ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆՔ
ԽԻԿԱՐԻ
Պատիւ
ունեցանք
կարդալու
Յառաջդիմական
Միութեան
յայտագիրն`
որուն
պատճէնն
կը
դնենք
հոս։
«Ստորագրեալ
երեսփոխանքս
նկատելով
որ,
Ա.
—
Ազգային
ժողովոյ
ժամերուն
մէկ
մասն
անկարեւոր
խնդիրներու
վիճաբանութեանց
եւ
թիւրիմացութեանց
զոհուելով,
ժողովոյն
յարգը
կը
նուազեցնեն,
կենսական
խնդիրներ
ետ
կը
թողուն,
վարչական
մեքենան
կը
տկարացնեն
եւ
ծանր
հետեւանաց
տեղի
կու
տան։
Բ.
—
Երեսփոխանք
Ազգ.
ժողովոյ
ներկայացեալ
խնդիրներն
քննելու
եւ
սերտելու
ժամանակ
եւ
միջոց
չունենալով,
վիճաբանութիւնները
չափազանց
կ՚երկարին
կամ
որոշումներ
կը
տրուին
յանպատրաստից։
«Այս
անտեղութեանց
մերովսանն
դարման
տանելու
համար,
որոշեցինք
Բեմական
խումբ
մը
կազմել
Յառաջդիմական
Միութիւն
անուամբ։
Այս
միութեան
նպատակն
է
ուրեմն`
Ազգ.
ժողովոյ
իւրաքանչիւր
նիստէն
առաջ
նախապատրաստական
գումարում
ընելով,
օրակարգի
խնդիրները
սերտել
եւ
զանոնք
խորհրդակցութեան
ենթարկելով
համոզում
գոյացնել
եւ
կարծիքներ
համախմբել,
զերծ
յամենայն
կուսակցական
նկատմանց
(
?
)։
Յառաջդիմական
Միութեան
անյեղլի
պայմանն
է
Ազգ.
ժողովոյն
նիստերն
արդիւնաւորել,
հանրային
կարեւորութիւն
ունեցող
խնդիրները
նախադասելով
եւ
զանոնք
գործնական
ոգով
լուծելու
հետամտելով,
համաձայն
Ազգ.
Սահմանադրութեան
հիմնական
սկզբանց
եւ
ներքին
կանոնագրի
տրամադրութեանց,
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
կանոնաց
եւ
տէրութեան
ընդհանուր
օրինաց։
«Այս
միութեան
յարիլ
ուզողները
պէտք
է
որ
ստորագրեն
ներկայ
յայտագիրն
եւ
պարտականութիւն
ստանձնեն
բացակայ
չմնալ
Ազգ.
ժողովոյ
նիստերէն»։
Ահա
գեղեցիկ
յայտագիր
մը,
սքանչելի
յայտագիր
մը,
զոր
այն
երեսփոխաններ
միայն
չպիտի
ստորագրեն,
որ
ժողովոյն
յարգը
կոտրել
կ'ուզեն,
կենսական
խնդիրներ
ետ
թողուլ
կ՚աշխատին,
Ազգ.
ժողովոյ
նիստերն
արդիւնաւորել
չեն
փափաքիր,
Ազգ.
