնի շոգենաւը. Տախտակին վրայ կրնաք կարդալ։ Կարդացի տախտակն, որուն աւասիկ պարունակութիւնը.

 

« Շ ոգենաւը                                   նաւապետ

                                                         պիտի մեկնի յառաջիկայ

                                                         ժամը…ին

                                                         հանդիպելով… ի                                  ի»

 

Մանրամասնաբար սորվեցանք, ըսի բարեկամիս, Տրապիզոնի շոգենաւին մեկնելու օրն եւ խնդալով հեռացանք ես ու բարեկամս։ Եւ ահա մեր դէմն ելաւ բեռնակիր մը, որ կռնակը, բեռնակալին վրայ էշ մը կը տանէր։ Տեսարանը բնականաբար անոր համար միայն ծիծաղաշարժ էր, որ հաստատուած սովորութեանց հակառակ էր… ես քիչ մ՚ազատամիտ եմ եւ շատ անգամ բնաւ խտիր չեմ դներ էշերու եւ մարդոց ոմանց մէջ։ Մարդ մը իշու մը վրայ նստեր է կամ էշ մը մարդու մը վրայ նստեր է, ինձի համար միեւնոյն բանն է, բաւական է, որ անկեղծութիւն ըլլայ գործին մէջ։ Ուստի քիչ մը խնդացի, բայց շատ ուրախացայ, խորհելով՝ թէ այս պարագան մեծապէս պիտի նպաստէր բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու մարդոց եւ կենդանեաց մէջ, ուրախացայ մանաւանդ տեսնելով, թէ էշը չէր մտրակեր բեռնակիրն, երբ սա ծանր կը քայլէր. հրճուեցայ երբ դիտեցի իշուն ներողամիտ եւ մարդասէր ոգին, զոր ցոյց կու տար իւր դէմքին վրայ` երբ բեռնակիրն, յոգնութիւն առնելու համար, իւր կենդանի բեռը բարձր քարի մը վրայ կայնեցուցած էր։ Մարդիկ ալ, կ'ըսէի մտօք, երբեմն֊երբեմն մարդկութեան նշաններ ցոյց տալու են էշերուն, ինչպէս նաեւ երախտագիտական զգացումներ արտայայտելու են էշերուն, որ, առանց ոեւէ շահու ակնկալութեան, անձնանուիրաբար կը ծառայեն մարդոց։ Շատ դժուար է, կ'ըսէի, ասանկ անձնանուէրներ գտնել։ Այս խորհրդածութիւններով ես ու բարեկամս ճաշարան մը մտանք։ Նոյն աւուր կերակրոց ցուցակն ուզեցինք։

—Սա ցուցակը բերէ՛ք։

—Աւասիկ։

—Մսի ջուր մը բեր։

—Լմնցաւ։

—Շիշ քեպապի մը բեր։

—Երկու շիշ կար, ան ալ հիմա Յակոբ աղային տուինք։

—Ինչո՞ւ չէք ջնջեր ցուցակին մէջ…— մաքարոնի մը բեր։

—Քիչ մ՚առաջ ուզէիք նէ` կար։

—Բրիզոլայ մը դի՛ր։

—Չկայ, եթէ կ'ուզէք պուտ քեպապի մը տամ։

—Ինչ կերակուր ունիք նէ` անոր ցուցակը բե՛ր։

—Ֆասուլեայ կ'ուզէ՞ք։

—Բերէ՛ք այն կերակուրը, զոր կը սիրէք։

Կերակուրի կարեւորութիւն չենք տար ոչ ես եւ ոչ բարեկամս, ուստի սկսանք ուտել ինչ որ բերին մեր առջեւ։ Այս միջոցին մին երկու անձերէն` որ մեր քով նստած էին, ոտք ելաւ եւ սկսաւ բան մը փնտռել գետինը։ Կը սիրեմ օգնել ուրիշներու, ուստի ես ալ սկսայ չորս դին նայել ու փնտռել ինչ որ կորուսած էր մեր դրացին։

—Ի՞նչ կորսնցուցիք։

—Ոչինչ… կը գտնեմ։

—Ըսէք, որ ես ալ փնտռեմ։

Մարդը չուզեց ըսել, բայց վերջապէս հասկցանք անուղղակի կերպով` թէ ինչ կորուսած էր։

—Ի՞նչ էր կորուսածը։

—Մեծ բան մը չէ, առջեւի երկու ակռաները, զորս գտաւ ինքը եւ դրաւ բերանը։

Առանց ուրիշի զգալ տալու, քիչ մը խնդացի մտքովս։

Տարակոյս չկայ, թէ այսօր շատ կը խնդանք, երբ մէկը մեզի ըսէ.

—Երէկ կորսնցուցի քիթս… ի՜նչ աղուոր քիթ էր… հինգ ոսկի տուած էի։

Կամ ուրիշ մը.

—Ականջներս եթէ գտնէք, կ'աղաչեմ, ինձի դարձուցէք։

Բայց քիչ կը խնդանք, եթէ այսօր մէկը մազերը կամ ակռաները փնտռէ։

Օր պիտի գայ սակայն, եւ այս օրը շատ հեռու չէ, շնորհիւ գիտութեանց շինծու պիտի ըլլան ոչ միայն մեր մազերն, ակռաները, քիթն ու ականջները, այլ նաեւ մեր գլուխը։ Եւ եթէ չեմ սխալիր, կը գտնուին կարծեմ անանկ մարդիկ, որոց գլուխը փայտեայ է, գլուխ մ՚որ ազատ է ցաւերէ եւ կրակէ միայն կը վախնայ։

—Ի՞նչ կ'ըսես, հարցուցի բարեկամիս, մեր այս օրուան տեսածներուն։

—Ոչինչ, պատասխանեց ժպտելով, բարեկենդանի մօտ ասանկ բաներ կ'ըլլան։

—Բարեկենդանի մէջ ուրեմն ո՜վ գիտէ ինչեր կ'ըլլան։

—Շատ բաներ կ'ըլլան. դիտէ՛ ու գրէ՛ մարտի թերթիդ մէջ։

Խոստացայ եւ բաժնուեցանք։