Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱԿ
ԾԵՐՆ ԵՒ ՄԱՀԸ

Եզովբոս կը պատմէ, թէ աղքատ ծերունի մը փայտ կտրելու համար անտառ կ'երթայ օր մը։ Բեռ մը կտրելով շալակը կ՚առնէ եւ գիւղը դառնալու համար ճամբայ կ՚ելնէ։ Բեռան ծանրութիւնը մէկ կողմէն, արեւու ջերմութիւնն միւս կողմէն որովհետեւ հովանոց չունի եղեր կը յոգնեցնեն խեղճն, որ բեռն վրայէն նետելով կը պոռայ. «Օ՛ մահ, եկո՛ւր, առ հոգիս եւ ազատէ զիս»։ Մահն որ այն ատենները կանչուելուն պէս կու գար եւ հիմակուանին պէս նազլը չէր անմիջապէս կը ներկայանայ ծերունւոյն եւ կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ զիս կանչեցիր»։ Ծերունին կը պատասխանէ. «Կանչեցի, որ սա Խիկարը կարդաս ինձի քիչ մը»։ Մահը կը կարդայ Խիկարն ։ Այն օրէն ծերունին կը զօրանայ, աւելի ծանր բեռներ կը տանի առանց յոգնելու, բնաւ չկանչեր մահը, ոչ թէ միայն մահը չկանչեր, այլ նաեւ մահէն կը կանչուի եւ չերթար, մինչեւ որ հարիւր յիսուն տարեկան խոր ծերութեան մէջ կը ննջէ։

Խիկարի տարեկան գինն է երկու արծաթ մեճիտ ԿԱՆԽԻԿ։

Դիմել Մեհմետ բաշայ խան, թիւ 18 գրասենեակը։