ՀԱՄԱՌՕՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆՔ
Գլխուս
վրայ
—
Ես
քուկին
սպասաւորդ
չեմ
։
Ո՞ւր
տեսնուինք
վաղը
—
Կ
'
ուզե՞ս
հեռանալ
եւ
գլուխս
չցաւցնել
։
Կբողոքեմ
—
Ա՛հ
եթէ
կարողանայի
չարիք
մ
'
ընել
քեզ
։
Սուրճ
մը
կ'առնէ՞ք
—
Գործ
ունիմ,
բաներնիդ
գացէք
։
Չէք
երեւար
կոր
—
Պարտքդ
ե՞րբ
պիտի
վճարես,
աղա
։
Կխոստանամ
—
Բան
մ
'
ալ
չեմ
կրնար
ընել
։
Կրնանք
քիչ
մը
տեսնուիլ
—
Կրնա՞ք
ինձի
չորս
հարիւր
ոսկի
տալ
։
Ի՞նչ
է
մեր
հաշիւը
—
Այս
օրերս
չեմ
կրնար
քեզի
ստակ
տալ,
քիչ
մ
'
ալ
համբերէ
։
Աղան
դուրս
չելներ
կոր
—
Հիւր
ընդունելու
ժամանակ
չունինք
։
ՄԱՐՏ
1
֊
9
Մարտ
Հողմ,
անձրեւ,
ձիւն,
արեւ
…
Օդերու
ֆաթուրա
։
Կխրատեմ
ծերերուն
ու
վատառողջներուն
դուրս
չելնել.
փառք
Տիրոջը,
դուրս
ելնելու
պատճառ
մ
'
ալ
չկայ.
առեւտուրները
դադրած
են,
ամեն
մարդ
փոխառութիւն
ընելու
համար
միայն
դուրս
կելնէ
։
Ապահովական
ընկերութիւններն
բաւական
կը
վնասուին.
շատ
նաւեր
իրենց
բեռը
ծով
կթափեն
ալէկոծութեան
պատճառաւ։
Կնկան
մէկն
ալ
իր
էրիկը
ծով
կնետէ
։
9
֊
16
Մարտ
Հողմը
չդադարեցաւ
։
Տեղ
֊
տեղ
կանձրեւէ
։
Գաւառի
մը
մէջ
սովը
կսաստկանայ։
Հանգանակութիւններ
կբացուին
սովելոց
յօգուտ
։
Անբան
կենդանիներու
մէջ
հիւանդութիւն
երեւան
կու
գայ.
բանաւոր
կենդանիներու
մէջ
դրամի
պակասութենէ
ուրիշ
բան
չտեսնուիր
։
Վաճառականին
մէկը
տասը
հազար
ոսկի
կը
վաստակի
սնանկութեամբ
։
16
֊
22
Մարտ
Ձմեռը
կծերանայ
։
Բաղդատեցէք
ձմեռ
եւ
ծեր
բառերն.
կը
կարծուի
թէ
ձմեռ
ը
ծեր
էն
ելած
ըլլայ,
ծեր
ն
ալ
ձմեռ
էն։
Բանասէրներուն
կարծիքը
կը
հարցուի
։
Այսու
ամենայնիւ
չըլլայ
որ
հագուստնիդ
թեթեւցնէք.
հագուստի
մասին
որեւէ
փոփոխութիւն
եւ
վնասակար
է
այս
միջոցիս.
հագուստը
սկզբունքի
չնմանիր
։
22
֊
31
Մարտ
Հողմային
պարզութիւն
։
Սրտի
պարզութիւնը
կը
փնտռուի։
Մսին
գինը
կբարձրանայ
։
Երկաթուղւոյ
մ
'
ընկերութիւնը
կորոշէ
առագաստ
բանալ
իւր
կառքերու
վրայ,
որպէս
զի
քիչ
մ
'
աւելի
արագ
ընթանան
։
Այս
ամսուան
մէջ
ծնող
մանչերը
ազգային
նուիրատուութեանց
չեն
մասնակցիր
եւ
ազգին
մէջ
կռիւ
հանելու
տրամադրութիւն
կ
'
ունենան։
Իսկ
աղջիկներն
պճնասէր
ու
շռայլ
կ
'
ըլլան
։
Մայրե՛ր,
խնայեցէ՛ք
ազգին
։