Բ
ԳՈՒԹ
ԵՒ
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Գութ.
—
Ո՞վ
էք
դուք։
Ճշմարտութիւն.
—
Ականջներս
ծանր
են,
քիչ
մը
բարձր
խօսէ՛։
Գութ.
—
Ողորմութի՞ւն
կ'ուզէք։
Ճշմարտութիւն.
—
Ո՛չ,
Ճշմարտութիւն
եմ
ես…
Գութ.
—
Ճշմարտութի՜ւն…
ի՜նչ
կերպարանափոխութիւն…
թոռմած
դէմք,
ատամնազուրկ
լինտեր,
կունտ
գլուխ,
մէկ
թեւը
կտրուած,
փայտեայ
ոտքեր,
գաճէ
ականջներ,
թղթէ
քիթ…
ի՞նչ
վիճակ
է
այս,
ո՛
Ճշմարտութիւն։
Ճշմարտութիւն.
—
Թող
տուէք
ինձ,
հանգչիլ
քիչ
մը։
Գութ.
—
Հանգչեցէք։
Ո՞վ
կը
համարձակիր
կարծել,
թէ
Ճշմարտութիւնն
որ
անմահ
էր,
պիտի
ծերանար
օր
մը
եւ
հաշմանդամ
պիտի
ելնէր
անդիի
աշխարհէն
մուրացկանի
մը
վիճակի
մէջ։
Ճշմարտութիւն.
—
Այո՛,
թէեւ
անհաւատալի`
բայց
ճշմարիտ
է,
թէ
մեռայ։
Մահուանս
օրը
մարդոց
մեծագոյն
մասը
կաքաւեց,
երգեց,
կերաւ
եւ
խմեց.
մեռնելուս
համար
յոբելեան
կատարեց։
Իրաւունք
ունէր։
Գութ.
—
Իրաւո՞ւնք
ունէր։
Ճշմարտութիւն.
—
Այո՛։
Ես
իսկ
զգացի
վերջին
օրերուս
մէջ,
թէ
իմ
դարս
անցած
էր,
թէ
պարզապէս
շաղակրատ
ու
ցնդած
կին
մը
դարձած
էի,
թէ
ամէնուն
գլխու
ցաւ
կը
պատճառէի,
թէ
բազմաց
համակրութիւնն
կորուսած
էի,
թէ
գոյութեան
պատճառ
չունէի
այլեւս,
թէ
շատ
իսկ
ապրած
էի,
թէ
անհնար
էր
ինձ
այլեւս
իշխանութիւն
վարել
անդ։
Բազումք
կ'ըսէին
ինձ.
«Ո՛,
Ճշմարտութիւն,
ծերացած
ես
դուն,
ամէն
գործի
մէջ
մի՛
մտներ,
ամէն
խօսքի
մէջ
մի
նետուիր,
մեկուսացի՛ր
եւ
աշխատէ՛
միայն
խաղաղ
կեանք
վարելու։
Աշխարհս
փոխուած
է,
տասնեւիններորդ
դարու
մէջ
չկրնար
երջանիկ
կեանք
վարել
Ճշմարտութիւնն
եթէ
խօսի,
Ճշմարտութիւնն
լռելու
է
այլեւս,
որովհետեւ
մարդիկ`
հացի
խնդրով
զբաղած`
ժամանակ
չունին
առասպելներ
մտիկ
ընելու»։
Գութ.
—
Առասպե՞լ…
Ճշմարտութիւն.
—
Մեռայ
եւ…
դուրսը
մա՞րդ
կայ…
Գութ.
—
Ո՛չ,
առանձին
ենք։
Ճշմարտութիւն.
—
Եւ
անօթութենէ
մեռայ.
մարդիկներու
մէկ
մասն
անօթութենէ
մեռցնելէ
յետոյ
յետին
թշուառութեան
մէջ
թողլով
միւս
մասն
ալ,
որ
կը
շարունակէ
մեռնիլ
սովալլուկ։
Ետեւէս
եկող
բոլոր
ընտանիքները
կործանեցան
եւ
մոխրի
վրայ
նստեցան,
առջեւէս
գնացողները
կանգնեցան
եւ
հոյակապ
շէնքերու
մէջ
կ՚ապրին։
Աչօքս
իսկ
տեսայ
մարդկանց
ողբալի
դժբախտութիւնն։
Գութ.
