Գ
ԳՈՒԹ
ԵՒ
8/10
ԿՐՕՆՔ
Գութ.
—
Ի՜նչ
կը
տեսնեմ…
կրօնքի
բեկորներ…
բայց
ասոնք
ամբողջութիւն
չեն
կազմեր,
ութ
մասը
միայն
մեռած
է,
երկու
մասն
ո՞ւր
է…
կ'ապրի՞
արդեօք…
կարելի՞
է…
ո՞վ
գիտէ
քանի
չարչարուած
է
եւ
տակաւին
ի՜նչ
անհնարին
ցաւոց
մէջ
կը
տառապի
այսպէս
մաս֊մաս
մեռնելով։
Ո՛
մահ,
գիտե՞ս
որքան
ատելի
են
կոտորակներդ,
թէեւ
ամբողջութիւնդ
ալ
յանձնարարելի
բան
մը
չէ։
Մօտենանք
սա
մահուան
տասնորդականներու
եւ
հարցաքննենք
զանոնք
մի
ըստ
միոջէ։
Ըսէ՛ք
ինձ,
ո՛
տասնորդներ,
ո՞վ
բաժնեց
զձեզ
ամբողջէն։
Ա.
Տասնորդ.
—
Մարդուն
մէկն
եկաւ
եւ
խնդրեց
մեր
ամբողջէն,
որ
դրամատան
մը
մէջ
գանձապետի
պաշտօն
տրուէր
իրեն։
Չկրցանք
կատարել
խնդիրն,
ուստի
հարուած
մը
տուաւ
ամբողջին
եւ
սպաննեց
զիս։
Բ.
Տասնորդ.
—
Պագշոտ
մը
ներկայացաւ
օր
մը,
արտօնութիւն
խնդրեց,
որ
թոյլ
տրուէր
իրեն
ամուսնանալ
քրոջն
աղջկան
հետ,
որ
հինգ
հազար
ոսկւոյ
օժիտ
մը
պիտի
բերէր։
Մեր
ամբողջը
հրաման
չտուաւ։
Պագշոտն
բարկացաւ,
թշնամի
եմ
այն
կրօնքին,
որ
սիրածս
ինձի
չտար
ըսաւ,
քաշեց
փրցուց
զիս
ամբողջէն
եւ
գնաց
գրկել
այն
կրօնքն,
որ
թոյլ
կու
տար
իրեն
գրկել
քրոջն
աղջիկն։
Գ.
Տասնորդ.
—
Ես
բոլորովին
պարապ
տեղը
մեռայ։
Աղքատ
վաճառական
մ՚եկաւ
եւ
ուզեց,
որ
երկու
հազար
ոսկւոյ
վարկ
մը
բանայինք
իրեն
վաճառականի
մը
վրայ
Ամերիկա,
ուսկից
վառարաններ,
մահճակալներ,
հայելիներ
եւ
այլն
պիտի
բերել
տար
վաճառելու
համար։
Ի՞նչ
ընէր
խեղճ
ամբողջն,
յայտնեց,
որ
կարողութենէն
վեր
էր
այդ
գործը։
Վաճառականն
սրդողեցաւ,
եւ
գործ
չունիմ
այդ
կրօնքին
հետ,
որ
վաճառականները
չքաջալերեր
ըսաւ.
զիս
մեռցուց
եւ
գնաց
ուրիշ
կրօնքի
մը
յարեցաւ`
հետը
տանջելով
հարիւրի
չափ
ընտանիք։
Դ.
Տասնորդ.
—
Ես
ալ
զոհուեցայ
անիրաւութեան
մը։
Սնանկացած
սեղանաւոր
մը
եկաւ
հազար
ոսկի
ուզեց,
որ
արժ
է
թուղթի
գործով
կը
զբաղէր։
Կրօնքն
ուսկի՞ց
գտնէր
ստակն,
չունիմ
ըսաւ։
Չունի՞ս,
ապա
ուրեմն
ի՞նչ
բանի
կը
ծառայես
դուն,
ըսաւ
եւ
սպաննեց
զիս։
Է.
Տասնորդ.
—
Իմ
մահուանս
պատճառն
ալ
քիչ
մը
ծիծաղելի
է։
Տրամաբան
մ՚որ
չէր
կրնար
իւր
ասպարէզին
մէջ
յառաջդիմել,
փաստաբանելով
սա
եզրակացութեան
յանգեցաւ,
թէ
մեր
ամբողջն
է
եղեր
պատճառ
իւր
ուղեղին
տկարութեան.