Սահմանադրութեան
հիմնական
սկզբանց
կը
հակառակին,
ներքին
կանոնագրի
տրամադրութիւնները
չեն
ընդունիր,
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
կանոնաց
դէմ
կ'ըմբոստանան
եւ
տէրութեան
ընդհանուր
օրինաց
չեն
հպատակիր։
Չենք
կարծեր,
որ
գտնուի
երեսփոխան
մ՚որ
վարանի
իւր
ստորագրութիւնն
դնել
ասանկ
հիանալի
յայտագրի
մը։
Հետեւապէս
ամէն
երեսփոխան
պիտի
ստիպուի
յարիլ
այս
միութեան,
եւ
այս
միութեամբ
ուրիշ
բան
ըրած
չպիտի
ըլլանք,
այլ
միայն
Ազգային
ժողովոյ
Յառաջդիմական
Միութիւն
անունն
տուած
պիտի
ըլլանք։
Եւ
ի՞նչ
պիտի
ընէ
այս
Յառաջդիմական
Միութիւնն։
Նախապատրաստական
գումարումներ
պիտի
ընէ,
այսինքն
օր
մը
առաջ
պիտի
սկսի
Ազգային
ժողովոյ
ժամերն
անկարեւոր
խնդիրներու
վիճաբանութեանց
եւ
թիւրիմացութեանց
զոհելու,
ժողովոյն
յարգը
նուազեցնելու,
կենսական
խնդիրներն
ետ
թողլու
եւ
վարչական
մեքենան
տկարացնելու։
Եթէ
համոզում
չգոյանայ`
երկրորդապատրաստական
գումարում
մը
պիտի
ընէ
եւ
վերջապէս
պիտի
շարունակէ
իւր…
պատրաստական
գումարները
մինչեւ
որ
համոզում
գոյանայ։
Ազգային
գործերը
միշտ
ետ
պիտի
մնան,
միայն
թէ
ազգային
երեսփոխանք
ազգային
ժողովոյ
մէջ
ժամավաճառ
ըլլալու
տեղ
նախապատրաստական
գումարման
մէջ
ժամանակ
պիտի
անցունեն
եւ
ազգային
սնտուկն
պիտի
ազատեն
ժամավաճառութեան
ատենագրութեանց
տպագրութեան
ծախքէն։
Իսկ
եթէ
համոզում
գոյանայ,
նոյն
օրն
երկու
երեսփոխաններ
պիտի
ընտրուին
եւ
պաշտօն
պիտի
տրուի
անոնց
հետեւեալ
օրն
ժողովոյ
մէջ
թեր
ու
դէմ
խօսիլ,
որպէսզի
ունկնդիր
ժողովուրդն
լսէ.
եւ
յետոյ
միաձայն
հաւանութեամբ
օր
մ՚առաջ
տրուած
որոշումն
պիտի
տրուի։
Այս
պարագային
մէջ
ալ
օրուան
մը
կորուստ
կայ,
որովհետեւ
այն
խնդիրն,
որ
կը
լուծուի
նախապատրաստական
գումարման
մէջ`
կրնայ
իւր
լուծումն
ստանալ
Ազգ.
ժողովոյ
մէկ
նիստին
մէջ.
հետեւապէս
նախապատրաստականն
աւելորդ
է։
Ի՞նչ
է
ուրեմն
Յառաջդիմական
Ընկերութեան
նպատակն։
Սատանան
առնէ
մեղքը,
բայց
կ'ըսուի
թէ
երկաթապետական,
կտաւապետական
եւ
բրդապետական
միութիւնն
ամրացնել
է
նպատակն։
Եթէ
Յառաջդիմական
Միութիւնն
բացորոշ
կերպով
յայտնէր
նպատակն
իւր
յայտագրին
մէջ,
աւելի
քաջութիւն
ցոյց
տուած
կը
լինէր
եւ
թերեւս
աւելի
համակրութիւն
վաստակէր։
Իսկ
ելնել
յայտագիր
մը
հրատարակել
եւ
անոր
մէջ
ըսել
թէ.
Ով
nր
բարի
է
այս
թուղթն
ստորագրէ,
կարծենք
եւ
ոչ
մէկ
երկրի
մէջ
նմանը
չտեսնուած
եւ
չտեսնուելիք
յայտագրի
մը
հեղինակ
ըլլալ
է,
յայտագրի
մը՝
որ
բան
մը
չյայտներ,
եւ
զոր
անպատեհ
չէ
ծածկագիր
անուանելն։
***
Բարեկամ
մ՚որոյ
անկեղծութեանը
վրայ
կասկածելու
պատճառ
մը
չունինք`
հետեւեալ
տողերը
կը
գրէ
մեզ
Երիզայէն.
