Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

10 սեպտեմբեր

Երէկ կատարուեցաւ Սամաթիոյ ազգային վարժարանաց պարգեւաբաշխութեան հանդէսն։

«Վաթսունի չափ քննիչք հաստատած են, թէ անցելոյն հետ բաղդատմամբ յոյժ յառաջադէմ վիճակ մ՚ունեցեր են աշակերտք այս տարի»։

Վաթսունի չափ քննչաց կողմէ տրուած վկայութեան վրայ կասկածելու պատճառ մը չունինք։ Տեսնուած չէ քննիչ մը, որ հարցաքննութեան մը ներկայ գտնուի, հոն աղէկ մը ուտէ, խմէ եւ յետոյ քննչաց տետրակին մէջ արձանագրէ, թէ անցելոյն հետ բաղդատմամբ յոյժ յետամնաց վիճակ մը ունին աշակերտք։ Եւ նախ անքաղաքավարութիւն է ասանկ վկայութիւն մը տալն, երկրորդ` այդ քննիչն եւ ոչ մէկ դպրոցէ մը կը հրաւիրուի յաջորդ տարին։

Քսանըհինգ տարիէ ի վեր շարունակ կ'ըսենք. «Անցելոյն հետ բաղդատմամբ մեր վարժապետներն հսկայաքայլ յառաջդիմած են»։

Չեմ գիտեր, թէ անցելոյն մէջ ի՞նչ կ՚ուսանէին աշակերտք, արդեօք փայտ կտրելու դասագի՞րք կը կարդային, թէ ձկնորսութիւն կը սորվէին։

Քիչ մը անկեղծ ըլլանք, պոլսեցի եղբարք իմ ի շողոքորթութիւն, եւ խոստովանինք, թէ Պոլսոյ թաղային վարժարաններն, քիչ բացառութեամբ, ողբալի վիճակի մէջ կը գտնուին տակաւին. եւ զայս խոստովանելէն ետքը, աշխատինք զանոնք բարեկարգ դրից բարձրացնել։ Անցեալն, որ ոչ լեզու ունի եւ ոչ բերան, բասրելով, պարսաւելով ի՞նչ կը շահինք…

11 սեպտեմբեր

Տարօրինակ երազներ բաւական խնդացուցին զիս երէկ գիշեր։

Տեմոսթէն անունով կառավարի մը կառքով ճաշարան մը գնացի եւ տեսակցութիւն մ՚ունեցայ խոհարարի մը հետ, որուն անունն էր Սոկրատ։ Եւ այս կառավարն ու այն խոհարարն բնաւ չէին կարմրեր ունենալնուն համար անուններ` որ չէին համապատասխաներ իրենց պաշտօնին, եւ այնպիսի վարք մ՚ունէին, որ իրենք զիրենք Տեմոսթէնին ու Սոկրատին արժանի յաջորդներ կը կարծէին։

Զարմանալի են մարդիկ երազներու մէջ…

Անունն Սոկրատ, արուեստը խոհարար…

Նմանօրինակ պարագայի մէջ անունս կը փոխէի ես անմիջապէս։

Բայց միթէ ամէն մարդ ինձի պէս կը խորհի՞. միթէ դուք ալ չլսեցի՞ք, թէ քանի մը հարուստներ, որ հազիւ կրնան անսխալ խօսիլ իրենց մայրենի լեզուն, ազգային գիշերօթիկ վարժարանի մ՚ուսմանց ծրագիր պատրաստելու վրայ են։

Եւ այս հարուստներն ուխտ ըրած են իրենց մէջ չընդունիլ դասատուներ։

Երկաթէ, ափիոնէ, բուրդէ, լեղակէ, ոսկորէ եւ կտաւէ շինուած ուսմանց ծրագիրներով չեն կարող իրենց ազգասիրութեան յագուրդ տալ այդ հարուստներն, որ այնքան երկար ատենէ ի վեր արգելքներ կը յարուցանեն Կեդրոնական վարժարանի բացման դէմ։

14 սեպտեմբեր

Բանաստեղծք ոմանք, երբ կորուսնեն իրենց կինն, զոր իրենց հոգւոյն հատորն կը կոչէին եւ որուն զոհել կը կարծուէին նոյնիսկ իրենց կեանքն, անմիջապէս հնգավանկ ոտանաւոր մը կամ տաղ մը կամ քերթուած մը կամ դիւցազներգութիւն մը կը հրատարակեն եւ կը վազեն ուրիշ կնկան մը հետ կարգուելու, այսինքն հոգւոյ երկրորդ հատոր մը գնելու։

Երանի բանաստեղծից ոմանց, որ հնգոտն տաղով մը գիտեն սփոփանք եւ մխիթարութիւն գտնել իրենց ցաւոց։

Այս բանաստեղծից ոմանց հոգին ո՞րքան հատորներ ունի։ Ասոնց սէրն ո՞րքան շուտ կը ծնի եւ որքան վաղ կը մեռնի։ Միթէ բանաստեղծի մը սէրն իւր առարկային հող դառնալն տեսնելու պէս մոխի՞ր դառնալու է…

Ըստ այսց բանաստեղծից ոմանց պուէտ մը կրնայ քսան կնկան հետ ամուսնանալ եւ ամէնուն վրայ մէյ֊մէկ տաղ գրելով զանոնք սիրած ըլլալ, որպէս Պօղոս զՎիրգինիայ։

Այս տեսակ բանաստեղծութիւնն ըստ իս ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ յանգաւոր վայրենութիւն։