ուստի
անքաղաքավարութեամբ
յարձակուեցաւ
ամբողջին
դէմ
եւ
զիս
սպաննեց։
Զ.
Տասնորդ.
—
Իմ
մեռնելուս
պատճառը
շատ
պարզ
է.
անօթութենէ
մեռայ։
Է.
Տասնորդ.
—
Քառասունի
չափ
աղքատներ
ներկայացան
եւ
ձմեռուան
փայտ
եւ
ածուխ
ուզեցին։
Կրօնքը
փայտի
եւ
ածուխի
վաճառակա՞ն
էր,
ի՞նչպէս
ունենար,
թող
որ
ինքն
ալ
կը
մսէր.
տղաներս,
չունիմ
ըսաւ։
Փայտ
եւ
ածուխ
չունեցող
կրօնքին
լեզուն
ալ
կարճ
ըլլալու
է
ըսին
եւ
կտրեցին
զիս։
Ը.
Տասնորդ.
—
Կրօ՛նք,
դուն
ես
պատճառ
սովին,
եթէ
քիչ
մ՚անձրեւել
տայիր,
առատ
հունձք
կ'ունենայինք։
Եթէ
հիմա
անձրեւել
չտաս`
գնա
քերթել
մեր
անունները
քու
տոմարէդ,
պոռացին
քաղաքի
մը
բնակիչները
եւ
ուրիշ
կրօնքի
մ՚առաջնորդութեամբ
ամբողջովին
վրայ
յարձակուեցան
եւ
սպաննեցին
զիս։
Գութ.
—
Այսպէս
պէտք
էր
ըլլալ։
Այո՛։
Դուք
ալ
ինձի
մտիկ
ըրէք
այժմ,
դուք
որ
կրօնքին
եթէ
ոչ
ամբողջութիւնն`
գէթ
մեծամասնութիւնն
կը
կազմէք,
թէեւ
խօսք
հասկցող
մասն
անդին
է,
բայց
վնաս
չունի,
որովհետեւ
ըստ
սահմանադրութեան`
մեծամասնութիւնն
վերադասելի
է
փոքրամասնութեան,
այսինքն
խօսք
չհասկցող
ութը
հոգի
խօսք
հասկցող
երկու
հոգիէն
նախապատիւ
են։
Տեարք
իմ
կոտորակք
մահուան,
ձեր
տեղեկութիւններէն
սա
ճշմարտութիւնն
քաղեցի,
թէ
ձեր
ժողովրդեան
ուսեալ`
ինչպէս
նաեւ
անուս
մասին
մէջ
կրօնքն
ներքին
համոզում
մը
չէ,
այլ
պարզապէս
վաճառականութիւն.
այսինքն
նա
կը
յարի
այն
կրօնքին,
որ
շահաւոր
կը
թուի
իրեն
եւ
զոր
կը
թողու,
եթէ
շահաւորագոյնը
գտնէ,
թէեւ
ամէն
կրօնափոխ
ներքին
համոզմամբ
մէկ
կրօնքէն
միւսը
գաղթել
կը
ձեւանայ։
Բայց
ո՞վ
թուլացուց
եւ
ուծացուց
այդ
ժողովուրդն
կրօնասիրութենէ։
Դուք։
8/10
Կրօնք.
—
Մե՞նք։
Գութ.
—
Այո՛,
ո՞ւր
է
այժմ
այն
ժպիտն,
որ
ձեր
դէմքին
վրայ
կը
փայլէր,
երբ
խեղճ
մարդոց
քթէն
բռնած
կը
խաղցնէիք
զանոնք,
ո՞ւր
այն
պսակներն,
որովք
անմիտներու
խումբը
ճակատդ
կը
բոլորէր,
երբ
կնոջ
մ՚որ
տասը
տարիներ
անբարոյականութեան
տղմին
մէջ
թաթաւեալ
էր`
ամուսինն
կը
հալածէիր
եւ
հրաման
չէիր
տար
անոր
վերստին
կարգուելու,
մինչդեռ
անբարոյականութեան
ովկիանոսին
մէջ
լողացող
կրօնաւորի
մը
թոյլ
կու
տայիր
զքեզ
քարոզելու։
8/10
Կրօնք.
—
Մե՞նք։
Գութ.
—
Երբ
աղքատ
ննջեցեալները
թաղելու
կը
դժկամակէիր,
մինչեւ
որ
անոնց
ճանապարհի
ծախքը
կանխաւ
չստանայիր
եւ
միւս
կողմէ
սիրայօժար
կամօք
կը
թաղէիր
հարուստներն
քանի
մ՚անգամներ.