«Ձեզ
հետ
ունեցած
մտերմութիւնս
կը
պահանջէ
դիտողութիւն
մը
ներկայացնել
ձեզ
Խիկարի
համար։
Դիտողութիւնս
եթէ
միայն
իմ
կարծիքովս
ըլլար`
չպիտի
ընէի.
բայց
որովհետեւ
շատերէ
կը
լսեմ`
օգտակար
համարեցի
ընել։
Այժմեան
Խիկարն
անցեալ
Թատրոններուն
եւ
Ծիծաղներուն
շարունակութիւն
չհամարուիր,
անոնց
չափ
զուարճալի
յօդուածներ
չպարունակեր։
Կ'երեւայ
թէ
քաղցրիկ
բարեկամս,
այս
դառն
ասպարէզէն
բաւական
սառած
էք։
Եթէ
հաճիք
ձեր…
գրիչն
սրել,
կը
յուսամ
թէ
աւելի
բաժանորդներ
պիտի
ունենաք։
Քաջայոյս
եմ,
թէ
սոյն
անկեղծ
դիտողութիւնս
ներողամտութեամբ
կ՚ընդունուի»։
Անկեղծ
դիտողութիւններն
միշտ
կը
յարգենք.
ուստի
մեր
բարեկամն
կրնայ
վստահ
ըլլալ,
թէ
իւր
դիտողութիւնն
գոհութեամբ
եւ
սիրով
ընդունուած
է։
Սոյն
դիտողութիւնն
մենք
եւս
ներկայացուցած
ենք
մեր
գրչին.
մենք
եւս
զգացած
ենք,
թէ
Խիկար
իւր
ընթերցողաց
ծիծաղն
շարժելու
տեղ
ձանձրոյթ
կը
պատճառէ
անոնց։
Իսկ
հիմա,
որ
շատերուն
կողմէն
եւս
կը
կրկնուի
նոյն
դիտողութիւնն,
եւ
քանի
որ
շատերուն
ձայնն
Աստուծոյ
ձայնն
է,
ըսել
է
թէ
Խիկար
սկսած
է
զաստուած
ալ
ձանձրացնել.
ուստի
հարկ
անհրաժեշտ
կայ
յայտնել
եւ
բառնալ
այն
պատճառն,
որ
թոյլ
չտար
Խիկարին
զուարճալի
յօդուածներ
պարունակել։
Մարդերէն
եւ
իրերէն
մեր
ընդունած
տպաւորութեան
ներքեւ
գրելու
վարժուած
լինելով`
մեր
գրչին
կը
յանձնենք
մեր
սիրտն,
որ
կրած
ազդեցութեան
տակ
կը
ծիծաղի,
կը
տխրի
կամ
կը
ձանձրանայ։
Էր
ժամանակ
յորում
մեր
ծիծաղը
կը
շարժէին
այն
թերութիւններն
եւ
զեղծումներն,
զորս
կը
նշաւակէինք։
Ուստի
կը
ծիծաղէինք
եւ
մեր
ընթերցողներն
կը
ծիծաղէին։
Լացնելու
համար,
կ՚ըսէ
Ովրատիոս,
լալ
պէտք
է,
եւ
մենք
կը
խնդայինք
մեր
ընթերցողներն
խնդացնելու
համար։
Իսկ
այժմ
ինչ
որ
կը
տեսնենք
կամ
կը
լսենք
տխրութիւն
կը
պատճառէ
մեզ.
