Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՐԿՆԱՏՈՒՄԱՐ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Օր չանցնիր յորում Հայ ժողովուրդն հրաւէր չընդունի այս կամ այն գրագէտէն, երախտագիտութիւն յայտնելու այս կամ այն հեղինակին, այնպէս որ ամէն առաւօտ մեր ազգայիններն իրենք իրենց կ'ըսեն.

«Տեսնենք այսօր որո՞ւ պիտի յայտնենք երախտագիտութիւն»։

Ինչպէս յայտնի է Խիկարի ընթերցողաց, անցեալները պ. Հրազդան կը հրաւիրէր ազգն, առանց ժամանակ կորուսնելու երախտապարտ մնալ պ. Նորայր Բիւզանդացւոյն, Ֆրանսերէն֊Հայերէն բառարանի աշխատասիրողին։ Երէկ Ա…ն հրաւէր կը կարդար ազգայնոց երախտագիտութիւն յայտնել պ. Տ…եանին, որ տոմարակալութիւն մը թարգմանած էր։ Այսօր հանրածանօթ Հ. Ա…եանն է, որ կը խնդրէ ազգէն երախտագիտութիւն յայտնել Հ. Ս. Տ…եանին, որ Հնդեւրոպական լեզու անուն գիրք մը հրատարակած է։ Վաղը կարգը Ք…ին է հրաւիրագիր մ՚ուղղել ազգին եւ խնդրել իրմէ, որ քիչ մ՚երախտագիտական զգացումներ յայտնէ Ս… հեղինակին, որ հայերէն աշխարհաբար քերականութիւն մը հրատարակած է կամ մանչ զաւակ մ՚ունեցած է։ Միւս օր Թ… մը պիտի երեւան գայ եւ պիտի խնդրէ ազգէն շնորհակալ լինել Բ…ին, որ աժան բանթալոն կը կարէ։ Քանի մ՚օր ետքը… մը պիտի պոռայ ազգին` «ինչո՞ւ կեցեր ես, աճապարէ՛, գնա՛, երախտագիտական զգացումներդ յայտնելու Մ…ին, որ համով բաչա կ՚եփէ, մինչեւ իսկ Փ… մը պիտի համարձակի հրաւիրել զմեզ, որ փութանք ոտներն լզելու այն ազգասէր, վեհանձն հարուստներուն` որք ժողովրդէն ստակ կը մուրան Ն…եան վարժարան մը բանալու համար կամ ուրիշ վարժարան մը փակելու նպատակով։ Եւ այս ընթացքով, քիչ ժամանակէն, ամէն հայ, ամէն ժամ երախտագիտական զգացումներ պիտի յայտնէ ուրիշին եւ երախտագիտական զգացումներ պիտի ընդունի ուրիշէն։ Երախտագիտութեան տուր եւ առ մը թոյլ եւ ժամանակ պիտի չտայ մեզ ուրիշ առեւտուրով զբաղելու։ Ամէն անհատ, տարեգլխուն հասկնալու համար թէ ի՞նչ շահած է կամ կորուսած է երախտագիտական առեւտուրէն, թէ որքան վճարելի երախտագիտական զգացումներ ունի կամ գանձելի երախտագիտութիւններ ունի, պիտի հարկադրուի կանոնաւոր տետրակներ բռնել եւ օրուան գործողութիւնները ճշտութեամբ նշանակել իւր Oր֊Հաշիւին մէջ այսպէս.

« Թեթեւութիւն առ Սնապարծութիւն հարիւր կանգուն երախտագիտութիւն» <![if !supportFootnotes]>[1]<![endif]>.

« Անձնական շահ առ Շողոքորթութիւն քառասուն քիլոկրամ երախտագիտական զգացում…»

Ընդհանուր ապրանք առ Անձնական շահ.

Խորամանկութիւն.

Վատութիւն.

Գողութիւն.