երբ
փորդ
պարարելու
եւ
քսակդ
գիրցնելու
համար
հարուստներն
կը
շողոմէիր
եւ
թոյլ
կու
տայիր
անոնց`
ինչ
որ
կ'արգիլէիր
աղքատներուն.
երբ
առաջնորդութիւններն
ու
վանահայրութիւններն
աճուրդով
ի
վաճառ
կը
հանէիր
եւ
տգիտագունին
կը
յանձնէիր
զանոնք.
երբ
պաշտպաններուդ՝
որ
հարուստ
չէին՝
բերանը
կը
խփէիր
եւ
հալածանք
կը
յարուցանէիր
անոնց
դէմ,
հալածանք`
զոր
սուրբ
կը
կոչէիր.
երբ
հառաչանաց
ու
ողբոց
ձայներ
կը
լսէիր,
որք
հաց
կ'աղաղակէին
եւ
դուն
սեղանին
առջեւ
անցած`
կէս
ոչխար
կուլ
կու
տայիր
հին
գինիով,
մերկ
ենք,
կը
պոռային
եւ
դու
շքեղ
ու
փառաւոր
հագուստներու
մէջ
փաթտուած
ու
ծրարուած
Ամերիկայի
լուրեր
կը
կարդայիր.
բանտն
ենք,
կը
հառաչէին,
եւ
դու
հոյակապ
տան
մը
մէջ
օրիորդներու
հետ
թուղթ
կը
խաղայիր
եւ
ինչ
որ
զարմանալի
է,
կամ
բնաւ
զարմանալի
չէ,
սիրաբանութիւն
կ'ընէիր,
ո
կրօնք,
կամ
մեծամասնութիւն
կրօնքի։
8/10
Կրօնք.
—
Ի՞նչ
կը
լսեմ…
ձիւնը
գլխուս…
Գութ.
—
Գայլեր
կը
մտնէին
հօտիդ
մէջ
եւ
ոչխարներդ
կը
փարատէին,
եւ
դու
անտարբեր
աչօք
կը
դիտէիր
գառնուկներուդ
արեան
մէջ
խայտալն,
ու
կ'ըսէիր.
«Այդ
քաղաքին
կլիման
վնասակար
է
առողջութեանս»։
Ծեծ
մ՚ալ
ես
քաշե՞մ
քեզի։
8/10
Կրօնք.
—
Պատասխանատու
չեմ
այն
անհոգութեան
եւ
անտարբերութեան,
որ
ներկայացուցչացս
ոմանց
կողմէ
ցոյց
կը
տրուին.
սէր,
գթութիւն
եւ
եղբայրութիւն
քարոզած
եմ
միշտ։
Գութ.
—
Ներկայացուցիչներդ
զո՞վ
կը
ներկայացնեն
ուրեմն,
եթէ
ոչ
զքեզ։
8/10
Կրօնք.
—
Զիս
կը
ներկայացնեն,
բայց
ոչ
ամէն
պարագայի
մէջ։
Գութ.
—
Ի՞նչպէս
որոշէր
ժողովուրդդ`
թէ
այնինչ
պարագային
մէջ
զքեզ
կը
ներկայացնեն
եւ
այն
պարագային
մէջ
իրենք
զիրենք,
մանաւանդ
թէ
ժողովուրդն
գիտէ
—
եւ
ներկայացուցիչներէդ
ուսած
է
—
թէ
դու
եւ
ներկայացուցիչներդ
մի
էք։
8/10
Կրօնք.
—
Սխալ։
Գութ.
—
Գնացէ՛ք
այսուհետեւ,
եթէ
կարելի
է
երթալ
ուղղել
այն
սխալն,
պատժել
անտարբեր
եւ
միայն
իրենց
որովայնովն
զբաղող
պաշտօնեաներն
եւ
ըսել
իրենց`
թէ
քիչ
մ՚ալ
տիրոջը
գործերով
զբաղին,
հերիք
տիկնոջ
գործերուն
պարապեցան։
8/10
Կրօնք.
—
Իրաւունք
ունիք։
Գութ.
—
2/10
մասն,
որ
կ'ապրի
դեռ,
աշխատի
թո՛ղ,
որ
բացառիկ
կերպով
չսպանուի
ան
ալ,
որովհետեւ
կրօնի
մասին
անտարբերութիւնն
այնչափ
յառաջ
գնացած
է,
որ
կրօնքի
հիմնական
կանոնը
բացառութիւն
եւ
բացառութիւնն
իբրեւ
հիմնական
սկզբունք
ընդունուիլ
սկսաւ։
Երթաս
բարեաւ,
ո՛
կրօնք։