ՀԱՄԱՌՕՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆՔ
Գլխուս
վրայ
—
Ես
քուկին
սպասաւորդ
չեմ
։
Ո՞ւր
տեսնուինք
վաղը
—
Կ
'
ուզե՞ս
հեռանալ
եւ
գլուխս
չցաւցնել
։
Կբողոքեմ
—
Ա՛հ
եթէ
կարողանայի
չարիք
մ
'
ընել
քեզ
։
Սուրճ
մը
կ'առնէ՞ք
—
Գործ
ունիմ,
բաներնիդ
գացէք
։
Չէք
երեւար
կոր
—
Պարտքդ
ե՞րբ
պիտի
վճարես,
աղա
։
Կխոստանամ
—
Բան
մ
'
ալ
չեմ
կրնար
ընել
։
Կրնանք
քիչ
մը
տեսնուիլ
—
Կրնա՞ք
ինձի
չորս
հարիւր
ոսկի
տալ
։
Ի՞նչ
է
մեր
հաշիւը
—
Այս
օրերս
չեմ
կրնար
քեզի
ստակ
տալ,
քիչ
մ
'
ալ
համբերէ
։
Աղան
դուրս
չելներ
կոր
—
Հիւր
ընդունելու
ժամանակ
չունինք
։
ՅՈՒԼԻՍ
1
֊
4
Յուլիս
Տաքութիւնը
սաստիկ
է
։
Վանքի
մը
մէջ
քանի
մը
կրօնաւորներ
պայմանագրութիւն
կկնքեն՝
սիրով
եւ
միաբանութեամբ
վանքը
կողոպտելու
համար
։
Թերթ
մը
կդադրեցնէ
իւր
հրատարակութիւնը
։
Ժողովոյ
մը
անդամներուն
մէջ
երկպառակութիւն
։
Տեսէ՛ք
սա
ցնդած
պառաւը,
հարս
կ
'
ըլլայ,
երեսուն
տարու
երիտասարդի
մը
հետ
կկարգուի
։
5
֊
11
Յուլիս
Տաքութիւնը
միեւնոյն
է
։
Արք
եւ
կանայք
ծով
կ
'
երթան
լուացուելու
։
Երկու
օրուան
մէջ
անգղիերէն
սորվեցնող
քերականութիւն
մը
կհրատարակուի
։
Կանանց
թիւռնիւռ
ներուն
վրայ
մէյմէկ
ծաղիկ
կդրուի։
12
֊
19
Յուլիս
Պարզ
եւ
տօթ
։
Գինովներուն
վիճակը
ցաւալի
է
։
Մեծ
մարդ
մը
կպզտիկնայ
եւ
պզտիկ
մարդ
մը
կմեծնայ
։
20
֊
31
Յուլիս
Աշխարհիս
խաղաղութիւնը
պահելու
համար
տէրութիւն
մը
կաշխատի։
Ցորենի
գինը
կ
'
իյնայ.
հացի
նկանակներու
մէջէն
մէյմէկ
կտոր
ածուխ
կելլէ
։
Ամսոյս
մէջ
ալ
ծնիլն
աղէկ
բան
մը
չէ.
մանչերն
կնաթող
կ
'
ըլլան,
աղջիկներն
թշուառ.
ալ
խոհեցէք
անգամ
մը։