Վեցերորդ
տարի
ԱՆԱՄՕԹՈՒԹԻՒՆ
Երանի
անոնց,
որ
գիտեն
անամօթ
ըլլալ,
զի
ասոնց
է
հանգստութիւն
եւ
երջանկութիւն։
Աներեսութիւնն
առողջաբանական
տեսակէտով
ալ
շատ
օգտակար
գիտութիւն
մ՚է։
Անամօթն
ամէն
մտահոգութենէ
եւ
ամէն
մտատանջութենէ
զերծ
է,
անամօթն
բանէ
մը
չամչնար,
միայն
ամչնալու
կ'ամչնայ.
երի՜ցս
երանեալ
անամօթութիւն։
Մանկավա՛րժք,
մանկավա՛րժք,
ձեր
խորին
ուշադրութիւնն
կը
հրաւիրուի
այս
գիտութեան
դասախօսութեան
վրայ,
ձեր
բոլոր
ջանքերը
թափելու
էք
սորվեցնելու
համար
աշակերտներուն,
որ
համարձակ
ըլլան
եւ
շիկնելու
չվարժուին.
ամչնալու
սովորութիւնն
անցած
դարերու
հետ
անցած
նկատուելու
է։
Այս
դասախօսութեան
մէջ
ալ
դասատուն
գործնական
եղանակաւ
ուսուցանելու
է
ազգային
մանկտին։