կը
տխրինք,
կը
ձանձրանանք
եւ
մեր
ընթերցողներն
ալ
կը
ձանձրանան
եւ
հնար
չէ,
որ
ծիծաղին
անոնք,
երբ
մենք
կը
տխրինք։
Մինչեւ
իսկ
կը
վախնանք,
որ
իրաց
այս
վիճակն,
եթէ
շարունակէ,
հայհոյութեան
պիտի
առաջնորդէ
մեզ,
պիտի
հայհոյենք
եւ
մեր
ընթերցողներն
ալ
պիտի
սկսին
հայհոյել։
Տխուր
է
իրաց
վիճակն,
սիրելի
բարեկամ,
կտաւապետութիւնն,
երկաթապետութիւնն
եւ
բրդապետութիւնն
երրորդութիւն
մը
կազմած՝
կը
քանդեն
ազգն
եւ
ազգաշէն
կը
յորջորջուին։
Ազգային
ժողովն
շատուց
կորուսած
է
իւր
նշանակութիւնն
եւ
շատերն
դեռ
այն
կարծիքն
ունին,
թէ
Ընդհ.
ժողովն
իւր
իրաւանց
սահմանին
մէջ
կարող
է
գործել
ինչ
որ
ազգին
շահաւոր
կը
կարծէ։
Դասատուաց
հալածումն
կը
շարունակուի,
լրագրութիւնն
վերոյիշեալ
առեւտրական
երրորդութեան
ձեռքն
անցած
է։
Ողջամիտներն
կը
քարկոծուին,
եւ
հիւանդամիտներն
ամէնուրեք
սիրով
եւ
պատուով
կ՚ընդունուին.
եւ
դժուար
է
հասկցնել
թէ
մարդ
մ՚իւր
ազգն
սիրելու
համար
անպատճառ
երկաթ,
ափիոն,
բուրդ
կամ
կտաւ
վաճառելու
պարտաւոր
չէ.
թէ
դագաղի
առջեւ
յարգանք,
իսկ
ճշմարտութեան
առջեւ
միշտ
պատկառանք
պէտք
է,
թէ
դագաղ
մը
բարձրացնելու
համար
ճշմարտութիւնն
ալ
դագաղի
մէջ
դնելն
առեւտրական
ազգասիրութիւն
մ՚է,
թէ
հարստապետութիւնն,
որ
տասը
տարիներէ
յետէ
կը
տիրէ
ազգին
մէջ,
բառնալու
համար
ժողովրդական
լրագրաց
ուժ
տալ
պէտք
է,
թէ
հարուստներէն
ոմանք
աղքատաց
կամ
ժառանգորդաց
ոմանց
իրաւունքն
կը
յափշտակեն
եւ
այս
մասին
իրենց
ուղղուելիք
հարցմանց
առաջքն
առնելու
համար
Բեմական
միութիւն
կը
կազմեն,
համոզումներ
գոյացնելու,
սահմանադրական
սկզբանց
եւ
եկեղեցւոյ
օրինաց
համաձայն
մարսելու
այն
ոսկիներն,
որոնց
հաշիւն
կը
խնդրուի
իրենցմէ,
թէ
ամէն
խաղ
եւ
նենգութիւն
ազգասիրութիւն
կը
հռչակուի
հարուստներու
գործիք
լրագրին
մէջ…
Չեմ
ուզեր
երկարել
եւ
ընթերցողներս
երկնցնել.
միայն
կ'ուզեմ
հասկցնել,
թէ
իրաց
այս
ճաթեցուցիչ
վիճակն
շատ
հեռի
է
մեր
ծիծաղը
շարժելէ։
Այսուամենայնիւ
Խիկար
ամէն
ջանք
պիտի
դնէ
իւր
ընթերցողներն
գոհացնելու,
եւ
կը
յուսայ,
թէ
պիտի
շարունակէ
վայելել
նոցա
քաջալերութիւնը։
***
Դէմքը
սրտին
հայելին
է,
կ'ըսեն։
Կը
խնդրեմ
ուրեմն
Բեմական
Յառաջդիմական
Միութեան
յայտագիրն
ստորագրող
երեսփոխաններէն,
որ
հաճին
իրենց
պատկերն
ուղարկել
մեզ…