Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առաջին տարի
ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ազգային մանկտւոյն մտքին մէջ տպաւորել սպասաւորներ, աղախիններ, ձիեր, կառքեր, պարտէզներ, անտառներ, հոյակապ քար ու կիր շէնքեր, այն ամէն ճոխութիւններն, զոր գողութիւնն կ՚ընձեռէ մեզ։ Տղայոց դիւրըմբռնելի լեզուով կենսագրութիւնն ընել այն անձանց, որ գողութեան շնորհիւ ոսկիներ ամբարած են եւ այսօր ամէն կողմէ յարգ ու պատիւ, խունկ եւ հալուէ կ՚ընդունին եւ դափնեաց անտառներով կը պսակուին։ Փարատել աշակերտաց այն վնասակար նախապաշարումն, թէ գողութիւնն մեղք է եւ անջնջելի կերպով դրոշմել անոնց ուղեղին մէջ, կամ, եթէ աւելի դիւրին է, սրտին մէջ՝ թէ գողութիւնն առաքինութիւն է եւ թէ գողութիւնն իբրեւ մոլութիւն քարոզողներն այն անպիտան անճարակներն են, որ գողնալու կարողութիւն չունին։ Մանրապատում նկարագրել աշակերտաց հանդերձեալ կենաց երջանկութիւններն, զորս հարուստ գողերու կը խոստանան կրօնաւորներն, համոզել զանոնք, ըսելով` թէ նոյնիսկ արքայութիւն երթալու համար քիչ մը գողութիւն անհրաժեշտ պէտք է։ Գողութիւն չընողներուն խեղճ ու կրակ վիճակը սրտաճմլիկ ոճով նկարագրել աշակերտաց եւ պատուիրել անոնց, որ ընդարձակեն այդ նիւթը։ Տեսականէն գործնականին անցնիլ, անօթի պահել աշակերտներն այնքան ժամանակ, մինչեւ որ ստիպուին իրենց դասատուին գրպանէն ստակ գողնալ եթէ գտնեն, անօթի մնալով հանդերձ գողութեան անընդունակ աշակերտն նախ խրատել, յետոյ գանակոծել եւ ապա դպրոցէն վռնտել իբրեւ վնասակար աշակերտաց բարոյականին։ Իսկ գողցող աշակերտն նախ պատուանիշով վարձատրել, յետոյ ստակով եւ ապա թաղին քարոզիչին ներկայացնել իբրեւ յառաջադէմ աշակերտ, վարժարանին եւ ազգին ապագայ կարեւոր ազգասէր եւ մեծապատիւ անդամներէն մին։