—
Ո՜րքան
փոխուած
է
աշխարհ…
Ճշմարտութիւն.
—
Անօթութենէ
մեռայ,
երկար
ժամանակ
հալածուելէ
ու
բազում
տարիներ
անդամալուծեալ
վիճակի
մէջ
չարչարուելէ
յետոյ։
Գութ.
—
Բժիշկ
մը
չդարմանե՞ց
զձեզ։
Ճշմարտութիւն.
—
Բժիշկ
մ՚այցելեց։
Օր
մը
շողոքորթութեան
ոգիով
շփեց
չորս
կողմս։
Օր
մ՚ալ
կեղծաւորութեան
բոյսն
եփեց
ու
մէջը
ստութիւն
խառնեց
ու
տուաւ
որ
խմեմ.
խմեցի,
օգուտ
մը
չտեսայ։
Ուրիշ
մ՚ալ
եկաւ
ու
պատուիրեց,
որ
ստութեան
ցուրտ
ջուրին
մէջ
լուացուիմ.
լուացուեցայ
եւ
ցաւերս
սաստկացան։
Կը
տանջուէի
եւ
կը
չարչարուէի
ցաւոցս
մէջ։
Գութ.
—
Հիւանդութեանդ
պատճառաւ
էր
ուրեմն,
որ
դուրս
չէիք
կրնար
ելնել,
որովհետեւ
քանի
մը
ժամանակէ
ի
վեր
ձեր
անունը
չէր
լսուեր
հրապարակի
վրայ։
Ճշմարտութիւն.
—
Չէի
համարձակիր
դուրս
ելնել,
կը
վախնայի
փաստաբաններէն,
որոց
մին
օր
մը
քարաձգութեամբ
ոտքս
վիրաւորեց
եւ
սենեակիս
մէջ
բանտարկեց,
մինչեւ
որ
բժիշկ
մ՚եկաւ
եւ
բժշկեց
զիս,
ոտքս
կտրելով։
Գութ.
—
Միւս
ոտքդ
ո՞վ
կտրեց
հապա։
Ճշմարտութիւն.
—
Միւս
ոտքս
ալ
բանաստեղծ
մը
կտրեց,
որպէսզի
ներդաշնակութիւն
գոյանայ
ոտքերուս
մէջ,
որոց
մին
կարճ
ըլլալով,
տաղաչափական
աչաց
հաճելի
չէր
երեւնար։
Գութ.
—
Ամէն
կողմէն
հալածանք…
Ճշմարտութիւն.
—
Յետոյ
երկու
կտոր
փայտ
բերին
եւ
ըսին.
«Ոտքերուդ
պաշտօնն
ասոնք
պիտի
վարեն
փոխանորդաբար»։
Գութ.
—
Ի՜նչ
ընտրութիւն։
Ճշմարտութիւն.
—
Զրկուելով
ոտքերէս,
զրկուեցայ
նաեւ
ուժէս։
Չէի
կարող
վազել
եւ
ժամանակին
հասնիլ
հոն,
ուր
հրաւիրուած
էի։
Ստութիւնն
արծուի
թեւերով
կը
սլանար
եւ
կայծակի
արագութեամբ
կ'իջնէր
ամէնուրեք,
մինչդեռ
իմ
կառացս
լծուած
էին
երկու
ցնդած
կրիաներ։
Եւ
ստութիւնն
կը
ստանար
մրցանակը։
Գութ.
—
Դժբախտութի՜ւն։
Ճշմարտութիւն.
—
Պիտի
գոհանայի
եթէ
ոտքերէս
միայն
զրկուած
ըլլայի
եւ
ականջներս
չկորուսնէի
օր
մը
երեսփոխանական
ժողովոյ
մէջ,
ուր
երեսփոխան
մը`
չուզելով
որ
լսէի
իւր
անիրաւութիւններն
եւ
պատասխանէի
անոնց`
յանդգնեցաւ
երկու
ականջներս
մէկէն
կտրել։
Այս
հարուածը
սոսկալի
էր։
Բարկութեամբ
տուն
կը
վերադառնայի՝
երբ
փոխանորդ
ոտքս
քարի
զարնուելով`
ինկայ
թեւս
կոտրեցի
եւ
քիթս
ջախջախեցի։
Գութ.