Շաղակրատութիւն եւ այլն։

Յիսուն եւ ութն պարկ երախտագիտական փափուկ զգացումներ, որ գնուեցան մեծ. Անձնական շահ էֆենտիէն»։

Յետոյ Օր֊Հաշիւին պարունակած բոլոր գործողութիւններն հետզհետէ Մայր֊Հաշիւին պիտի անցունէ ըստ օրինի, մասնաւոր հաշիւներ բանալով Շողոքորթութեան, Թեթեւութեան, Գողութեան, եւ որ ի կարգին, տեսնելու համար անշուշտ, թէ ի՞նչ շահած է թեթեւութենէ կամ ի՞նչ կորուսած է շաղակրատութենէ, որպէսզի յաջորդ տարին բոլոր ուժը թեթեւութեան տայ, եթէ շահած է այս ապրանքէն, եւ գործ չընէ շաղակրատութեան վրայ, եթէ վնասուած է անկէ։

Թողելով երախտագիտական վաճառականաց կարգադրել իրենց տետրակներն` կը փութանք, ըստ որում ուշացանք, խոնարհաբար ըսել այն անձանց, որ ամէն առթիւ կը հրաւիրեն զազգն երախտագիտութիւն յայտնելու այս կամ այն անձի թէ՝

Ա. Ա. Անհատ մը արժանիքէն աւելի բարձրացնելու համար ազգ մը նուաստացնելու իրաւունք չունին։

Բ. Բ. Ազգի մը երախտագիտութեան արժանանալու համար Ֆրանսերէն֊Հայերէն բառարանէ, Տոմարակալութենէ եւ Հնդեւրոպական լեզուէ ուրիշ գործեր կը պահանջուին։

Գ. Գ. Գրականութեան, գիտութեանց եւ արհեստից մէջ հետեւողութիւնն ընդհանրապէս ստրկութիւն է եւ ստրուկ մը երբեք երախտագիտութիւն պիտի չընդունի ոչ իսկ անհատէ մը, թող թէ ամբողջ ազգէ մը։

Դ. Դ. Ազգի մ՚երախտագիտութեան նշանն նոյն ազգին ամէնէն բարձր պատուանշանն է. եւ տոմարակալութեան թարգմանիչ մը այդ պատուանշանով զարդարելն նոյն ազգն աշխարհի առջեւ ծաղր ու ծանակ ընել է, անպատուել է, զայն լեռնաբնակ, վայրենի, տխմար հռչակելէն շատ աւելի ծանր է։

Ե. Ե. Բայց Ս. Մեսրոպայ տառերն չեն բաւեր, եթէ մի ըստ միոջէ թուենք այն անարգանքներն ու անպատեհութիւններն, որ խորհողի մտքին մէջ կը ծնին այսպիսի հրաւէրներ ընդունած ժամանակն, ուստի կը հրաւիրենք ազգն բնաւ երախտագիտութիւն չյայտնել ոչ Պ. Ն…ի, ոչ Պ. Տ…եանի, ոչ ալ Հ. Ս. Տ…եանի, այլ քաջալերել այդ հեղինակները, զորս վիրաւորելու դիտաւորութեան ստուերն իսկ չունինք։ Կը խնդրեմ, չնմանեցնենք մեր ազգն այն աղքատին, որուն քանի մ՚ամիս առաջ հանդիպեցայ եւ որ բոլորովին մերկ եւ անօթի, երախտագիտութիւն կը յայտնէ իւր առջեւէն անցնող դագաղի մը, ըսելով. «Դու փրկիչս եղար»։

Խղճմտանքս թոյլ չտուաւ հարցնելու այդ աղքատին.

—Ո՞ւր են ընդունած երախտեացդ նշաններն, պատասխան տուր, ո՜վ դու, որ փրկիչ մ՚ունեցած ես եւ կորսուածի բոլոր հանգամանքներն ունիս։

<![if !supportFootnotes]>

<![endif]>

<![if !supportFootnotes]>[1]<![endif]>        Երախտագիտութիւնն անանկ ապրանք մ՚է, որ ոմանք մեթրոյով, ոմանք քիլոկրամով եւ ոմանք պարկով կը վաճառեն։