—
Խե՜ղճ
Ճշմարտութիւն։
Ճշմարտութիւն.
—
Երկար
է
իմ
պատմութիւնս,
սակայն
պիտի
աշխատիմ
համառօտել
զայն։
Չպիտի
յիշեմ
մասնաւորներէ
կրած
հալածանքս,
օրինակի
համար,
իրենց
դրամագլուխը
մէկ
միլիոնի
բարձրացնելու
համար
զիս
ամէն
վայրկեան
ուրացող
վաճառականներն,
աշխարհիս
բոլոր
ոսկիներն
իրենց
սնտուկին
մէջ
բանտարկելու
համար
հետս
անիրաւութեամբ
վարուող
դրամատէրերն,
բոլոր
անշարժ
ստացուածքներու
տիրանալու
համար
զիս
անպատուող
կալուածատէրերը,
իրենց
ցանկութիւնը
յագեցնելու
համար
զիս
հալածողները,
իրենց
ամուսինը
խաբելու
համար
զիս
վռնտող
կիները,
մէկ
խօսքով
զիս
իրենց
կրից,
տռփանաց
ու
շահուն
զոհող
մասնաւորները,
պիտի
յիշեմ
միայն
զանոնք,
որ
զիս
պաշտպանելու
պաշտօնն
ստանձնած
են,
իմ
ընդհանուր
դատախազներուս
վրայ
պիտի
խօսիմ
համառօտիւ։
Նախ
եւ
առաջ
պիտի
ըսեմ,
թէ
փաստաբան
չգտնուած
տեղերը
Ճշմարտութիւնն
շատ
երջանիկ
է։
Ճշմարտութիւնն
կատարելապէս
կը
պակսի
հոն`
ուր
իրաւագէտ
կայ։
Երկրորդ`
պիտի
յայտնեմ,
թէ
լրագիրներն
եւս
ոչ
նուազ
կը
նպաստեն
ճշմարտութեան
բարձրացման։
Երրորդ`
չպիտի
մոռնամ
ազգային
ժողովն,
ուր
շատ
գանակոծուած
է
ճշմարտութիւնը
եւ
ոչ
ոք
բողոքած
է,
մինչդեռ
վարժարանի
մէջ
եթէ
տղայ
մը
ծեծուի`
ամէն
կողմէ
բողոքոյ
ձայներ
կը
բարձրանան։
Գութ.
—
Ի՞նչ
է
այս
հալածանաց
շարժառիթը։
Ճշմարտութիւն.
—
Շահը։
Փաստաբան
մը
ճշմարտութեան
դէմ
զինուելով
է,
որ
պերճախօսութեան
համբաւ
կը
ստանայ,
ստակ
կը
շահի
եւ
իւր
ապագան
կը
պատրաստէ։
Խմբագիր
մը
ճշմարտութեան
դէմ
մարտնչելով
է
որ
իւր
բաժանորդաց
թիւը
կը
բազմապատկէ
եւ
իւր
զաւակաց
ապագան
կ՚ապահովէ.
երեսփոխան
մը
ճշմարտութիւնն
ուրանալով
է,
որ
յառաջ
կ'երթայ
իւր…
ասպարէզին
մէջ։
Գութ.
—
Ո՞յք
են
ուրեմն
ճշմարտութեան
կուսակիցները,
կ'աղաչեմ,
ըսէք
ինձ։
Ճշմարտութիւն.
—
Անոնք`
որ
ոչ
հարստութիւն
ունին
եւ
ոչ
հարստանալու
յոյս։
Ճշմարտութիւնն
ամէնէն
աւելի
յարգողներն
գինովներն
են.
եթէ
անոնք
ալ
չըլլային`
շատուց
մեռած
էի
ես։
Գութ.
—
Գինովութիւնը
քաջալերել
պէտք
է
ուրեմն։
Ճշմարտութիւն.
—
Եւ
այն
ատեն
միայն
կրնամ
վերադառնալ
անդիի
աշխարհ։
Գութ.
—
Ճշմարտութիւնը
գինիի
բաժակի
մէջ…
Ճշմարտութիւն.
—
Այս
է
ճշմարտութիւնը.
գինի
եւ
ճշմարտութիւն։